Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Պարտուիլ Չհանդուրժող Թրամփի Վտանգաւոր Նոր Արարքը

$
0
0

0811trump

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

 

Ամէն օր անհեթեթ բառին տարբերակները գտնելու կամ անհեթեթութենէն անդին վիճակ մը բացատրող բառ մը փնտռելու մղող Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ, իր մրցակիցին դէմ յաղթանակ արձանագրելու համար, երկրին վաղեմի թշնամիին դիմելէն ետք՝ Օգոստոս 9ին անցաւ աւելի «գործնական» միջոցներու։

Կը թուի, թէ ան արդէն իսկ պատրաստութիւններ կը տեսնէ իր պարտութենէն ետք ընելիքներուն ուղղութեամբ։ Արդարեւ, ան վերջերս կասկածի տակ առած էր նախագահական ընտրութեանց արդար կայացումը, իսկ ապա անցած է Հիլըրի Քլինթընի նախագահութենէն ետք իր եւ իր համակիրներուն առնելիք քայլերու քննարկման։

Օգոստոս 9ին ան յայտարարեց, թէ Քլինթըն, նախագահ դառնալէն ետք, եթէ առիթը ունենայ Գերագոյն ատեանի դատաւորներ նշանակելու, ապա Թրամփի համակիրները ոչինչ պիտի կրնան ընել այն ատեն, այլ միայն Սահմանադրութեան երկրորդ յաւելուածի՝ զէնք կրելու իրաւուքին, պաշտպաննե՛րը կրնան կացութիւնը փոխել։

Քլինթըն, կամ անոր կողմէ նշանակուելիք Սահմանադրութեան 2րդ յաւելուածը ջնջելու ջատագով դատաւորները ահաբեկելու այս անուղղակի առաջարկը արդէն իսկ Թրամփը ընտրապայքարէն հեռացնելու կոչերուն պատճառ դարձած են, մինչ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի գործակալութեան նախկին ղեկավար Մայքըլ Հէյտըն յայտարարեց, որ եթէ նման կոչ մը պարզ քաղաքացի մը կատարած ըլլար, ապա ան արդէն իսկ ձերբակալուած պիտի ըլլար հարցաքննութեանց համար։

Յիշեցնենք նաեւ, որ Թրամփի խորհրդականներէն մէկը վերջերս նաեւ Հիլըրի Քլինթընը մահապատիժի ենթարկելու կոչ ըրած էր։

Թրամփի ընտրապայքարին պատասխանատուները արդէն իսկ կացութիւնը փրկելու արշաւի մը դիմած են՝ պնդելով, թէ Թրամփ պարզապէս առաջարկած էր օրինական միջոցներով փոփոխութիւններ կատարել, սակայն որքա՛ն լրջութեամբ կարելի է մօտենալ անձի մը, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին օրէնքը շահագործած է եւ ամէն միջոցի դիմած՝ չէզոքացնելու զինք նեղի մատնելու կարողութիւնը ունեցող անհատները, որոնց վերջին օրինակներն են Միացեալ Նահանգներու համար զոհուած իսլամ զինուորին ծնողքը եւ Թրամփի դէմ բացուած դատին սպանախօս դատաւորը։

Յատկանշական է, որ Քլինթըն ո՛չ մէկ առիթով խօսած է Սահմանադրութեան 2րդ յաւելուածը ջնջելու մասին, սակայն Թրամփ յաճախ իբրեւ իրականութիւն կը ներկայացնէ իրեն կողմէ կատարուող այդ պնդումը։

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles