ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Անցնող շաբթուան ընթացքին, Ռուսիա, Սուրիա, Թուրքիա, ՏԱՀԷՇ թոհուբոհին մէջ, տեղէ մը լուր մը սպրդեցաւ, ըստ որուն, Հոկտեմբեր 6ին եւ 7ին, Թուրքիա երկու անգամ խախտած է Հայաստանի Հանրապետութեան օդային սահմանները:
Ըստ նոյն լուրին, թրքական զինուորական օդանաւեր երկու անգամ եւ 2էն 4 վայրկեան (րոպէ) տեւողութեամբ խախտած են ՀՀ օդային սահմանը՝ Արմաւիրի շրջանին մէջ: Թուրք կարգավարները դէպքը «բացատրած են» կլիմայական պայմաններով…: Անշուշտ դժուար է հաւատալ «կլիմայական պայմաններու» մասին թրքական բացատրութեան, որովհետեւ այս օրերուս նոյնիսկ ամէնէն սովորական քաղաքացին իր ձեռքին ունի… GPS-ով բջիջային հեռաձայն:
Տարօրինակը այն է, որ ո՛չ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ ոչ ալ պաշտպանութեան նախարարութիւնը որեւէ բան ըսին թրքական այս զոյգ ոտնձգութիւններուն մասին: «Բան մը» ըսողը եղաւ Հայաստանի… Քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութեան պետ Արտեոմ Մովսիսեան՝ պարզապէս լուրը հաղորդելով:
Նոյն այդ օրերուն, Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին կողմէ կատարուող գործողութիւններուն ընթացքին, ռուսական օդանաւեր գրեթէ նոյն տեւողութեամբ խախտած էին Թուրքիոյ օդային տարածքը: Թուրքիոյ բողոքին ի պատասխան, ռուսական կողմը օրին ընդունած էր, թէ եղածը սխալի հետեւանք է, եւ թէ պիտի չկրկնուի: Բայց եւ այնպէս, Թուրքիայէն աւելի մեծ աղմուկ եւ իրարարանցում ստեղծեց ՆԱԹՕն: Արդարեւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ Հոկտեմբեր 9ին յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕն ի հարկին պատրաստ է ուժեր ուղարկելու Թուրքիա՝ զայն պաշտպանելու համար Ռուսիոյ դէմ:
Խնդիրը լրջացաւ, չէ՞: Հակասութիւնը՝ եւս:
Քանի մը օր առաջ, ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի 61րդ նստաշրջանին, ՀՀ պատուիրակութեան անդամ Թեւան Պօղոսեան նոյն Ենս Սթոլթընպըրկին հարցուցած է Թուրքիոյ կողմէ ՀՀ օդային տարածութեան խախտումին մասին: Ի պատասխան, Սթոլթընպըրկ զարմանքով պատասխանած է, թէ ինք տեղեակ չէ: Ան իր հայ խօսակիցէն խնդրած է այդ մասին հարցումը գրաւոր ուղղել իրեն, որպէսզի ինք հարցը ուսումնասիրէ եւ պատասխանէ:
Tert.am-ի լրատուութենէն ի յայտ կու գայ, որ Թեւան Պօղոսեան իր հարցումը ուղղած է ոչ թէ պաշտօնական նիստին ընթացքին, այլ՝ դուրսը, ոտքի վրայ, միջանցքին մէջ: Որովհետեւ նիստին ընթացքին, հայկական կողմին միայն մէկ հարցում ուղղելու իրաւունք տրուած է ու այդ ալ վերաբերած է… Սուրիոյ:
Թեւան Պօղոսեան իր հարցումը ուղղած է Ռուսիոյ օդուժին կողմէ Թուրքիոյ օդային տարածութիւն մտնելու պարունակին մէջ: Այսինքն հետեւեալ միտքով՝ «Պարոն Սթոլթընպըրկ, դուք որ այդքան աղմուկ ու վայնասուն բարձրացուցիք ռուսական օդուժին պարագային, լուր ունի՞ք, որ ձեր դաշնակիցը նոյնատիպ խախտում կատարած է… ՆԱԹՕի գործակից երկիր Հայաստանի՛ նկատմամբ»:
Անշուշտ միամիտներուն համար լաւատեսութիւն կը ներշնչէ Սթոլթընպըրկի պատասխանը՝ «հարցումը գրաւոր ուղղեցէք, կ՛ուսումնասիրեմ եւ կը պատասխանեմ»: Եւ ուրեմն հետեւեալ զաւեշտը կարելի է պատկերացնել. հայկական պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Երեւան, քանի մը օր ետք հարցադրումը գրաւոր կերպով կը յղուի Սթոլթընպըրկին, որ… քանի մը շաբաթ հարցը «ուսումնասիրելէ» ետք կը պատասխանէ ըսելով, որ խնդիր մի հանէք, եղածը ի՞նչ է որ, օրին թրքական կողմի կարգավարները ձեզի ըսած են, թէ կլիմայական պայմաններն են «ինսիտընթ»ին պատճառը: Վերջ: Թէեւ, ըստ լրատու աղբիւրին՝ Թեւան Պօղոսեան «լիայոյս է», որ պարազբանում մը կը ստացուի ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարէն…
Բնականաբար միայն միամիտները կրնան հաւատալ, որ թրքական ուղղաթիռները Հայաստանի սահմանները խախտած էին… կլիմայական գէշ պայմաններու հետեւանքով:
Իրապէս, շատոնց դդումի համ սկսած է տալու երկու չափ, երկու կշիռի այս վարքագիծը: Ձանձրացուցիչ ըլլալու չափ:
Նաեւ, անհասկնալի է Հայաստանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն լռութիւնը թրքական ոտնձգութեան կապակցութեամբ: Իսկ հայկական կողմէն Սթոլթընպըրկի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրային յղուած նամակն ալ անիմաստ է ու անարժէք: Ինչո՞ւ, որովհետեւ յառաջիկայ ամիս Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ ՆԱԹՕի շաբաթ. Հայաստան պիտի հիւրընկալէ զինակցութեան ներկայացուցիչները եւ հետեւաբար, իբրեւ այդպիսին, կը վայելէ որոշ հանգամանք: Ճիշդ այս հանգամանքն է, որ ըստ այս յօդուածագիրին, ՀՀ պաշտպանութեան կամ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ կատարուելիք բողոքի խիստ (միաժամանակ՝ զուսպ) յայտարարութեան կրնար յաւելեալ լրջութիւն հաղորդել: Միաժամանակ՝ յարգանք պարտադրելով Հայաստանին, իբրեւ գերիշխան ու ՆԱԹՕի գործընկեր երկիր:
Իրապէս ձանձրացուցիչ է հայկական կողմէն դրսեւորուած այս վախուորած լռութիւնը:
15 Հոկտեմբեր 2015
vproodian@gmail.com