Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Խնդանք, Թէ Լանք. Հայերէնի Ուսուցումը Ուրկէ՞ Սկսինք…

ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ

Քանի մը շաբաթ առաջ Գէորգ Պէտիկեանը հայոց լեզուի մասին ուշագրաւ յօդուած մը գրած էր «Ասպարէզ»ի մէջ, կապուած հայերէնով տպագրուած վարորդական գրքոյկին մէջ ահռելի քանակի տառասխալներու եւ անըմբռնելի շարադրանքի համար:
Յարգելի բարեկամ, Գէորգ Պէտիկեան, ես ալ նոյն ապրումները ունեցած եմ վարորդական վկայականս փոխած ժամանակ: Բայց զո՞վ մեղադրել, եթէ ոչ մենք զմեզ՝ հայերս, աւելի ճիշդ այն հայը, որ կառավարական հիմնարկին (DMV) յանձ-նարարականով անգլերէնէ հայերէն թարգմանած է Քալիֆորնիոյ նահանգի վարորդական օրէնքները:
Ատոր հակառակ, վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին իւրաքանչիւր հայ իր ընտանիքի նամակատուփին մէջ գտաւ մաքուր արեւելահայերէնով անգլերէնէ թարգմանուած ծաւալուն քանի մը նամակներ՝ կապուած Medicale-Medicare-ի նոր օրէնքներուն հետ: Կը նշանակէ, թէ մեր համայնքին մէջ կան լաւ հայերէն գիտցող անհատներ: Անոնք, որոնք պիտի դասաւանդեն ամերիկեան դպրոցներու մէջ:
Հապա ի՞նչ ըսենք մեր ամերիկեան դպրոցներուն մէջ աշխատող այն հայ «թարգմանի»չ ուսուցիչներուն, որոնք այդքան պատասխանատու պաշտօն ստանձնելէ առաջ պարտաւոր են գէթ տարրական հայերէնէն տեղեակ ըլլալ:
Հայոց լեզուին շուրջ ծաւալուած վլվլուկը դեռ երկար կրնայ շարունակուիլ, եթէ պետական միջամտութիւն չըլլայ այս յոյժ անհրաժեշտ հարցին վերաբերեալ:
Վերջին քսան տարուան ընթացքին բազմաթիւ գրողներ, մտաւորականներ քանի մը տասնեակ յօդուածներ գրեցին մեր լեզուն մաքրելու, միասնական ուղղագրութիւն որդեգրելու հարցին շուրջ, սակայն, ինչպէս կեանքը ցոյց կու տայ՝ «սայլը տեղէն չի շարժիր»:
Մինչ այս, խումբ մը մտաւորականներ բազմիցս փորձած են իմանալ կարծիքս մեր այսօրուան լեզուի անմխիթար վիճակին մասին, բայց ես մշտապէս խուսափած եմ յստակ լուսաբանումներ ընելէ՝ ա՛լ աւելի չբորբոքելու համար իսկապէս օրուան նիւթ դարձած հարցին շուրջ: Սեփական կարծիքս չյայտնելու լաւագոյն «փախուստն» ալ հարցը հայրենի լեզուաբաններուն վրայ բարդելն էր… «Լեզուաբաններ կան, թող անոնք զբաղին այդ հարցով», ըսած եմ միշտ, գիտնալով հանդերձ, որ անոնք ոչինչ կրնան ընել Հայաստանի համար այս անել ժամանակներուն:
Սակայն մենք՝ սփիւռքաբնակներս, ինչպէ՞ս կը պահենք մեր լեզուն, ի՞նչ լեզուով կը խօսինք, ինչպէ՞ս կը գրենք: Հաստատուած ճշմարտութիւն է. լեզուն կը սորվին մանուկ հասակէն, մանկապարտէզէն, դպրոցի առաջին դասարանէն սկսեալ:
Սփիւռքի մէջ բնակող հայուն համար պարտաւորիչ է գիտնալ մէկ լեզուի երկու ճիւղաւորումները՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, որոնք մեր հարստութիւնն են:
Այժմ եկէք տեսնենք, թէ հայերէնի իմացութեան ի՞նչ մակարդակի տէր են Կլենտէյլի եւ անոր յարակից շրջաններու ամերիկեան դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող հայ մանկավարժները, որոնց պարտքն է ոչ միայն մաքուր, անթերի հայերէն գիտնալ եւ գրել, այլեւ նոյնը փոխանցել մեր մատաղ սերունդին:
Եւ, որպէսզի մերկապարանոց (բացայայտ) ըլլայ մեր ըսելիքը՝ խօսինք փաստերով:
Անմիջապէս ըսեմ, որ ոչ մէկ միջնորդութիւն պիտի ընեմ, պիտի վերարտադրեմ ծանուցումէ մը յատուածներ, այնպէս ինչպէս որ կայ: Վստահ եմ, ընթերցողներէ ոմանք կրնան մոլորուն վիճակի մատնուիլ, եւ նոյնիսկ սրտխառնուք ունենալ…
Դպրոցին մէջ, երեխայիդ ձեռքը կու տան թռուցիկ մը, որուն մէկ երեսը անգլերէն է, իսկ միւսը՝ անճոռնի ձեռագիրով եւ գրեթէ անընթեռնելի «հայերէնով» ծանուցում մը: Ահա այդ գլուխ-գործոցներէն մին.
«Մենք քալիֆօրնիաում արեւ սիրում ենք, բայց շատ արեւը վատ է. Արեւը իրանից ուլթրամանուշակ ճառագայտ է դուրս տալիս եւ եթէ մենք մեր երեխերքին չը պահպա-նենք երբ որ նրանք արեւի մէջ խաղում են, այդ լոյսը կարող է մարմնի կաշին այրի, աչքերին վնասի եւ կաշուի քաղցկեղ (cancer) պատճառ լինի: Մեր թաղամասում պատահած օրերը նոյնիսկ հինգ ռոպէ բաւական է:
Դուք կարող էք ձեր երեխային երկարաթեւ թիշերթ եւ երկար տաբատ (բայց թեթեւ) հաքցնէք եւ տրանք օթօմատիկ կը պահպանի երեխային եթէ իրարու կպած լինեն»:
Ահա քանի մը պարբերութիւն մէկ այլ թռուցիկէ.
«… Կոստոյմները որոնք չլինեն կատաղի կամ վախենալի:
… Կոստոյմները չը պէտքէ կապակցութիւն ունենայ մահւան եւ արեան
… Զգեստները չը պէտքէ մերկ լինի կամ ցոյց տալ ուսերը»:
Անգրագիտութեամբ, թող ներուի, տգիտութեամբ առլի այս թռուցիկները հարիւրաւոր օրինակներով մտած են հայ ընտանիքներէն ներս, եւ մարդիկ, ծնողներ, ձայն չեն բարձրացուցած այսքան եղկելի երեւոյթին համար, ակամայ դառնալով մասնակիցը նման իրականութեան:
Ի՞նչ կը կարծէք, հայերէնի ուսուցման առաջին քայլը Սփիւռքի ուսուցիչներէն չսկսի՞նք… կարծեմ թէ՝ այո…

Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles