Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հայ Բանաստեղծի Մը Ազդեցութիւնը

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

 

dikrankhodanianՊետրոս Դուրեան. նշանաւոր Հայ բանաստեղծ մը, որուն կենսագրութիւնն ու գործերը կը սորվէինք ամբողջ տարուան ընթացքին, երբ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աշակերտ էինք: Երբ կը սորվէինք մեր մշակութային հերոսներուն մասին, մանաւանդ 8րդ կարգէն առաջ, ճշմարտութեամբ ըսեմ, որ այդ ժամանակ լրջօրէն մտիկ չէի ըներ: Բազմաթիւ գրողներու, բանաստեղծներու եւ հեղինակներու մասին կը կարդայինք ամէն շաբաթ, բայց այն ատեն շատ կարեւորութիւն չէի տար այս բոլորին: Քանի մը տարի ետք էր որ սկսայ յարգելու եւ իսկապէ՛ս հասկցայ արժէքը այս հրչակաւոր հերոսներուն:

Այս գրողներուն սրբութիւնը հասկնալէ առաջ սակայն, կար բանաստեղծ մը, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է վրաս, եւ մինչեւ այսօր իր բանաստեղծութիւնները ծանօթ կը մնան ինծի: Այդ բանաստեղծն է Պետրոս Դուրեանը: 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբը, հայ գրողներուն եւ բանաստեղծներուն մեծամասնութիւնը թոքախտի պատճառով մահացաւ: Պետրոս Դուրեան եւս այս խումբին մաս կազմեց, բայց տարբերութիւնն այն էր, որ Դուրեան շատ երիտասարդ էր, երբ մահացաւ: 21 տարեկան տղայ մը, որուն բանաստեղծութիւնները շարժեցին մեր սարերը: 21 տարեկան տղայ մը, որ կրցաւ ձգել իր հրիտակը ապագայ սերունդներուն: 21 տարեկան տղայ մը, որ կրցաւ ոգեշնչել հայ ժողովուրդը իր գեղեցիկ բանաստեղծութիւններով ու գրութիւններով, զորս ընթերցողը լաւապէ՛ս կը զգայ Դուրեանի հայրենասիրութիւնը։ Իր յուսահատութիւնը, թէ երկար կեանք պիտի չունենայ օգնելու համար իր ազգին, յայտնի է իր գրութիւններուն մէջ:

Միայն իր կանուխ մահը եւ այնքան նշանաւոր ըլլալը արդէն իսկ զարամացուցած են 13-14 տարեկան Տիգրանը: Իսկ վերջին քանի մը տարիներուն, երբ Հայագիտութիւն կ՛ուսանիմ, հազար անգամ աւելի՛ ներշնչուած եմ այս հիանալի բանաստեղծով, որ այդքա՛ն երիտասարդ տարիքին հասկցած էր հայրենասիրութեան կարեւորութիւնը եւ թէ ամէն հայ դեր ունի կատարելիք իր ազգին համար: Իր կարճատեւ կեանքին ընթացքին ազդեցութիւն ունեցած է բազմաթիւ մարդոց վրայ եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ մինչեւ այսօր:

Անցեալ շաբաթ, առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Կոմիտասի պանթէոնը: Կարդացած էի նախապէս, որ Կոմիտասէն բացի՝ այս պանթէոնը ունի ուրիշ մեծերու գերեզմանաքարերը: Օրինակ՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Ալեքսանտր Թամանեանի, Վահան Տէրեանի, Յովհաննէս Շիրազի եւ Արամ Խաչատրեանի գերեզմանաքարերը հոն ներկայ են: Միայն այս պանթէոնը ներկայ գտնուիլս արդէն ինքնին հրաշալի դէպք մըն էր: Լսած էի նաեւ, թէ Պետրոս Դուրեանին նուիրուած գերեզմանաքար մը կար այս պանթէոնը, բայց վստահ չէի: Ստուգեցի լսածիս մասին, եւ լսածս ճիշդ դուրս եկաւ, բայց արդէն շրջած էի ամբողջ գերեզմանը ու չէի կրցած գտնել… Քարերը մէկ-մէկ ստուգեցի եւ ուշադրութեամբ կարդացի բոլոր անուները: Չգտայ… Գիտցա՛յ, որ իրը տարբեր էր: Նաեւ կարդացի, թէ միայն Պետրոս Դուրեանի գանկը՝ մաս մը Պոլսոյ իր գերեզմանէն բերուած հողին հետ, պահուած էր այս Պանթէոնը։

Նախքան մեկնիլս մտածեցի, որ անգամ մը եւս փնտռեմ, որովհետեւ իսկապէ՛ս չէի ուզեր փախցնել այս առիթը: Կանգնած էի անշարժ, երբ յանկարծ անդրադարձայ, որ հակառակ կողմի պատին վրայ Պետրոս Դուրեան գրուած է: Մօտեցայ ու տեսայ, որ գրուած է՝ Պետրոս Դուրեանի Մասունք: Անհաւատալի՛ էր պատահածը… Ուրախութիւնս չկրցայ զսպել: Հոս կանգնած եմ վերջապէս, տարիներ Պետրոս Դուրեանի մասին ուսումնասիրելէ ու անոր գործերը կարդալէ ետք: Այդ ժամանակ այս հերոսը աւելի՛ իմաստուն դարձաւ ինծի համար:

Շնորհակա՛լ եմ, որ մեզի ցոյց տուիր գրիչի ազդեցութիւնը: Շնորհահա՛լ եմ, որ 21 տարիներու ընթացքին թանկագին աշխատանք իրականացուցիր: Շնորհակա՛լ եմ, որ երիտասարդ Տիգրանին աչքերը բացիր եւ տարբեր աշխարհի ծանօթացուցիր։

Աստուած հոգի՛դ լուսաւորէ, Պետրոս Դուրեան: Գործերդ թող գոյութիւն ունենան առյաւէ՛տ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles