ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-66
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Կը սիրեմ Աստուծոյ՝ մեզի տուած ամէն ինչ ու բոլոր եղանակները տարուան, բայց մանաւանդ հոգիիս հարազատ է «ոսկեհանդերձ ու միգասքող» Աշունը։ Դիւթանք՝ վեհ ու խաղաղ թախիծով կեանքին հրաժեշտ տուող բնութեան։
Աշնանային գեղեցիկ օր մը բարեկամուհի մը հեռաձայնեց ու հրաւիրեց մինչեւ դասի երթալս միասին նստելու գաւաթ մը սուրճի շուրջ։ Գիտէք, որ մեր քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ բնութեան որեւէ յիշեցում կը բացակայի, մինչդեռ հրաւէրը կու գար առաւել կանաչապատ ու ծառազարդ թաղամասէ։ Աշունը լիովին զգալու կարելիութիւնը իր տունին շուրջը կայ, յիշեցի ու որոշեցի երթալ, թէեւ գիտեմ որ… սուրճը պատրուակ էր միայն, ան լսողի պէտք ունէր, ու այդ նպատակին համար ես իտէալական թեկնածու էի։ Խաղաղօրէն ու վեհաբար մեռնող բնութեան գեղեցկութիւնը արդէն պայծառ թախիծով պարուրած էր հոգիս, երբ մտայ իր բնակարանը։
Առաջին իսկ բառը գանգատ էր ու ոչ՝ բարեւ։ Քանի մը նախադասութեամբ բոլորիս ծանօթ մեր վիճակէն գանգատելէ ետք, զգաց որ կը յօրանջեմ։ Իսկ յօրանջելու ձեզի ալ ծանօթ պատճառներ ունիմ, քանզի քաղաքիս կացութիւնը գրեթէ անփոփոխ է՝ մինչդեռ նոյն նիւթը բազմիցս ու շատերէ գրաւոր ու բերանացի կրկնուած ըլլալու տաղտկութիւնը ու շատ ծամուած պատառի անհամութիւնը ունի։ Յօրանջելով՝ այդ ուզեցի անդրադարձնել։ Ան խօսքը այլ ուղղութեամբ տարաւ՝ զիս հետաքրքրող նիւթ մը մէջտեղ բերելու ճիգով մը ու անցաւ Հայաստանին, ուրկէ վերջերս վերադարձած է, տարի մը հոն մնալէ ետք։ Երանի՜ «դրախտավայր» Ամերիկայէն դարձած ըլլար…
Պատկերացուցէ՛ք զրոյց մը, որմէ մէկ հոգի միայն կը խօսի՝ առանց դադար ու շունչ առնելու, միայն սեւ գոյն գործածելով, իսկ զրուցակիցը կը լռէ, անոր փոխարէն շունչ առնել կ՛ուզէ ու կը խուսափի անոր աչքերուն նայելէ, քանի որ իր ալ միտքերը շատ դրական չեն…
– Չ՛ապրուի՛ր հոն, մեզի համար դժուար է իրենց կեանքի կերպին վարժուիլը…
– Սղութիւնն ալ գլուխը առեր գացեր է, Հալէպը այս վիճակով Երեւանէն աժան է…
«Իսկ ես կը կարծեմ, թէ դուն երկուքն ալ «աժան» ծախելու պատրաստ ես», կը խորհիմ, բայց լուռ եմ, քանի որ ինծի խօսելու կարգ տուող ալ չկայ։ Ամբողջ կիրքով կը խօսի, ու առանց չափազանցելու կը զգամ, թէ ճնշումս բարձրացեր է (թէեւ առած էի դեղահատը), գլուխս կը ցաւի ու մարմինիս մէջ դող կայ։ Տպաւորութիւնս այնպիսին է, թէ ուր որ է Հայաստանը պիտի անհետի երկրին երեսէն, քանի որ՝
– Ամէն մարդ կը փախչի… (ճիշդ խօսքին ի՜նչ կրնաս ըսել…)։
– Հայ տղամարդիկ միայն տղայ զաւակ կ՛ուզեն ունենալ ու աղջիկ ըլլալու պարագային կ՛արգիլեն անոր ծնիլ…
– Բանակը անօթի է ու հոտած բանջարեղէն կ՛ուտէ, միս ո՞վ տուեր է, մեծերը կը կլլեն…
– Բանակին կէսը հաշմանդամ տղաք են, կարեւորութիւն չեն տար ու կը տանին, որ թիւ ըլլայ ու իրենք օգտուին (չհասկցայ թէ ինչպէս…)։
– Իրենցինները ապահով տեղեր կը ղրկեն, միւսները վտանգաւոր… թելեվիզիոնէն չտեսա՞ր ինչպէս…
– Ես Հայաստան չեմ բանար, քանի որ ուրախ լուրեր քիչ են, իսկ տխուրն ալ կը քանդէ զիս,- չափազանցեցի, հասկցնելու համար որ փոխէ նիւթը։
Ու սակայն Հայաստանի կործանումի մէկը մէկէն ծանր ու տգեղ պատկերներու նոր շարք սկսաւ, ուր հերոսները միայն հրէշներ ու անոնց զոհերն էին։ Զգացի, որ աւելի մնալը կատարեալ հիւանդանալ կը նշանակէր, ուստի դէմ գացի ինքս իմ նկարագիրին (մարդ վիրաւորել կարող չեմ. տկարութի՞ւն է թէ փափկանկատութիւն- դո՛ւք որոշեցէք,), ոտքի ելայ ու ըսի.
– Ձգէ՛ սա նիւթերը, տգեղ բաներու մասին լսել չեմ ուզեր։ Ապա, մեղմելու համար ըսածս, պատրուակեցի, թէ դասիս ժամը կը մօտենայ, թէեւ ժամի փոխուելէն անտեղեակ՝ կանուխ ելած էի տունէն։ Մինչեւ դուռին հասնիլս ու աստիճաններէն իջած միջոցիս ալ ան կը շարունակէր իր սկսածը…
Այսպէս՝ կատարելապէս ջախջախուած ելայ ու վարը ծանր շունչ մը առի։
Ալ որքան կ՛ուզեն թող ժպտին ինծի յասմիկները, ուշադրութիւնս գրաւելու համար փայլփլին կարմիրի այլազան երանգներով սքանչելի տերեւներ, շոյէ աշնանային ջերմ արեւը. ի զո՛ւր է. սիրտիս նստած քար մը կայ կարծես։ Ու կը խորհիմ՝ վրաս թափելէն ետք այսչափ ժխտական ու տգեղ լիցքեր, որոնց տուած ճնշուածութիւնը ես երկու օրէն դժուար թէ յաղթահարեմ՝ ինք հանգստացա՞ւ… ու ամէնէն կարեւորը՝ իր այդ կրքոտ ու անդադրում խօսքին ետին պատմածներուն մասին ցաւ կա՞ր, բան մը, որ մասամբ պիտի արդարացնէր միայն ժխտականը պատմող իր խօսքը, քանի որ մեզմէ շատեր սիրտի ցաւէն կը գանգատին հայրենիքի մէջ եղած սխալներէն։ Իր մէջ ցաւ չզգացի։ Ու մանաւանդ կը մտածեմ՝ արդեօք Հայաստան կոչուած երկրին մէջ ազնիւ մարդեր ու լաւ երեւոյթներ չկա՞ն…
***
«Օրագրութիւնս» խմբագրութեան ղրկելէ ետք, ամէն անգամ կը խորհիմ, թէ այլեւս նիւթ չունիմ գրելու։ Ու յանկարծ կեանքը զայն կը մատուցանէ ինծի, երբեմն կսմթելով հոգիս։ Արդէն կեանք մըն է, որ Հալէպ կ՛ապրիմ ու, հաւանաբար զգացիք՝ շատ բաներով շատերէ աւելի հալէպցի եմ։ Սակայն կան սովորական թուացող բաներ, որոնց հետ երբեւէ պիտի չհաշտուիմ…
Գիշերը առանց տեղէս ցատկելու քնացեր եմ, երեկոյեան ու նաեւ առաւօտուն ծորակէն ջուր կը հոսէր, առտու ելեկտրականութիւն կար ու յաջողեցայ համակարգիչով զբաղիլ (թէեւ չկար համացանց-ամէն երանի մէկտեղ մի՛ փնտռէք) ու այս բոլոր բարիքները ինծի խաղաղ ու լուսաւոր տրամադրութիւն ընծայած էին, երբ ելայ տունէն։ Ամէնօրեայ ճամբաս փոխել ուզեցի՝ միատեսակ օրերուս շղթային մէջ հետաքրքրութիւն մը գտնելու յոյսով ու գտայ…
Կ՛անցնէի բնակելի շէնքերու նեղուածքին մէջ ինզինք տեղաւորած ու իր ներկայութիւնը պարտադրած մեր եկեղեցւոյ՝ Ս. Խաչին քովէն։ Չեմ պահեր, որ ծայրայեղական եմ ու Հայ եկեղեցւոյ մէջ միա՛յն հայերէն կ՛ուզեմ լսել, անո՛ր կամարներուն տակ կրնամ աղօթել։ Մխիթարեաններու Ս. Ղազար վանքին մէջ հայերէն սորվելէն ետք (ո՛չ հացի համար) անգլիացի աշխարհահռչակ բանաստեղծ Պայրըն ըսած է, թէ հայերէնը Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն է։ Ես ալ նոյն կարծիքին եմ ու հպարտութեամբ կը կրեմ Մեսրոպին լեզուն, առանց մերժելու ուրիշներուն գոյութիւնը՝ իւրաքանչիւրը իր տեղը, ու մանաւանդ՝ արաբերէնի ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ։
Հայեացքով կը շոյեմ հայ եկեղեցւոյ մարգարտահատիկ կառոյցը ու պատին տակէն քալելով՝ կը տեսնեմ բակին մէջ հաւաքուած պատանիներու խումբ մը՝ քառասունէն յիսուն անձ։ Կը սիրեմ այս տարիքը, իրենց հետ կեանք մը անցուցեր եմ ու իրենցմէ հայերէն լսելու ակնկալիքով կը դանդաղիմ, պատրուակով մը կը կենամ։ Աւա՜ղ, անոնք աշխոյժ կը զրուցեն, կը կանչեն զիրար, կը կատակեն՝ միայն արաբերէնով։ Ս. Խաչ հայոց եկեղեցւոյ բակին մէջ, հայ ծագումով տղաք հայերէն չեն խօսիր… Ձեզի համար եթէ ընդունելի է, ես հաշտուիլ չեմ կրնար, որ մեր արիւնը անվերջ ու ամէն տեղ չորնայ այսպէս։
Բարեկամ մը համոզուած կ՛ըսէր, թէ հայ մնալու համար հայերէնը պայման չէ, ինք գիտէ Եւրոպա ու ԱՄն ապրող «հրաշալի տղաք», որոնք տաք հոգիներով հայեր են, առանց իմանալու հայերէն։ Կը հաւատամ, որ անոնք կան, բայց սա ինքնամխիթարանք- ցաւի լռեցում է միայն, քանի որ դարերը հակառակը փաստած են, ու քանի մը անհատներու գոյութիւնը փրկութիւն չէ, մանաւանդ որ խիստ կասկածելի է անոնց ընտանիքներէն ներս ալ հայ ոգիին ժառանգաբար շարունակականութիւնը… Հայահոծ Հալէպին մէջ իրենց արմատին խորթացած արաբախօս «հին հայերու» գոյութեան փաստը վկայ։
Ազգ մը ապրելու համար նախ պէտք է ուզէ, իսկ ուզելու համար ան ազգային հպարտութեան ու արժանապատւութեան հիմքեր ու պայմաններ պէտք է ունենայ. մենք ունի՞նք, իսկ եղածին տեղեա՞կ ենք…