Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Յոյսի Աղբիւրներ

ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
1008arakhanjian
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ապրիլ 2ի ընտրութիւններուն, Հանրապետական կուսակցութիւնը ստացաւ քուէներուն 49.19 տոկոսը, «Ծառուկեան» դաշինքը՝ 27.36 տոկոսը, «Ելք» դաշինքը 7.78 տոկոսը, իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ստացաւ 6.58 տոկոս: Բաւական խօսուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան»ի բաժնած ընտրակաշառքներուն եւ Հանրապետական կուսակցութեան պետական լծակներու օգտագործման մասին: Ուրիշ խօսքով, ընտրողներուն մէկ կարեւոր մասը ընտրակաշառքի ու պետական լծակներու պատճառաւ իրենց քուէին տէրը չեն եղած ու զիջած են Հանրապետական կուսակցութեան ու «Ծառուկեան» դաշինքին:

Սակայն, այս յօդուածով կ՛ուզեմ կեդրոնանալ ու շեշտել այս ընտրութիւններուն մէջ դրական երեւոյթի մը մասին, որ յոյս կը ներշնչէ: Մօտաւորապէս 103,000 քաղաքացիներ չեն ծախած իրենց քուէները ու քուէարկած են ՀՅԴին ու 122,000 քաղաքացիներ տէր կանգնած են իրենց քուէին ու քուէարկած «Ելք» դաշինքին: Մարտահրաւէրը՝ գալիք 5 տարիներուն այս թիւերուն գումարը եռապատկել կամ քառապատկելն է:

Նորութիւնը «Ելք» դաշինքի երեւոյթն է: Այս դաշինքը բաղկացած է երեք կուսակցութիւններէ՝ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր», Արամ Սարգիսեանի «Հանրապետութիւն» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւններէն: Հետաքրքրականը այն է, որ մօտաւորապէս երկու տարի առաջ կազմուած «Լուսաւոր Հայաստան» գլխաւորաբար բաղկացած է երիտասարդ գործիչներէ կողմէ, ինչպէս՝ Հայկ Կոնջորեան, Մանէ Թանտիլեան եւ Գէորգ Կորգիսեան: Այս վերջին երկուքը ընտրուեցան Ազգային ժողովի պատգամաւոր:

Ամփոփելով, ներկայացնեմ իմ տպաւորութիւնները «Լուսաւոր Հայաստան»ի մասին: Սովետական միութեան փլուզումէն ետք հասակ նետած նոր սերունդին մէկ մասը անցնող հինգ-վեց տարիներուն, հաւատալով ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան՝ տրամադիր եղան գետնի վրայ պայքարելու եւ փոփոխութիւն մտցնելու: Անոնք վերջին տարիներուն իրագործեցին յաջողութիւններ, ինչպէս՝ Թռչկան ջրվէժի եւ Մաշտոց պուրակի պահպանումը, փոխադրամիջոցի սակագինը 100 դրամէն 150 դրամի բարձրացման կանխարգիլումը, կենսաթոշակի պետական համակարգը ֆինանսական շուկաներով փոխարինելը, առնուազն մասնակիօէն կասեցնելը, ելեկտրականութեան գինի ուղղակիօէն բարձրանալուն առաջքը առնելը, ցոյց տուին թէ կարելի է ժողովրդական կամ հասարակական շարժումներով ազդեցութիւն բանեցնել կառավարութեան ու երկրի ղեկավարութեան վրայ:

Ըստ երեւոյթին, ժողովրդավարութեան հաւատացող այս երիտասարդներէն ոմանք անդրադարձան, թէ միայն փողոցին մէջ պայքարիլը ունի իր սահմանափակումները: Գիտակցեցան, թէ պէտք ունին կուսակցութեան մը, որպէսզի իրենց պահանջները բերեն Ազգային ժողով ու որդեգրեն համապատասխան օրէնքներ, որոնք պիտի գործադրուին կառավարութեան կողմէ: Հետեւաբար, ստեղծեցին «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը: Ներկայիս անոնք մաս կը կազմեն Ազգային ժողովին երեք պատգամաւորներով՝ որպէս «Ելք» դաշինքին մէկ մասը:

Գալով ՀՅԴին, անիկա ունի անբասիր վաստակ Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան ու ապահովութեան պայքարին մէջ: Ըլլայ քսանեօթը տարի առաջ թէ մէկ տարի առաջ, երբ ահազանգը հնչեց Արցախէն, ՀՅԴի անդամներ ու համակիրներ անմիջապէս նետուեցան կռուի դաշտ: Հայաստանի ժողովուրդը կը գիտակցի այս երեւոյթին եւ քուէարկողներուն մէկ կայուն մասը իր քուէն կու տայ ՀՅԴին:

Մարտահրաւէրը, զոր ՀՅԴն կը դիմագրաւէ այս կայուն քուէարկողներու թիւին վրայ նորերը աւելցնելն է: Իմ կարծիքով՝ այս մէկը իրագործելու համար, պէտք է ժողովուրդին համոզել, թէ ՀՅԴն Հայաստանի պաշտպանութեան պահապանը ըլլալու կողքին, նաեւ ժողովուրդին սոցիալ-տնտեսական շահերուն ու երկրի օրէնքներու գործադրութեան ջատագովն է: Անցնող 17 տարիներուն ընթացքին ՀՅԴն աշխատած է ժողովուրդին սոցիալ-տնտեսական վիճակը բարելաւել գլխաւորաբար Ազգային Ժողովին, ու բացի քանի մը տարիներու բացակայութենէ, կառավարութիւններու մաս կազմելով,  քանի մը նախարարութիւններու ու մարզպետներու միջոցաւ:

Նոր Ազգային ժողովին մէջ, ժողովուրդին սոցիալ-տնտեսական շահերը պաշտպանելու ու երկրին օրէնքները բոլորին, նոյնիսկ Հանրապետական ու« Բարգաւաճ Հայաստան»ի օլիկարգներուն պարտադրելու պայքարը, իմ կարծիքով, կ՛իյնայ գլխաւորաբար ՀՅԴի ու «Ելք»ի ուսերուն վրայ:

Այս նոր Ազգային ժողովի պայմաններուն մէջ, ՀՅԴին կառավարութեան մաս կազմելով աշխատիլը կրնայ ունենալ իր դրական ու բացասական կողմերը: Դրական կողմը դաշնակցական նախարարներու ծառայութիւնն է իրենց նախարարութիւններուն ընդմէջէն: Դաշնակցական նախարարները, ըլլալով ազգանուէր՝ դրականօրէն պիտի գործեն, իրենց միտքին մէջ ունենալով երկրի շահերը: Սակայն, ՀՅԴին կառավարութեան մաս կազմելով աշխատիլը, կրնայ ունենալ նաեւ բացասական կողմ: Առաջին՝ մաս կազմելով նախագահ Սերժ Սարգսանի Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարած կառավարութիւններուն, ժողովուրդին մէկ հատուածին աչքին ՀՅԴն կը նոյնանայ իշխող կուսակցութեան հետ: Նկատի ունենալով ժողովուրդին մէկ կարեւոր հատուածին ժխտական կեցուացքը Հանրապետական կուսակցութեան հանդէպ, այս հատուածին աչքին ՀՅԴին նոյնանալը Հանրապետական կուսակցութեան հետ վնաս կը բերէ ՀՅԴի ժողովրդականութեան:

Երկրորդ՝ գործակցելով Հանրապետական կուսակցութեան հետ, ՀՅԴն պիտի կաշկանդուի քննադատելէ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ժխտական քաղաքականութիւնը ու գործունէութիւնը: ՀՅԴն պիտի չկարենայ ուժգնօրէն պայքարիլ երկրի օրէնքները անտեսող ու վնասակար գործունէութիւն տանող Հանրապետական կուսակցութեան մաս կազմող օլիկարգներուն դէմ: Այլ խօսքով՝ գործակցելով Հանրապետական կուսակցութեան հետ, ՀՅԴն պիտի ունենայ աւելի կրաւորական քաղաքական դիրքորոշում, որ ժխտական հետեւանք պիտի ունենայ ՀՅԴի ժողովրդականութեան վրայ:

Երրորդ՝ ՀՅԴն, գործակցելով Հանրապետական կուսակցութեան հետ՝ «Ելք»ը պիտի մնայ առանձին Ազգային ժողովին մէջ ու ՀՅԴն պիտի հակադրուի «Ելք»ին: Այս մէկը կրնայ տխուր հետեւանք ունենալ ու յուսախաբ ընել այն 225,000 քուէարկողները,  որոնք իրենց քուէներուն տէրը եղան ու քուէարկեցին ՀՅԴին ու «Ելք»ին: Երկար ժամանակի վրայ, հայրենիքին կրնայ աւելի օգտակար ըլլալ ՀՅԴի ու «Ելք»ի ուղղակի կամ անուղղակի գործակցութիւնը, ընդդէմ օլիկարգներով լեցուն Հանրապետական ու «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւններուն:

Անհրաժեշտութիւնը կայ ըլլալու համոզիչ, քանի որ ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը յուսախաբուած է ու դարձած կասկածամիտ: Ժողովուրդին այս վիճակը մարտահրաւէր է աւելի աշխոյժ ու արդիւնաւոր կերպով աշխատելու, փոխանակ այպանելու ժողովուրդին: ՀՅԴի ժողովրդականութիւնը կրնայ բարձրանալ նաեւ, եթէ ՀՅԴն յաւելեալ աշխուժութեամբ պայքարի ժողովուրդին սոցիալ-տնտեսական վիճակը բարելաւելու, ոչ միայն նոր սահմանադրութեամբ շատ աւելի իրաւասութիւններ ունեցող Ազգային ժողովին ճամբով, բայց նաեւ թաղային, Տեղական ինքնակառավարման մարմիներու, քաղաքներու աւագանիներու ճամբով: Երկար ժամանակի ընթացքին, աշխատելով ու պայքարելով ամէն մէկ թաղի, գիւղի կամ քաղաքի մէջ, ուր ժողովուրդին իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին, կամ պետական պիւտճէն կը մսխուի, կամ օլիկարգներ կը խուսափին օրէնքը գործադրելէ, ՀՅԴի ժողովրդականութիւնը կը բարձրանայ ու 103,000 քուէարկողներուն թիւը կրնայ կրկնապատկուիլ կամ եռապատկուիլ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles