ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան եւ իր մեղսակցութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը մեծ խորագիրներ «ստեղծեց» ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ գերմանական ու (անխուսափելիօրէն) թրքական մամուլին մէջ:
Աւելորդ է ըսելը, որ այս զարգացումը ջղագրգիռ վիճակ ստեղծեց Թուրքիոյ կառավարական շրջանակներէն ներս: Ոչ միայն անոր համար, որ երկիր մը եւս պաշտօնապէս ճանչցաւ այն, ինչ որ Թուրքիա մինչեւ հիմա կ՛ուրանայ, այլ անոր համար, որ ճանչցող երկիրը կ՛ընդունէր նաեւ իր մեղսակցութիւնը: Կը ստեղծուէր կացութիւն մը, երբ բուն յանցագործը կը յամառի ուրանալ իր ոճիրը, մինչդեռ իր մեղսակիցը կ՛ընդունի նոյն այդ արարքը:
Փախուստի ծակ մը եւս փակուեցաւ Թուրքիոյ համար:
Բայց «ո՜վ հրաշք», յանկարծ թրքական կողմին «օգնութեան» հասաւ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին տխրահռչակ նամակը՝ ուղղուած Էրտողանին, ուր ան կը դատապարտէր Պունտսթակի բանաձեւը:
Հակազդեցութիւնը չուշացաւ հայկական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ: Եւ բնական էր: Ոչինչ կ՛արդարացնէ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդին այս կեցուածքը: Եթէ ան չի կրնար իր նպաստը բերել հայանպաստ զարգացումներուն, առնուազն պէտք չէ նաեւ քար դնէ հայկական խոփին դիմաց:
Կայ մօտեցում մը, ըստ որուն՝ Արամ արք. Աթէշեան ճնշումի տակ է, հետեւաբար… Այս պնդումը բնաւ ջուր չի վերցներ, որովհետեւ նոյն այդ աթոռին գահակալ իր նախորդները տրամագծօրէն հակառակ կեցուածքները որդեգրած էին: Պատմական նախընթացներուն համար անհրաշեշտ չէ մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ երթալ: Արդարեւ, պատրիարքական փոխանորդին անմիջական նախորդներէն Շնորհք արք. Գալուստեան գործեց նոյնքան, երբեմն աւելի փոթորկոտ տարիներու ընթացքին: 1970ական եւ 80ական տարիները յատկանշուած էին հայ-թրքական կնճիռի ու պայքարի իրապէ՛ս փոթորկալից զարգացումներով: Այս իրադրութեան մէջ, Շնորհք պատրիարք չվարանեցաւ երբեք: Ոչ միայն այդ, այլ նաեւ ամէն օրինական միջոցներու դիմեց, որպէսզի Թուրքիոյ հայութեան իրաւունքներուն տիրութիւն ընէ: Չվարանեցաւ ամէն առիթով Պոլսոյ կուսակալութեան դիմելու, որպէսզի հայ համայնքին իրաւունքներուն դէմ թրքական պետութեան կողմէ պարտադրուած ապօրինի տնօրինումներուն դէմ պայքարի: Հարցը չլուծուեցա՞ւ կուսակալին մօտ, մեկնեցաւ Անագարա:
Ոչ մէկ ատեն ընկրկեցաւ ան: Մնաց անտեղիտալի: Սպառնալիքներ չեղա՞ն իր դէմ, ճնշում չկա՞ր իր վրայ: Անշուշտ կար: Բայց իր մարտավարութիւնը անխոցելի էր՝ նոյնինքն թրքական օրէնքներով պայքարիլ Անգարայի ապօրինի տնօրինումներուն դէմ:
Այդ տասնամեակներուն, Շնորհք պատրիարք իր այս պայքարունակ ոգիով եւ օրէնքի ճամբով, շարունակ Անգարայի իշխանութիւնները ճնշումի տակ պահելով, անուղղակիօրէն նպաստեց հայկական ճակատի ամրապնդումին:
Եւ հիմնականը այս է՝ հայկական ներքին ճակատը ամուր պահել:
Դժբախտաբար այս առաջնահերթութիւնը՝ ճակատի ամրապնդման գաղափարը, կը վրիպի շատերու քաղաքական տեսադաշտէն: Պետական ղեկավարման դիրքեր գրաւողները, ամէն բանէ առաջ, իրե՛նք պէտք է հետամուտ ըլլան իրենց պատասխանատուութեան:
Ճակատի ամրապնդումը կը նշանակէ նաեւ պետական կառոյցներու ամուր եւ ազդու աշխատանք: Հռետորական պիտի չըլլայ եթէ հաստատենք, որ Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի օր ցերեկով սպանութեան չբացայայտուիլը հարուած է հայկական պետականութեան, անոր կառոյցներուն եւ հետեւաբար նաեւ՝ մեր ներքին ճակատի ամրապնդումին:
Հայկական ներքին ճակատը թուլացնելու կը միտի այն դէպքը, երբ Արցախի հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ Հայկ Խանումեան կը խոշտանգուի:
Այս զոյգ դէպքերը, մանաւանդ իրենց հնչեղութեամբ, օրէնքի եւ օրինականութեան ուղղուած հարուած են՝ ամէն բանէ առաջ: Բացայայտ անարդարութիւններով կարելի չէ ներքին ճակատը ամուր պահել, ճակատ մը, զոր խախտելու միտող բազմատեսակ արտաքին ճիգերը չեն ալ պակսիր…
Մեծ պատկերին մէջ, մէկ կողմէ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդն է, իր դատապարտելի եւ անընդունելի կեցուածքով, իսկ միւս կողմէ ՀՀ իշխանութիւնները՝ իրենց նոյնքան անընդունելի կեցուածքով: Աթէշեան սրբազանին առած կամ առնելիք քայլին վրայ հայկական կողմը (ընդհանուր հաշուով) հակակշիռ չունի: Այդ մէկը «մեր» կամքէն կախեալ չէ: Սակայն Հայաստանի մէջ կատարուած իւրաքանչիւր ապօրինութիւն ունի իր «հակակշռելի» հեղինակը: Կը պակսի քաղաքական կամքը ոչ միայն կանխարգիլելու, այլ նաեւ հաշուետուութեան կանչելու: Չկարծենք, կամ չմտածենք, որ պատրիարքական փոխանորդին պախարակելի քայլը եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած նոյնքան պախարակելի դէպքերը իրարու հետ կապ չունին: Երկուքն ալ կը սպառնան հայկական ներքին ճակատի ամրութեան:
Այս յօդուածագիրը կը մնայ իր խոր համոզումին վրայ, որ անհրաժեշտ է ոչ միայն վերոնշեալ երկու դէպքերուն կապակցութեամբ օրինական լուծումներ տալը, այլեւ (կրկնութեան գնով ըսենք) քառօրեայ պատերազմին առնչուող շատ աւելի լուրջ թերացումներու կապակցութեամբ մասնագիտական քննիչ մարմին կազմելը:
Այս ուղղութեամբ ալ մեր պահանջը յստակ է Հայաստանի իշխանութիւններէն՝ ցուցաբերել համապատասխան քաղաքական կամք, ի խնդիր հայկական ներքին ճակատի ամրապնդումին:
vproodian@gmail.com