Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Յունական «Ո՛չ»ին… Յաջողութեան Գաղտնիքը

$
0
0

 

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
nazarethՅուլիս 5ին Յունաստանի մէջ կայացաւ իր տեսակին մէջ աննախադէպ ու անսպասելի հանրաքուէ մը, որուն վրայ կեդրոնացան միջազգային հանրային կարծիքի լրատուական եւ մեկնաբանական լուսարձակները։

Հանրաքուէն կոչուած էր ստուգելու Յունաստանի քաղաքացիներուն մեծամասնութեան պատասխանը մէկ ու միակ հարցումի մը.
Պէ՞տք է ընդունիլ Եւրոխմբակի՝ Եւրոպական յանձնաժողովի, Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան եւ Միջազգային Դրամական հիմնադրամին կողմէ 25 Յունիս 2015ին ներկայացուած պարտքի մարման ծրագիրի համաձայնագիրը։

Յոյն քաղաքացիները 61.7 տոկոսի մեծամասնութեամբ «Ո՛չ» պատասխանեցին հանրաքուէի հարցումին՝ հակառակ անոր, որ իրենց այդ պատասխանով անորոշութեան եւ անձկութեան, տագնապի եւ ճարահատութեան գիրկը կը նետէին ոչ միայն ընդհանրապէս երկիրը, այլեւ որոշապէս իրենց կեանքը՝ ներկան ու ապագան։

«Ո՛չ» պատասխանը կը սպառնար ծանրագոյն անդրադարձներ ունենալ յատկապէս նորահաս սերունդներուն, մասնաւորաբար աշխատանքի ասպարէզ մտնելու տարիքին նոր հասած, բայց անգործութեան ու անհեռանկար ապագայի մը մղձաւանջին դէմ յանդիման կանգնած երիտասարդներուն վրայ։
Այսուհանդերձ՝ «Ո՛չ» պատասխանին կողմնակից կանգնեցան Յունաստանի քաղաքացիները 61.7 տոկոսի մեծամասնութեամբ, որուն գերակշռող մասը նոյն այդ «Ո՛չ»ին հետեւանքով ամէնէն աւելի խոցելի պայմաններու մէջ յայտնուելու վտանգը դիմագրաւող երիտասարդութիւնն էր։
Ահա ա՛յս առումով՝ իր չարագուշակ հարցումով եւ անոր տրուած «Ո՛չ» պատասխանով՝ աննախադէպ եւ անսպասելի եղաւ Յուլիս 5ի հանրաքուէն։

Չարագուշակ էր հարցումը, որովհետեւ սնանկացած իր պետութեամբ եւ աստղաբաշխական գումարներու հասնող պարտքի տակ կքած՝ Յունաստան ոչ մէկ հիմք, կռուան կամ յենարան ունէր մերժելու իր պարտատէրերուն կողմէ առաջարկուած, մինչեւ իսկ նուաստացուցիչ, պայմանները՝ պարտքի մարման նոր վարկ ստանալու համար…
Պարզ է, որ առանց դուրսէն գալիք վարկերու, Յունաստան չի կրնար ոտքի կանգնիլ։
Դաժանագոյն այդ իրողութեան դառն գիտակցութիւնը ունէին եւ այսօր աւելիով ունին, բոլորէն առաջ, «Ո՛չ»ին կողմնակիցները։

0709greece«Ո՛չ»ի աղէտալի հետեւանքներուն դէմ ահազանգը անդադար հնչեց հանրաքուէին առիթով ծաւալած քաղաքական բանավէճի մէկշաբաթեայ ամբողջ տեւողութեան։
«Ո՛չ»ի պարագային Յունաստանին սպասող թաւալգլոր անկումին դէմ ահազանգ հնչեցուցին ոչ միայն յոյն քաղաքական ընդդիմադիր ուժերը, այլեւ Եւրոպական միութեան ու ընդհանրապէս մեծապետական աշխարհի առաջնորդող ուժերը։

Ի հեճուկս այդ զգուշացումներուն եւ ահազանգներուն՝ «Ո՛չ»ը յաղթական դուրս եկաւ հանրաքուէէն։
Անշուշտ, ըստ էութեան անհեթեթ է խօսիլ «յաղթանակ»ի եւ նոյնիսկ «յաջողութեան» մասին, որովհետեւ Եւրոխմբակի պարտատէրերու պայմաններուն «Ո՛չ» ըսելով՝ Յունաստան աւելիով մխրճուեցաւ սնանկացած իր պետութեան բաժին հանուած աւազախրումին մէջ։

Բայց ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս նման վտանգաւոր «Ո՛չ» մը, ժողովրդավարական քուէարկութեամբ «Այո՛»ն պարտութեան մատնելու իմաստով, յաղթական դուրս եկաւ Յուլիս 5ի հանրաքուէէն։
Բացայայտ եւ հասկնալի բացատրութիւն մը ունին «Ո՛չ»ը ղեկավարած Յունաստանի այսօրուան իշխանաւոր ուժերը։ Անոնք Եւրոխմբակի դրած նուաստացուցիչ պայմաններուն դիմագրաւումը ազգային արժանապատուութեան հարցի վերածեցին եւ յաջողեցան իրենց կողքին ունենալ վստահութիւնը նաեւ ընդդիմադրութեան կողմնակից զանգուածին, յատկապէս երիտասարդութեան շարքերէն ներս։

Աւելի հիմնաւոր եւ խորքային բացատրութիւն ունի, անշո՛ւշտ, Յուլիս 5ի հանրաքուէին այս արդիւնքը, որ ուսանելի է նաեւ ամբողջ Եւրոպայի, այլեւ միջազգային հանրութեան համար։
Նոր աշխարհակարգի անխնայ մրցապայքարի պայմաններուն մէջ տուայտող մերօրեայ մարդկութիւնը քաղաքական սերնդափոխութեան մեծագոյն օրակարգը կը դիմագրաւէ։

Յունաստան իր պետական սնանկութեան աղէտալի փաստին առջեւ կանգնած՝ առաջնահերթաբար լուծում կը փնտռէ քաղաքական իր ղեկավարութեան սերնդափոխումի օրակարգին, որովհետեւ հելլէն պետութիւնը թալանելու եւ սնանկացման առաջնորդելու կործանարար ընթացքին պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ երկիրը հոս հասցնող քաղաքական ղեկավարութեանց ուսերուն, գաղափարական ի՛նչ կողնորոշումի տէր ալ ըլլան անոնք։

Յունաստանի աւանդական աջն ու ձախը, վերջին հինգ–վեց տարիներուն, ոչ միայն շարունակեցին աւելի քան երեսուն տարիներու պետական միջոցներու մսխման եւ յափշտակման իրենց վարքագիծը, այլեւ իշխանութեան ղեկին մնալու կամակորութեամբ՝ նորանոր պարտքերու տակ դրին ու անշնչելի դարձուցին երկրի այսօրուան եւ վաղուան օրը։

Մեծագոյն հարցականն ու անորոշը կը բխին այն անդոհանքէն, որ այսօր վարակած է յունական «Ո՛չ»ին կողմնակիցները. այսօրուան իշխանաւոր ուժերը պիտի կարենա՞ն արդարացնել քաղաքական սերնդափոխութեան հիմնական պայմանը։
Հայրերուն մեղքերը զաւակները կը քաւեն։

«Ո՛չ»ի շարժումը առաջնորդողները յաջողեցան, որովհետեւ սեփական մեղքերը քաւելու արժանապատուութեան զգացումով ոտքի հանեցին երիտասարդութիւնը։
Եթէ այսօրուան սերունդը ակռաները սեղմելով եւ ծայրագոյն խստամբերութեամբ պիտի նուաճէ իր կեանքը, որպէսզի արժանանայ արտաքին օժանդակութեան, գոնէ իր զրկանքին եւ զոհաբերութեան դիմանալու համար չկորսնցնէ ազգային արժանապատուութեան իր կռուանն ու ազգային արժանաւորութեան ներոյժը։

Յունական «Ո՛չ»ին… յաջողութեան գաղտնիքը կը գտնուի այդ պարզագոյն տրամաբանութեան մէջ, որ միաժամանակ խորքային ուժականութիւն ունի եւ գաղափարական առումով վարակիչ է, աշխարհի չորս ծագերուն, բազմակողմանի զարգացման արդար ուղիներ որոնող երիտասարդ սերունդներուն համար։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles