ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
«Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն…»
«Կը սիրեմ քեզ իմ հայ լեզու…»
Կը յիշէ՞ք այս բանաստեղծութիւնները, որոնք մեր՝ յետ-եղեռնեան սերունդներու շրթներուն վրայ էին տակաւին մինչեւ եօթանասունական թուականները: Կը յիշէ՞ք ի՜նչ երկիւղածութեամբ կ՛արտասանէինք զանոնք Հոկտեմբերին (հայ մշակոյթի ամսուն) կամ ամավերջի հանդէսներուն:
Դիտեցէք հիմա ձեր շուրջը՝ Ռուսիայէն մինչեւ Արեւմտեան Եւրոպա ու յատկապէս Խաղաղականի ու Ատլանտեանի ափերուն միջեւ գտնուող ցամաքամասերուն հաւաքուած ծագումով հայ երախաներուն, ներառեալ նաեւ քանի մը հայկական (կամ հայերու համար) դպրոցներուն մէջ հասակ առնող սերունդներու պատկերին: Ոչի՛նչ մնացած է այդ «երանելի» օրերէն:
Գովելի են կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններու հիմնած դպրոցներու, միօրեայ վարժարաններու, սեփական հայկական մանկապարտէզներու, հայերէն դասաւանդող անձնազոհ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու (մեծաւ մասամբ ուսուցչուհի) ինքնամոռաց ջանքերը: Բայց այդքա՛ն:
Միթէ գովելի՞ են ու բաւարար այն ջանքերը, որոնց շնորհիւ հայ դպրոցները մատչելի են միջին խաւի սփիւռքահայերուն: Հարեւանցի ակնարկ մը անմիջապէս պիտի բանայ տխուր պատկեր մը, որուն ի տես չենք կրնար ահազանգ չհնչեցնել:
Ստորեւ կարգ մը նշումներ, որոնք պէտք է արժանանան մեր հաստատութեանց հոգաբարձական մարմիններու, հոգեւորականներու, «աւանդական» կուսակցութեանց ու կազմակերպութեանց եւ յատկապէս կրթութեան, մանկավարժութեան ու հայեցի դաստիարակութեան հետ արհեստավարժօրէն բացարձակապէս կապ չունեցող կարգ մը «կրթական» գործիչներու ուշադրութեան:
ա.- Հայկական դպրոցներ իրենց դռերը գոցած են վերջին տասնամեակին հայ աշակերտներու թիւին պակսելուն պատճառով:
բ.- Հայ ծնողներու համար դժուար է իրենց զաւակը կամ զաւակները հայկական դպրոց ղրկել՝ բարձր կրթաթոշակներու պատճառով: Թէեւ այդ ծնողներուն մէջ քիչ չէ թիւը այնպիսիներու, որոնք 60-70 հազար տոլարի հասնող փարթամ ու չնաշխարհիկ հարսանիքներ, նշանտուքներ կամ baby shower-ներ կը կազմակերպեն:
գ.- Աշխատանքի վայրի տեղափոխութեան պատճառով հայ ընտանիքներ հասցէ (քաղաք կամ թաղամաս) կը փոխեն՝ հեռանալով մօտակայ հայկական վարժարաններէն:
դ.- (Իբր թէ) Հայկական դպրոցներուն մակարդակը «ինկած է»:
ե.- (Իբր թէ) Հայ երախան շատ «գոց» կը մեծնայ հայ դպրոցին մէջ, այսինքն կտրուած կ՛ըլլայ ամերիկեան կամ գանատական միջավայրէն:
զ.- (Իբր թէ) Հայերէնը պատճառ կը դառնայ, որ երեխան դժուարութիւններ ունենայ ուսման մէջ:
է.- (Իբր թէ) Հայկական դպրոցներու մէջ բարդոյթներով կը մեծնան երեխաները, իրենց մէջ կրելով Ցեղասպանութեան զոհի բարդոյթը:
Կարելի է տակաւին թուել քանի մը այլ պատճառաբանութիւններ կամ արդարացումներ:
Վերջին մէկուկէս տասնամեակին զիս յատկապէս մտահոգող պատճառը հետեւեալ փաստն է՝ կը տեսնեմ քաղքենիի (նորահարուստ) եւ նիւթապաշտ-գործնականապաշտի հոգեբանութեան խորացումն ու արմատականացումը, «ասիկա պէտք է, ասիկա պէտք չէ»ի նպարավաճառային (պախխալական) կամ մանրավաճառային (փերեզակային) մօտեցման մը տարածումը:
Երեսունէն քառասուն տարիքի մէջ գտնուող ծնողները այլեւս անհրաժեշտ չեն նկատեր հայ դպրոցն ու հայեցի կրթութիւնը՝ զայն նկատելով սոսկ ժամանակավրէպութիւն մը: Ինծի կը թուի թէ հայկական դպրոց ղրկելու «մօտան» անցած է այլեւս, քանի որ զգալիօրէն ինկած է հայկական դպրոցին հանդէպ երբեմնի (այսօրուան սերունդին) ծնողներուն ունեցած խանդավառութիւնը, հաւատքն ու յարգանքը:
«Կարեւորը այս երկրին մէջ յաջող ասպարէզ մը ունենալն է», կը մտածեն անոնք։ «Առանց հայ դպրոցի ալ կ՛ըլլան այդ բաները», կը պնդեն նորելուկները, որոնք չես գիտեր ինչո՞ւ համար իրենց մականունին վերջաւորութեան տակաւին կը պահեն «եան»ը եւ Ապրիլ 24ին շքեղ ինքնաշարժներով բողոքի ցոյցի կ՛երթան, ուր որ կ՛երթան:
Միտքս կը տանջուի ի տես այս երեւոյթին, կ՛ուզէի ըսել՝ պարտուողական հոգեբանութեան: Այս ե՞րբ այսքան շուտիկօրէն ամերիկացիէն ու գանատացիէն, ռուսէն ու ֆրանսացիէն աւելի ամերիկացի ու գանատացի, ֆրանսացի եւ ռուս դարձանք մենք՝ «քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակող առաջին ազգը», «աշխարհն անցիր Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ» պնդողներս, «Հայաստան երկիր դրախտավայր» երգով յուզուող Հայկեան սերունդներու ժառանգորդներս (՞)…
Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ արտաշխարհի մէջ հայուն արիւնը պղծուած է, խորթ ու անհարազատ տարրեր մաս կը կազմեն մեր բաղադրութեան: Այլ խօսքով՝ մենք մեր էութենէն ու արմատներէն կա՛մ հրաժարած ենք եւ յոգնած ենք հայօրէն ապրելէ:
Բայց այս բոլորի հետ հաշտուիլը ա՛լ աւելի այպանելի է, քան խելակորոյս հայութեան ու մեր համեստ հանրապետութեան ղեկավարութեան ապիկարութիւնը: Ատենն է կլոր սեղաններու շուրջ նստելու եւ մտմտալու այս մասին: Յաջորդ տասանամեակին մեզի կը սպասէ ա՛լ աւելի աւազախրում եւ անվերականգնելի օտարացում:
Լոս Անճելըս, 15 Յուլիս 2015