Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ճգնաժամը Ազգային Եկեղեցւոյն Է

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

0331boliscrisisՄեսրոպ Բ. պատրիարքի հանգստեան կոչուելու որոշումէն ետք Թուրքիոյ պատրիարքութեան աթոռին նոր գահակալը ճշդելու ուղղութեամբ ընտրութեան մը կայանալը հետզհետէ անխուսափելի իրողութիւն մը ըլլալով՝ պարզուած է հայ ժողովուրդին դիմաց: Այլեւս աթոռը թափուր է: Վիճաբանելու պայմանները ամբողջովին վերացած եւ յստակօրէն հրապարակուած է պատրիարքական աթոռի թափուր ըլլալու մերկ իրողութիւնը: Ի դէմ այս իրողութեան, պատրիարքարանի շրջանակները պիտի փորձէին տակաւին երկար ժամանակ պահել առկայ անընդունելի իրավիճակը: Սակայն Սահակ եպս. Մաշալեանի ընդվզումով լեցուն հրաժարականը այդ առիթն ալ չեղեալ դարձուց եւ անխուսափելի դարձաւ Գարեգին կաթողիկոսին ցուցմունքներով դէպի լուծում ընթանալ: Սակայն, ինչպէս կը գրենք, երկու շաբաթէ ի վեր այս ընթացքն ալ ճարպիկօրէն շրջանցուեցաւ, քանի որ Իսթանպուլի կուսակալութենէն եկած նամակը օրինաւոր արգելք մը ըլլալով ընկալուած եւ Հոգեւոր խորհուրդի կատարած ընտրութիւնը, ձեւով մը, չեղեալ համարելու միտում գոյացած էր: Այս հանգրուանին, պոլսահայութիւնը ափսոսանքով ականատես կ՛ըլլայ մեր եկեղեցական բազմադարեան աւանդութիւններուն եւ սկզբունքներուն այսքան դիւրաւ բեկանման դիմաց: Ուրեմն, հիմա դարձեալ սիրտի դառնութեամբ կը հետեւինք մեր ազգային եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու զեկոյցներ հրապարակելու միջոցաւ տարած սուր պայքարին: Լոկ այս զարգացումներուն հետեւելով կարելի է համոզուիլ, թէ սնամէջ պատմութիւն մըն է հոգեւորականաց իրարու հանդէպ եւ եկեղեցւոյ փառք ու պատիւին հանդէպ ունեցած յարգանքը եւ համակրանքը: Գարեգին Պէքճեան հաւանաբար նախքան Իսթանպուլ ժամանելը այնքան ալ մեծ յաւակնութիւն մը չունէր փոխանորդ ընտրուելուն համար: Այդ իսկ պատճառաւ ալ մտադիր էր ընտրութենէն ետք վերադառնալ իր աթոռին եւ շարունակել իր աշխատանքը: Սակայն ընտրութեան արդիւնքով սրբազանը յայտնուեցաւ որպէս տեղապահ, որ այդ պահէն սկսեալ պէտք է դիմագրաւէր բազմաթիւ խնդիրներ: Ուրեմն ինք ստիպուեցաւ լոկ քանի մը օրուան համար մեկնիլ Գերմանիա, որպէսզի դասաւորէ այնտեղ կիսատ մնացած իր գործերը: Եւ այդ ընելու պահուն ալ,- ինչպէս ինք ալ կը նշէ,- իր հրատարակած յայտարարութեան մէջ, բացակայութեան օրերուն որպէս փոխանորդ նշանակեց Սահակ եպս. Մաշալեանը:

Այսքանը իսկ բաւական եղաւ, որ բամբասանք արտադրելու մէջ պատշաճութեան սահման չիմացող կարգ մը շրջանակներ շշուկներ տարածեն թէ՝ «Պէքճեան սրբազան տեղապահի պաշտօնը փոխանցած է Սահակ սրբազանին»:

Պոլսոյ պատրիարքարանը, որ ընդհանրապէս չ՛աճապարեր ժողովուրդը իրազեկ դարձնելու համար, այս անգամ փութաց քաղաքիս հայկական մամուլին՝ մեկնաբանելով վերջին զարգացումները: Այս զեկոյցը ձեւով մը պատասխան էր Գարեգին արքեպիսկոպոսին, Արամ սրբազանին փոխանորդի հանգամանքէն հրաժարելու համար կատարած կոչին: Աթէշեան սրբազան իր զեկոյցին մէջ կը խօսէր որոշ հաւասարակշռութիւններու մասին, որոնք, կարծես թէ, քաղաքական լարախաղացութիւն մը կը թելադրէին Հայաստանեաց եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, մեր ազգային հաւաքականութեան եւ Թուրքիոյ պետութեան միջեւ: Ահա այդ հաւասարակշռութիւնները մատնանշելով, Աթէշեան կը պնդէր, թէ պիտի շարունակէ իր փոխանորդի դիրքին մէջ մնալ: Այս զեկոյցի հրատարակութենէն անմիջապէս յաջորդ օրը՝ Չորեքշաբթի, 29 Մարտ, խմբագրատուներու հասցէագրուած էր նոր զեկոյց մը Գարեգին սրբազան Պէքճեանի ստորագրութեամբ: «Անհրաժեշտ Լուսաբանութիւն Մը» խորագրեալ այս զեկոյցին մէջ, Գարեգին եպիսկոպոս կը մեղադրէր իր հոգեւոր եղբայրը, հարցական գտնելով անոր նախորդ գրութեան մէջ նշած հաւասարակշռութիւններու խնդիրը:

Անցեալին, երբ պատրիարքական ընտրութիւն մը ապահովելու միտումով «Միտքի Հարթակ» շարժումը ստորագրահաւաքի մը կը ձեռնարկէր, 6 հազար ազգայիններ ձայնակցած էին այդ կանչին: Սակայն ինչ զարմանալի է, որ Արամ սրբազան «ոչ թէ 6 հազար, այլ 60 հազար ստորագրութիւն ալ հաւաքուի բան մը չի փոխուիր», ըսած էր այդ օրերուն: Գիտենք, թէ «Միտքի Հարթակ»ը նոյն ստորագրութիւնները ղրկած էր նաեւ Ս. Էջմիածին: Իսկ վեհափառ կաթողիկոսը սա վերջին օրերուս կը դժգոհէր, թէ մինչեւ այսօր Պոլիսէն ոչ ոք դիմած է իրեն այս խոչընդոտի լուծման համար: Եթէ կաթողիկոսը Արամ սրբազանին նման նկատի չ՛ունենար ժողովուրդի 6 հազար ձայները, հապա որո՞ւն դժգոհութիւնը կը սպասէր:

Իրավիճակը ծանր է ոչ միայն պոլսահայ համայնքին կամ Պոլսոյ պատրիարքարանին, այլ ծանր է 1700ամեայ Հայ եկեղեցւոյ համար:

Մենք պիտի սիրենք մեր եկեղեցին դիտել իբրեւ «ազգային եկեղեցի»: Սակայն յստակ է, որ այսօր, այդ եկեղեցւոյ առաջնորդները իրենց կշիռը ուղղած են ոչ դէպի ազգին, այլ իբրեւ թէ ազգային իշխանութիւններուն, բարերարներուն կամ աւելի յստակ բացատրութեամբ օլիկարխներու խմբակներուն:

 

pakrates@yahoo.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles