Անցեալ Շաբաթ օր, դեռ արեւը մար չէր մտած, ընկերս՝ Վարուժանը, հեռաձայնեց ինծի եւ ըսաւ.
– Րաֆֆի՛ ջան, ամէն ինչ թող, երեխեքն ու Լարան վերցրու եւ արի մեր տուն։ Էսօր լաւ օր է, նշելու ենք…
Մտածեցի, որ հաւանաբար Վարուժանի զաւակներէն մէկուն տարեդարձն է։
– Չէ՛, չէ՛, ծնունդ-մնունդ չկայ, եկէք՝ կ՛ասեմ ինչ է պատահել,- պատասխանեց Վարուժան, երբ հարց տուի հաւաքուելու եւ «նշելու» առիթին մասին։
Երեւանը փոքր քաղաք է, ընդամէնը քառորդ ժամէն արդէն իսկ Վարուժանի առանձնատան առջեւն էինք։ Ներս մտանք եւ քանի մը այլ ընկերներ եւս տեսանք այնտեղ. բոլորն ալ բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեցին մեզ։ Իսկ սեղանին վրայ տեսանք գինիի շիշեր՝ սպիտակ, կարմիր, վարդագոյն…
– Դէ՛ շնորհաւորէք, «ՎանԱրդի» գինիները Եւրոպայի մեծագոյն մրցոյթներից մէկում՝ «Մունտուս Վինտի»ում, ոսկի եւ արծաթ մետալ են շահել,- ըսաւ Վարուժանի հիւրասէր կինը՝ Անահիտը։
Սա արդէն անակնկալ էր մեզի համար եւ իրապէս ուրախանալու եւ հպարտանալու առիթ։ Գինիի բաժակները լեցուցինք եւ շնորհաւորեցինք հայկական գինիի այս յաղթանակը։
Հպարտ էինք երկու պատճառով. նախ՝ Վարուժանը մեր ընկերն էր, եւ գիտէինք, թէ ի՜նչ բծախնդրութեամբ հետեւած էր ամէն մէկ որթատունկի խնամքին, իւրաքանչիւր գինիի շիշի արտադրութեան ընթացքին սիրտ ու հոգի մաշեցուցած էր՝ որակաւոր, յաջող հայկական գինի մը ունենալու համար։ Անցեալ աշնան, Վայոց Ձորի մէջ հայկական գինիի փառատօնին իր արտադրած կարմիր գինիներէն մէկը միջազգային ժիւրիին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ լաւագոյն գինին։ Իսկ այս տարի, ահաւասի՛կ, առաջին անգամ ըլլալով, իր արտադրած հայկական գինիները միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթի մը ընթացքին ոսկի եւ արծաթ մետալի կ՛արժանանային։
Հպարտ էինք, որ օրէ օր յաւելեալ ուշադրութեան արժանացող հայկական գինիները պատուաբեր դիրքեր կը գրաւէին Եւրոպական եւ միջազգային գինիի փառատօներուն։
Բաժակները լեցուցինք ու խմեցինք հայոց հողին, ջուրին ու արեւին համար, եւ խմեցինք գիներգործ Վարուժանի կենացը։ Մինչ այսպէս ուրախ մթնոլորտի մէջ բաժակները կը չխկային, յիշեցի Վարուժանի հայրենադարձութեան ու գինիի արկածախնդրութեան մասին դրուագներ։
Վարուժանը 90ականներու սկիզբը իր ընտանիքին հետ գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ եւ տքնաջան աշխատանքով հաշուապահութեան յաջող գործ մը ստեղծած էր Լոս Անճելըսի մէջ։ Ամէն անգամ, երբ Վարուժան Քալիֆորնիոյ գինեգործութեան յայտնի շրջանները կ՛այցելէր, կ՛երազէր Հայաստանի մէջ գինիի արտադրութիւն սկսելու եւ համաշխարհային գինեգործութեան քարտէզին վրայ հայկական գինիով պատուաբեր, յատուկ տեղ գրաւելու մասին։ 2008ին կը վերադառնայ Հայաստան եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններէ ետք, Աշտարակէն ոչ շատ հեռու՝ Սասունիկ գիւղին մօտ կը հիմնէ իր առաջին այգին։ Ոմանք կը քաջալերեն, իսկ ուրիշներ անտեղի արկածախնդրութիւն կը համարեն Վարուժանի այս նոր նախաձեռնութիւնը։ Հայաստանի նորելուկ հարուստներէն մէկը իրեն նոյնիսկ կ՛ըսէ, թէ ինք վաղո՜ւց ուզած է գինեգործութեամբ զբաղիլ, բայց ֆրանսացի մասնագէտներ Հայաստանի կլիմայական եւ այլ պայմաններ ուսումնասիրելով՝ եզրակացուցած են, որ այստեղ որակով գինի կարելի չէ արտադրել։ Վարուժան, սակայն, ականջ չի կախեր այս տեսակի կարծիքներուն եւ 2014ին շուկայ կ՛իջեցնէ իր առաջին արտադրութիւնը՝ արժանանալով բարձր գնահատանքի։ Հիմա արդէն իսկ ունի պատուէրներ բազմաթիւ երկիրներէ եւ կը պատրաստուի ընդարձակելու իր գործունէութիւնը։
Այսօր, արդէն, Վարուժանի նման այլ սփիւռքահայեր եւ հայաստանցիներ գինիի արտադրութեամբ կը զբաղին, իսկ միջազգային մասնագէտներ յաճախ կ՛անդրադառնան հայկական գինիի նուաճումներուն։
Մինչեւ ուշ գիշեր շարունակեցինք խնճոյքը, հպարտացանք մեր գինեգործներուն արձանագրած յաջողութիւններով ու համաձայնեցանք, որ պիտի գայ օր մը, երբ մարդիկ բարի նախանձով նային Վարուժանի նման մարդոց արկածախնդրութիւններուն։
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com