Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Այժմէական Սուրբը

$
0
0

0000SEFERIAN

 

ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ

 

Քոյր Անահիտ ազնիւ, համեստ, զուարթադէմ ու բարի անձնաւորութիւն մըն է: Ան մայր է երեք որդիներու եւ ունի երեք գեղեցիկ թոռներ, որոնց համար հոգին կու տայ. սակայն, այլ հետաքրքրութիւն մը ակամայ կլանած է իր համակ էութիւնը, այլակերպելով զինք, հետեւաբար, զատորոշելով զինք ուրիշ կիներէ:

Ան շատերու ծանօթ է իր աստուածաշնորհ կենցաղով՝ ընտրած ըլլալով շա՜տ դժուար ուղի մը, որ իրեն վստահուած է Աստուծոյ կողմէ, ըլլալու Աստուածամօր նման, ծառայելու Անոր, Անո՛ր ընտրած ուղիով. իր վրայ կրելով Քրիստոսի վերքերն ու տանջանքները՝ վերապրելով այն բոլոր նեղութիւնները, որոնց ենթարկուեցաւ Աստուածորդին՝ Խաչին վրայ: Ան յաճախ կը տառապի Քրիստոսի նման՝ մերթ ընդ մերթ ստանալով նման վերքեր… Առանց տրտունջի…

Զինք ճանչցողներէն շատերը զինք սուրբ կը համարեն… Ան տարբեր է, սակայն, այն բոլոր սուրբերէն, որոնք իրենց սրբութիւնը կը պարտին Վատիկանին կամ այլ մէկ եկեղեցական բարձրաստիճան հեղինակութեան մը: Այն էութիւնը, որ զինք «Սուրբ» անուանած է, նոյն ինքն Աստուածորդին՝ Յիսուս Քրիստոսն է, որ յաճախ խթան հանդիսացած է իրեն, մղելով զինք գրքոյկ մը գրելու՝ անգլերէնով, հակառակ այն իրողութեան, որ Քոյր Անահիտ քաջ ծանօթ չէ այդ լեզուին: Իր գրքոյկին մէջ ան ընդհանրապէս կը խօսի սիրոյ, Քրիստոնէական եկեղեցւոյ համաշխարհային միութեան, համերաշխութեան եւ ազատութեան մասին:

Անոր տունը իրօ՛ք սրբավայր մըն է, ուր կու գան հաւաքուելու զանազան ազգերու պատկանող բարեպաշտուհիներ, ծնկաչոք աղօթելու Աստուածամօր արձանին առջեւ՝ որմէ տարիներ շարունակ հրաշագործ Սուրբ Իւղ, Սրբալոյս Միւրոն կը ծորէր… Որ շատ մը հիւանդներ բուժած է… Երբ անոնք իրեն մերձեցած են՝ երկիւղածութեամբ…

Ան պայծառատես չէ, ոչ ալ բախտագուշակ. այլ պարզապէս ջատագովը՝ Բարիին, որովհետեւ ականատես եղած է Աստուծոյ զգլխիչ փառքին ու վեհութեան՝ հրեշտակներու օժան-դակութեամբ…

Մի քանի օր առաջ, իրեն հարցուցի, թէ արդեօք բնաւ մտածա՞ծ էր մեր ազգային միութեան ու անոր ճակատագիրին մասին. իսկ եթէ ոչ, ինչո՞ւ: Ան շատ խելացի պատասխան մը տուաւ ինծի՝ ըսելով, թէ եթէ համայն քրիստոնեաներ միանան մէկ գաղափարի շուրջ եւ խաղաղ կենակցութիւն կնքեն ուրիշ կրօններու հետ, բնա՛ւ պիտի չզգացուէր կարիքը մտահոգուելու ազգային միութեան մասին:

Ըստ իս, սոյն յաջողութիւնը պատճառ պիտի հանդիսանայ համաշխարհային քաղաքականութեան կայունացման: Այսինքն, մեր ազգին պատկանող զանազան խմբակցութիւններ այս կամ այն կողմ հակելու հարկադրանքին տակ պի-տի չստիպուին գտնուելու. եւ ամէն ինչ հաշտ աչքով պիտի դիտեն. իսկ մեր ազգին ղեկը բռնող անձերն ալ միա՛յն մեր ժողովուրդին բարօրութեան մասին պիտի մտածեն, մոռնալով անձնական շահերը… Որովհետեւ հայրենիք՝ ա-ռա՛նց ժողովուրդի, որուն թիւը հետզհետէ կը նօսրանայ, արժէք չի ներկայացներ. ի վերջոյ, ո՞վ կ՛ուզէ «թագաւորել» աւերակներու վրայ: Առանց իր ժողովուրդին հայրենիք գոյութիւն չունի. ճշմարտութիւն մը, զոր խելքը գլուխը մարդը չի կրնար ուրանալ, գիտակցելով այդ միտքի ահաւորութեան… Երեւոյթ մը, որ երկսայրի սուրի մը նման չի խնայեր ոեւէ մէկուն, բնաջնջելով թէ՛ մեծը, թէ՛ փոքրը…

Մի՛ թերագնահատէք, սակայն, ժողովուրդին հզօրութիւնը… Ո՛չ մէկ ուժ կրնայ անոր դիմադրել: Կը յիշէ՞ք, արդեօք, վախճանը Ֆրանսայի Պուրպոններուն կամ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ծառայող Բրիտանական բանակին… Վստահաբա՛ր: Երկու հսկա՜յ կառավարութիւններ չի կրցան դէմ դնել հզօր կամքին, ժողովուրդին, որ կը ձգտէր ազատութեան եւ անկախութեան:

Հարկ չկայ պատմութեան արխիւները աւելիով թղթատելու… Բոլորի՜ն ալ «Վերջը լաւ չի լինելու»… Սակայն, մենք՝ հայերս, չենք ցանկար նախատեսել գալիք ահաւորութիւնները կամ նոյնիսկ մտածել անախորժ հետեւանքներու մասին… Մեր ժողովուրդը տառապեա՜լ ժողովուրդ է… Թուրքին բացած վերքերը տակաւին թարմ են… Չե՛նք ցանկար եւ չե՛նք արտօներ, սակայն, որ հայու ձեռքով սադրուած որեւէ աղէտ՝ մեր ժողովուրդին դէմ ուղղուի: Ուստի, կանխելու համար Դամոկլեան սուրի նման մեր գլխուն վերեւը կախուած անխուսափելի աղէտը, մէկ բան կարելի է ընել… եւ շտա՛պ… Գուրգուրա՛լ հայրենիքի մէջ տակաւին գոյատեւել փորձող մեր մնացորդացին եւ վերադարձնե՛լ անոր, այն, ինչը  պատշաճ է՝ ապրելու կամք. եւ տա՛լ անոր այն, ինչը ի՛րն է՝ խօսքի ազատութիւն, ազատ գործելու ազատութիւն եւ ինքզինք բարելաւելու ազատութիւն: Այլ խօսքով, ժողովուրդին վերադարձնել անոր զլացուած նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը եւ հաւասար իրաւունքներու վերահաստատում:

Մեր ղեկավարները շատ լաւ կը գիտակցին վերահաստատումին սոյն անհրաժեշտ կարիքներու, որոնց դիտումնաւոր խլուիլը մեր սուրբ ժողովուրդէն, երկա՜ր տարիներու տառապանքով սրբացած, պատճառ դարձաւ, որ մեր հայրենական սուրբ հողերը դատարկուին մեր «Սուրբերէն»… Ալ կը բաւէ՛ անգիտանալ ձեւանալ… Մեր ներքին թշնամին՝ երկսայրի սուրը, եթէ չհեռացուի մեզմէ, անիկա շատ մեծ աւեր կրնայ գործել… Հայրենասէր որեւէ մէկ հայ ցաւով կը զգայ այս բոլորը եւ կը ցանկայ շատ մօտիկ ապագային կանխել գալիք չարիքը:

Ուստի, բարեփոխումները պէտք է ըլլան զանգուածային եւ շատ արագ, որպէսզի մեր սիրելի ժողովուրդը համոզուի, թէ արշալոյսը մօտ է… Թէ նոր օրը իր հետ պիտի բերէ նոր արեւ, նոր յոյս, նոր կենցաղ՝ հայու վայել, որպէսզի արտագաղթը դադրի եւ պանդուխտ հայը հայրենիք վերադառնայ, զօրացնելու թէ՛ թի-ւով, թէ՛ որակով, որպէսզի թշ-նամին սարսափի մեզմէ եւ ընդմիշտ հեռանայ մեր սահմաններէն:

Եւ երբ «Սուրբերը» քալեն, անտարակո՛յս, թշնամին պիտի նահանջէ, անպայմա՛ն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles