Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ֆութպոլը «Քրիստոնեայ» Չէ… (ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՄԱՆ)

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

WRITERS VATCHE PROODIANԿայ տրամաբանութիւն, կայ նաեւ… ֆութպոլի տրամաբանութիւն, որ շատ չի տարբերիր քաղաքականէն, որովհետեւ երկուքն ալ հիմնուած են ոչ միայն ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան վրայ, այլ նաեւ (ու շատ յաճախ)՝ զուտ աննախատեսելի ու ոչ շօշափելի տուեալներու վրայ:

Հիմա վերջ գտած են թէ՛ Ամերիկեան ցամաքամասի եւ թէ՛ Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու ախոյեանութիւնները: Եւրոպայի պարագային, Կիրակի օրն է աւարտականը, բայց ընդհանուր պատկերը, մեր այսօրուան վերլուծումին համար, յստակ է:

 

ՄԻՏՔ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹ

 

Ճիշդ է, որ ֆութպոլը մարզախաղ մըն է, սակայն միայն մկաններով չի խաղցուիր: Հոն կայ նաեւ միտք, մտածողութիւն, իսկ ազգային խումբերու պարագային՝ նաեւ ազգային նկարագիր, ազգային մշակոյթ եւ հոգեկերտուածք: Երբ կը բացակայի միտքը եւ ազգային մշակոյթը, արդիւնքը միայն ձախողութիւն է:

Առնենք Անգլիոյ պարագան: 1966էն ի վեր, Անգլիա ոչ մէկ անգամ կրցած է միջազգային մրցաշարք մը շահիլ: Իսկ նուազ քան երկու շաբաթ առաջ, ան մրցաշարքէն դուրս մնաց, երբ պարտուեցաւ Իսլանտայի կազմէն: Այն Իսլանտայէն, որուն բնակչութիւնը ընդամէնը 330,000 է եւ մեծ մասով՝ ձկնորս: Բայց Իսլանտա ամէն անգամ դաշտ ներկայացաւ առանց բարդոյթի եւ առանց վախի: Խաղաց կիրքով, քաջութեամբ, եւ մանաւանդ՝ կարգապահութեամբ, երբ 11 խաղացողները վերածուած էին կարծէք մէկ մարդու. տարբեր բառապաշարով՝ միասնակամ էին: Սա մտածողութեան, ծրագրումի եւ սեփական ուժերուն վրայ հաւատքի արդիւնք էր: Իր կարգին, Անգլիան դաշտ իջեցուցած էր աւելի քան 500 միլիոն սթերլին արժողութեամբ մարզիկներ ու անձնակազմ, որոնք շատ յաճախ միայն աննպատակ կը վազէին գնդակին ետեւէն: Ոչ մտածողութիւն կար, ոչ ներքին համադրում: Անգլիացիք (համակիրներ, խաղացողներ, մարզիչներ եւ պատասխանատուներ) ոչ մէկ նոր մտածողութիւն ցուցաբերեցին ֆութպոլի յարափոփոխ աշխարհէն ներս եւ այս՝ վերջին քանի մը տասնամեակներուն: Ու գլխիկոր հեռացան Ֆրանսայէն, որովհետեւ, խզուած էին իրենց ազգային հաւաքական մշակոյթէն ու մտածողութենէն:

Ամէն մարդ «կը տրամաբանէր», որ Անգլիան պիտի ըլլար յաղթական կազմը: Սակայն ինչպէս ըսինք, կայ տրամաբանութիւն եւ կայ՝ ֆութպոլի տրամաբանութիւն:

Փոխարինենք Անգլիոյ հարիւրաւոր միլիոն սթերլինը արդի սպառազինութեամբ եւ անմիջապէս կը տեսնենք զուգահեռը Արցախի չորսօրեայ պատերազմին հետ, երբ ատրպեճանական «հարիւրաւոր միլիոն տոլարնոց նախայարձակումը» փշրուեցաւ հայկական միասնակամութեան դիմաց:

Առնենք Պրազիլի պարագան: Այս երկրին ֆութպոլը իր մէջ կը պարունակէ ազգային մշակոյթի՝ պրազիլական «սամպա»ի տարրեր: Մինչեւ 1990ական թուականներու աւարտը, Պրազիլ կը խաղար համահունչ իր ազգային մշակոյթին. անոր ցուցաբերած ֆութպոլը ոչ միայն մկանուտ մարզանք էր, այլ նաեւ՝ պարարուեստի տարրեր կը պարունակէր իր մէջ, յատկապէս աչքի առջեւ ունենալով խաղացողներուն անհատական յատկանիշները:

Բայց ամէն անգամ որ մարզիչները (Փերէյրա, Սքոլարի կամ Տունկա) փորձեցին իբրեւ թէ «արդի» ֆութպոլ խաղալ տալ եւ կազմէն ներս չառին թիփիք պրազիլական ոճով խաղացողներ (ինչպէս Ռոնալտինիօ, քանի մը տարի առաջ, կամ ներկայիս Մարսելօ) ողբալիօրէն խայտառակուեցան: Խայտառակուեցան, որովհետեւ հեռացած էին իրենց ազգային մշակոյթի արմատներէն, անոր հաղորդելիք ներքին թափէն: Վերջինը‘ քանի մը շաբաթ առաջ ամերիկեան ցամաքամասի մրցաշարքին:

 

ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Մրցաշարքի մը պատրաստուող խումբի մը ռազմավարութիւնը յստակ է՝ շահիլ զայն, յաղթական դուրս գալ: Մարզիչին (զօրավարին) համար բուն հարցը կը կայանայ՝ «ինպէ՞ս»ին մէջ: Այսինքն, ի՞նչ մարտավարութիւն պէտք է որդեգրուի:

Նոյնն է նաեւ պատերազմի պարագային, երբ զօրավարները պարտաւոր են ընտրելու ամէնէն խելամիտ մարտավարութիւնը (թաքթիքը), որ զիրենք յաղթանակի պիտի առաջնորդէ:

Մարզիչ-զօրավար մը կրնայ իր ձեռքին տակ ունենալ լաւ մարզուած, լաւապէս պատրաստուած խումբ մը, արդի սպառազինութեամբ յագեցած: Սակայն երբ կը բացակայի այս տարրերը խելամտօրէն գործածելու մարտավարութիւնը, արդիւնքը կ՛ըլլայ աղէտ: Ինչպէս որ պատահեցաւ Խրուաթիա-Փորթուգալ մրցումին:

Խրուաթիա Ֆրանսա եկած էր մրցաշարքի բաժակը շահելու նպատակով. եւ արդարօրէն: Խմբակային խաղերուն ան աւերներ գործեց եւ անցաւ յաջորդ փուլին: Հոն իր դէմ գտաւ Փորթուկալը, որ հազիւ հազ, հրելով-  հրմշտկելով անցած էր յաջորդ փուլին (առանց խաղ մը յաղթելու), ներքնապէս, հոգեպէս ընկճուած ու վախցած հոգեվիճակով: Կատակ չէր Խրուաթիան՝ իր Փերեսիչով, Լուքա Մոտրիչով եւ Մանծուքիչով, որոնք աւերներ կը գործեն Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ:

Փորթուկալ դողդղալով իջաւ դաշտ: Սակայն իր դէմ գտաւ… վախէն դողդղացող, ոչ մէկ նախաձեռնութեան դիմող Խրուաթիա մը: Այս վերջինին մարզիչը կարծէք իր կարգին սարսափած մրցակիցի Ռոնալտոյէն, խումբին պարտադրեց անգոյն, անդիմագիծ ու ֆութպոլին հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող մարտավարութիւն մը: Արդիւնքը եղաւ այն, որ բաժակի թեկնածու Խրուաթիան տուն վերադարձաւ, պարտուելով նոյնինքն վախէն ու սարսափէն ահաբեկած Փորթուկալէն:

Կայ տրամաբանութիւն եւ կայ… ֆութպոլի տրամաբանութիւն: Խրուաթիոյ մարզիչին տրամաբանութիւնը ո՛չ մէկն էր, ոչ ալ միւսը: Գերմանիոյ պարագային, մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ յամառեցաւ հինգերորդ մրցումին եւս (Ֆրանսայի դէմ) դաշտ իջեցնել Միւլըր մը (յարձակող, որուն պարտականութիւնն է կօլ նշանակել), որ նախորդ չորս խաղերուն ընթացքին ոչ մէկ կօլ նշանակած էր: Արդիւնքը դարձեալ եղաւ աղէտ: Կարելի չէ սխալիլ եւ ճիշդ արդիւնք ակնկալել:

Եւ ահաւասիկ, շատ յաճախ «մեծ» կարծուածները ողբալիօրէն կը ձախողին «փոքր»երէն: Իսկ «փոքրերը» կը յաջողին միայն այն ատեն, երբ Իսլանտայի նման պայքարի դաշտ կ՛իջնեն առանց վախի, առանց բարդոյթի, քաջութեամբ ու այդ ձեւով ալ յարգանք պարտադրելով իրենց մրցակիցներուն: Կարելի չէ սխալիլ, վախնալ, կքիլ եւ ընկճուիլ: Ոչ միայն ֆութպոլի, այլ նաեւ քաղաքական պայքարի մէջ, որովհետեւ թէ՛ ֆութպոլը եւ թէ քաղաքականութիւնը տեղ մը կը նոյնանան, ո՛չ միայն ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն կիրարկելու, այլ՝ ազգային ամբողջ ներուժը գործածելու, ատոր ներքին թափէն ուժ եւ աւիշ ստանալու առումով: «Փոքր» Հայաստանը թող մէկուկէս օր ուշ ընդառաջէր «մեծ» Փութինէն եկած զինադուլի պահանջին…

Իսլանտան ցուցաբերեց այն քաջութիւնը, զոր ցուցաբերեց հայ զինուորը Արցախի սահմաններուն վրայ: Կը մնայ, որ Հայաստանի ղեկավար ընտրանին դաս առնէ ո՛չ թէ վախուորած Խրուաթիոյ մարզիչէն, այլ նոյնինքն Իսլանտայի ձկնորսներէն: Ան պարտաւոր է օգտագործելու ստեղծուած ժողովրդային այդ հսկայական ներուժը, միասնակամութիւնը, եւ ոչ թէ մսխէ զայն մեր աչքերուն առջեւ:

Հիմա գանք մեր խորագիրին: Քրիստոնէութեան պարագային, եթէ մեղք, կամ յանցանք գործես, կը ներուիս եթէ զղջաս ու դարձի գաս: Բայց ֆութպոլն ու քաղաքականութիւնը «քրիստոնեայ» չեն: Յանցանք գործողը կը պատժուի: Եւ անխնա՛յ:

 

7 Յուլիս 2016

Լոս Անճելըս

vproodian@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles