ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Ներսէսը՝ Սուրիահայ արհեստավարժ մասնագէտ մըն է: Կարող եւ յարգուած: Վկայեալ Սուրիոյ համալսարաններէն՝ տարիներէ ի վեր վարած է յաջող ատամնաբուժական դարմանատուն մը Հալէպի մէջ, մինչեւ 2011, երբ Սուրիոյ ապահովութեան իրավիճակը վատթարանալով՝ երկիրը մատնեց արիւնալի ճգնաժամի մը: Դարմանատունը կը գտնուի Նոր Գիւղի կիսաքանդ եւ վտանգաւոր շրջանին մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով աշխատանքը արմատապէս կրճատուած է: Ներսէս նուիրուած եւ ծառայասէր զաւակն է իր ժողովուրդին, աշխոյժ մէկ անդամը համայնքին, հաւատարիմ իր ինքնութեան եւ արմատներուն, ինչպէս նաեւ ազգային պայքարի ճանապարհին՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան անխախտ պահանջատէրը:
Ներսէս վճռած է անսասան պահել հայ գաղութի հերոսական ու պատմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ շարունակել ապրիլ խաղաղ եւ ներդաշնակ՝ Սուրիոյ արաբ հարեւաններուն հետ, որոնց ասպնջական նախահայրերը ջերմագին եւ սիրալիր կերպով ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողները՝ անոնց ներշնչելով գոյատեւելու յոյս, բարգաւաճելու հնարաւորութիւն եւ ազատօրէն պաշտելու իրաւունք: Ներսէս, սուրիահայ համայնքի բոլոր զաւակներուն նման, կը շարունակէ տառապիլ երկրին մէջ տիրող եւ շարունակուող արիւնահեղութեան, աւերումին, մահուան սպառնալիքին, արժանավայել կեանքի մը ամենատարրական պայմաններու չգոյութեան պատճառաւ:
Յակոբը նոյնպէս մասնագէտ ատամնաբոյժ մըն է՝ շրջանաւարտ Սուրիոյ համալսարաններէն: Սուրիոյ արիւնալի հակամարտութիւններուն սկիզբը, ան ապաստան գտաւ վայրի մը մէջ, ուր տասնամեակներ շարունակ անհայրենիք սփիւռքահայը ձգտած եւ երազած է տեղափոխուիլ ու բնակութիւն հաստատել. հայրենիքը՝ Մայր Հայաստան: Յակոբ եւ իր երիտասարդ ընտանիքը ջերմօրէն կը փափաքին իրենց խարիսխը զետեղել հայրենիքին մէջ, հաստատուիլ այնտեղ եւ իրենց արմատները խորացնել իրենց նախահայրերու հողին վրայ: Յակոբ իր մասնագիտութիւնը կը վարէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնը եղող դարմանատան մը մէջ, որ կը ծառայէ հայրենիքի կարիքաւորներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան ապաստանած սուրիահայ գաղթականներուն:
Յակոբ վճռած է հաստատուիլ Հայաստան, հակառակ երկրին տնտեսական տագնապին եւ հնարաւորութիւններու սակաւութեան: Աշխատասէր, ստեղծագործ եւ կայտառ՝ Յակոբը կարիքն ունի եւ արժանի է ամէն օժանդակութեան, գլխուն վրայ ունենալու համար երդիք մը, զոր կարենայ կոչել իր հարազատ ծիծեռնակի բոյնը՝ հայրենիքի մէջ:
Սուրիահայ գաղութին վիճակուած ազգային աղէտին դիմաց, ի բացակայութիւն համահայկական եւ ազգային ռազմավարութեան մը, անոր օժանդակելու հսկայ բեռը վիճակուած է մեր ժողովուրդին, որ կոչուած է իր լաւագոյնը ընելու՝ օգնութեան ձեռք երկարելու համար սուրիահայ Ներսէսներուն եւ Յակոբներուն, Սուրիոյ կամ Մայր հայրենիքի մէջ: Թէեւ ուշ բայց ո՛չ ուշացած, հարկ է կանխել եւ կասեցնել տառապող սուրիահայ զանգուածին շարունակուող արիւնահոսութիւնը՝ դէպի Արեւմուտքի հալեցնող կացցան, կամ աշխարհի մութ ու անյայտ տարածքները:
Ոմանք գուցէ յոգնած են լսելէն մեր ուղղած օգնութեան եւ աջակցութեան դիմումներն ու աղերսները՝ զօրակցելու Սուրիոյ եւ հայրենիքի մէջ գտնուող տագնապահար սուրիահայերուն: Անոնք կրնան այս աղերսները կոչել կոտրուած սկաւառակ, չափազանցուած աղէտ՝ հեռու ազգային առաջնահերթութիւններէ: Բայց ես կը ճանչնամ մեր ժողովուրդը, գիտակի՛ց եմ անոր սիրոյն, հոգածութեան, կարեկցութեան, ազնուութեան, բարութեան եւ տկարը գետնէն բարձրաձնելու ասպետական ոգիին՝ հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի օրինակին:
Փետրուար 21ին, Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը պիտի ունենայ դրամահաւաքի հեռուստամարաթոն մը՝ «Կեանք մը Փրկել» կարգախօսով… Ազնուական արարք մը, արդարե՛ւ, որ արժանի է մեր ամբողջական եւ միասնական աջակցութեան եւ հաւաքական մասնակցութեան:
Թող ցուցաբերուած սիրայօժար եւ առատաձեռն նուէրները՝ ուղղուած Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան «Սուրիոյ օգնութեան ֆոնտ»ին (հեռ. 201-265-2607. կայքէջ՝ www.amaa.org) կամ Փետրուար 21ին՝ «Սուրիահայութեան զօրակցութեան ֆոնտ»ի դրամահաւաքի հեռուստամարաթոնին (հեռ. 866-888-SARF. կայքէջ՝
www.SARFtelethon.org) ԿՏՐԵ՛Ն ՏԱԼՈՒ ՄՐՑԱՆԻՇԸ՝ լռեցնելով կոտրուած սկաւառակներու տխուր նուագը:
Աջակցի՛նք «Կեանք մը Փրկել»ուն:
Սփիւռքահայ Մա՛յր գաղութի կեանքը: