Համաշխարհայնացման Թոհուբոհ
Հետզհետէ կը մոռնանք, որ համաշխարհայնացման թոհուբոհին, դրամի տիրացման եւ բարօրութեան անխորք եւ աննպատակ ձգտումին ընթացքին, կան արժէքներ, որոնց անգիտացումը անհատի եւ ազգի ինքնութեան կորուստի կ՛առաջնորդէ:
Այդ ինքնութեան հարցն ալ կարծէք ժամանակավրէպ դարձած է, ծնունդ տալով ծագումով հայերու անորոշ համրանքով հաւաքականութիւններու, որոնք դեռ ժամանակ մըն ալ համեմի նմանող հայերէն բառերով կ՛օրօրուին, կ՛երջանկանան զուարճացնող ֆոլքլորով, երգ ու պարով, հայ մշակոյթի հետ կապ չունեցող թափթփած բառերով հայերէն համարուած երգով, կապկումի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, յաճախ անորակ:
Իսկ անհասկնալի է, որ հայը եւ Հայաստանը հայ երգը ներկայացնեն օտար լեզուով, լեզուներով, եւ նոյնքան անհասկնալի է, որ հայերը, անհատներ, միութիւններ եւ Հայաստան, այդ օտարացման ընթացքին մէջ հպարտութիւն գտնեն: Այս ընթացքը հայ ժողովուրդի մշակոյթին դէմ նախայարձակում է, ինչպէս ոմանք այլ պարագաներու կ՛ըսեն ակրեսիա: Այս երեւոյթները կը վկայեն այն մասին, որ ազգովին, ներսը եւ դուրսը, չունինք ազգային հարազատութեամբ հայ մշակութային քաքաղաքականութիւն:
Զարմանալի է, որ ազգային ղեկավարութիւններու մակարդակին, զանգուածի հակահայ մշակոյթ-ընթացքը չի յառաջացնէր իրաւ մղձաւանջային անհանգստութիւն: Միթէ չե՞նք հասկնար, որ ազգային մշակոյթի բազմերես եւ խորքային կորուստը անհետացման առաջնորդող տեղատուութիւն է, որուն հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ վարձու առնուած մշակոյթով կեղծ եւ ոչ-հայկական ինքնութիւն կը կերտուի: Ի հարկէ, նման մտածում առաջ քշել դէմ է ամբոխային տրամադրութիւններու եւ մարդորսական ճապկումներու, մարդորսութիւն այս կամ այն ձեւով՝ քուէի որսորդութեան միտող:
Մշակոյթի Ինքնութիւն
Կերտող Առաքինութիւնը՝
Մնայուն Կերպով Անտեսուած
Յուլիս 26, 1997ին գրուած եւ խօսուած էջով մը այս բարդ խնդիրին անդրադարձած էի: Կ՛ըսէի. եթէ քաղաքականութիւն յղացքը ըմբըռնենք իր ազնիւ իմաստով՝ աոաջնորդել հաւաքականութիւնը եւ ժողովուրդը դէպի յաջողութիւն, բարօրութիւն, ազատութիւն, իրաւունք եւ այլն, անմիջապէս պիտի հասկնանք, որ մշակոյթը քաղաքականութիւն է, եւ փոխադարձաբար: Ոչ ոք կը զարմանայ, որ քաղաքակիրթ երկիրներու եկամուտներու, պիւտճէի կարեւոր տոկոսը կը յատկացուի կրթութեան, որ մշակոյթի հիմնաքարն է: Քաղաքակիրթ երկիրներ հսկայական գումարներ կը ծախսեն իրենց պետական երաժշտանոցներուն, թանգարաններուն, համալսարաններուն, թատրոններուն եւ անոնց բարգաւաճման համար: Կը նշանակէ, որ պետութեան վարած քաղաքականութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի մշակոյթը:
Ի հարկէ խօսքը կը վերաբերի մշակոյթի ոչ պղպջակային ցուցադրութեան, ցուցամոլիկութեան եւ անվաղորդայն հրավառութիւններու եւ զուարճութիւններու:
Իրաւ մշակոյթ, որ հայը կ՛ընէ տարբեր միւս ժողովուրդներէն, ինչպէս որ ֆրանսացին տարբեր է, արաբը տարբեր է, ճափոնցին տարբեր է չինացիէն կամ մոնկոլներէն: Տարբերութեան գիտակցութիւնը եւ պահպանումը չեն նշանակեր «կեթթօ» ստեղծել, որ այլեւս կարելի չէ, այլ մշակել բազմազանութեան մէջ սեփականի ինքնուրոյնութիւնը: Աթոռ-աթոռակի անյագուրդ ձգտումները, բիզնեսային խօլ արշաւը, իշխանատենչութիւնը, մարդորսութիւնը, որ կը թարգմանուի ամբոխը շոյել մազերուն բուսած ուղղութեամբ (ինչպէս կ՛ըսէ ֆրանսական ասութիւնը՝ caresser dans les sens des poils), կ՛առաջնորդեն հակամշակոյթ քաղաքականութիւնը, որ հակազգային է:
Վաղուան Հարազատութեան
Տեսիլքով Մտածումը Բթացած Է
Յիշուած էջին մէջ գրած էի նաեւ. …հայութեան պարագային, մշակոյթը գլխագիր քաղաքականութիւն է, մեր պատմութեան մեզի աւանդած իմաստութեամբ եւ մեր անմիջական ներկայէն բխող հրամայականներով: Հայ մարդը՝ հոգեւորական, քաղաքական գործիչ թէ համեստ ազգային, եթէ չառաջնորդուի այս հիմնարար գիտակցութեամբ, ինք կ՛երթայ այլասերման, ազգն ալ կը տանի աստիճանական մաշումի եւ այլասերման, կորստեան:
Մշակոյթը ցուցադրութեան հանդէս չէ, օրինակ, երբ Նարեկացիի արծաթազօծ կողքով գիրքը կը զարդարէ մեր գրադարանը: Եթէ անոր մէջի խօսքը անծանօթ է, անիկա կը դառնայ սեղանը զարդարող առանց վարդի եւ մեխակի ծաղկաման, որուն առջեւէն կ՛անցնինք ակնթարթային գոհունակութեամբ եւ այդքան՝ յիշելով որ ինչ գումար վճարած էինք: Այլ խօսքով, արծաթազօծ գիրքի պարունակութիւնը եթէ չի դառնար գիտակցական ժառանգութիւն, ի՞նչ բանի կը ծառայէ անիկա:
Եթէ տեսանկիւն փոխենք, եթէ մեր պատմութիւնը դիտենք որպէս Մեծ Ուսուցիչ, հրաժարելով կարգախօսներէ եւ թութակաբար կրկնուող թիւերէ եւ թուականներէ, եւ Մեծ Ուսուցիչին հարց տանք, թէ ինչպէս մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ ինքնութիւն պահել առանց պետական կազմակերպութեան, անոր բացակայութեան, տքալով օտար քաղաքակիրթ կամ գազանային լուծին տակ, այն ատեն թերեւս կը հանենք մեր աչքերու կապանքները եւ կը մշակենք ազգային մշակոյթի վրայ խարսխուած իրաւ քաղաքականութիւն, որ շաբաթավերջի զբօսանք չէ, ոչ ալ մեծ հայրիկին կամ մեծ մայրիկին հաճոյք պատճառող անվաղորդայն մշակութային համարուած աղմկարարութիւն:
Անկեղծութեան Պահու Մը
Ուղղուելիք Անսեթեւեթ
Հարցադրման Փորձ
Հարց պէտք է տանք մենք մեզի, մենք՝ լրագրող, գրող, պետական գործիչ, վարժապետ, ընտանիքի հայր եւ մայր, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛վ տոկացինք դարերու ընթացքին մեզ հարուածած բազմապիսի ուժերու չարութեան: Փոխան խառնաշփոթ խուճապային փախուստ-տեղատուութեան, հարազատութեան գիտակցութիւն ունեցող ճակատ յարդարեցինք:
Խառնաշփոթ փախուստը նկարագրող բանաստեղծութիւն մը ունի Վիքթոր Հիւկօ, խորագրուած՝ «La Deroute»: Անգամ մը որ ճակատող բանակի զինուորը կռնակ կը դարձնէ վտանգին, կը սկսի խելակորոյս խուճապային կոյր փախուստը, առանց աջ եւ ահեակ նայելու, որ նահանջ անգամ չէ, քանի որ բանակի մէջ կը սորվեցնեն, որ նահանջն անգամ կը պահանջէ կազմակերպութիւն: Այս տեսանկիւնէ մօտեցա՞նք արտագաղթին եւ հայրենադարձութեան անտեսման: Իսկ խուճապը կը կասեցնեն մեծ դէմքեր, ուր որ ալ գտնուին անոնք: Կրկին հարց տանք Մեծ Ուսուցիչին. ինչպէ՞ս տոկացինք եւ տեւեցինք: Պատասխանը պարզ է. իրարմէ առանց լուր ունենալու, առանց ամէնօրեայ շփումի, մշակոյթի ուժին եւ դերին հաւատացողներ, ընտրեալներ, իրարմէ հեռու, մշակոյթին կառչեցան՝ Ալիշան, Նալպանտեան, Աղայեան, Ռուսինեան, Խրիմեան, բաժան-բաժան եղած ժողովուրդը միացուցին մշակոյթով, մէկութիւն ներշնչեցին, լեզուով, հողին կարեւորութիւնը շեշտելով:
Պարզ է. մշակոյթը, իր զանազան արտայայտութիւններով, եղաւ ազգային քաղաքականութիւն:
Այսօր ո՞ւր կը գտնուին այդ ներշնչողները, ո՞ւր կը գտնուի այդ ներշնչումը:
Եթէ պիտի տեւենք եւ վերականգնինք, այսօր ալ մշակոյթը պէտք է ըլլայ ազգային քաղաքականութեան առանցք: Եթէ ամբոխավարական ճառ չխօսինք, պիտի տեսնենք, որ այդպէս չէ իրականութիւնը: Եւ տրամադիր ալ չենք կարծէք ծանրակշիռ կացութիւնը հասկնալու եւ ըստ այնմ գործելու, կը հետեւինք հոսանքին, կը խանդավառուինք արտաքին աշխարհին հրամցուած յաջողութիւններով, որոնք չեն առնչուիր ազգային մշակութային քաղաքականութեան, տուրք կու տան ամբոխի ակնկալութիւններուն, հայերէն թերթերը կը դառնան օտարալեզու, հիացման առարկայ կ՛ըլլան օտարալեզու հրատարակութիւնները, լորձնաշուրթն կը գովաբանուին այն հայերը, որոնք օտարէն լաւ կը խօսին եւ կը գրեն օտարի լեզուն, կարծէք օտարները կարիք ունին մեր տուած աւելի լաւին: Ի՞նչ կը մտնէ մեր գանձանակը. կարգախօսային քաղաքական նուաճումը, որ հարկ է վերսկսիլ, որուն ծառայող քաղաքական դիւանակալութիւն ստեղծած ենք, ներսը եւ դուրսը:
Իսկ յոռեգոյնը կը սկսի, երբ մշակոյթը կը ծառայեցնենք անհատներու ընտրական հաշիւներուն եւ փառաբանանքին, զայն դարձնելով կճեպ եւ քարոզչական միջոց:
Այսօրուան Եւ Վաղուան
Մէկութեան Իրաւ Շաղախը
Ի՞նչ Բան Է
Այսօր, աւելի քան երբեք, ազգի մէկութեան շաղախ պիտի ըլլայ մշակոյթը, կամ մենք պիտի չըլլանք:
Խօսքը անհատներու մասին չէ, այլ՝ ազգի: Իսկ այսօր հայ ազգային մշակոյթի նկատմամբ անտարբերութիւն, անգիտութիւն եւ անտեսում կը զարգանան մեր մոլորակային տարտղնումին զուգահեռ:
Մեր մէկութեան մասին թող ներուի լաւատես չըլլալ, հակառակ խօսուած հոգի թրթռացնող ճառերու: Այսինքն, ազգայինի նկատմամբ հակամշակոյթ կը դառնանք, տեղատուութեամբ, ստապատիր արդիականութեամբ, մարդորսական պատճառ պատրուակներով, ասդիէն անդիէն որսացուած այլ աշխարհներու եւ այլոց համար սահմանուած տեսութիւններով, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կ՛ընդգրկուինք ազգաքանդ ընթացքի մէջ: Ազգային լեզուի անգիտացման բացասական երեւոյթը երբ կը փորձենք դարմանել այլալեզու դառնալով, այլալեզու հրատարակութիւններով, ժամանակաւոր եւ անվաղորդայն կարկտաններ կ՛ընենք: Իրատեսութեամբ պէտք է հարց տալ, թէ ի՛նչ կը շահինք՝ ի՛նչ կորսնցնելով:
Այդ բոլորը կորսնցնելով համաշխարհային ազգ ըլլալու սնափառութեամբ կը գինովնանք:
Առանց ազգային մշակոյթի կենսասու ենթահողին, նոյնիսկ քաղաքական համարուած յաջողութիւնները անխորք եւ անվաղորդայն կ՛ըլլան, ազգակերտ չեն ըլլար, համայնքային եւ ջոջական բաւարարութիւններ կը պարգեւեն:
Թէ ազգային հարազատութեամբ ազգային մշակոյթ պահելու եւ զարգացնելու դժուարութիւններ կան, ոչ ոք այդ մասին կը կասկածի: Այս կէտէն պէտք է բխի մշակոյթի ստեղծման եւ պահպանութեան, զայն զանգուածի սեփականութիւնը դարձնելու ռազմավարութիւնը, որ չկայ: Կրնա՞նք տոկալ եւ տեւել առանց այդ ռազմավարութեան եւ անկէ բխած անսեթեւեթ քաղաքականութեան:
Ղեկավարութիւնները այսօ՛ր է որ պէտք է պատասխանեն հարցումին, վաղը ուշ կ՛ըլլայ, հարցում ընող եւ պատասխան տուող չըլլար:
Յոռետեսութիւն թող չհամարուի. այն ատեն մեր մասին պիտի խօսուի անցեալով…