Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ինչո՞ւ Անտեղի Եւ Փուճ Սա Մահերը…

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

«2014ի առաջին կիսամեակին, Հայաստանի ճամբաներուն վրայ 1370 վթար արձանագրուած է՝ ըստ երթեւեկութեան հսկող ոստիկանութեան պատասխանատու անդամ Նորիկ Սարգսեանի: Տարուան առաջին վեց ամիսներուն պատահած վթարները արժած են 133 մարդու կեանք եւ 1925 վիրաւոր: Եթէ մահացածներու թիւը անցեալ տարուան հետ բաղդատած տասով նուազած է, ապա փոխարէնը՝ վթարներու թիւը աւելցած է 149ով եւ ծանր վիրաւորներունը՝ 178ով: Ծանր վթարներուն թիւը նոյնպէս անկում կրած է: Ըստ Նորիկ Սարգսեանի՝ այդ մէկը կը պարտինք ոստիկանական աւելի ազդու եւ աչալուրջ ներկայութեան եւ ապահովական գօտիներու պարտաւոր գործածութեան: Ըստ Սարգսեանի՝ նոր մեքենաներու թիւը նոյնպէս աւելցած է: Արդարեւ, այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն 22,000 նոր մեքենաներ ներածուած են Հայաստան, ինչ որ կը համապատասխանէ ամբողջ նախորդ տարուան ընթացքին ներածուածներու թիւին: Ուրիշ կարեւոր մանրամասնութիւն մը. արկածով մահացածներու մէկ երրորդը եղած են հետիոտն քալող անցորդներ, որոնք միշտ չէ որ երթեւեկութեան օրէնքները կը յարգեն։
Երէկ, ամբողջ գիշերը զառանցեցի ու դժուարաւ կրցայ աչքերս փակել: Երանի՜ թէ ուշ գիշերին, կէս քնոտ վիճակի մէջ, հեռուստատեսիլին առաջ բազմած չառնէի զգետնող ու ակամայ մարդուս տրամադրութիւնը քայքայող սա վատ լուրը, թէ եւրոպական երկիրներու տարածքին, իմ սիրելի հայրենիքս երթեւեկութեան երկրորդ ամէնէն մահացու արկածներ ունեցող երկիրը դասուած է…
Ահա՛ քեզի ջիղերդ քանդող լուր մը…
Ամիսներ առաջ, չեմ յիշեր ո՞ր աղբիւրէն ստացած էի ֆրանսերէն ե-նամակ մը, զոր ապահով տեղ մը կը պահէի, ու ձեռքս չէր երթար զայն թարգմանելով՝ յօդուածի նիւթ դարձնելու: Կարծես մարգարէացեր էի գալիքը եւ ենթագիտակցաբար կը սպասէի աւելի ցնցիչ լուրի մը, որպէսզի նստելով՝ ինքնաշարժի վթարներու վերաբերեալ կէս մասնագիտական այս փորձագրութիւնը գրէի: Երանի՜ բնաւ չներկայանար տխուր այդ առիթը…
Տասնամեակներու ընթացքին, ճշգրիտ ըլլալու համար, 1966էն ի վեր հայրենիք կատարած այցելութիւններուս միջոցին, որպէս արհեստավարժ աւտովթարներու (ինքնաշարժի արկածներու-Խմբ.) մասնագէտ ու սրտցաւ հայ, ուշադրութեանս առարկան ու կիզակէտը հանդիսացած է Հայաստանի մէջ կիրարկուող երթեւեկութեան կանոններն ու մեքենաներու ճամբայ-յարմարութիւնը, կամ ալ անոնց նորոգութեանց որակն ու յաճախականութիւնը, որոնցմէ կախեալ են վթարներու թիւն ու մահացու էութիւնը: Առաջին օրէն իսկ ուշադրութեանս արժանացած է մայրաքաղաքի եւ շրջաններու երթեւեկութեան մէջ տիրող անիշխանութիւնը, զանազան չափի մեքենաներու վարորդներուն անհարկի «ռիսքոտ» քշուածքն ու «քամիքազեան մաչօ» մտայնութիւնը… Մասնաւորաբար՝ ճամբորդատար մեքենաներու անխնամ վիճակը: Իրավիճակ մը, որ զանազան առիթներով ինծի ալ բաժին ինկած է։
Մեքենագէտի ասպարէզին մէջ մասնագիտացած ոեւէ անհատ, երբ մեքենայի ղեկին ետեւը նստի կամ անոր շարժավարին մօտիկ, քանի մը վայրկեանէն մօտաւորապէս կրնայ ախտաճանաչել այդ մեքենային ունեցած «փրոպլեմ»ները եւ զայն վերականգնելու համար պահանջուած նորոգութիւններու տարողութիւնը:
Երբ Սիէրա Լէոնէի մէջ «Ֆիաթ» ինքնաշարժներու ընկերութեան նորոգութեան պատասխանատու էի, հազիւ Ֆրիթաուն քաղաքէն դուրս նետէիր ոտքդ, ճամբաները այնքա՛ն նախնական ու վատորակ վիճակ մը ունէին, որ իսկոյն նոր տիպի մեքենաներու կառուցուածքային թերութիւնները ի յայտ կու գային… Յաճախ, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի «Ֆիաթ» ընկերութենէն հրաւէր կու գար, որպէսզի Իտալիա մեկնէինք, մատնանշելու համար նոր տիպի մեքենաներու թերութիւնները ու տեղացի մասնագէտներու հետ բաժնէինք մեր փորձառութիւնները:
Հայաստան նախավերջին մեր այցելութեան, թաքսի մը պատուիրեցի՝ Համահայկական համագումար ուղղուելու համար: Հազիւ մեքենան շարժեցաւ, զգացի, թէ այդ մետաղեայ ձողերը, որոնք ղեկը կը կապեն անիւներուն (Tie rod ends) վտանգաւոր կերպով փճացած էին եւ կրնային որեւէ ատեն շարքէն ելլելով՝ ահաւոր արկածի մը պատճառ դառնալ ու երեւանեան փողոց մը «ճանք եարտ»ի վերածել: Հասուն տարիքի շարժավարի ուշադրութիւնը հրաւիրեցի մեքենայի ողորմելի վիճակին վրայ: Մարդը խուսափողական պատասխան տուաւ։
- Վարպետ ջա՛ն, իրաւունք չունիք ձեր յաճախորդին եւ միւս անցորդներուն կեանքերը վտանգելու,- ըսի ու գումարը վճարելով՝ իջայ «խուրտա» մեքենայէն:
Իսկ գալով մանչուս՝ Արմէնի պսակադրութեան, հարսնեւորներս Սեւանա լիճի մօտակայքը գտնուող մատուրը տանող լիմոյի «շաք-ապզորպըր»ները ճամբու կիսուն յանկարծ ֆշշացին, ու մեքենայի յետնամասը սկսաւ ետեւի անիւներուն քսուելու՝ վտանգելով ճամբորդներուս կեանքը եւ անհարկի սպասումի մատնելով պսակադրութեան արարողութիւնը կատարող հոգեւոր հայրերն ու պատուական հիւրերը։
Երթեւեկութեան մահացու արկածները միայն մեքենաներու թերի վիճակին կարելի չէ կապել: Կայ նաեւ հայ տղամարդուն մօտ տիրող ու անիշխանութեան հասնող «մաչօ» մտայնութիւնը՝ դիմացի մեքենայի վարորդը ընկճելու, կամ ալ Հայաստանի զանազան ազատուղիներու վրայ առնուած անտեղի ռիսքերը… Մեր վերջին այցելութեան, փոքր ճամբորդատար մը վարձելով՝ շրջեցանք երկրի մէկ ծայրէն միւսը: Շարժավարը յիսունի շուրջ զարգացած անհատ մըն էր: Երբ քաղաքէն դուրս ելլելով ազատուղիները մտանք, ցաւով նկատեցինք, թէ ան անհարկի ռիսքեր կ՛առնէր, յատկապէս երկար ոլորուն դարձուածքներու ատեն: Եթէ յանկարծ դիմացէն եկողն ալ մեր վարորդին նման ռիսք առնէր ու աչքակապերով ճամբուն մէջտեղէն յառաջանար, անպայման մահացու արկածի մը զոհ պիտի երթայինք զոյգ մեքենաներու ճամբորդներս:
Քաղաքավարօրէն, վարորդի ուշադրութեան յանձնեցի մտահոգութիւնս, զոր մեր բարեկամը, բնականօրէն, տեղացիներու «գիտեմճի»ի մտայնութեամբ, ասպետօրէն չ՛ընդունեց։
- Դու անհոգ կա՛ց,- պատասխանեց ու հայելիին մէջէն զիս վերէն վար չափեց՝ «դու ղըզիկ սփիւռքահայ, հեռուէն եկեր ես մեզի մեքենայ վարե՞լ մը պիտի սորվեցնես…» ըսելու պէս: Մարդը չտեսնուած թեթեւամտութեամբ, մեր կեանքերը ափին մէջ պահելով՝ յիսուն տարուան արհեստավարժ վարորդիս մեքենավարութեան դասեր պիտի տայ, եղէր:
Յուսանք, որ անմիտ վթարներէն մահացածներու սարսափելի թիւը եւ Եւրոպայի տարածքին Հայաստան աշխարհի՝ այդ գետնի վրայ երկրորդ դասուելու իրողութիւնը մեր երանելի վարորդները զգաստութեան կը հրաւիրեն։
Անցեալ տարի Լիբանան մեր այցելութենէն ետք, տեղացի վարորդներուն մեքենայ վարելու սովորութիւը «աքլորամարտ»ի կամ «ցուլամարտի» նմանցուցած էի: Դժբախտաբար, նո՛յն հիւանդութենէն կը տառապին նաեւ հայաստանցի մեր եղբայրները: Այդ ուղղութեամբ օգտակար առաջարկութիւն մը՝ եթէ լսող ըլլայ…
Քանի մը շաբաթ առաջ, Գոհաբանութեան օրուան առիթով, Համահայկական հիմնադրամի թելեթոնը տեղի ունեցաւ: Անոր հասոյթով Վարդենիս-Մարտունի ազատուղին պիտի ամբողջացուի: Շա՛տ աղէկ. հարիւր տոկոս համաձայն ենք հետապնդուած գերազնիւ նպատակին: Ճանապարհը կեանք պարգեւող արեան երակ մըն է, որ իրեն հետ պիտի բերէ բազում բարիքներ: Այո՛, ճանապարհը կոչուած է կեանք պարգեւելու եւ ոչ թէ կեանքեր հնձելու: Իբրեւ վերեւը նշուած գարուն կեանքերով մտահոգ անհատ ու մեքենագէտ, առաջարկութիւն մը ունիմ Հիմնադրամի նուիրեալ ղեկավարութեան. եկէք հաւաքուած գումարէն երկու կամ երեք հարիւր հազար տոլար ներդնելով՝ Հայաստանի տարածքին հիմնենք տասնեակ մը փոքր աշխատանոցներ, որոնք ձրիօրէն քննութեան բովէն պիտի անցընեն ամէն տիպի ու մեծութեամբ մարդատար թէ ապրանքատար մեքենաները: Պարզապէս, մասնագէտ քննիչ մը եւ քարտուղար մը հարկաւոր է իւրաքանչիւր կայանի մէջ, կամաւոր կերպով ներկայացող մեքենաները բարձիչի մը վրայ բարձրացնելով՝ մատնանշելու անոնց նորոգութեան հարկաւոր խոցելի մասերը: Իսկ եթէ մեքենան նախապէս վթարի ենթարկուած եւ նորոգուած է, ապա այդ քննութենէն ի յայտ պիտի գայ նորոգութեան մակարդակը:
Միեւնոյն ատեն՝ երթեւեկութեան վտանգները կանխարգիլող, արհեստագիտական մօտեցումով ու հասկնալի լեզուով դաստիարակիչ գրքոյք մը տպել, տեսաերիզ պատրաստել ու զանոնք ձրիօրէն բաժնել ամէն տարիքի վարորդներու, արթնցնելու համար անոնց սոցիալական գիտակցութիւնը: Եթէ այսպիսի նորարար միջոցառումներով զարգացնենք վարորդներու պատասխանատուութեան զգացումը, գոնէ մասամբ կանխած կ՛ըլլանք հայրենի ճամբաներուն վրայ պատահող հարիւրաւոր անտեղի արկածներն ու անոնց հետեւանք հանդիսացող փուճ մահերը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Latest Images

Trending Articles



Latest Images