Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Եղբայրնե՛ր, Իսկ Ո՞ւր Կը Մնայ Հայը…

$
0
0

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-74

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ո՜վ իմանայ՝ ո՛ւր ընկանք,
Քանի՛ օրուայ հիւր ընկանք,
Սէրն ու սիրտն էլ երբ չկայ՝
Կրա՜կ ընկանք, զո՜ւր ընկանք։

Յ. Թումանեան

 

1017lalaminsakarianԱմէն անգամ որ կ՛որոշեմ ա՛լ դադրեցնել «Օրագրութիւնս», դէպք մը, վիճակ մը կու գայ, կը խթէ միտքս, հանգիստ չի ձգեր։ Այսօր ալ նոյնն է, ու իմ ցաւս՝ Հալէպն ու հալէպցին։
Օթելլօ կ՛ըսէր՝ «Հալէ՜պ, Հալէ՜պ…», բայց հիմա ո՜ւր է Հալէպ եւ ո՞ւր՝ հալէպցին. գնա՛ ու աշխարհին հարցուր…

Իսկ ես, որ չեմ տեսած Պէյրութը ու միայն անոր գովքը լսած եմ՝ անձկանքով կը բացականչեմ՝ «Պէյրո՜ւթ, Պէյրո՜ւթ…»։ Չէ՛, անձկութիւնս կարօտ չ՛ենթադրեր. չտեսածդ երազել կրնաս, բայց ոչ՝ կարօտնալ։ Կանչս անձկութենէ աւելի զարմանք է, քանի որ վերջերս՝ «մեր պատերազմի» տարիներուն, Պէյրութի գովքը չէ որ կը լսեմ, այլ պէյրութցիներու այլամերժութիւնը, ուղղուած սուրիացիներուն։ Եղբայրդ «այլ» կրնա՞յ նկատուիլ։ Զարմանալի զարմանք, պիտի ըսէր Չարենց։
Մենք՝ հայերս ու նաեւ «նուաստ», «գիւղացի» հալէպցիներս (քառասուն տարի հոս ապրելով կարծեմ հալէպցի նկատուելու իրաւունքը շահած եմ, մանաւանդ որ ծնունդով ալ գիւղացի եմ) Պէյրութը գիտէինք իր տարբեր երեսներով. ոմանք՝ որպէս գործի հնարաւորութիւններու վայր, ոմանք՝ որպէս բազմազան զուարճանքներու, պերճանքի, աշխոյժ առեւտուրի, ծովափի յատուկ եռուզեռի ու աչքաբացութեան, բազմազգ համակեցութեան, եւրոպական հովերու, «ռապիզ» պուրճ-համուտեան հոգեհարազատութեան, նաեւ՝ հայ մշակոյթի օրրան որպէս եւ այլն։ Ամէն պարագայի, հիացողներ աւելի էին անտարբերներէ ու ինծի պէս անտեղեակներէ։

Յետոյ եղաւ Պէյրութի կործանիչ պատերազմը. շատեր փախստական՝ ապաստանեցան Հալէպ, ու, թէեւ, անկասկած լաւ հիւրընկալութիւն վայելեցին, բայց «լաւ»ին չափանիշը անձէ անձ տարբեր է, ու «մե՛ր Պէյրութը» մնաց գերակայ։ Ոչինչ կայ զարմանալի, ծննդավա՛յր ու աւելի զարգացա՛ծ. սակայն երբ անիկա միացաւ հալէպցիներու հանդէպ քամահրանքին ու հիւրընկալութեան նուազագոյն պատշաճութիւնները չյարգելուն, «կերած պնակին մէջ…», հոն ալ հալէպցիները մնացին զարմացած, բայց միշտ ներողամիտ. պարզ է, հասկցա՛ն, Հալէպը Պէյրութ չէ՜…

Ու ահա «Նոյն ուղտը մեր դրան առջեւ չոքեց», ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ։ Ու բոլորս ալ գիտենք, թէ այդ ուղտը կը սիրէ միշտ ճամբորդել, մանաւանդ՝ մեր կողմերը, ու ոչ ոք անոր այցերէն ապահովագրուած է։

Արդ, պատերազմը, զոր տեսաւ ու կը տեսնէ Հալէպն ու հալէպցին՝ քսանմէկերորդ դարուն տակաւին ծաղկելիք արհաւիրքներու դռներու բացումն է ընդամէնը։ Միայն սեփական մորթին վրայ զգացողը կրնայ լիովին պատկերացնել այս զահանդանքին բնոյթն ու ահաւորութիւնը։ Հետեւանքը՝ աւերակներու վերածուող հնադարեան քաղաքը կը պարպուի։ Կը հեռանան բոլոր անոնք, որոնք կրնան, կը հեռանան հեռանկարով կամ առանց հեռանկարի. նպատակը կեանք փրկելն է. միա՛յն։

Մնացողներս, մեր անձնականը անտեսել փորձելով՝ մեր գաղութի կործանումին ու փլուզումին, մեր դպրոցներու ցամքումին, մեր ակումբներու պարպումին, մեր արժէքներու շոգիացումին ականատես՝ տակաւին ակռայ սեղմած, կը ջանանք մեր կարելւոյն չափով սատարել գաղութի ցաւերու բուժումին։

Նոյն ատեն կը տուայտինք կասկածներու մէջ. ամենահամարձակ երեւակայութեամբ եթէ հաւատանք մօտալուտ խաղաղութեան գալուստին, ի՞նչ պիտի ըլլայ նախ երկրին, քաղաքին ու ապա՝ մեր գաղութին վիճակը. պիտի վերադառնա՞ն հեռացածները, կեանքի ինչպիսի՞ նոր որակ պիտի ծնի, մենք հոս հարազա՞տ, թէ այլեւս խորթ զաւակի կարգավիճակով պիտի մնանք, հնարաւո՞ր է արդեօք անցեալի պատկերին վերականգնումը, պիտի ապրի՞ մայր գաղութը։ Քիչ չեն մտածումներն ու կասկածները։ Մինչդեռ անդին, հեռացող բարեկամներուն ալ հազար ու մէկ տեսակ ցաւերը լսել ու շալկել կը ստիպուինք։ Հալէպցին հիմա կ՛անդրադառնայ, թէ «դրախտի մէջ կ՛ապրէինք» (թէեւ դրախտ հասկացողութեան ընկալումն ալ յարաբերական է)։ Ու մինչ ան, օտարութեան մէջ (երբ նոյնիսկ հայրենիքը օտարութեան համ կու տայ) կորսուած դրախտը կը սգայ, անդին ինքզինք կը գտնէ մեծ ՄԵՐԺՈՒՄի առջեւ։ Եւ մերժում՝ որմէ՞… եղբայրներէն։ Ահա ցաւի աղբիւր մը եւս։

Պիտի չանդրադառնայի այս հարցին, թէեւ շատ ու շատ յաճախակի, շատերէ կը լսէի սուրացիներու հանդէպ լիբանանցիներու մերժողական կեցուածքի մասին։ Կը լսէի ու կը մոռնայի։ Ինծի ի՞նչ իրենց ներքին ազգամիջեան հակակրանքն ու համակրանքը։ Բայց ներեցէ՜ք, խօսքը սուրիացիին ու լիբանանցիին չէ եղեր. խօսքը հայո՜ւն է… Հայուն մերժումն ու արհամարհանքը հայուն հանդէպ։ Նուաստ նկատելու կրկնակի գաղթական դարձած եղբայրդ, որուն դրան առջեւ այսօր ալ քեզի ծանօթ ուղտը չոքեր է (այս թրքահոտ բառը կ՛ատեմ, բայց ասոյթը այս է)։

Չէի ուզեր հաւատալ. յայտնի է, թէ ժողովուրդը կը չափազանցէ, մանաւանդ՝ արհաւիրքէն հարազատի գիրկը փախչող ու անոր գուրգուրանքը ակնկալողին հիասթափութենէն ծնած չափազանցումը։ Ու սակայն այս օրերուն Պէյրութէն վերադարձած ու ինծի համար վստահելի, գիտակի՛ց (հալէպցիներ ալ կրնան գիտակից ըլլալ…) քանի մը անձեր ցաւով նոյնը հաստատեցին. «Պէյրութցիները կ՛արհամարհեն ու կ՛ատեն հալէպցիները»։ «Հայե՞րն ալ», հարցուցի զարմանքով ու լսեցի քանիցս հաստատումը… թէ պէյրութահայեր Հալէպէն գաղթած հայերուն ստորին անձեր կը նկատեն, գործի չեն առներ, առնելու պարագային քիչ կը վճարեն եւ այլն, եւ այլն։ Առաջին անդրադարձս, բնականօրէն, զարմանքէ զարմանք ոստնուլն էր։ Ապա սկսայ վերլուծելու փորձեր կատարել, քանի որ երբ ինծի հետ գէշ կը վարուին, առաջին ցաւէն անմիջապէս ետք կը սկսիմ իմ մեղաւորութիւնս փնտռել՝ արդարացնելու համար դէմինս. «Միթէ՞ մարդը անտեղի կը վիրաւորէ», կը խորհիմ… Կրնայ տնտեսական հարց ըլլալ՝ գիներու սղաճ, աժան աշխատոյժի հոսք եւ այլն։ Բայց որոշիչը ա՞յդ է։

Զանազան միտքեր կը խուժեն։ Նախ կը յիշեմ Երկրորդ Համաշխարհայինէն անմիջապէս ետք Հայաստան ներգաղթած հայերուն հանդէպ «տեղացիներուն» վերաբերմունքը, որուն մնացորդներուն ականատես եղայ։ Դեռ մանուկ՝ առանց հասկնալու, սակայն անարդարութիւնը կը զգայի, որ մեր գիւղը ապաստանած արեւմտահայ ընտանիքին «գաղթականները» յորջորջումը խարանուած էր, արգահատանքի շեշտով մը։ Անոնցմէ մէկը դասընկերս եղաւ կարճ շրջան մը մինչեւ որ հեռացան զիրենք օտարող այդ նեղ շրջանակէն ու իմ մէջ ձգեցին մեղաւորութեան զգացումը։ Ուրեմն հարցը տնտեսականին չի կապուիր միայն. քանի որ չկար մասնաւոր սեփականութեան հարց. հոն սեփական գերակայութիւնը ուրիշին վրայ հաստատելու հարց կար նաեւ։ Գիտեմ, որ բարդ ու բազմաշերտ էր խնդիրը ու հոն, «ախպար»ի ու «ախպեր»ի միջեւ սկզբնական շրջանի ու բաւականին երկար տեւած ոչ միայն պաղութեան, այլ նաեւ փոխադարձ մերժումի մէջ անտեսելի չէր պետութեան կեցուածքը։
Կը յիշեմ նաեւ դեռ մօտ անցեալին Ատրպէյճանէն՝ բառացիօրէն ջարդերու հուր ու սուրէն ճողոպրած հայերու հանդէպ երեւանցիներու մերժողական կեցուածքը՝ այս անգամ «թուրք» պիտակով դատակնքուած։ Կարելի է այլ օրինակներ եւս յիշել։ Պարզապէս հարցը բազմակողմանի ծալքեր ունի եւ քննութեան, վերլուծումի կարօտ է, մինչդեռ ես ընկերաբան-հոգեբան չեմ։ Գիտեմ բան մը՝ նման պարագայի երկրի ղեկավար տարրի, մտաւորականութեան, մամուլի, գրականութեան ու բոլոր կարելի միջոցներու աշխատանքը անհրաժեշտ է։

Ապա կը յիշեմ, թէ հալէպցիներ իմ աչքերուս առջեւ քանի անգամ հիւրընկալեցին, օգնեցին, «նեղ ընենք, տեղ ընենք» սկզբունքով իրենց տուներուն մէջ առին ո՛չ միայն Պէյրութէն փախստականները, այլ նաեւ իրաքցիներ, Թուրքիայէն փախած ու Հայաստան գաղթել ուզող արմատով հայեր (որոնց ճակատագիրը ի վերջոյ դուրս մնաց Հայաստանի սահմանէն)։ Միութենական մը աւելի մանրամասնութիւններ կր-նար տալ։ Ես ընդամէնը շեշտել կ՛ուզեմ հալէպցիներուն յատուկ սրտցաւութիւնն ու հիւրամեծարութիւնը, որ կասկած չի վերցներ (ուրիշ բան, եթէ գաղթական եկողը պալատներու մէջ ընդունուիլ կը յաւակնի)։

Ու հիմա կարգը հալեպահայուն է՝ իր եղբօրմէն ըմբռնողութիւն ու սրտցաւութիւն ակնկալելու։ Վստահաբար միշտ եւ ամէնուր կան բացառութիւններ, բայց երբ մեծամասնութեան ձայնը համահունչ է՝ հոն հանգոյց կայ։ Կը հասկնանք, երբ երկու երկիրներու, երկու քաղաքներու, գիւղերու, նոյնիսկ թաղամասերու միջեւ ըլլայ փոխադարձ հեգնանք, թեթեւ նախանձ, թերութիւնները խոշորցնելով երգիծել։ Ինչպէս՝ կը ծաղրենք գաւառցիին օղեմոլութիւնը (ոչ՝ գինեմոլութիւն), լոռեցիին ու սասունցիին միամտութիւնը, այնթապցիին խորագիտութիւնը, ուրՖացիին «չորգլուխ»ութիւնը, գիւմրեցիին սրամտութիւնն ու մեծխօսիկութիւնը եւ այլն։ Հոն բարեմիտ ծաղրանք է, առողջ ծիծաղով։ Բայց դժբախտութեան մէջ յայտնուածը առաւել օտարելը ու նուստացնելը ինչպէ՞ս բացատրել։ Երեւոյթ մը, որ եթէ հալեպահայութեան հանդէպ երեւանցիներու պարագային եւս անընդունելի, բայց ինչ որ տեղ բացատրելի է, ապա աւելի «հարազատ», կենցաղով մօտ ու բախտակից եղբօր պարագային միայն զարմանք կը յարուցանէ։ Մանաւանդ՝ երբ հալէպցին «գիւղացի» նկատողներուն մէջ քիչ չեն նոյնինքն նախկին հալէպցիներ… Հոս է, որ չեմ կրնար զսպել ինքզինքս ու չկրկնել լոռեցիներուս դիպուկ ասոյթը՝ «Կուրիէնը խանիցը դուս ա էկել՝ խանը հւանում չի»…*
Նախ հարց՝ որմէ՞ հալածական են այդ մարդիկ։ Պատասխանը գաղտնիք չէ՝ հիմնականին մէջ մեծերու սպասաւորներ՝ «հանճարամիտ» Սէուտական Արաբիոյ ու «մեծ մարդասէր» Թուրքիոյ կողմէ։

Յիշեալները մեզի բարեկա՞մ, թէ թշնամի կը նկատենք։ Եթէ նոյնիսկ կասկածի տակ առնեմ առաջինը, քանի ծանօթ չեմ անոնց հանդէպ պէյրութցիներու վերաբերմունքին, (թէեւ յօշոտուած Արդարութիւնը աւելի քան խօսուն է), բայց ի՞նչ անուն տամ երկրորդի պարագային։ Հայեր՝ հալածուած համահայոց արեան ծարաւի թուրքի նոյն հայաջինջ գործելակերպէն, ապաստան խնդրած են իրենց բախտակից եղբօրմէ։

Մինչդեռ կը լսենք, թէ իբրեւ հակադրութիւն իր պատկանելիութեան մերժումին ու կորսնցուցածը յետադարձ ձեւով արժեւորելուն՝ սուրիահայը կը կարծրանայ իր սուրիացիութեան, իր նախագահը սիրելու, իր դրօշը ցուցադրաբար յարգելու մէջ, մինչ պէյրութցին՝ անտեսելով անոր ազգային պատկանելիութիւնը… կը կարծրանայ զայն սուրիացի նկատելու մէջ։ Ու սուրիահայեր Պէյրութի մէջ կ՛ապրին կրկնակի գաղութ կազմած, իրենց համընդհանուր ցաւին հետ առանձին ու չհասկցուածի ծայրայեղացուած դժգոհանքով։

Եղբայրնե՛ր, իսկ ո՞ւր կը մնայ հայը…
Յաջորդ միտքը՝ ուրեմն լիբանանցի հայը ինքնութեան զգացողութեամբ այնքա՞ն լիբանանցի է, որ հայ ըլլալը երկրորդ դիրքի վրայ է (գիտակցուած կամ ոչ) ու ինք, կիսելով կարգ մը տեղացիներու՝ Սուրիոյ հանդէպ հակակրանքը, զայն կը տարածէ նաեւ հայերուն վրայ։
Երբեք հակուած չեմ գոյները միայն սեւ ու ճերմակ տեսնելու եւ համահարթեցում կատարելու։ Աւելին՝ վստահ եմ նաեւ կարեկցող ու օգնողներու գոյութեան, բայց դժգոհանքի ձայները բազում են ու ուշադրութեան արժանի։

Պատէ պատ զարնուող ու սեփական գլխու ճարը սեփական կարողութեամբ լուծել փորձող այս ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակ մեր թանկ, շատ թանկ արիւնը կը կրէ, ու բարի վարմունք մը կրնայ ճակատագիր փոխել։

*«Կրիան պատեանէն ելեր է, պատեանը չի հաւնիր»։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles