Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՊԵԹԻՆԱ ՍԸՐԻՄԵԱՆ-ՃԱՆԵՑԵԱՆ
Ահա հայ ժողովուրդը բոլորեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարին: Աշխատանքը հսկայական եւ յուսադրիչ է, իսկ մեր կամքը՝ հզօր: Արարատ տան 104 տարեկան ծերունի մայրիկէն սկսեալ, մինչեւ երկու տարեկան ամերիկահայ մանչուկը, որուն շրթունքներէն առաջին հայերէն բառերը մեղրի պէս կը հոսին երբ կ՛ըսէ՝ «տէտէ եկուր ԱՅԲ, Բ, Գ խաղանք», արդէն կ՛ոգեւորեն մեզ։
Թուրքերը ահաւոր կորուստ պատճառեցին մեր ազգին: Սուրբ նահատակներուն եւ վերապրողներուն մասին պատմութիւններ լսելով, վիշտի եւ ցաւի կողքին կը վերանորոգենք մեր սրբազան աշխատանքի կորովը, շեշտելու ամբողջ աշխարհին եւ մանաւա՛նդ թուրքին, որ «Այո՛ ցեղասպանութիւն էր տեղի ունեցածը եւ ո՛չ մէկ այլ առարկութիւն ընդունելի է»: Թուրքը կ՛ուզէր արմատախիլ ընել համայն հայութիւնը աշխարհի երեսէն, բայց Աստուած մի՛շտ մեր ժողովուրդին հետ եղած է, որովհետեւ հայերը 301 թուականին եղան առաջին ազգը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեցին եւ քրիստոնեայ մնացին մինչեւ օրս: Աստուած իւրաքանչիւր հայու տուաւ ուժ, համբերութիւն, կամք եւ ապագայի յոյսեր: Ցիր ու ցան եղաւ մեր ժողովուրդը, բայց մնացինք հայ, որովհետեւ, երբ երկու հայ աշխարհի վրայ իրարու հանդիպին, ուր ալ ըլլան, կը ստեղծեն նո՛ր հայրենիք, եկեղեցի, դպրոց եւ ընտանիք:
Միացեալ նահանգներ տեղափոխուեցան մեծ թիւով հայ ընտանիքներ: Հաստատուելու եւ գոյատեւելու հարցը շատ լուրջ էր այս հսկայական երկիրին մէջ: Շատ հայրենասէր անհատ մը եւ իր շրջապատը մտածեցին, որ անկասկած ամէնօրեայ հայկական վարժարանը անհրաժեշտ է ներկայ եւ գալիք սերունդները հայ պահելու համար:
Այսպիսով, Գաբրիէլ Ինճէճիքեան նախաձեռնեց եւ շնորհիւ իր աննկուն կամքին, բան չխնայեց, թէ՛ անձնական եւ թէ իր գաղափարակիցներուն օգնութեամբ 50 տարի առաջ հիմնեց Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր առաջին ամէնօրեայ հայկական ազգային վարժարանը՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանը:
Սիրելի ընթերցող, այս նախաբանը նմանեցաւ հայոց պատմութեան դասընթացքի մը: Ներեցէ՛ք, բայց եթէ մեր սիրելի վարժարանը չհիմնուէր ճիշդ ժամանակին, մեր ազգը հաւանաբար պիտի կորսնցնէր սերունդ մը եւ յետոյ անկարելի պիտի ըլլար յաջորդող սերունդները հայ պահել: Սիրելի պարոն Ինճէճիքեան, «վարձքդ կատա՛ր». քու բարի նպատակով եւ նուիրումով, ամերիկահայութեան ընծայեցիր հայ մնալու հնարաւորութիւնը:
Ահա հասած է այն շատ գեղեցիկ, յուզիչ եւ միաժամանակ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ լեցուն պահը: Նոյեմբեր 2014ի Գոհաբանութեան օրը տեղի ունենալիք համահայկական «թելեթօն»ին ընթացքին, երբ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աշակերտները իրենց անունները տալով, սրտի խօսքերնին պիտի ըսէին եւ վարժարանի նուիրատուութեան գումարը յայտարարէին:
Պատրաստուեցէ՛ք սիրելի ընթերցողներ ինծի միանալու եւ անսահման ուրախութեանս բաժնեկցելու: Այդ խումբին մէջ կային չորս տարբեր տարիքի եւ հասակի աշակերտներ, որոնց մեծ հայրերը ծնած էին Միացեալ Նահանգներ: Երբ 12րդ դասարանի աշակերտ Արմանտ Քէօսեան իր անունը տալով, իր սրտի խօսքը պիտի ըսէր, անդրադարձայ որ այս բարձրահասակ եւ հպարտ հայեացքով երիտասարդը թոռնիկն է ամերիկահայ Արմանտ Քէօսեանի, որուն անունը կը կրէ ան: Անոր յաջորդեց Սօսէ Յովհաննէսեան որ թոռնիկն էր ամերիկահայ Փրոֆեսէօր Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի: վերջապէս, երկուորեակ քոյր ու եղբայր՝ Կրէյս- Համեստ եւ Անտրու-Մանուէլ Սըրիմեաններ, որոնց մեծ հայրը Մանուէլ Սըրիմեան նաեւ ծնած էր Ամերիկայի հեռաւոր ափերուն վրայ:
Ապրի՛ք դուք թանկագին մեծ հայրեր եւ հպարտ թոռնիկներ: Յիշատակը անմար մնայ այն մեծ հօր, որ քառասուն տարի առաջ մահացաւ եւ այս օրը չտեսաւ: Իսկ ի՞նչ բառերով կարելի է յարգանք եւ շնորհակալութիւն յայտնել մեր մեծ հայրերուն ծնողներուն, որոնք եղեռնի ցաւը կրելով իրենց սիրտերուն մէջ, հաստատուեցան այս ափերուն եւ գոյութեան պայքար մղելով՝ հայ մնացին հոգալով մէկտեղ իրենց ընտանիքներուն ապրուստը։
Հայկական վարժարաններն են պատճառը այս շատ գեղեցիկ երեւոյթին: Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան եւ քեզ յաջորդող վարժարաններ՝ սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ:
Թուրքերը ձախողած են, այլեւս պէտք է ընդունին իրենց ոճրագործութիւնը: Ո՛չ ոք կրնայ հայ ժողովուրդը արմատախիլ ընել:
Սիրելի՛ աշակերտներ, ապրի՛ք երկար ձեր մեծ հայրերուն եւ ծնողներուն օրինակով, անխախտ քալեցէ՛ք իրենց հարթած ճանապարհով: Հպա՛րտ հայեացքով եւ բա՛ց ճակատով շարունակեցէք պահանջատէր ըլլալ եւ յիշատակը յարգել մեր Սուրբ նահատակներուն:
Ես 51 տարեկան հպարտ հայուհի մըն եմ: Բախտը ունեցած եմ յաճախելու Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան, ապա՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան:
Փա՛ռք կու տամ մեր ազգին եւ իր վարժարաններուն:
Այո՛, Հայոց վարժարանները յաջողած են: