Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

SARF-ի Թելեթոնին Զօրակցիլը Համազգային Պարտաւորութիւն Է

$
0
0

0116SARF

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

 

Արդեօք տակաւին մարդ մնա՞ց այս աշխարհի վրայ, որ տեղեակ չըլլայ կամ չտեսնէ, թէ անցնող հինգ տարիներուն ու մինչեւ օրս ինչեր կը պատահին Սուրիոյ մէջ: Աւելին, արդեօք աշխարհի վրայ կա՞յ հայ մը, որ տակաւին տեղեակ չէ, թէ ներկայիս «ինչերէ՜» կ՛անցնի սուրիահայը եւ յատկապէս հալէպահայութիւնը: Իսկ եթէ կայ, եւ եթէ կը կասկածիք, թէ նաեւ կան հայեր, որոնց ազգային գիտակցութիւնը դեռ կը քնանայ… ուստի կրկնութեան գնով պէտք է կատարել անհրաժեշտ յիշեցումներ, այսպէս.

Մռայլ եւ ամեհի օրեր կ՛ապրի Սուրիան եւ իրեն հետ նաեւ՝ հոն երկար տասնամեակներէ ի վեր ապրող մեր հայութիւնը: Այլ խօսքով՝ պատմական հայ գաղութը:

Սուրիան, այս օրերուն քայքայուած է: Այս մէկը, իսկապէ՛ս, որ չափազանց բարդ է, անհասկնալի եւ անգուշակելի: Իսկ այս բոլորին իբրեւ հարազատ հետեւանք, ներկայիս հալէպահայը դժուար, դժնդակ, դառն ու ծանր պայմաններու տակ կը գտնուի:

Այնտեղէն ամէն օր կը հասնին աղէտալի լուրեր, մահեր, բնակարաններու եւ շէնքերու քանդումներ, ջուրի եւ լոյսի տագնապներ, որոնք մեզ խոր տխրութեան կը մատնեն: Շատերու կարծիքով, մեր հայ գաղութը իսկապէս կործանման եզրին է: Միւս կողմէ, սակայն, զանազան եւ բազմազան ժողովներ ու բանակցութիւններ թէեւ նոր յոյսեր կը ներշնչեն, սակայն ծանօթ եւ անծանօթ երկիրներու բանակներուն իրարու դէմ ներքին շարունակական կռիւները անորոշ վիճակի մէջ կը ձգեն այս երկիրն ու նաեւ ամբողջ աշխարհը:

Ներքին նման պատերազմի մը իբրեւ հետեւանք, ջլատուած է բնակչութեան ուժն ու կորովը ու ինչու չէ նաեւ՝ քայքայուած է հոն դարերէ ի վեր ապրող պատմական մեր գաղութը, դժբախտաբար:

Նորութիւն չէ, որ ի տես այս աներեւակայելի իրականութեան, օրուան ազգային գերագոյն գիտակցութենէն մեկնած՝ յատուկ յանձնախումբեր կեանքի կոչուեցան, ապահովելու համար մեր հայրենակիցներուն ֆիզիքական գոյատեւումը, հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին սուրիահայութեան կարիքներուն հասնելու եւ նոյն այս գաղութիւն օժանդակելու համար:

Քանի որ բոլորս կը հաւատանք, թէ սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան ներկայ տխուր իրավիճակն ու անոր շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելու էականութիւնը ազգային մեծ պարտականութիւն մըն է՝ դրուած մեր բոլորի խիղճին եւ ուսերուն վրայ,

Եւ քանի որ նաեւ այդ երկիրի ներքին վատթարացող իրավիճակը եւ մանաւանդ Հալէպի մէջ պատահած ամէնօրեայ տխուր դէպքերը ու յառաջացող ահաբեկիչ-քանդիչ մթնոլորտը մեզ բոլորս ալ կը դնեն համազգային պարտաւորութեան մը առջեւ, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ անմիջկան օգնութեան փութալ մեր պատմական գաղութին եւ օրէ օր ֆիզիքապէս ու հոգեպէս հիւծող անոր հայորդիներու ընդհանրական կարիքներուն,

Ապա ազգային պարտաւորութի՛ւն մըն է այս մէկը… Որովհետեւ վերջապէս սուրիահայութեան եւ իր գաղութի գոյութիւնը կենսական եւ էական են համայն հայութեան համար:

Արդ, բոլորիս ծանօթ է, որ շրջանէս ներս կեանքի կոչուած է SARF-ը՝ Սուրիահայ օգնութեան ֆոնտը՝ իր համագաղութային պիտակ ունեցող գործադիր մարմինով, որ վստահելով մեր բոլորին խիղճի պարտքին եւ նուիրաբերումի անսակարկ ոգիին՝ կը շարունակէ հանգանակային յատուկ իր ծրագիրները վճռականօրէ՛ն:

Յստակ է, թէ սուրիահայութեան ներկայ կարիքները անսահման են: Ուստի, մեզի համար նաեւ նախապայման է քաջալերել SARF-ի ծրագրած բոլոր հրապարակային ձեռնարկները:

Հաէպի մէջ յատկապէս եւ համայն Սուրիոյ տարածքին ընդհանրապէս, մեր ժողովուրդը ֆիզիքական եւ հոգեկան տառապանքի կողքին ունի նաեւ ամէնօրեայ վախն ու մաշումը: Այս բոլորին միակ դարմանը համագաղութային զօրակցութիւնն է՝ իր բարոյական եւ նիւթական գործօններով… Պարտաւորութիւն մը, որ կը բխի մեր ազգային վեհ գիտակցութենէն եւ մարդկային ազնուագոյն զգացումէն:

Մէկ խօսքով, շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելը նկատած ենք իբրեւ մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն, եւ անոր համար է որ կ՛ըսենք, թէ ժամանակը հասած է, որ համայն գաղութով միատեղ, կրկին անգամ գործնական ու դրական կերպով նուիրաբերենք, յանուն մեր այդ գաղութի լուսաւոր վաղուան եւ ապագային:

Շրջանիս Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտը ծրագրած է դրամահաւաքի հրապարակային թելեթոն-ձեռնարկ մը՝ 2016ի Փետրուար 21ի իր ծրագիրով: Հետեւի՛նք օրուան ծանուցումներուն, յայտարարութիւններուն, եւ փորձենք ամէն կերպով օգտակար դառնալ, յաջողցնելու համար գերմարդկային նպատակ ունեցող այս մեծ ծրագիրը: Ուստի, այս տողերը թող ըլլան ազնիւ կոչ եւ արդար հրաւէր ձեր բոլորին, որ ձեր կարգին դուք ալ հարազատօրէն արձագանգէք այս առթիւ տարուելիք հսկայ, սակայն ազգանուէր աշխատանքին:

Բոլորին նման մե՛նք եւս կը հաւատանք, որ պիտի գայ օր մը, երբ մեր այս յոգնութիւնը, սպառումը, մաշումը պիտի հասնի իր աւարտին, ու տառապեալ սուրիահայ գաղութը պիտի վերագտնէ իր նախկին անդորրն ու խաղաղ իրավիճակը: Սակայն մինչ այդ, իբրեւ ազնիւ ցանկութիւն՝ նախ նիւթապէս նուիրաբերենք բոլորո՛վ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles