Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Տարածաշրջանային Սիւննի Կարգը Առանց ՏԱԷՇին, Կամ՝ Թրքական «Զերօ Խնդիր» Դիւանագիտութեան Վերադարձի Խաբէութիւնը

$
0
0

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

0728khatchig-Der-Ghougassi-copyԹուրք-իսրայէլեան եւ թուրք-ռուսական (վերա)հաշտեցման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու (վերա)բնականոնացման նախաձեռնութիւնները, որոնք հաստատագրուեցան առաջինը Յունիս 27ին պաշտօնապէս հրապարակուած եւ յաջորդ օրն իսկ ստորագրուած համաձայնագիրով եւ երկրորդը՝ նոյն օրերուն Էրտողանի կողմէ Փութինին ուղարկուած անձնական նամակին յաջորդած երկու նախագահներու 42 վայրկեաննոց հեռաձայնային խօսակցութեամբ, ստեղծած են այն տպաւորութիւնը, որ Անգարայի արտաքին-տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը կը վերադառնայ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (ԱՔՓ) երբեմնի «զերօ խնդիր դրացիներուն հետ» արեւելումին: Իսթանպուլի Աթաթիւրքի անուան օդակայանին մէջ ահաբեկչական արարքը Յունիս 28ին, որուն պատասխանատուութիւնը կառավարութիւնը դրաւ ՏԱԷՇին վրայ եւ բացայայտեց քառասուն հոգիի մահուան պատճառ դարձած երեք իսլամականներուն ինքնութիւնը, որոնցմէ մէկը Տաղստանէն ռուս մըն էր, միւսը՝ ղրղըզ եւ երրորդը՝ իւզպեք, բացայայտ դարձուց, որ «խալիֆայութիւնը» պատերազմ յայտարարած է նաեւ Թուրքիոյ դէմ:

Ճիշդ է, առաջին անգամը չէ, որ Ապու Պաքըր ալ Պաղտատիի կազմաւորումը ահաբեկչական գործողութիւն կը կատարէ թրքական հողատարածքին վրայ: Սակայն, ե՛ւ այս վերջին գործողութեան թիրախին խորհրդանշական թէ տնտեսական նշանակութիւնը, ե՛ւ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան նորագոյն շրջադարձին հետ անոր շատ հաւանաբար ոչ-պատահական զուգադիպումը կու գան յուշելու ՏԱԷՇի խոր մտահոգութիւնը՝ թրքական հողատարածքը որպէս ռազմավարական հենարան կոր-սնցնելու իրողութեան մասին: Այսինքն, կը թուի, որ Իսրայէլի թէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վերահաստատման թրքական քայլը նաեւ ազդանշան է ՏԱԷՇը որպէս դերակատար ջնջելու Անգարայի համաձայնութեան:

Իրադարձութիւններու զուգադիպութենէն եւ անոնց ենթախորքային տրամաբանութեան կապակցութեան մեկնաբանական համոզումներէն անկախ, պարզ է, որ Իսրայէլի թէ Ռուսիոյ ուղղութեամբ Անգարայի քայլերը ունին իրենց իւրայատուկ ոլորտն ու երկկողմանի շահագրգռուածութիւնը, որոնք երեւան կը հանեն պետական քաղաքականութեան բանականութիւնը: Իսրայէլի հետ պատմական դաշինքը թէ Ռուսիոյ հետ տնտեսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ի միջի այլոց, ըստ երեւոյթին աւելի ծանր կշիռ ունենալու սկսած են Անգարայի համար, քան Էրտողանի տարածաշրջանային հզօրութիւն դառնալու ձգտումն ու կրօնա-գաղափարախօսական համոզումներու թելադրած անզիջող եւ յաճախ յարձակողական քայլերը:

Բայց պէտք չէ շատ աճապարել եւ լաւատես ըլլալ երբեմնի «զերօ խնդիր» դիւանագիտութեան անմիջական վերադարձի հեռանկարով: Եթէ երբեք նման լուրջ տրամադրուածութիւն եղած է ԱՔՓի կողմէ իր իշխանութեան առաջին թերեւս վեց տարիներուն, ապա եւ կուսակցութեան էրտողանական թեքումէն ի վեր այնքան ամրագրուած է պետական քաղաքականութեան յստակ ուղղուածութիւն մը, որ դժուար թէ այնքան հեշտօրէն ետդարձ կատարէ: Ճիշդ է, որ թրքական դիւանագիտութիւնը փաստը տուած է ե՛ւ իր խորամանկութեան, ե՛ւ առիթներէն լաւապէս օգտուելու կարողութեան, ե՛ւ անհրաժեշտ ճկունութեան ցուցաբերման: Բայց այդ բոլորը կրնան նաեւ բարացուցական ըլլալ էրտողանականութեան շարունակման՝ թէկուզ եւ այլ միջոցներով: «Էրտողանականութիւն» յղացքով պիտի հասկնանք ներքին ոլորտին մէջ իշխանութեան կեդրոնացում, ընդհուպ մինչեւ սուլթաններու յատուկ մենատիրութեան սահմանադրական մեքանիզմներու ամրագրում, իսկ արտաքին-տարածաշրջանային բեմահարթակին վրայ՝ նէօ-օսմանականութիւն:

Ներքին եւ արտաքին ոլորտները իրարմէ տարանջատ չեն: Անոնց բացայայտ կապը սիւննի իսլամ կրօնագաղափարախօսական ինքնութիւնն է: Ընդ որում, ներքին ոլորտին մէջ, Էրտողանի ղեկավարութեամբ ԱՔՓն կը ձգտի ոչ միայն քեմալական աշխարհական հասարակարգին կրօնքին վրայ դրած կաշկանդումները վերցնել, այլ՝ հաստատել կրօնական, իմա՝ իսլամի, արժեչափերու գերակայութիւնը: Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանին, ապա հոն ոչ միայն թրքական գործօնը բանալի դերակատարի վերածելու նպատակ դրուած է, այլ՝ սիւննի կարգի մը հաստատումը՝ անմիջական համագործակցութեամբ առաջին հերթին Սէուտական Արաբիոյ եւ ապա, առաւել կամ նուազ տարողութեամբ, Ծոցի միւս երկիրներուն եւ Յորդանանի:

Որքան ալ որ նման հեռանկար սադրանքային թուի եւ, նէօ-օսմանականութեան նման, տարածաշրջանային սիւննի կարգը ընդհանրական հասկացութիւն մը ըլլայ հաւաքական ինքնութեան եւ քաղաքական դաշինքներու իմաստով, աւելի քան օրինականացած կառոյց, ո՛չ այդ հեռանկարին ազդանշանները, ոչ ալ նշեալ երկիներու շահերու համընկման փաստերը կը պակսին:

Արդարեւ, ԱՔՓի իշխանութեան առաջին տարիներուն, երբ կուսակցութիւնը կը ներկայանար որպէս Թուրքիոյ ժողովրդավարացման յառաջապահ ընդդէմ ամէնէն աւելի զինուորականներով ինքզինք ներկայացնող քեմալականութեան եւ, որպէս այդպիսին, կը յաջողէր հիմնական յառաջընթաց արձանագրել Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան հոլովոյթին մէջ, Էրտողան արդէն ծանօթ եւ ժողովրդական քաղաքական անձնաւորութիւն մըն էր: Սակայն իր աստղը միջազգային բեմահարթակին վրայ փայլելու սկսաւ 2009 Յունուարին, Տավոսի մէջ, ուր Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ծրագրուած միջոցառումներու շարքին Էրտողան եւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէս միասին պիտի ըլլային հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, զոր պիտի համակարգէր «Ուաշինկթըն Փոս»չի լրագրող Տէյվիտ Իկնատիոս: Միջոցառումը տեւեց հազիւ մէկ վայրկեան, որովհետեւ անոր սկիզբին իսկ Էրտողան իր խօսակիցը ամբաստանեց Կազայի ժողովուրդի թշուառութեան համար եւ ակնարկելով համակարգողի հայկական ծագումին՝ զայն կողմնակալ նկատեց: Ապա բարկացած բեմէն հեռացաւ: Կարելի է ըսել, որ այդ պահը թատերականացած ծնունդն էր, հրապարակային ներկայացումը էրտողանականութեան:

Յաջորդ երկու տարիներուն ընթացքին, մինչ իրմէ առաջ տարածաշրջանին մէջ ճնշուած ժողովուրդներուն, իմա՝ պաղեստինցիներ եւ իսլամներ, դատի պաշտպանութեան ինքնակոչ պահապան դարձած Իրանի Ահմատինեժատի աստղը մարելու կը սկսէր, Էրտողան կը վերածուէր հերոսի: Կազայի մէջ նորածինները իր անունով կոչելու իրողութենէն մինչեւ Պէյրութի նոյնիսկ հարաւային արուարձաններուն մէջ թրքական դրօշակներու պարզումը, եթէ մէկ կողմէ ցոյց կու տային հերոսի եւ փրկարարի սպասող հասարակական ախտագին բարդոյթ մը, միւս կողմէ թրքական քաղաքականութեան առջեւ դռները լայն կը բանային: 2010 Մայիսին Կազայի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն տանող թրքական մէկ նաւուն անձնակազմի բախումը իսրայէլեան զինուորներուն հետ ա՛լ աւելի ամրապնդեցին Էրտողանի տարածաշրջանային հմայքը: Շնորհիւ իր տնտեսական աննախընթաց աճին, Թուրքիոյ առջեւ բացուելու սկսան շուկաները: Սկսելով Սուրիայէն, որուն ղեկավարութիւնը արթուն չեղաւ տեսնելու համար դրամահոսքին քաղաքական պայմանաւորումները եւ «զերօ խն-դիր» դիւանագիտութեան թակարդը, որուն մէջ ինկաւ Ասատի վարչակարգը՝ հրաժարելով իր պատմական պահանջատիրութենէն: Այդ բոլորով հանդերձ, թերեւս ոչինչ այնքան խօսուն է Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ տարածաշրջանային սիւննի կարգի մը մասին, որքան Էրտողանի ելոյթը Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութեան վերջին գագաթնաժողովին, ուր առաջարկեց Արաբական լիկան վերանուանել Իսլամական լիկայի…

Ինչ կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ թէ այլ երկիրներու շահագրգռութեան նման կարգի մը հաստատման, անոր խորքային պատճաոը պարզ եւ մեկին է. Իրանի եւ շիականութեան ընկալուած տարածումին առնուազն զսպում եւ զայն շարունակական ճնշումի տակ պահելու մտահալածանքը: Այս իմաստով, առաջին հրապարակային զգուշացումը Յորդանանի թագաւորէն եկաւ Դեկտեմբեր 2005ին, երբ Պուշի վարչակարգը կը պատրաստուէր Յունուարին Իրաքի մէջ իր կազմակերպած ժողովրդավարութեան մեծ խն-ճոյքին: Ապտալլահ Բ. իրաքցիներուն քուէն ճիշդ կերպով հասկցաւ, որպէս յարանուանական քուէ, որուն զոհ պիտի երթար երկիրին մէջ պատմականօրէն տիրապետած սիւննի փոքրամասնութիւնը: Թագաւորը իր մտահոգութիւնը արտայայտեց՝ զգուշացնելով Իրանէն մինչեւ Լիբանան «շիայական կիսալուսին»ին մասին, որ սիւննի աշխարհը երկուքի կը բաժնէ:

Ո՛չ «Քաիտա», ո՛չ ՏԱԷՇ եւ հաւանաբար ո՛չ մէկ ճիհատական խմբաւորում Ֆրանքըշթայն մըն է, զոր պետութիւնները կը ստեղծեն: Արդիւնք են անցնող երկու հարիւր տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ ընկերային եւ քաղաքական գործընթացներու: Երեւոյթներ են, որոնց ծագումն ու զարգացումը սխալ է տեղադրել բացառաբար միջպետական մր-ցակցութեան ոլորտին մէջ: Բայց աշխարհաքաղաքական իմաստով դժուար չէ տեսնել, թէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ճիհատական յառաջընթացը ընդհուպ մինչեւ Մոսուլի մէջ խալիֆայութեան ստեղծումը նախ եւ առաջ «շիայական կիսալուսին»ի ամրակայման ամենամեծ խոչընդոտն է: Հետեւաբար հասկնալի է, ի միջիայլոց նաեւ, Էրտողանի կառավարութեան շահագրգռութիւնը՝ դիւրացնելու անոնց գոյակռիւը եւ, ի հարկին, զէնքի ու կռուողներու հոսքը ապահովել: Այն թաքուն ենթադրութեամբ, որ կարելի է անոնց վրայ ինչ որ չափի վերահսկողութիւն բանեցնել: Այնպէս ինչպէս կարծած էր Ռեկընի վարչակարգը, երբ աֆղան մուճահիտուններուն արդիական զէնքեր կը տրամադրէր եւ զօրավիգ կը կանգնէր անոնց դիմադրութեան խորհրդային գրաւումին դէմ…

Պոլսոյ օդակայանին ահաբեկչական գործողութիւնը եկաւ ցոյց տալու, թէ որքա՛ն միամիտ էր այն ենթադրութիւնը, որ կարելի է ճիհատականութիւնը վերահսկողութեան տակ առնել: Թուրքիա, ըստ երեւոյթին, հասած է այն եզրակացութեան, որ տարածաշրջանային սիւննի կարգի հաստատագրման համար անհրաժեշտ է ՏԱԷՇէն ձերբազատուիլ: Եթէ նման հեռանկար իրականութիւն դառնայ, կը մնան անշուշտ ճիհատական մնացեալ կազմակերպութիւնները: Բայց երեւի անոնց հասողութիւնը այսպէս կոչուած «իսլամական փողոցներուն» յարաբերաբար նուազ է, բաղդատած խալիֆայութեան վայելած հմայքին:

Առանց ՏԱԷՇի տարածաշրջանային սիւննի կարգ մը, եթէ համոզէ միջազգային դերակատարները, կրնայ նոյնիսկ ողջունելի ըլլալ ուժային հաւասարակշռութեան մը, եւ հետեւաբար՝ որոշ կայունութիւն հաստատելու համար հակամարտ կողմին՝ Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ իր դաշնակիցներուն հետ: Քաղաքական «կորեկտութիւն» չէ անշուշտ խօսիլ ներիսլամական քաղաքացիական պատերազմին մասին, սակայն իրողութիւն է, որ տարածաշրջանին աշխարհաքաղաքական տեղաշարժին ենթախորքին հաստատագրուած է սիւննի-շիա պատմական պառակտումը: Տարածաշրջանային սիւննի կարգը նէօ-խալիֆայութիւն չէ, ընդհակառակը, կը բացառէ ճիհատական շարժումի այդ «ութոփիա»ն եւ կը հաստատագրէ հողատարածքային պետութիւններու առաջնահերթային դերակատարութիւնը: Սակայն ուժերու նմանատիպ հաւասարակշռութեան հեռանկարն իսկ կրօնական գործօնը լռելեայն կը վերածէ քաղաքական ազդակի: Առանց դեռեւս անդրադառնալու, թէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ուժերու նման հաւասարակշռութեան մը աշխարհաքաղաքական բաժանումի սահմանները ինչպէ՛ս պիտի գծուին, կարելի է արդէն կանխատեսել, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, որոնք տարածաշրջանի ամենախոցելի տարրն են եւ որպէս այդպիսին՝ ցարդ բոլոր տագնապներուն առաջնային զոհերը, ա՛լ աւելի աննպաստ դիրքերու վրայ պիտի գտնուին: Եթէ չյաջողին իրենց ձայնը միասնականօրէն աշխարհին լսելի դարձնելու նպատակով, անցնող երկու տարիներուն սկսած տարածաշրջանային զօրաշարժին նոր թափ եւ ընթացք տալ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles