ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ասկէ երեք տասնամեակ յետոյ, 2046 թուականին, եթէ աննախատեսելի որեւէ աղէտ չպատահի եւ մարդկութիւնը շարունակէ իր աճի ներկայ կշռոյթը, մասնագէտներու գնահատումով՝ մեր երկրագունդի բնակչութեան թիւը պիտի անցնի 9 միլիառը:
Իսկ այսօր արդէն կ՛ապրինք աւելի քան 7 միլիառ մարդ ապրեցնող երկրագունդի մը վրայ, որ կը դիմագրաւէ ոչ միայն մարդկութեան թուական աճը հակակշռելու եւ համահաւասար զարգացում ու բարեկեցութիւն ապահովելու մեծ մարտահրաւէրը, այլեւ՝ երկրագունդը մարդ էակի գործած աւերներուն, ապականումներուն եւ մսխումներուն դէմ պաշտպանելու կենաց-մահու խնդիրը:
11 Յուլիս 1987ին, երբ երկրագունդի բնակչութեան թիւը անցաւ 5,000,000,000ը, աւելի լաւ ու բարօր աշխարհի մը պահանջով թափ առած հասարակական շարժումները սկսան ճնշում բանեցնելու ՄԱԿի վրայ, որպէսզի կայացնէ աշխարհի բնակչութեան միջազգային Օր մը հաստատելու որոշումը՝ զայն նուիրելով մարդկութեան ժողովրդագրական ա-պագան բարելաւելու առաջադրանքին:
Երկբեւեռ աշխարհակարգի փլուզման նախօրէն էր: Երկու տարուան ճամբայ կտրած էր Խորհրդային Միութեան «կորպաչեւեան վերակառուցման» յուսահատական փորձը: Ամբողջ մարդկութիւնը կը տեսնէր ու կը գիտակցէր, որ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը լրիւ սնանկացած էր՝ թէ՛ քաղաքական-գաղափարական, թէ՛ տնտեսական-ընկերային առումներով: Այսուհանդերձ՝ 1987ին դեռ ոչ ոք վստահ էր, որ մէկ ձեռքի մատներուն վրայ համրուող տարիներ միայն մնացած էին «Չարիքի Կայսրութեան» վերջնական փլուզումին համար:
Նախ 1989ին փուլ պիտի գար Պերլինի Պատը, որ Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհը երկփեղկած էր շուրջ կէս դար եւ որուն պիտի հետեւէր, 1991ի Դեկտեմբերին, Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումը:
1987ին նոյնպէս տեսանելի էին նախանշանները Ամերիկեան Կայսերապետութեան ելեւմտական ճգնաժամին, բայց դարձեալ ոչ ոք ստուգապէս կը նախատեսէր, որ տնտեսական-ելեւմտական ինչպիսի՛ ահաւոր անկումի մը նախօրէին կանգնած էր ողջ մարդկութիւնը:
Ահա այդ պայմաններուն մէջ, ի տես արագօրէն աճող աշխարհի բնակչութեան թուաքանակին, յատկապէս անդրադառնալով աշխարհի բնակչութեան մեծ մասին սպառնացող ամէն կարգի առողջապահական եւ տնտեսական մահացու վտանգներուն, համաշխարհային տարողութեամբ թափ առած ընկերային շարժումները արդէն ի վիճակի դարձած էին իրենց օրակարգը պարտադրելու երկրագունդի ճակատագիրը ղեկավարող ուժերուն, որպէսզի այս վերջինները արմատական վերանայման ենթարկեն իրենց եսասիրութիւնը եւ անմարդկային անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը մարդկութեան լքեալ, անսնունդ, վատառողջ եւ մեծաքանակ մահացող մեծամասնութեան նկատմամբ:
Այդ ճնշումները արդիւնաւորուեցան 1989ին, երբ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի ղեկավար խորհուրդը իր թիւ 89/46 որոշումով ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին յանձնարարեց Յուլիս 11ը հռչակել «Աշխարհի Բնակչութեան Օր»:
Այդպէս ալ եղաւ:
Եւ Յուլիս 11ը, ՄԱԿի որոշումով, 27 տարիէ ի վեր կը նշուի իբրեւ «Աշխարհի Բնակչութեան Օր»ը:
Այդ որոշումին արդիւնքը անմիջապէս զգալի դարձաւ նախ ժողովրդագրական հարցերուն ստացած առաջնահերթ նշանակութեամբ՝ ամբողջ միջազգային ընտանիքը տագնապեցնող ընկերային ու տնտեսական խնդիրներու օրակարգին վրայ:
Նորածիններու մահացութեան արագընթաց յաղթահարումէն մինչեւ սովահարներու փրկութեան ուղղուած միջազգային օգնութեանց կազմակերպումը, անցնելով կենսոլորտի պաշտպանութենէն եւ յետամնացութեան մատնուած լքեալներուն համար զարգացման հնարաւորութիւններու ապահովումէն, միջազգային հանրութիւնը արագօրէն լծուեցաւ երկրագունդը ամբողջ մարդկութեան համար աւելի բարօր եւ արդար աշխարհի մը վերածելու հաւաքական ճիգին:
Նոյն այդ որոշումին արգասիքը եղաւ Հազարամեակի Ծրագիրին որդեգրումը, որ ահա երկու տասնամեակէ ի վեր հետեւողականօրէն կ՛աշխատի ի սպաս ոչ միայն երկրագունդի բարիքներուն աւելի արդար վերաբաշխումին, այլեւ մարդկային քաղաքակրթութեան ձեռքբերումները հաւասարապէս բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակին:
Կասկածէ վեր է, որ միայն ճամբուն սկզբնաւորութեան կը գտ-նուի մարդկութիւնը: Գաղութատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան դարաշրջաններուն պատճառած չարիքները՝ իրաւազրկումները, կեղեքումները, անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները այնքան խոր արմատներ նետած են երկրագունդի ողջ տարածքին, որ նոյնիսկ բարեացակամութեան լիարժէք առկայութեան պարագային, միջազգային ընտանիքը երկար ժամանակի եւ արմատական բարեկարգումներու կարիքը ունի, որպէսզի կարենայ շօշափելի նուաճումներ արձանագրել Աշխարհի Բնակչութեան Օրուան առաջադրանքները իրականացնելու ճամբուն վրայ:
Ինչպէս որ ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամին կողմէ հրապարակուած «Աշխարհի բնակչութիւնը 2011ին» զեկոյցով նշուած էր՝ «Մեր այժմեան քայլերէն է կախուած, թէ արդե՞օք մենք ապագային կ՛ապրինք առողջ, կայուն կենսոլորտով եւ բարգաւաճ կեանքով, թէ՞ դատապարտուած կ՛ըլլանք քաղելու անհաւասարութեան եւ տնտեսական անկումի պտուղները»:
«Ճիշդ ծրագրումի եւ մարդոց նպատակաուղղուած ողջմիտ ներդրումներու իրագործման պարագային, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ ոչ միայն վերջիններուս, այլեւ աշխարհի տեսանկիւնէն ճիշդ որոշումներ կայացնելու անոնց ունակութեան զարգացումը, 7 միլիառանոց աշխարհի բնորոշ գիծերը կրնան դառնալ բարգաւաճ, կենսոլորտով կայուն քաղաքները, արդիւնաւէտ աշխատուժը, որ կ՛ապահովէ տնտեսութեան աճը, եւ երիտասարդութիւնը, որ իր նպաստը կը բերէ հասարակութեան բարեկեցութեան», ընդգծած է ատենին ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն դոկտոր Բաբատունդէ Օսոտիմեհինի՝ «Մարդիկ եւ հնարաւորութիւնները 7 միլիառանոց աշխարհին մէջ» ենթավերնագիրով իր զեկոյցի նախաբանով:
Իրողութիւն է, որ այսօր մարդիկ աւելի երկար եւ առողջ կ՛ապրին ու ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի ու աւելի շատ երեխաներու կեանքը կը յաջողուի փրկել: Բայց բոլորը չեն, որ կը կարենան օգտուիլ այս ձեռքբերումներէն կամ կեանքի աւելի բարձր որակէն:
Տակաւին շատ մեծ են ու խոր անհաւասարութիւնները երկրագունդի բնակչութիւնը կազմող տարբեր երկիրներուն եւ ցամաքամասերուն միջեւ:
Ամբողջ երկրագունդին իբրեւ մեր մեծ տունը նայելու եւ անոր հոգերուն ու հեռանկարներուն ըստ արժանւոյն ընդառաջելու հրամայականը շեշտող Օրն է Յուլիս 11ը՝ Աշխարհի Բնակչութեան Միջազգային Օրը:
Այսօրինակ հոգերուն եւ յատկապէս երկրագունդի բնակչութեան երիտասարդ տարրին դիմագրաւած դժուարութեանց լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը շեշտելով՝ երկու տարի առաջ, Աշխարհի Բնակչութեան Միջազգային Օրուան առիթով, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քիմուն ահազանգ կը հնչեցնէր եւ կը շեշտէր. «Մերօրեայ աշխարհին մէջ կ՛ապրի երիտասարդներու ամենամեծ սերունդը ողջ պատմութեան ընթացքին՝ 1,8 միլիառ երիտասարդներ, որոնց մեծ մասը զարգացող երկիրներու մէջ է եւ կը տիրապետէ մարդկութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու դէմ պայքարին նպաստելու ահռելի ներուժի: Բայց չափազանց մեծաթիւ երիտասարդներ զրկ-ուած են որակեալ կրթութիւն ստանալու, արժանապատիւ աշխատանք գտնելու եւ իրենց հասարակութեանց մէջ քաղաքական կեանքին մասնակցելու իրաւաչափ հնարաւորութիւններէ:
«Բնակչութեան Միջազգային Օրը հնարաւորութիւն է, որպէսզի վերստանձնենք հասարակութեան մէջ յառաջընթացը խթանելու առումով երիտասարդներուն օգնելու մեր յանձնառութիւնը:
«Գործելու հրամայական կայ: Չափազանց մեծաթիւ երիտասարդներ չունին աղքատութիւնը յաղթահարելու անհրաժեշտ միջոցներ: Յատկապէս անհանգստացած եմ անչափահաս աղջիկներու հաշւոյն, որոնք կը բախին խտրականութեան, սեռային բռնութեան, վաղահաս ամուսնութեան եւ անցանկալի յղութեան խնդիրներուն»: