Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Չքմեղա՞նքը, Թէ Յանցանքը…

$
0
0

Ս. Մ.

 

Թրքական աղբիւրներէ քաղելով իր լուրը, «Ասպարէզ» քանի մը օր առաջ հաղորդեց, որ թրքական շինարարական ընկերութիւն մը պայմանագրութիւն մը ապահոված է՝ Երեւանի մէջ բնակարանային շէնքեր կառուցելու համար:

Կրկնակիօրէն զարմանալի լուր մը. նախ, թուրք եւ շինարարութի՞ւն… Արդեօք թուրքը քանդելէ զատ բան գիտէ՞: Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները վկայ: Յետոյ, Երեւանի մէջ շինարարութեան համար հայ կամ ուրիշ մարդ չմնա՞ց, որ թրքական ընկերութիւն մը հրաւիրուի (Հայաստանի շուկաները թրքական արտադրութիւններով ողողելն ալ չքմեղանք չի կրնար ունենալ):

Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը ըսեր է, որ թրքական նման աշխատանքի մասին տեղեկութիւն չունի, սակայն ստուգում պիտի կատարէ Երեւանի քաղաքապետութեան մօտ: «Լուր չունինք»ը պէտք է դիտենք չքմեղանքի՞, թէ կրկնակի յանցանքի ծիրին մէջ: Արդեօք քաղաքապետութիւնը ինքնագլո՞ւխ կը գործէ նման տարողութեամբ ձեռնարկի մը համար…

Յուսանք, որ ստուգումէն ետք նախարարութիւնը յայտարարէ, որ եղածը՝ թրքական լոպպազութիւն (մեծամտութիւն-Խմբ.) է, թէ՝ թուրքը գործ չունի եւ պէտք չէ ունենայ Երեւանի շինարարութեան ասպարէզին մէջ: Թող երթայ-շինէ իր քանդածը, իբրեւ արդար հատուցում իր ոճիրներուն մէկ մասին:

Իսկ եթէ լուսաբանութիւն չտր-ուի՞…

 

3 Սեպտ. 2015

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles