Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութիւն – 17

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Մի շպար ունի մեր կեանքը, իսկ նրա ետեւը սոսկալի է»։
Յ. Թումանեան

Հալէպցիները Յոբին երանելիութեան հասան. քաղաք՝ օրերով զրկուած ջուրէ, լոյսէ, հեռաձայնէ ու առատ՝ ամէնօրեայ մղձաւանջային լուրերով։ Մարդիկ կը համբերեն ու հնարքներ կը խորհին, նեղութեան մէջ է, որ մարդը հնարամիտ ու տոկուն կը դառնայ։
Կ՛ըսուի, թէ ցաւերը մարդս կ՛ազնուացնեն։ Ինծի մնար՝ կը նախընտրէի առանց ցաւի ազնուացումի ճամբան, բայց եթէ ժողովրդական խօսք է, ուրեմն՝ ճշմարտութեան հատիկներ ունի։ Ըստ այդմ, սուրիացիները ու մասնաւորաբար հալէպցիները ազնուութեան դափնեկիրներ պէտք է հռչակել։ Սակայն ո՞վ պիտի տայ այդ կոչումը մեզի՝ շատ կարեւոր է։ Պիտի նախընտրէի որ տային, ըսենք՝ վիեթնամցիները, ափրիկեան տառապեալները, Հնդկաստանի սովեալները եւ նման մարդիկ, ո՛չ երբեք կուշտ ու ապահով ապրողները, որոնք առանց ցաւի կը մոռնան երբեմն ինչ կը նշանակէ Մարդ ու նարսիսական հիացումով միայն հայելիին կը նային։
Բայց այս բոլորին թագը եղաւ «Շէյխ Մախսուտ»ի եղեռնագործութիւնը։ Երբ Նոր Գիւղի կարգ մը թաղեր ստիպուեցանք պարպելու, հայութիւնը ցնցում ապրեցաւ, բայց ուզեց մոռնալ՝ առօրեայ նոր հարցերու մէջ։ Իսկ այս դէպքը հիմերէն սարսեց քրիստոնեայ քաղաքը, յատկապէս՝ հայերս։ Օղակը կը սեղմուի։ Կրկին արթնցաւ մեր արեան յիշողութիւնը…: Կրկին բացայայտուեցաւ, թէ մեր գլխուն վրայ խաղցուող մեծ խաղին մէջ տեղացի իւրաքանչիւր «ճարպիկ» անհատ կամ հաւաքականութիւն «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու» լարախաղացութեան մէջ է, բարոյական անկումէ անկում երթալով ու «Անին ծախելով»։
***
Սուհելա կամ Շէյխ Մախսուտի «խաղը»
Թուխ դէմքին վրայ փայլող, խորը գացած սեւ աչքեր, հազիւ երեսունամեայ կնոջ վաղահաս ծերացող դիմագիծեր, չգիտակցուած տաժանքի շլմորանքով հայեացք, որ կապիկի նայուածքին պարապութիւնը կը պարզէ ու թոյլ չի տար երկար նայիլ աչքերուն։
Նազելի ու բանաստեղծական անունը՝ Սուհե՜լա, զոր ինք կը հնչէ անէծքի պէս, հակադրութիւն է մաշած արտաքինին, նոյն ատեն կը յուշէ երբեմնի սեւուկ-սիրուն աղջնակին քաղցրութիւնը։ Շարժումները արագ են, ճկուն, բարեխիղճ է իր գործին մէջ, ուստի ունեւոր տիկիններ կը հրաւիրեն զինք օրավարձով սպասուհիութեան, նոյնիսկ ձեռքէ ձեռք կը խլեն, քանի որ «վստահելի է»։
Երբեմն հետը կը տանի նաեւ աղջնակը՝ տասներկուամեայ Մանալը։ Ան հաւանաբար կը կրէ հօր արտաքինը՝ քանի որ բուռն արբունքը զայն զարդարեր է մազոտած վերին շրթունքով, հաստ յօնքերով ու զոյգ մը պլպլան, միտքի բացակայութեամբ փայլող աչքերով՝ թուխ դէմքին վրայ։ Նման աղջիկներ կը ծնի՞ն արդեօք պալատներու մէջ, նոյնիսկ այն տուներու՝ ուր սպասուհի են իրենք։
Սուհելան եռանդով կ՛աշխատի, ապա, տանտիրուհիին հրաւէրով կու գայ սուրճ խմելու։ Աւարտած է գործը, վարձքը պիտի առնէ։ Մինչ ան կը խմէ, տանտիկինը ինծի կը պատմէ անոր «պատմութիւնը»։
Ինք միայն կ՛աշխատի, ամուսինին ոտքը կտրուած է։ Իր ցեղակիցներէն շատեր հակառակ են անոնց, որ պետութեան հետ են։ Վիճաբանութիւն եղեր է, ապա գիշերով տուն եկած միջոցին կրակեր են։ Ինքնաշարժ չգտան դարմանատուն  հասցնելու, Սուհելան տունը փորձեց խնամել, բայց վէրքը բորբոքեցաւ, տարածուեցաւ ու երբ տարին պետական հիւանդանոց՝ հոն ոտքը կտրելը միակ ճարը նկատեցին։ Այսքան կոտորածի մէջ՝ ոտք մը աւելի, ոտք մը պակաս, մխիթարել կ՛ուզէր բուժքոյրը…:
Բայց չարիքին փոքրագոյնն էր այդ։ Շէյխ Մախսուտ թաղամասը կ՛ապրէին նեղլիկ, անարեւ նկուղի մը մէջ, բայց ապահով էին, քանի որ քիւրտ զինեալները կը պաշտպանէին «իրենց տարածքը»։ Ու այս աղէտ-նախճիրը՝ անակնկալօրէն իջած… Պաշտպան-զինեալները ո՞ւր անհետացեր էին…: Հազիւ հասցուց պզտիկները արթնցնել ու այդպէս ալ՝ կիսամերկ դուրս նետուեցան. տակաւին խաւար էր. ո՞ւր երթալ։ Ամուսինը գալ չկրցաւ. ինք անոր ճակատագրէն անտեղեակ է հիմա։ Պզտիկը՝ գիրկը, մէկուն ձեռքէն բռնած, իսկ երկու մեծ աղջիկները կը վազեն ետեւէն։ Տեղ-տեղ ստիպուեցաւ ծունկերուն վրայ յառաջանալ, որ չնկատուին։ «Անոնք» կը քաշեն իրենց ուզած աղջիկը կամ կինը. տարիք ալ չեն հարցներ. իրենց «հալալ» է եղեր. ապա կը մորթոտեն ու կը նետեն փողոց։ Մութին մէջ ոտքերը դիակներու կը դպնային. աղջիկներու ճիչերէն ոճրագործները կրնային գտնել զիրենք։ Բոցեր կ՛ելլէին այրուող տուներէն, ու իրենք կ՛անցնէին այդ բոլորին մէջէն։ Զինեալները բարձրաղաղակ զԱստուած կը կանչէին, որուն կը յաջորդէր շէնքի մը փլուզումը ու այդպէս՝ շարունակ։ Մարդ մորթելու եւ երկիր կործանելու համար զԱստուած կանչել՝ ահա՛ հաւատք։
Ապա պատահմամբ մեծ քոյրը հանդիպեցաւ։ Ծնողքին տունը մտեր, փոքր քոյրը քաշքշեր են. հայրը միջամտած է ու ստացած իր բաժին արքայութիւնը։ Ապա քրոջ յօշոտուած մարմինը նետեր են փողոց. 16 տարեկան էր… Եղբայրը, ընտանիքին վրէժը լուծելու համար բանակ զինուորագրուեր է…: Մնացած հարազատները ո՞ւր են, ի՞նչ եղան, չի գիտեր։ Իրենք ալ փողոցները կ՛ապրին, անդուռ մուտքեր կը փնտռեն…:
Բարեկամուհիս ննջարանէն կը բերէ խոշոր պարկ մը հագուստ, ապա՝ փաթեթներով սննդեղէն։ Սուհելան իր խորթ աղջկան հետ կը հեռանայ՝ դեռ կարծես սպասելով, որ անկիւն մը տան իրեն այդ մեծ տունին մէջ…:
Սուհելան մէկն է միայն…:
***
Կարճատեւ ու խորիմաստ զրոյց մը ունեցայ։ Այս օրերուն, երբ բոլորս գրեթէ նոյն դարձուածքներով նոյն խօսակցութիւնները կը ծամենք, նոր ու իւրօրինակ միտքեր լսելը, եթէ գլուխ չցաւցնէ, լոյսի շերտեր կը բանայ։
Կինը յայտարարեց, թէ չի՛ սիրեր Հալէպը։ Ան երեք-չորս պորտով հալէպցի էր։
- Իսկ ես կը սիրեմ Հալէպը, առաւել քան առաջ, ըսի։
- Իի՜ի՛հ, այս քանդուած, աղտոտ ու վտանգաւոր քաղաքին ի՞նչը կը սիրես, վայելքի տեղեր ալ չմնացին։
- Բայց միշտ այսպէս չէր, փորձեցի բացատրել. թէեւ կարգ մը հայերու բերնի մէջ գերնիւթական բեռով նսեմացած «վայելք» բառը այլեւս ջիղերուս կը դպնայ։
- Դէ՛, գիտես, ըսի, գաղութը կը քանդուի… եւ ալ՝ շատ հին քաղաք է, կը կործանեն… ի վերջոյ մարդկութեան պատմութիւնն է անհետացողը…:
Ան կը ժպտէր, ծածկելու համար ակներեւ հեգնանքը, մինչ ամուսինը պատասխանեց.
- Հալէպը պատմութեան ընթացքին քանի մը անգամ քանդուեր ու վերաշինուեր է, վերջին անգամ 17 դարու երկրաշարժին հիմնայատակ կործանեցաւ։
- Բայց ուրիշ բան է երկրաշարժը եւ ուրիշ…
- Քանդողն ալ մարդն է, շինողն ալ, հիմա կը քանդեն, վաղը կը շինեն, եթէ չքանդուի՝ ինչպէ՞ս պիտի շինուի, պատասխանեց։
Չըմբռնեցի՝ կը հեգնէ՞ր, թէ լուրջ էր. իր շուտասելուկը արտասանեց այնպէ՜ս ակադեմական հանգստութեամբ, այնպէս անկիրք, որ ամչցայ մակերեսային մօտեցումիս համար։ Ինչպէ՜ս կրնայի մոռնալ, թէ այսօրուան մարդկութիւնը երկրագունդի վրայ քանի մը կործանած քաղաքակրթութիւններու յաջորդողն է, թէ՝ «Աշխարհում հաստատ մի բան կայ միայն, այն է, որ հաստատ ոչ մի բան չկայ», ինչպէս Մեծ Լոռեցին կը յիշեցնէ։ Երբ պատանի ես ու «ծովը մինչեւ ծունկերդ է», այս խօսքերը քեզի շուտասելուկ կը թուին, իսկ այժմ գնա ու խորացի՜ր…:
Անդրադարձայ, թէ որքա՜ն բնական ու օրինաչափ պիտի գտնես կատարուողը, եթէ հարցին փիլիսոփայօրէն մօտենալու կարողութիւն ունենաս։ Պատմութեան համար ի՜նչ տարբերութիւն՝ Հալէպը երե՞ք, հի՞նգ, թէ տասն անգամ փլատակուեր ու վերակառուցուեր է, կամ մնացեր է աւերակ սիրողներու այցելավայր։ Միտքս լուսաւորուե՜ր էր, այլեւս թնդանօթներու ձայները կը լսէի որպէս Պեթհովենեան Հերոսական համանուագ, անհրաժեշտութի՛ւն մարդկային յառաջընթացին, քանի որ հինը պէտք է կործանել, նորը շինելու համար։ Դուռ ու պատուհան պէտք է ջարդելով մտնել տուն, նոյնիսկ եթէ անոնք բաց են…:
Տուն դարձիս ձեռքս առի ու կրկին կարդացի Իսահակեանի արեւելեան առասպելը՝ «Շիտհարը»։ Յաւերժի առջեւ ի՜նչ են մարդկային ակնթարթային կեանքերն ու յիշողութիւնը։ Երէկ այստեղ ծով կը ծփար, վաղը կրնայ անապատ ըլլալ խորշակահար, միւս օրը՝ դալար մարգագետին կամ շէն ու եռուն քաղաք…: Ո՜վ մարդ, պատեանէդ վեր նայէ՛, տիեզերական մեծ ճշմարտութեան ականջ դիր, կը խորհէի։ Ու անդրադարձայ կրկին՝
Ուրե՜մն մեր քաղաքը ջանասիրաբար քանդողները մեծ փիլիսոփաներ են ու մենք է, որ անոնց ըրածին տիեզերական ծաւալը չենք ըմբռներ, կը ցաւինք մեր մա՜նր կորուստներուն ու անմեղ զոհերուն համար։
Ուրե՜մն «ծոցի» ոսկէ մուճակներով կիսաստուածները, քսակները բացած, զէնք կը մատակարարեն Սուրիան կործանողներուն՝ մարդկութեան գալիք շքեղ քաղաքակրթութեան սիրոյն. մինչդեռ մենք կը կարծէինք, թէ անոնք միայն «վարի դռները» բանալու ունակ են։
Ուրե՜՜մն թուրքերը, ազգերու արեան գետեր հոսեցնելով՝ տիեզերական վսեմ գործունէութեան մէջ են իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ու մենք՝ անտեղեակ…:
«Դար մը ապրիս, դար մը սորվիս, նոյն յիմարը կը մնաս», կ՛ըսէ ռուսական ասոյթը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles