ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-68
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Այսօր ծառի մը տապալիլը տեսայ։ Անոր հաստ իրանը եւ երկնուղէշ հասակը կը փաստէին, թէ անիկա այս պարտէզին մէջ առաջին արմատ նետողներէն էր ու մարդուն առաջին շուք տուողներէն։
Այսօր մարդիկ տապալեցին զայն։ Միայն քանի մը ճիւղեր ունէր գոսացած, մնացեալը դալար՝ կ՛երգէին հովին հետ, դաւին անտեղեակ ու համոզուած՝ թէ դեռ ունակ են երկինքէն նոր բարձունքներ նուաճելու։
Մարդիկ «գործի» էին. գէջն ու չորը զատելու, միայն չորերը կտրտելով զայն թարմացնելու սիրտ չունէին. ծառ՝ շա՜տ։ Նոյնիսկ անոր խիտ սաղարթներուն մէջէն թռչուններուն առտուան սաղմոսերգութիւնը զանոնք չկասեցուց ոճիրէն։ Առաջին անգամ նման պերճաշուք ծառի սպանուիլը կը տեսնէի ու կեցայ, ինչպէս որ կը կենանք դիակառքի մը անցքին՝ հրաժեշտի յարգանքը տալու մէկու մը, որուն հետ նոյն կարճ միջոցին ապրած ենք այս մոլորակին վրայ։
Ծառին տապալիլը երկու վայրկեան տեւեց. սղոցը ոռնաց ու անոր երկու կողերուն խոր վէրքեր բացաւ. ապա վերջին զարկ մը եւս, ու անոր հուժկու մարմինը ճարճատիւնով ինկաւ գետնամած։ Մինչդեռ երկինքներ հասնելու համար անիկա տարիներու, օրերու, ժամ ու վայրկեաններու ինչպիսի՜ աշխատանք տարած էր, իր կենսատու աւիշը փոխանցելու ամէնէն հեռաւոր ոստերուն ու սաղարթներուն։ Որքա՜ն տոկացեր էր տաք ու պաղուն, նոյն ատեն հովանի ըլլալով մարդուն։ Ու հիմա երկու վայրկեանը բաւարար եղաւ մարդուն, անոր հեքիաթը ցեխերու մէջ տապալելու։
Ապա շղթաներ կապած անոր գլխատուած կոճղին՝ «թրաքթոր»ը քաշեց, հողէն հանեց զայն։ Ես ականատես եղայ անոր հարիւրամեայ պիրկ արմատներուն կտրտուելուն, ընդերքներու խորերէն «լոյս» աշխարհին մէջ չորնալու եկած անոնց անհեթեթ պարին։
Եւ արցունքի մէկական հատիկ աչքերուս մէջ՝ ազգիս ճակատագիրը տեսայ հոն։ Հազարամեակներու այս ուղեւորը որո՞նց ճամբան կը գոցէ, որո՞նք են, որ վերստին դաւեր կը նիւթեն անոր ու ան, անկարո՞ղ թէ անհասու կատարուածին, ղեկ ու թիակ յանձնած ալիքներուն, կը դեգերի ժամանակի ծովուն մէջ, մինչեւ ի սպառ հալիլը։ Կը դեգերի՝ իր անտունութեան համար մեղաւոր ճանչնալով իրմէ զատ բոլորը, առանց իր ներքին ուժերը արթնցնելու ճիգի, գինովի մը հեշտանքով ենթարկուած բախտի հարուածներուն, բախտի ետեւէն վազելով, երբ ան իր իսկ ափին մէջ պէտք է փնտռէ։
Արմատահան կ՛ընեն զմեզ, ծուէն-ծուէն կը ցրեն մոլորակով մէկ՝ անապատի խորշակէն քշուող աւազահատիկներու պէս։ Իսկ մենք, հօտային բնազդո՞վ իրարու ետեւէն երթալով, թէ գաղթականի անհանգստութիւնը մեր արեան ու բջիջներուն մէջ ներծծուած՝ միշտ խաբուսիկ երազներու պատրանքով կը լքենք արժէքներ, հող ու սերունդներու երթ ու տարերայնօրէն կը տրուինք հոսանքին, երբեմն ալ պատրաստ՝ զմեզ փոշիացնող ձեռքերը համբուրելու։ Կը հեռանանք մեր իսկ բերանով «Երկրորդ հայրենիք» յորջորջուած Սուրիայէն, կ՛երթանք ընդառաջ անորոշին, յաճախ՝ օտարներուն առջեւ նուաստացումներուն։
«Լաւ» կեանքի տեսիլքներով՝ կ՛իյնանք մեզի համար «մեծ» պետութիւններու հիւսած ստորին խարդաւանքներու ցանցը ու կը հեռանանք նաե՛ւ հայրենիքէն։
«Լա՜ւ կեանք», որքա՜ն յարաբերական հասկացողութիւն։ Մինչդեռ մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է պատմութեան առջեւ, քանի որ մեզմով միայն կրնայ գոյութիւն ունենալ հայրենիքը, հեռանալով մենք ինքներս զայն կը յանձնենք մեզմէ լաւ գնահատողներուն ու կը դառնանք անհայրենիք՝ փոշի։ Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի առնէ այս աղէտին առջեւը, վերջապէս ո՞վ եւ ինչպէ՞ս գերագոյն ճիգով մը խօսքէն գործի պիտի անցնի…
***
Այսօր ես ալ ծառ մըն եմ՝ բանուկ մայթի վրայ շուքս փռած ու անցող դարձողներու զրոյցներէն ակամայ պատառիկներ ունկնդրող։
Կիներ կ՛անցնին.
– Հինգ օր է ջուր չկայ. խոհանոցը շարուած վերջին շիշերն ալ պարպեցի այսօր…
– Ի՞նչ հինգ, ճի՛շդ շաբաթ մը եղաւ. այսօր կարգ մը տեղեր տուեր են, թերեւս սկսան տալու։
– Ելեկտրականութիւնը թող կտրեն, կը տոկանք, բայց առանց ջուրի կեանք չկա՛յ, ջուրը կեա՛նք է, քա՛,- անակնկալ գիւտ կ՛ընէ տիկինը, ինք ալ իր խոր փիլիսոփայութենէն զարմացած ու փորձելով դէմիններուն հասկցնել։ Բայց անոնք աւելի կենցաղային ոլորտի վրայ են.
– Լոգանքի հարցը ինչպէ՞ս ընենք, տասը օր է չենք լոգցած։
– Ես ակումբէն կրեցի երէկ, ուսերս կը ցաւին, այսօր ձեռքերս չեն բռներ…
– Չես ալ ուզեր տունդ մարդ գայ, ինչպէ՞ս հիւրասիրես, ետքը ամանները ինչպէ՞ս լուաս։
(Այսպէս, հիւրամեծար հալէպցին կը կորսնցնէ նաեւ իր աւանդական սովորութիւնները)։
– Մազս լուալու համար «քուաֆեր»ի գացի, երկու ժամ կարգի կեցայ, ատ ալ ջուրը վերջացաւ, պարապի սպասեցի։
– Լաւ որ օդը պաղ է, չենք քրտնիր…
– Լաւ էր, թէ որ վառելու մազօթ ունենայինք…
Ուրիշներ.
– Այս անգամուան նպաստը առի՞ր։
– Ես նպաստ չեմ առներ։
– Ինչո՞ւ…
– Մերիններուն երթալու քաշուեցայ, ուրիշներ ալ չեն ընդունիր։
– Քաշուիլը՝ ինչո՞ւ, քեզի տաս անգամ կշռողներ կ՛առնեն։
– Տեղեր ալ կան, որ ոեւէ մէկու կու տան, գնա՛, ամօթ չէ. ինչե՜ր կու տան՝ լուպիա, ձէթ, թոն, սարտին, բրինձ…
– Առնողներն ալ կը տանին, բրինձին քիլօն երեսունով նպարավաճառներու կը ծախեն։
– Ամա՜ն, ատ խեղճերուն քանի մը ղուրո՞ւշը կը հաշուես։ Անդին ի՜նչ շահողներ կան, ի՜նչ դրամներ կը դառնան, դուն կ՛ամչնաս երթալ առնելու…
– Մարդիկ կան՝ քանի մը տեղերէ կ՛առնեն։
– Լա՛ւ, ինչո՞ւ անանկ կ՛ընեն, որ մէկը լիանայ, միւսը զրկուի։
– Աշխարհը ծուռ եկեր է, ծուռ ալ կ՛երթայ…
Ասոնք ալ անցած են փիլիսոփայութեան։
Ուրիշ կիներ.
– Երէկ Յակոբը շատ անտրամադիր էր։
– Ի՞նչ եղաւ նորէն։
– Տղոց հետ Skype-ով խօսեցաւ…
– «Քահրապա» (ելեկտրականութիւն-Խմբ.) ունի՞ք մը, որ կը խօսի։
– Չէ՛, դրացիին «ամփերէն պաթարիա»ն լեցուց ու խօսեցաւ։
– «Պաթարիա»ին հայերէն մարտ-կոց կ՛ըսեն։
– Դո՜ւն ալ… պարտկոց է, ի՞նչ է, թէ որ ըսեմ՝ ո՞վ պիտի հասկնայ։ Հա՛, տղոց ըսաւ, որ մութին ու պաղին նստեր ենք, շաբաթ մըն է չենք ալ լոգցած։ Անոնք կատակի առին, ինք ալ նեղուեցաւ, թէ անհոգ են, մեզի չեն խորհիր, մեր վիճակը չեն հասկնար…
– Քա՛, «չոճուխները» (երեխաները-Խմբ.) ի՞նչ թող ըսէին, իրենց ալ մտահոգութիւն է, բայց ձեռքերնէն ի՞նչ կու գայ… Քեզի բան մը ըսե՞մ՝ կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ։
Տիկինը այսպէս հարցը լուծեց, իսկ ես խորհեցայ՝ եթէ այս պատերազմը մեր տիկինները շատ բաներէ զրկեց, բայց փոխարէնը անոնք շատ ճկուն միտք ունեցան ու յաճախ փայլուն փիլիսոփայական գիւտեր կ՛ընեն։
Երկու շուարած հայեր.
Այր մը կը մօտենայ մայթին նստած խանութպանին, կը բարեւէ ու՝
– Դուն դեռ հո՞ս ես…
– Հո՛ս եմ, ո՞ւր երթամ։
– Ամէն մարդ ո՞ւր կ՛երթայ. այսօր մէկու հետ կը նստիս կը զրուցես, վաղը ձայնը Ֆրանսայէն կամ Քանատայէն կու գայ։ Լուր ալ չեն տար, կարծես իրենց ճամբուն արգելք պիտի ըլլաս։ Դուն Հայաստանի «փասփոր» առի՞ր մը…
– Առած եմ, ինչո՞ւ…
– Լաւ որ առեր ենք, հիմա գործի կը ծառայէ. Ամերիկան հայկական «փասփոր» ունեցողներուն վիզա կու տայ։
– Գիտեմ, «Հայ տուն»ը Քանատա կը տանի…
– Չէ՛, ասիկա ուրիշ է. տանողը Ամերիկան է, եօթանասուն հազարի խօսք կը դառնայ։
– Ինչո՞ւ, հոս այդչափ հայ մնա՞ց մը։
– Ուրկէ կ՛ուզես դիմէ, միայն հայ ըլլաս ու «փասփոր» ունենաս։ Փրկութիւն է, գարտա՛շ (եղբայր-Խմբ.)…
– Փրկութի՞ւն է, թէ ռեզիլութիւն (խայտառակութիւն-Խմբ.), ի՞նչ եղաւ մէկէն որ մեզի գիրկ կը բանան. թո՞ւրքը ականջնուն բաներ մը փսփսաց։
– Է՛, կրնայ ըլլալ…
– Ո՞վ կը հասկնայ, թէ ինչ կը դառնայ, բայց բան մը յստակ է՝ կը պարպեն Հայաստանը ու հիմա ալ՝ Հալէպը։ Եղեռնի 100 տարին կը նշենք. ասիկա եղեռն չէ՝ ի՞նչ է…
– Է՜, ի՞նչ ընենք, երէկուան «հաուն»ներէն քանի՜ հոգի մեռաւ…
Միւսը ոտքի է, քիչ առաջուան խանդավառութենէն հետք չէ մնացած։ Թերեւս ալ եկած էր իր մեկնումը բարեկամին յայտնելու, բայց առանց ըսել համարձակելու, կը հեռանայ՝ աշխարհի հոգերուն տակ կքած, ղեկ ու ղեկավար, նաւ ու թիակ կորսնցուցած գաղթական հայը…