ՏՕՆԻԿ Տ.
Հայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւնը անվիճելի կերպով նոր հանգրուանի մը դուռը բացաւ պահանջատէր, յեղափոխական երիտասարդութեան մը համար։ Գործողութեան նախաձեռնողներն ու գործադրողները կը մարմնաւորէին հոգեւոր ապրումները երկար տարիներ ճնշուածութեան քողին տակ երեսները ծռած հարիւր հազարաւոր մարդոց, որոնք լքուած, արհամարհուած, ջարդուած ժողովուրդի մը զաւակներն էին։ Օսմանեան կայսրութեան եւ օտար պետութիւններու ուշադրութիւնը գրաւելու լաւագոյն միջոցը, միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս անոր ղեկավարութեան կամ պետական շահերը վտանգի տակ դնելու միակ ձեւը Պանք Օթոմանի գրաւումը պիտի ըլլար։
Այսօրուան իրավիճակը կշիռքի վրայ դնելով՝ դժուար պիտի ըլլար մարդիկը համոզել, թէ պատահածը ճնշուածութեան արդիւնք էր. պոռթկումը հայրենական տարածքի մը վրայ ապրող ժողովուրդի մը, որուն վիճակին բարեկարգման կոչերը ապարդիւն անցած էին, եւ որուն յեղափոխական զաւակները իրենք իրենց իրաւունք տուած էին «անպարտելի» կայսրութեան եւ եւրոպական պետութիւններուն ուշադրութիւնը գրաւելու, պարտադրելու, որ բանակցութիւններու սեղան նստին։ Պատը ճեղքուած էր, միջոցը՝ Պանք Օթոմանի գրաւում… ուշադրութեան գրաւում… Բանակցութիւններ։
Այսօրուան ՏԱԷՇեան իրավիճակը կշիռքի վրայ դնելով, շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար հանրային կարծիքը համոզել, թէ նման գործողութեան մը նպատակը ահաբեկչական չէ, մարդասպանութիւն չէ, այլ միայն ճնշուածութեան արդիւնք, արդարութեան պահանջ, ազատութիւն…
Այսօրուան իրավիճակը քննելով՝ քանի մը հարցադրում եւ եզրակացութիւն։
Նախկին Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին գոյութիւն ունի՞ն հալածուած, մեկուսացուած քաղաքականապէս չէզոքացուած, մարդկային իրաւունքները ոտնահարուած ժողովրդային հատուածներ, կը գտնուի՞ն անոնց մէջ 72-73 երիտասարդներ (թէկուզ թիւը նուազի 24ի) որոնք պատրաստ են ամբողջ ժողովուրդի մը կամ մէկէ աւելի ժողովուրդներու իրաւունքներու պահանջը միջազգայնացնելու եւ պարտադրելու, որ իրենց պահանջներուն ներկայացման համար բանակցութիւններու հրաւիրուին։ Պատասխանները՝ այո՛, այո՛։
Ուրեմն, Պանք Օթոմանի խորհուրդով եւ փորձառութեամբ, կը պարզուի, թէ նոյն ժառանգորդը պարտադրաբար բանակցելու (թէկուզ բանակցութեան մղող կողմը գիտակցաբար խաբուի հետագային՝ աւելի վսեմ նպատակներու համար) սովորութիւնը ժառանգած է։ Պարզ է, որ նոյն ժողովուրդներու (հայ, իսլամացուած հայ, քիւրտ, լազ, արաբ, ասորի եւ այլն) զաւակները պատրաստ են ժառանգուած սովորութեան հակազդելու։ Կը մնայ ճշդել ուշադրութիւն գրաւելու եւ բանակցութիւնը պարտադրելու ձեւն ու միջոցը։