ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Մ. Արեւելքի երկիրներու յանձնախումբերու խորհրդաժողով մը, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին: Այս խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի:
Մամուլին մէջ այս մասին լոյս տեսած լրատուութենէն կ՛իմանանք, որ այս նիստերուն ընթացքին թէ՛ տրուած են զեկուցումներ եւ թէ կատարուած են քննարկումներ 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն մասին:
Մէկ խօսքով, խորհրդաժողովը համապատասխան գնահատականը կատարած է տարուած աշխատանքներուն: Ամենակարեւորը՝ անուղղակիօրէն ամրապնդած է Մ. Արեւելքի երկիրներու հայութեան միահամուռ կեցուածքը, ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ նկատմամբ հայկական պահանջատիրութեան: Մանաւանդ որ այս նախաձեռնութեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարի մակարդակով մասնակցութիւնը պետական հնչեղութիւն տուած է գործին:
Այս իմաստով, խորհրդաժողովին ըրածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ անգամ մը եւս պատգամ յղել Թուրքիոյ թէ՛ հայութեան միասնակամութեան եւ թէ մեր պահանջներուն տէր կանգնելու առումով:
Այս յօդուածագիրին կարծիքով, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածը անհրաժեշտ է սկիզբը համարել նման խորհրդաժողովներու շարքի մը, երեք տարբեր տարածաշրջաններու մէջ եւս: Այսինքն, Հիւսիսային Ամերիկա (Մ. Նահանգներ եւ Գանատա), Հարաւային Ամերիկա (Աւստրալիան ներառեալ) եւ Եւրոպա:
Ամէն պատճառ կայ, որ նման խորհրդաժողովներ կայանան, կազմակերպուին: Ատոնց օգտակարութիւնը, քաղաքական առումով, անվիճելի է, հետեւեալ չորս պատճառներով:
Առաջին՝ Թուրքիոյ նկատմամբ հայկական պահանջներուն տիրութիւն ընելու գաղափարը կ՛ուժեղանայ եւ կ՛ամրապնդուի:
Երկրորդ՝ կ՛ամրապնդուի նաեւ այս գաղափարին շուրջ գոյութիւն ունեցող համահայկական միասնակամութիւնը եւ ազգային հաւաքական կամքը:
Երրորդ՝ Սփիւռքի զանազան հայաշատ ու յատկապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ, կը ստեղծուի գործունէութեան նոր որակի հասարակաց դաշտ մը, ուր բոլոր «տեսակ»ի հայերը կարելի կ՛ըլլայ համախմբել մէկ հիմնական նպատակի մը շուրջ՝ տիրութիւն հայութեան իրաւունքներուն:
Այսինքն, օրինակի համար Ֆրանսայի մէջ, նմանօրինակ դաշտի մը մէջ կարելի կ՛ըլլայ համախմբել թէ՛ ֆրանսածին հայը, թէ՛ այլ երկիրներէ Ֆրանսա գաղթած հայը, թէ՛ ֆրանսախօսը եւ թէ հայախօսը, առանց որեւէ արուեստական խտրութեան: Այս ձեւով նաեւ Սփիւռքի մէջ կը սկսի ներքին համարկումի կարեւոր գործընթաց մը, որ միայն օգտակար կրնայ ըլլալ համահայկական շահերու տեսանկիւնէն:
Այս առումով ալ, անվիճելիօրէն օգտակար է նման նախաձեռնութիւն մը Հիւսիսային Ամերիկայի ու յատկապէս Մ. Նահանգներու մէջ:
Չորրորդ՝ պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիա շատ մօտէն կը հետեւի այս զարգացումներուն: Հետեւաբար, Անգարայի համար յստակ պիտի դառնայ, որ հայկական պահանջներուն կապակցութեամբ, որ դէմ ունի մէկ ու միասնակամ հայութիւն մը՝ պետութիւն եւ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք:
Շարունակելով, մեր առաջարկը պիտի ըլլայ նաեւ այն, որ յետ այս տարածաշրջանային խորհրդակցութիւններուն, մայրաքաղաք Երեւանի՛ մէջ կազմակերպուի 100ամեակի «գերաստիճան» մը, որ ոչ միայն գնահատականը կատարէ համահայկական տարողութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, այլ նաեւ ծնունդ տայ «ճամբու քարտէս»ի մը, որուն հետեւին բոլոր «սփիւռքները»:
Մեր կարծիքով, Հայաստանի մէջ այս օրերուն ստեղծուելիք համախոհական նոր կառավարութիւնը այս թղթածրարը եւս իր օրակարգին մաս պէտք է դարձնէ:
Պահ մը աւելի ընդլայնենք պատկերը:
Այսօր Թուրքիա ինքզինք մխրճած է մէկէ աւելի տագնապներու մէջ: Անիկա փաստացի պատերազմի մէջ է թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ քրտական շարժումին դէմ: Այս պատերազմը երբեմն զինուորական նկարագիր ունի (ինչպէս Սուրիոյ եւ քրտական շարժումին պարագային), երբեմն ալ՝ քաղաքական (ինչպէս է պարագան Ռուսիոյ դէմ իր յարդարած ճակատին):
Իրերու այս դրութեան մէջ, Թուրքիոյ պէտք է յիշեցնել, որ ինք կը դիմագրաւէ նաեւ այլ տեսակի «պատերազմ» մը, որ այս պարագային Հայկական հարցն է: Անիկա պէտք չէ ունենայ այն պատրանքը, որ այս ճակատին վրայ ամէն ինչ խաղաղ է ու հանդարտ: Այս շռայլանքը պէտք չէ պարգեւել Թուրքիոյ, որովհետեւ հայութեան ու Հայաստանի շահերը այդ կը թելադրեն:
Եթէ սուրիական, քրտական ու ռուսական ճակատները Թուրքիան ինք բացած է, անիկա պիտի գիտնայ, որ իր դէմ ունի ունի չորրորդ մը եւս՝ հայութեան կողմէ բացուած:
Մեզի համար կարեւոր է տեսնել Թուրքիա մը, որ պարտաւորուի «պատերազմիլ» ոչ թէ մէկ, այլ՝ 4 տարբեր ճակատներու վրայ. սուրիական, քրտական, ռուսական եւ հայկական: Անգարայի իշխանութիւնները իրե՛նք ընտրած են այս քաղաքականութիւնը եւ իրե՛նք թող մտածեն, թէ ինչպէս պիտի կառավարեն («իտարա» ընեն) այս չորս ճակատները:
Մեզի համար կարեւորը մե՛ր յաղթանակն է, մե՛ր իսկ բացած ճակատին վրայ:
18 Փետրուար 2016
vproodian@gmail.com