ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Սովորաբար հաճելի պահեր յուշող աճպարարը, այս պարագային, շատ ալ հաճելի մէկը չէ։
Որակումը կ՛երթայ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ամէնէն արտասովոր նախագահական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած մեծահարուստ (չեմ ըսեր միլիառատէր, որովհետեւ ան կը շարունակէ գաղտնի պահել իր եկամուտի փաստաթուղթերը) Տանըլտ Թրամփին, որ իր հարստութիւնը կերտած է՝ տասնամեակներու ընթացքին շահագործելով ամերիկացի եւ նոյնիսկ ապօրինի ներգաղթած բանուորներ եւ իրմէ նուազ յաջողակ գործարարներ, եւ այդ հարստութիւնը կրցած է ուրճացնել՝ երկար տարիներով դաշնակցային կառավարութեան տուրքեր չվճարելով ու սնանկացումներ հռչակելով, այսինքն՝ իր գիտակից կամ անգիտակից ձախողութիւնները բերցնելով օրինապահօրէն տուրք վճարող քաղաքացիներու վրայ։
Յատկանշական է, որ նոյն այդ տուրքերէն է, որ կը գոյանայ պետութեան ամավարկին մէկ կարեւոր մասը, որուն առիւծի բաժինը կ՛երթայ երկրի զինուորական ուժերուն եւ վեթերաններու սպասարկութեանց։ Ահաւասի՛կ առաջին հակադրութիւնը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ երբեմնի եւ ներկայ գործարարն ու մեր նոր քաղաքական գործիչը, որոնք կայք հաստատած են գետնառիւծի յատկանիշներով օժտուած Թրամփին մէջ։
Աճպարարի իր ձիրքերը գործարարական աշխարհէն՝ քաղաքական յաջողութեամբ քաղաքական դաշտ փոխադրած Թրամփը, յաջորդաբար կրցաւ պարտութեան մատնել աւանդական՝ Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութեանց թեկնածուները, եւ իր օտարատեաց քարոզչութեամբ, վախեր արտադրելու ու շահագործելու միջոցաւ՝ իր ետին ձգեց մասնատուած երկու կուսակցութիւններ եւ ամբողջ երկիր մը։
Հակառակ անոր որ ան ներկայացած էր իբրեւ հանրապետական թեկնածու, անոր որձեւէգ գաղափարները միայն երբեմն կը համապատասխանէին իր կուսակցութեան գաղափարներուն եւ ծրագիրին, ինչին իբրեւ հետեւանք՝ մեծ թիւով հանրապետական ղեկավարներ առնուազն մերժեցին զօրակցիլ կամ նոյնիսկ ընդդիմացան անոր՝ ապագայ ներկուսակցական ճակատումներու առջեւ դուռ բանալով։
Ընտրական այս խոչընդոտները շրջանցելէ ետք, ան իր դիմաց ունի շատ աւելի լուրջ փորձաքարեր, որոնք իր իսկ կողմէ դրուած են, ընտրապայքարին ընթացքին տրուած խստումներուն, ինչպէս նաեւ տարիներու ընթացքին իր անպատասխանատու արարքներուն եւ արտայայտութեանց հետեւանքով։
Նախ, Թրամփ պէտք է իրականացնէ իրեն նեցուկ կանգնած կարեւորագոյն ընտրազանգուածին՝ համալսարանական ուսում չստացած սպիտակամորթ տղամարդկանց, իր տուած խոստումները՝ տնտեսութիւնը արագօրէն բարելաւելու եւ աշխատանքի միլիոնաւոր կարելիութիւններ ստեղծելու։
Բազմաթիւ առիթներով իր կատարած՝ ապօրինի գաղթականները արտաքսելու, Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ՝ մեքսիքացիներուն իսկ գումարներով պատ կառուցելու, բոլոր իսլամ գաղթականները երկրէն դուրս պահելու մասին եւ կանանց (յատկապէս իրեն կողմէ ոչ գեղեցիկ նկատուողներուն) հասցէին վարկաբեկիչ յայտարարութիւններէն ետք, ան նաեւ պէտք է վերաշահի յարգանքը կանանց, սպանախօսներուն, իսլամներուն, գերի բռնուած զինուորներուն, նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն (յատկապէս անոնց, որոնք իրեն համակիր չեն) եւ շարք մը այլոց, որպէսզի կարենայ յարգել ամերիկացիները վերամիացնելու իր նորագոյն խոստումը։
Ան իր դիմաց ունի նաեւ առողջապահական ապահովագրական «Օպամաքեր» ծրագիրը ջնջելու եւ «Իսլամական պետութիւնը» արագօրէն ծունկի բերելու իր տուած խոստումները իրականութիւն դարձնելու դժուար աշխատանքը, որ, յատկապէս առաջինին պարագային, դիւրացաւ, որովհետեւ կարելի եղաւ Քոնկրեսը հանրապետականներու հակակշիռին տակ պահել։
Վերջապէս, ան պէտք է վերահաստատէ իր իսկ պնդումով՝ «կեղծուած» նախագահական ընտրութիւններուն եւ ժողովրդավարական սկզբունքներուն նկատմամբ յանգանքը, եւ առաջքը առնէ «Էֆ.Պի.Այ.»ի կողմէ երկրի քաղաքական կեանքին անընդունելի միջամտութեանց, հակառակ անոր որ «Էֆ.Պի.Այ.»ի կողմէ իր մրցակիցին մասին կասկածելի տեղեկութեանց հակասահմանադրական բացայայտումները նպաստած էին իր յաղթանակին։