Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Այ­­­սօր Ինչպէ՞ս Լռու­­­թեամբ Ըն­­­դունիս

$
0
0

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

 

Այ­­­սօր ինչպէ՞ս լռու­­­թեամբ ըն­­­դունիս բան­­­տարկու­­­թիւնը փոր­­­ձա­­­­­­­ռու լրագ­­­րող Այ­­­տըն Էն­­­կի­­­­­­­նի՝ մէ­­­կը, որ Հրան­­­դին նա­­­հատա­­­կու­­­թե­­­­­­­նէն ետք ալ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած էր ձեռք մեկ­­­նել, օժան­­­դա­­­­­­­կել քե­­­զի, «Ակօս»ին մի­­­ջոցով։ Հա՞պա լրագ­­­րող Քատ­­­րի Կիւրսե­­­լը, որ Ծի­­­ծեռ­­­նա­­­­­­­կաբեր­­­դի յու­­­շարձա­­­նը բարձրա­­­ցած ու յար­­­գանքի իր տուր­­­քը մա­­­տու­­­ցած էր Մեծ Եղեռ­­­նի զո­­­հերու յի­­­շատա­­­կին։ «Մեր հայ եղ­­­բայրնե­­­րը, հայ ժո­­­ղովուրդը ան­­­մո­­­­­­­ռուկ ծա­­­ղիկը գոր­­­ծա­­­­­­­ծեր են՝ որ­­­պէսզի ապ­­­րուած ցա­­­ւերը, ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը, կո­­­րուստնե­­­րը չմոռ­­­ցուին։ Մենք եր­­­բեք չենք մոռ­­­ցած ու պի­­­տի չմոռ­­­նանք ալ։ Մեր հո­­­գիի խոր­­­քը կ՚ապ­­­րինք այս ցա­­­ւը, այս կո­­­տորա­­­ծը, այս ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով ստեղ­­­ծուած ող­­­բերգու­­­թիւնը»։ Տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիրի քա­­­ղաքա­­­պետ Կիւլթան Քը­­­շանա­­­քի խօս­­­քերն են՝ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­1105sevanթեան 100-ամեակի ոգե­­­կոչ­­­ման առ­­­թիւ Տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիրի մէջ կա­­­յացած սգա­­­հան­­­դէ­­­­­­­սին։ Հի­­­մա բան­­­տարկուած է, հե­­­ռացուած պաշ­­­տօ­­­­­­­նէն, ուր կո­­­չուած էր տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիր­­­ցի­­­­­­­ներու 55 առ հա­­­րիւ­­­րի քուէով։ Ար­­­ժա­­­­­­­նի չէ՞ ու­­­շադրու­­­թեանդ, հե­­­տաքրքրու­­­թեանդ։ Կամ ար­­­ձա­­­­­­­կագիր Աս­­­լը Էր­­­տո­­­­­­­ղա՞նը, որու մէկ յօ­­­դուա­­­ծը թարգմա­­­նած ու տպած էի՝ ցոյց տա­­­լու հա­­­մար մար­­­դա­­­­­­­սիրա­­­կան իր կե­­­ցուած­­­քը նաեւ Մեծ Եղեռ­­­նի զո­­­հերուն առ­­­ջեւ՝ մտա­­­ծելով, թէ թե­­­րեւս կը թրթռաց­­­նեմ հե­­­տաքրքրու­­­թեանդ ջի­­­ղը։ Եւ դեռ Նե­­­պիլ Էօզ­­­կենթիւրքը, Ճան Տիւնտա­­­րը, Նեճ­­­մի­­­­­­­յէ Ալ­­­փա­­­­­­­յը, Ալ­­­թան եղ­­­բայրնե­­­րը, միւսնե­­­րը, մար­­­դիկ, որոնք այս բարդ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան լու­­­սա­­­­­­­տու­­­ներն են։ Եւ հի­­­մա բան­­­տարկուած են կամ բան­­­տարկուելու սպառ­­­նա­­­­­­­լիքին տակ կը գտնուին։

Չե՞ս կար­­­ծեր, այս ճնշումնե­­­րը նաեւ քե­­­զի կը վե­­­րաբե­­­րին։ Եր­­­կուու­­­թիւնը ո՛չ թէ ան­­­տարբե­­­րու­­­թեան, այլ յար­­­մա­­­­­­­րուո­­­ղակա­­­նու­­­թեան կ՚առաջ­­­նորդէ քեզ։ Եւ վաղ թէ ուշ այս խա­­­ւարը քեզ ալ պի­­­տի պա­­­տէ ու այն ժա­­­մանակ խօ­­­սելու կամ բո­­­ղոքե­­­լու առիթ եր­­­բեք պի­­­տի չու­­­նե­­­­­­­նաս։

Նաեւ սփիւռքա­­­հայե­­­րուն է խօսքս։ Կը սի­­­րէք Թուրքիա գալ, այ­­­ցե­­­­­­­լել մեր հայ­­­րե­­­­­­­նի բնա­­­կավայ­­­րը, յու­­­շարձան­­­նե­­­­­­­րը, որոնք դեռ կան­­­գուն են, ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսներ, հա­­­մերգներ սար­­­քել այստեղ, հա­­­մագոր­­­ծակցիլ տե­­­ղացի արուես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րուն, մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն հետ։ Ուժ կու տաք մե­­­զի այս կեր­­­պով։ Սա­­­կայն այ­­­սօր վտան­­­գուած են այն բո­­­լոր վայ­­րե­­­րը, ուր կ՚այ­­ցե­­­լէք, այն բո­­լոր ան­­ձե­­­րը, զոր կը սի­­րէք եւ որոնց հետ կը հա­մագոր­ծակցիք։

Ձայն մը… Պզտիկ նե­ցուկ մը։

Գո­նէ ըսե­լու հա­մար, թէ չէք ըն­դունիր կա­տարուած անար­դա­րու­թիւննե­րը։

Գո­նէ յա­ջորդ սե­րունդնե­րը գիտ­նան, որ յան­ցա­կիցը, ըն­դունո­ղը, վա­ւերաց­նո­ղը չէիք կա­տարուած­նե­րուն։

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles