ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կարծես տրամադրութիւն ըսուածը սանկ տեսակ մը «բան» մըն է, որ շատ բարակ թելէ մը կախուած կ՛ըլլայ եւ որ անախորժ լուրով եւ վիճաբանութիւնէ մը ծնունդ առած ցնցումով մը կրնայ շուտով փրթիլ ու իյնալ ու պատճառ դառնալ, որ դուն ըլլաս անտրամադիր, մտահոգ, անխօս, լուռ ու շրջապատէդ կամաւոր ձեւով անջատուած:Ես ալ նման իրավիճակի մէջ էի այդ առաւօտ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ: Ուստի փորձեցի համակարգիչիս դիմաց նստիլ ու դիմատետր-«ֆէյսպուք»ովս կապուիլ բարեկամներուս հետ՝ անաղմուկ: Թերեւս փոխուէի: Չեմ յիշեր, որքան ատեն այսպէս մնացած էի մեղաւորի դէմքով, օտար լուրերուն անձնատուր, խառնակ յոյսերով եւ շփոթ միտքերով: Միայն այն գիտեմ, որ ես ինքս չէի: Մտահոգ նայուածք մըն ալ ունէի: Կարծես երկար լռութիւններով սկսած էի ես ինծի խօսելու: Հաստատապէս ինծի չէր վայելեր նման կերպար: Յանկարծ, ով հրաշք, դուրսէն ութ տարեկան մեր թոռնուհիին ուրախ պոռչտուքը լսեցի: Պատերէն ներս ձայնը ալիք տալով հասած էր մինչեւ սենեակս:
Այսօ՞ր, այս ժամո՞ւն: Խէր ըլլայ: Շուտով յիշեցի: Դպրոցական արձակուրդներէն մէկն էր, ու մեր Վանան որոշած էր մեզի, իր պապիկին ու նանիին մօտ մնալ: Քանդուած ու նոյնիսկ փշրուած տրամադրութիւնս, յանկարծ վերակենդանացաւ: Շունչ մը քաշեցի, երկար ու բարակ եւ ապրելու երջանկութիւնը զգացի երակներէս ներս: Աչքերս փայլեցան: Աշխարհս փոխուեցաւ: Դէմքս նոր գոյն ստացաւ ու շրթներուս նստաւ լայն ժպիտը: Յստակ էր, թէ օրը ախորժալի շարունակութիւն պիտի խոստանար:
Պապիկ ըլլալ. իսկապէս ի՜նչ լաւ բան է: Հաւատացէ՛ք:
Ուստի արագ մը սենեակիս մէջ զինք դիմաւորելու համար ոտքի ելայ, բայց ինք արդէն ինձմէ առաջ շարժելով՝ դուռը արագ մը բանալով, նոյնքան համարձակ «պաաապ«իի՜կ» պոռալով վազեց գիրկս: Հիմա հաստատապէս սենեակիս մթնոլորտին մէջ խառնուած էր նոր բան մը, որուն անունը կարօտ էր: Գրկընդխառնուեցանք երկար եւ ամուր: Կարծես տարիներով զիրար չէինք տեսած: Չէինք հանդիպած: Չէինք խօսած: Մինչ ինք ինքնագոհ կը բազմէր աթոռիս վրայ, ես անհամբեր կը սպասէի իր հարցումներուն: Մեզի հետ ըլլալուն սէրը աչքերուն մէջ կը շողար:
– Պապի՛կ, ի՞նչ կ՛ընես, նորէ՞ն «ֆէյսպուք» բացած ես. նորէ՞ն պիտի կարդաս եւ պիտի գրես, ո՞վ է այս մարդը. որո՞ւն հետ կը խօսիս, ասիկա ի՞նչ է:
Ծարաւ եւ սուր հետաքրքրութիւն: Եկուր եւ բացատրութիւն տուր: Կինս չէր բաւեր, հիմա այս մէկը: Հաճելի եւ ուրախալի: Աչքերուն մէջ դարձեալ նկատեցի ազնիւ որոնում մը եւ ըստ սովորութեան՝ բոլոր հարցերուն անկաշկանդ մօտենալու կամք: Ինծի համար համարձակ ու նոյնքան ալ մտածող աղջիկ մըն է Վանան: Ուստի աթոռ մը քաշելով նստայ իր մօտ եւ պատրաստուեցայ իր հարցումներուն պատասխանելու: Հիմա հետն էի: Ինքզինքս լաւ կը զգայի: Խօսիլ սկսայ: Սակայն յանկարծ աչքիս տակէն նկատեցի, որ գլուխը անհոգ սկսած էր շարժելու: Դժգոհանքի նշան էր: Հանաւաբար միտքին մէջ ուրիշ «բաներ» շարուած էին: Դէմքէն յայտնի էր:
Իմ կարգիս, այդ վայրկեանին վերջին դէպքը յիշեցի: Պատահարը թարմ էր միտքիս մէջ, ականջներուս մէջ ալ՝ կնոջս խնդուքը: Այսպէս, անցեալ շաբաթավերջին էր, երբ սեւաչեայ գանգուր մազերով մեր Վանան ուզած էր իրեն հետ՝ ես ալ, իր պուպրիկներով «դպրոց-դպրոց» խաղայի: Արդէն ինք պաշտօնները ճշդած էր: Ինծի կը մնար միայն հնազանդիլ: Դպրոցի տնօրէնուհին ինք պիտի ըլլար, եւ ես ալ՝ երգի «օրիորդ պապիկը» ու «անկենդան» աշակերտներուն պիտի սորվեցնէնք Շաբաթօրեայ մեր վարժարանէն իր նոր սորված Վարդանանց երգը:
Ինք նախ դիմացս շարեց բոլոր պուպրիկները իրենց հայկական անուններով եւ վերջը՝ սկսաւ խօսելու անոնց եւ երգը բացատրել: Երեւակայեցէ՛ք, ես այս տարիքիս ու՝ պուպրիկներ: Ապա երգին բառերը կրկնեց եւ ապա սկսաւ իր անուշ ձայնով երգել ու դառնալով «աշակերտներուն» հրամայեց, որ իրենք ալ երգեն: Ուղղակի երգի օրիորդ: Ահա քեզի պատմութիւն: Ոչ մէկ ձայն: Յետոյ իբրեւ ամէնէն չարուկը, Յովիկ անունով պուպրիկ-աշակերտը ինծի տուաւ ու թելադրեց, որ լաւ հսկեմ: Այսքանով չվերջացանք: Ժամացոյցին նայեցաւ: Գլուխը կրկին շարժեց եւ ըսաւ, որ ինք «օֆիս» պիտի երթայ Յովիկին մօրը հետ այսօրուան անոր «ըրածներուն» մասին խօսելու: Ու հեռացաւ: Մնացի շուարած:
Ես ու անխօս ինը պուպրիկները: Ուսուցիչը ես էի, ուրեմն պէտք էր տնօրէնի հրահանգին հնազանդէի: Բայց ի՞նչ ընէի: Ի՞նչ կրնայի ընել, երբ այդ Յովիկ ըսուածը գիրկս էր, իսկ միւսները աթոռներուն վրայ շարուած, անխօս զիս կը դիտէին: Անկեղծօրէն մանկութեանս խաղալիք չէի ունեցած: Միայն հինցած ու անիւները փրթած, մեծ եղբօրմէս ինծի յանձնուած պզտիկ «օթօ» մը: Աղջիկ ալ չէի, որ գիտնայի, թէ ինչպէս կը խաղան կամ կը խօսին պուպրիկին հետ: Քոյր ալ չէի ունեցած: Իսկապէս շուարած էի: Համբերեցի: Սպասեցի շուրջ հինգ-տասը վայրկեան եւ մեր տնօրէնուհիէն ոչ մէկ ձայն: Ստիպուեցայ զինք մօտս կանչելու: Դարձեալ ոչ մէկ պատասխան: Ուստի Յովիկը գրկած իր «օֆիսը» գացի: Միայն կինս չտեսներ այս վիճակը: Մտայ մեր նստասենեակը: Աստուա՜ծ իմ, ի՞նչ տեսնեմ: Մեր «տնօրէնուհին» բազկաթոռիս մէջ նստած անհոգ ու հանգիստ «թիվի»ի իր յայտագիրը կը դիտէ: æղայնութենէս բարձրաձայն բողոքեցի.
– Աղջի՛կ, դուն հոս ի՞նչ կ՛ընես:
Զգացի, որ արդէն բարկացած կը պոռամ: Հոգս չէր:
– Պապիկ, համբերէ՛, Յովիկին մամային «թելեֆոնին» կը սպասեմ, հիմա կու գամ, գնա՛,- ըսաւ զիս համոզելու եւ ինքզինք արդարացնելու եղանակով մը:
– Քեզի ալ, Յովիկիդ ալ, Յովիկին մամային ալ,- ըսի աւելի բարձրաձայն եւ իրապէս ջղային եւ արագ սենեակս անցայ:
Ա՛ռ քեզի նորութիւն: Մեր տան խաղաղութիւնը շոգիացած էր արդէն: «Տնօրէնուհիս» սկսած էր «մէկ ձայնի» վրայ բարձրաձայն լալու: Հիմա եկուր եւ լռեցուր ու միաժամանակ այս տեսարանին ականատես կնոջս խնդուքն ու կշտամբանքներուն վկան եղիր: Որոշեցի սենեակիս դուռը կղպել ու ալ մտիկ չընել իր աղաչանքներուն: Այսչափ:
Իսկ այսօր: Հիմա: Դարձեալ նոյն հանկերգը: Սենեակին մէջ, ֆէյսպուքիս դիմաց. «Պապի՛կ, եկուր նորէն խաղանք» մը լսեցի աղաչական:
Է՜հ, աշխա՛րհ: Մարդ այս դարուն պէտք է ծնած ըլլայ եւ ոչ թէ անցեալ:
– Այս անգամ Նանիիդ հետ խաղցիր, այսօր անոր կարգն է,- ըսի համոզիչ ու փորձեցի այդ «փորձանքէն» դարձեալ ազատիլ: Կրկին խնդրեց: Մերժեցի: Գիրք կարդալ առաջարկեցի: Այս անգամ ինք մերժեց: Չեղաւ: Չյաջողեցայ համոզել: Յանկարծ տեղէն շարժեցաւ: Յօնքերը ծուռ դարձան, ուսերը վեր վար ելան, իջան ու քիթին տակէն դժգոհանքի բաներ մըն ալ մրթմրթալով դէպի դուռը յառաջացաւ:
– Ի՞նչ եղաւ նորէն,- ըսի բարձրաձայն:
– Մի՛ խօսիր հետս. ես նեղուած եմ,- ըսաւ ու քալեց դէպի դուռը:
– Եկո՛ւր, ի՞նչ կ՛ուզես, ըսէ՛, պապիկէն չեն նեղուիր,- ըսի ցած ու համոզիչ ձայնով մը:
Անօգուտ: Դուռը բացաւ ու դուրս ելաւ տխուր ու մտահոգ հերոսի նման, աշխարհ մը տանելով իր հետ: Յայտնի էր, թէ ուրախութիւնս ապրած էի կարճ պատմութեան մը նման: Յստակ էր նաեւ, թէ կեանքի մէջ ամէն ինչ ժամանակաւոր եւ պատահական է: Խանդավառութիւնս հալած էր: Չորցած: Կրկին անորոշութիւնը զիս կլանած էր: Մինչ ինք դուրսը արդէն սկսած էր կնոջս իմ մասին իր գանգատները շարելու, իրարու ետեւ:
– Պապիկը ինծի հետ չուզեր խաղալ… ֆէյսպուքով կը խօսի… Նանի, իրեն ըսէ՛:
Յստակ էր թէ խեղճին ձայնը երկար լացէն քաշուած էր արդէն:
– Նանի, հաճիս, ըսէ՛ իրեն, բարկացի՛ր,- կ՛աղաչէր մեր աղջիկը:
Այս մէկը պակաս էր, ըսի մտովի: Իրապէս, որ այս տեսարանը ինծի համար վիրաւորական էր: Օգնութիւն խնդրելը ջիղերուս «նստած» էր: Օգնութիւն՝ մանաւանդ կնոջմէս: Դաւաճանութիւն: Ինք հիմա պապիկէն նեղուելով «գետին միւս կողմը» անցած էր. հաստատապէս:
– Մի՛ լար,- լսեցի յանկարծ կնոջս ձայնը,- հանդարտի՛ր:
Կը զգայի, որ այս անգամ կնոջս ձայնը տարբեր ելեւէջներ ունէր:
– Նանի՛, պապիկը այսօր ֆէյսպուքահայերուն հետ միայն կը խօսի եւ ինծի հետ չուզեր խաղալ,- շարունակեց Վանան լալով ու պաղատելով եւ նոյնքան ալ դժգոհանքով:
Ականջներուս չհաւատացի: Ի՞նչ ըսաւ: Ֆէյսպուքահայ: Ա՛ռ, քեզի նո՛ր բառ եւ նո՛ր հայութիւն: Այս ուրկէ՞ բուսաւ: Գիւտ մը: Սփիւռքահայ ըլլալս գիտէի, նոյնիսկ հալէպահայ. սակայն ֆէյսպուքահայ. երբե՛ք միտքէս չէի անցուցած: Ահա՛, քեզի նոր վիճակ եւ երեւոյթ: Այս տեսակ հայը պակաս էր, ա՛յս ալ աւելցաւ: Ուրախացայ: Դէմքիս վրայ ժպիտ մը լայնցաւ: Վա՜յ աղջիկ, վա՜յ, ըսի մտովի: Սանկ ներքին զգացում մը զիս ստիպեց, որ որոշումս փոխեմ ու անմիջապէս թոռնիկիս մօտենալով գլուխը շոյեցի եւ ապա ձեռքը բռնելով «քալէ՜ խաղանք» ըսի ու նստասենեակէն դուրս ելանք:
Հիմա երկուքս ալ ուրախ էինք: Ինք ամերիկածին թոռնուհի մը, իսկ ես՝ ֆէյսպուքահայ պապիկ մը: