Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Բարի  Հովիւը

$
0
0

ՆՇԱՆ  ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

0000pope-dine-with-homeless

 

Հռոմի Ֆրանսիս պապը, Հիւս. Ամերիկայի զանազան շրջաններ այցելելով, իր մատուցած Ս. պատարագներով, քարոզներով, իշխանութեանց բարձր մակարդակի ներկայացուցիչներու եւ մանաւանդ, ամէն տեղ, ժողովրդային հսկայ զանգուածներու  հետ հանդիպումներով, ու այս բոլորին, հանդարտ, բառերը հատիկ–հատիկ արտասանելով, հասկնալի ոճով ներկայացուց եւ բացատրեց իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները՝ իբրեւ քաջ հովիւ ու հովուապետ Կաթողիկէ  եկեղեցւոյ, իբրեւ ազնիւ մարդ, խոնարհ ծառայ Աստուծոյ, մի՛շտ իր խոհերն ու առաջադրանքները համաձայնեցնելով Աստուածաշունչի ուսուցումներուն։  Առանց բառերը ծամծմելու՝ խարանեց, առանց ձայնը բարձրացնելու՝ պահանջեց եւ հեզաբար ներողութիւն խնդրեց խաբեբայ ու անօրէն հրէշներու  ձեռքերուն մէջ տառապած  բոլոր անիրաւուածներէն ու չարաշահուածներէն։

Քրիստոսի մեծագոյն եւ ամենահարուստ  եկեղեցւոյ քահանայապետը, ամերիկեան աշխարհին ներկայացաւ իր իսկական դիմագիծով՝ պարզ, խոնարհ, Քրիստոսի ուսուցումները ո՛չ միայն քարոզող, այլ զանոնք ապրող եկեղեցական մը, որուն մէջ սնապարծութիւն չկայ, այլ կայ այն, ինչ որ է, առանց շպարի։

Վիզէն կախուած էր փոքր լանջախաչ մը եւ աջ ձեռքի մատնեմատին, իբրեւ պապական իշխանութեան նշան, հազիւ քարը նշմարելի՝ բարակ մատանի մը ունէր։ Եւ այդքան։ Իր պարզութեամբ, մարդոց մօտենալու եւ անոնց հետ խօսելու իր մտերմիկ, անսեթեւեթ ու անկեղծ ձեւերով եւ բնականօրէն ըլլալով Յիսուսի ուսուցանած խոնարհութեան կենդանի օրինակը, մեծցաւ ո՛չ միայն կաթողիկէներուն կամ քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու հաւատացեալներուն աչքին, այլ նաեւ՝ ո՛չ քրիստոնեաներուն։

Ամերիկայի մէջ միլիոններով մարդիկ հեռատեսիլով հետեւեցան Պապին։ Իսկ ուրիշներ, սկսելով համայնավար Քուպայէն, ծեր ու երիտասարդ, շատեր իրենց երեխաները գրկած, տասնեակ հազարներով փողոցներուն մէջ հիացմունքով ու անհամբերութեամբ սպասեցին պապական անծածկ ինքնաշարժին, յուսալով մօտէն զայն տեսնել ու օրհնութիւնը առնել։ Սրբազան քահանայապետը ի՛նք, Սուրբ պատարագներու ընթացքին կամ  ժողովուրդին հետ ըլլալու նախապատրաստուած մասնաւոր առիթները օգտագործելով, տուաւ առիթը, որ մարդիկ մօտենան իրեն կամ ինք գնաց անոնց։

Եկաւ ցնցեց միտքերը, խտղտացուց ընչաքաղցութեամբ կարծրացած խիղճերը, մարդոց հայեացքները շրջեց դէպի անկարներն ու տկարները, աղքատներն ու անիրաւուածները, տնանկներն ու գաղթականները, իրենց նմաններէն հալածուածները, կոչ ընելով պետութեանց ու իւրաքանչիւր անհատի, իրենց կարողութեան չափով օգնութեան ձեռք երկարել այս բոլորին։

Ամերիկայի մէջ արդեօք պիտի դիմանա՞յ իր բարի հմայքը։

Յուսանք ու մաղթենք, որ երկար կեանք ունենայ ու իր կենդանի օրինակը դառնայ թթխմոր գթութեան ու արդարութեան։

Հայ եկեղեցին ալ ունեցաւ իր բարի հովուապետը։ Սիրտով բարի, հոգիով մաքուր, հեզ ու խոնարհ նկարագրով, ամբողջ էութեամբը նուիրուած Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։ Սուրբ մըն էր։ Եղան մարդիկ՝ գիտակցաբար չուզեցին տեսնել այդ բոլորը եւ աղտոտ հաշիւներու սիրոյն դէմ գործեցին։ Անոր սիրտին մէջ քէն չկար, ո՛չ ալ ատելութիւն։ Լուռ՝ տառապեցաւ…  Վախճանեցաւ 48 տարեկանին։ 2015ը անոր ծննդեան հարիւրամեակն է։ Ո՛վ կը յիշէ։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles