ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25ամեակը լաւ առիթ է հարց տալու մենք մեզի, թէ ի՞նչ կրնանք ընել՝ ի խնդիր մեր հայրենիքի հզօրացման, զայն աւելի ապահով եւ աւելի բարգաւաճ երկրի մը վերածելու համար. երկիր մը, որ անփոխարինելի կորիզը ըլլայ ընդմիշտ՝ իբրեւ համայն հայութեան բնակավայրը, ուր ան կրնայ համախմբուիլ ի վերջոյ։
Երբ կ՛ըսեմ «մենք», առաջին հերթին կը հասկնանք մեզմէ իւրաքանչիւրը, ամէ՛ն հայ անհատ. ի՞նչ կրնայ ընել մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ անձնապէ՛ս։
Ամէ՛ն բանէ առաջ՝ ապրի՛լ Հայաստանով, ապրիլ Հայաստանի՛ համար, Հայաստանը ապրեցնել մե՛ր մէջ։ Հայաստան չի նշանակեր պարզապէս աշխարհագրական տարածք մը, պետական սահմաններով երկիր մը, այլ կը նշանակէ ժողովուրդ, կը նշանակէ մշակոյթ եւ կը նշանակէ պատմութիւն։ Ուրեմն, ճանչնա՛լ այդ բոլորը, հաղորդուի՛լ անոնցմով, իրազե՛կ ըլլալ իրականութեան։
Ուստի, նաեւ այցելել Հայաստան, մեր զաւակներն ու թոռներն ալ մեզի հետ, որպէսզի իրենց ոտքերուն տակ զգան հայրենի հողին ուժը՝ Արշակ արքային պէս. շնչեն օդը, ըմպեն ջուրը, մա՛ս կազմեն անոր առօրեային՝ ո՛չ որպէս զբօսաշրջիկ, այլ որպէս բնիկ, որ առայժմ հոն տեւական կայք հաստատելու կարելիութիւնը չունի, բայց եւ այնպէս չէ՛ հրաժարած այդ երազէն։
Այլեւ՝ մի՛շտ կարդալ անոր մասին, ամէն օր կամ ամէն ժամ հետեւիլ անոր լուրերուն, զայն դարձնել մեր ամէնօրեայ կեանքի մէկ մասը, որպէսզի անոր կշռոյթով բաբախէ մեր սիրտը…
Բայց կայ աւելի՛ն. կրաւորականէն պէտք է անցնիլ ներգործականին, առնելէն՝ տալո՛ւն, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս։ Ոմանք ընտանիք մը որդեգրելով, ուրիշներ՝ որբեր։ Ոմանք նաեւ ծրագիրի մը մասնակից ըլլալով՝ ծառ տնկելով, ճանապարհ կառուցելով, պատմական կոթող մը վերանորոգելով, գիւղի մը ջրատար խողովակ հասցնելով, ուսանողի մը կրթաթոշակը հոգալով, արուեստագէտի մը ներկայացումը կազմակերպելով եւ այլն։
Իսկ քայլ մը առաջ երթալով՝ գո՛րծ ստեղծելով մեր հայրենիքին մէջ, գործարան հաստատելով, հայրենիքի արտադրանքը արտածելով դէպի աշխարհի տարբեր անկիւններ… Ընելիքը չի պակսիր, կարեւորը՝ երեւակայութիւն, յանդգնութիւն, յարատեւութիւն ունենալն է եւ գործադրելու կամքը, որովհետեւ, ինչպէս Շիրազ կ՛ըսէր՝ «Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում»…
Սակայն այս բոլորը սահմանափակ տարողութիւն ունին, որքա՛ն ալ գումարուելով մեծ չափերու հասնին։
«Մենք»ը նաեւ հաւաքականութի՛ւնն է, հայութիւնը՝ ի սփիւռս աշխարհի եւ ի Հայաստան։ Իսկ հաւաքական ճիգը պարզ գումարումը չէ անհատական ճիգերուն։ Բազմապատկումն է, տակաւին՝ քառակուսացումը, խորանարդացումը ու աւելի մեծ աստիճանացոյցով ընդլայնումը։
Հաւաքական ճիգ՝ կը նշանակէ ծրագրաւորում, կը նշանակէ կազմակերպում, կը նշանակէ մեծ չափերու վրայ իրականացում։ Ասոր համար հայութիւնը պարտաւոր է, ամէն բանէ առաջ, վերակազմակերպել իր հաւաքական կեանքը իր ամբողջ ներուժով՝ ի մի բերելով բոլոր իր կոտորակները, գնահատելով իր ընդհանուր կարողականութիւնը ու երկարաժամկէտ նպատակներով ծրագրելու իր աշխատանքը։ Սփիւռքը, իբր Սփիւռք՝ իր բոլոր մասնիկներով, իսկ հայրենիքը, իբր հայրենիք՝ իր բովանդա՛կ ուժերով, բայց նաեւ Սփիւռքն ու հայրենիքը միասնաբար՝ զիրար լրացնելով, զիրար ամբողջացնելով։ Այս առումով, այդ «բոլոր»ին մէջ նկատի առնել մանաւանդ մեր մտաւորականները, գրողներն ու արուեստագէտները, ուսուցիչներն ու գիտնականները, մարզիկները, մանուկ-պատանի-երիտասարդ-ուսանող թէ տարեցները, ամէն տեսակի մասնագէտները՝ թէ՛ գործունակ, թէ՛ հանգստեան կոչուած, բոլորը, բոլորը, որոնց ներդրումը՝ նուազագոյնէն մինչեւ առաւելագոյնը, կրնայ ճակատագրական օգտակարութիւն ունենալ Հայաստանին։
Բայց այդ հաւաքական ճիգը պիտի ըլլայ նախ քաղաքական գետնի վրայ, որպէսզի մէջտեղ գան նախապայմանները՝ վերոնշեալ անհատական ճիգերը իրականացնելու հնարաւորութիւնները ստեղծելու եւ արգելակումները վերցնելու համար, այսինքն՝ վերջ տալու կաշառակերութեան եւ ընկերային ախտերուն՝ ներքին ճակատի վրայ, եւ յաղթահարելու տնտեսական ու ռազմական կաշկանդումները՝ արտաքին ճակատի վրայ, ներառեալ՝ Արցախի ոչ միայն իրողական, այլեւ իրաւակա՛ն միացումը Հայաստանին։ Անկէ անդին, բայց զուգահեռաբար՝ համայն հայութեան, իսկ Սփիւռքի ճամբով նաեւ՝ համայն աշխարհի միջազգային նիւթական կարելիութիւնները ուղղելու դէպի Հայաստան, համեմատաբար կարճ ժամանակի ընթացքին սրբագրելու համար Խորհրդային Միութեան փլուզումով յառաջացուած վայրագ դրամատիրական կարգերու անպատեհութիւնները, ստեղծելու ազգային տնտեսութիւն ու մանաւանդ եւ անպայման՝ ընկերային արդար կարգեր։
Ահա՛ այդ ատեն կարելի կ՛ըլլայ արդիւնաւորել ոչ միայն անհատական ճիգերը, այլեւ՝ հաւաքական ճիգերը, ինչպէս զբօսաշրջութեան զարգացումը տարբեր մակարդակներու վրայ )մշակութային, բնապահպանողական, արձակուրդային եւ այլ(, կրթական համակարգի զարգացումը, մշակութային նուաճումներու բազմացումը, մարզական կեանքի որակական ոստումը, երկրագործութեան ու ճարտարարուեստի միջազգային մակարդակներու հաւասարումը եւ այլն, ստեղծելով կեանքի այնպիսի մակարդակ մը, որ հայերը արտագաղթելու փոխարէն՝ ներգաղթե՛լ ուզեն։
Նման ընդհանրական մօտեցումով միայն իմաստ կ՛ունենան ու կ՛իրականանան այն խորքային փոփոխութիւնները, որոնց կ՛ակնարկեն ՀՀ իշխանութիւնները վերջերս։ Այդ ձեւով միայն անոնք կրնան դառնալ Ամենայն հայոց կառավարութիւն։
Սփիւռքն ալ ինքզինք զօրացնելու ու գոյատեւելու իր ճիգերուն իմաստը կը հասկնայ, իր առաքելութիւնը կը ստանձնէ ու իր դերը կը կատարէ մեր պատմութեան այս փուլին։
Ճիշդ այդպէս է, որ «մենք»ը կ՛ըլլայ «Մենք», ու կ՛ընդգրկէ համայն հայութիւնը՝ որպէս իր երկրին տէր ու պաշտպան ժողովուրդ, որպէս արժանաւո՛ր ԱԶԳ։
«ՀՈՐԻԶՈՆ»