Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Բարե՜ւ Հայրենիք

$
0
0

 

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

0913bedikianՇատերու նման, ես ալ այս տարի Երեւան գացի, սակայն այս անգամ՝ երկար շաբաթներու համրանքով մնալու: Պտոյտ, այցելութիւն… հարց մը չէ՛: Ամէն անգամուան նման եւ աւելի, կարօտիս կողքին ունէի սքանչացում մը, որ մեծ վկան էր հիացմունքիս: Այսպէս, ամէն օր եւ ամէն առիթով, կը ժպտէի Արարատին, արեւուն, ժամանակին, երիտասարդներուն եւ կեանքին: Երջանիկ էի: Հաստատապէս կեցած էի էութեանս շեմին ու հոն կանգ առած: Ամէն օր, օտար կամ «չտես» զբօսաշրջիկի նման, առանց յոգնելու՝ ժամերով կը քալէի պատմական անուններ կրող փողոցներէն, պողոտաներէն, հրապարակներէն: Հսկայ ու մանր շէնքերու եւ թրքական ապրանքներով լեցուն խանութներու ու «մարքե»չներու, մանաւանդ թատերասրահներու առջեւ երկա՜ր «կը սլքտայի», եւ ամէն քայլափոխի հոգիս ալ իր կարգին թէ՛ կը պոռթկար, թէ՛ կը հրճուէր: Անկեղծ ըսելով՝ առաջին անգամս չէր, որ հայրենիք կ՛այցելէի, սակայն ինծի այնպէս կը թուէր, թէ իրապէս նոր եկած էի այս երկիրը: Կարծես հայրենի ժողովուրդի կողքին, նաեւ անհուն կարօտը ունէի հայ աշակերտներու բերանէն լսելու մեր մայրենին: Գեղեցիկ ու թրթռուն… Խորհուրդ մը կար ասոնց մէջ՝ կոմիտասեան երաժշտութեան համազօր եւ հոգիները լուսաւորող: Կարծես նոր կը ճանչնայի այս հողը: Ուրախ էի, որովհետեւ պապերուս հողին վրայ էի՝ Արշակ թագաւորը յիշեցնող հպարտութեամբ: Կարծես նոյն ինքն Արշակն ըլլայի, իսկ հոգիս՝ իր առաջին թռիչքը առնող թռչուն մը:

Բայց այս եւ նման հրճուանքի պահերու ետին, կար նաեւ կեանքի միւս երեսը… երկրէն ներս օրէնքը՝ օրէնք հակասող երեսը: Տեսանելի էր այս մէկը: Անոր համար էր, որ շատերու մօտ ատելութիւնը գողցած էր երկրին ու «մեծերուն» հանդէպ յարգանքն ու սէրը, նոյնիսկ՝ գիտակցութիւնը: Տակաւին, ուրիշներ իրենց կեանքը շփոթութիւններով լեցուցած էին: Մարդիկ, հազարաւորներ, կը ցանկային, բայց չէին կրնար ունենալ: Նոյն մարդիկը, մայթերուն վրայէն կը քալէին՝ մտածկոտ, անանուն ցաւեր շալկած: Շատեր նոյնիսկ տառապանք հագած էին: Այս բոլորը շօշափելի եւ նոյնքան երեւելի էին: Առաւել, այցելութեանս առաջին օրերուն մայրաքաղաքի կեդրոնը կային լուռ եւ նոյնքան աղմկոտ բողոքներ, երեկոյեան ցոյցեր, ընդվզումի պոռչտուքներ: Բացայայտ էր, որ բոլորն ալ զոհերն էին աննպաստ պայմաններուն: Շատերու երազները խորտակուած էին, ուրիշներու աչքերը՝ դէպի օտարութիւն նետուած:

Բայց եւ այնպէս, այս մեր հայրենի՛քն է. բոլորի՛ս հայրենիքը: Երկիր մը, որուն ներքին եւ արտաքին թշնամիները իրենց վիզերը երկարած՝ ամէն վայրկեան կը դիտեն ու կը փորձեն զինք ու իր սահմանները արիւնով ներկել:

Հայաստան, կ՛ըսեմ ու կը կրկնեմ, դուն մեր «երկիր դրախտավայր»ն ես՝ քու անցեալով, քու հզօր բանակով, քու վկայող պայծառութեամբ, քու քաջարի մարտիկներով: Դուն թէեւ անկեղծ բարեկամ կամ մնայուն դաշնակից չունիս, իսկ հողերդ ալ հայ մարդոց ծարաւ են, սակայն տակաւին աշխարհի հայութեան միակ օթեւան երկիրն ես, որ քառորդ դար առաջ այս երկրագունդի քարտէսին վրայ հպարտանքով գծագրուեցար:

Աղուոր անկեղծութեամբ մը միշտ կը կրկնեմ, որ եկած էի Հայաստան՝ երկարօրէն վայելելու իր արեւն ու լոյսը, իր ամառն ու աշունը: Միտքս հայրենի հողէն սնունդ սկսած էր առնելու: Այդ մէկը ինծի համար զգալի էր: Հայրենասիրութեան չեմ կապած սեփական աշխարհս: Անոր համար կը փորձէի միշտ կիսել ամէն ուրախութիւն եւ տխրութիւն: Աշխարհի վրայ չկայ մեզի նման ժողովուրդ, որ հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ՝ այնքա՛ն կապուած ըլլայ անոր:

Իւրաքանչիւր առաւօտ, լուսաբացին, կ՛ուզէի անպայման տեսնել բոլոր անցորդներու աչքերուն մէջ իրենց երազներու իրականացումը, մանաւանդ՝ նոր սերունդի արթուն աչքերը, որպէսզի վերջ ի վերջոյ անոնք ունենային իրենց երազած իսկական Նոր Հայաստան մը, խորունկ, հաստատ ու հպարտ, բարգաւաճ, ներքին ու արտաքին խաղաղութեամբ եւ հայուն՝ հողին հաւարտարմութեան յանձնառութեամբ: Կը կրկնեմ՝ ամէ՛ն օր եւ իւրաքանչիւր շրջապտոյտ-այցելութեան, այգիներու մէջ հանդիպած պատմական յուշարձաններուն մօտ ոչ միայն կը նկարուէի, այլեւ երկար ու համբերութեամբ անոնց հետ կը մենախօսէի, միաժամանակ զմայլելով եւ հիանալով անոնց հանճարին, միտքի ու հոգիի պայծառութեան:

Հակառակ տեսանելի բոլոր «սեւերուն», «սխալներուն», ամօթալի երեւոյթներուն, տխուր ու ցաւալի մատնանշումներուն, բացթողումներուն ու մուրացիկներու շարանին, յայտնեմ, որ ընդհանրապէս հակամէտ եղած եմ առաւելութիւններ տեսնելու: Լաւատեղեակ էի, որ քաղաքական, ընկերային եւ մանաւանդ տնտեսական հարցերն էին, որոնք կը խռովէին զիս ու ինծի նման մտահոգ մարդոց հոգիները, ի տես ներկայիս երկրին մէջ տեսանելի դարձած անարդարութեան, յուսախաբութեան, անիրաւութեան, անգործութեան, աղքատութեան, հայ միտքի կրթուածութեան բացակայութեան, լեցուն պայուսակներով դէպի օդակայան հասնող արտագաղթողներու խումբերուն… Ճիշդ է, որ թէեւ մեր հայրենիքին մէջ հերոսները հերոսներուն կը յաջորդէին, բայց մի մոռնաք, որ հոն թշնամինե՛րն ալ թշնամիներուն կը յաջորդէին: Կարդացէ՛ք պատմութեան էջերը…

Այս բոլորը կը տեսնէի, կը լսէի, նոյնիսկ հարազատներս կը մատնանշէին զանոնք: Շատերու տառապանքին ու դժգոհութեան ականատես ըլլալով՝ յաճախ ես ալ կը տագնապէի: Բայց միեւնոյն ժամանակ ես զիս կը մխիթարէի՝ համոզելով, թէ ամէն սկիզբ իր վերջը ունի կամ՝ ունենալու է: Ուստի, օր մը անպայման՛ այս երկրի երկնակամարին վրայ, հեռուէն հովանաւորող Արարատի ներկայութեան, պիտի ծագի նոր արշալոյսը՝ իրեն հետ բերելով նոր յոյսերով լի նոր շունչ եւ նոր կեանք:

Բացայայտ էր, որ թէեւ մեր երկիրը յղի էր բոլոր կարելիութիւններով, սակայն ներկայիս այնպէս կ՛երեւի, թէ անիկա վտանգաւոր հանգրուանէ մը կ՛անցնէր: Մեզմէ անկախ՝ հասունցած էին դէպքերը: Սակայն կարեւորն ու էականը՝ ապագան սիրելն էր: Ահա ասով համոզուիլն էր դժուարագոյնը: Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս մէկը: Բայց մինչեւ այդ բախտաւոր օրը, մեր երկրին համար պէտք է կամք՝ իր սեփական ճիգերով տեղ մը հասնելու համար, արդարութիւն եւ արդարամտութեան հաստատում, ներքին ու արտաքին կայունութիւն, ազգային գիտակցութեան հասկացողութիւն եւ պատկանելիութեան բարձր զգացում:

Մէկ խօսքով՝ խաղաղութի՛ւն է պէտք: Բայց պէտք է նաեւ գիտնալ, որ այդ խաղաղութիւնը միայն ու միայն գերագոյն զոհողութիւններով եւ մանաւանդ զէնքով կարելի է ձեռք բերել: Յստակ եւ հասկնալի է նաեւ, որ մեր երկրի վերնախաւն ալ ունէր իր մեծ բաժինը այս բոլոր կտտացող ցաւերուն, երազներու կորուստին եւ ներքին տագնապին մէջ: Բայց ինծի համար հաստատապէս համոզիչ է, որ մեր նոր սերունդի ստեղծական ոգիով զինուած ամէնօրեայ դրօշարշաւը, մեր երիտասարդներուն միտքի իրապաշտ պայծառութիւնը եւ անոնց ազգային «ես»ի պաշտամունքը յոյս կը ներշնչեն՝ աւելի՛ փայլուն ապագայի ձգտումի ճամբուն իրականացման: Անոր համար, ամէն առաւօտ, Իսահակեանի վրայ բացուող յարկաբաժինիս պատուհանէն մտովի կը պոռայի.

– Բարե՜ւ Հայաստան, դուն ամբողջ հայութեան պայծառ հայրենիք. ե՞րբ համայն ազգդ քու հովանիին տակ պիտի առնես… Ե՜րբ։

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles