Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Արաբունար-Քոպանի Կամ Քրտական Լենինկրատ

$
0
0


Համադրեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն, հակառակ միջազգային զանազան դէպքերուն, քաղաքական հորիզոնին վրայ գծագրուող երեւոյթներուն, դիւանագիտական խաղերուն, զինուորական բազմատեսակ գաղտնի կամ բացայայտ գործողութիւններուն, «արաբական գարնան» եւ անոր շուրջ հիւսուած յոյսերուն եւ ակնկալութիւններուն «շոգիացման», Սուրիոյ Արաբունար կամ քրտական Քոպանի քաղաքը տակաւին կը մնայ աշխարհի ուշադութեան ոսպնեակին կեդրոնը:
Հոն ամիսներէ ի վեր կը շարունակուի քաղաքի պաշտպանութեան կամ ձեռք ձգման համար ծանր պատերազը ծայրայեղ իսլամ ՏԱԷՇականներու եւ քիւրտերու միջեւ:
Մէկ խօսքով, այս քաղաքի գլխուն կախուած է բնակիչ քիւրտերու ֆիզիքական ոչնչացման վտանգը:
Ու նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք, երբ յիշենք, թէ Միջին Արեւելքի տարածքին, անկնյայտ ու տեսանելի դարձած է Իրաքի հիւսիսը գտնուող ինքնավար Հիւսիսային Քիւրտիստանի մը ներկայութիւնը: Նոյնպէս տակաւին քանի մը տասնամեակներ առաջ քրտական պետութեան մը ծնունդը իսկապէս անհնար կը թուէր ըլլալ քիւրտ ժողովուրդին:
«Clashes between ISIL and Kurdish armed groups». այս կը նշանակէ, թէ Քոպանին իրապէս մեծ նշանակութիւն ունի երկու եւ շրջանի բոլոր կողմերուն համար, թէ՛ իբրեւ աշխարհագրական դիրք եւ թէ իբրեւ կեդրոնատեղի: Մանաւանդ քիւրտերուն՝ որոնց համար այս քաղաքը մնայուն կեդրոնատեղի մը նկատուած է, թէ՛ իր դիրքով եւ թէ իր դիմագիծով:
Կասկած չկայ, որ հոն մղուած կռիւը բաւական ծանր է եւ արիւնալի: Նոյնիսկ Ամերիկա եւ իր դաշնակիցները ձեւով մը մասնակից են այս ամէնօրեայ մարտին, ի շահ քիւրտերուն:
Հիւսիսային Իրաքի մէջ կիսանկախ Քիւրտիստանի մը ներկայութիւնը առաւել եւս քաջալեր կը հանդիսանայ բոլոր քիւրտերուն, որ ոչ միայն Քոպանիի կռիւին համար մղեն կենաց մահու պայքարը, այլեւ վերջապէս ժամանակը հասած է, որ միանան:
Շատեր, որոնց մէջ քիւրտ պատասխանատուներ, Քոպանիի պաշպանութեան հարցը կը նմանցնեն ռուսական Լենինկրատի համար ռուս ժողովուրդի մղած պայքարին: Այսինքն Քոպանին քրտական Լենինկրատ մըն է, ուստի, ըստ իրենց՝ պէտք է ամէն բան զոհել, պէտք է պայքարիլ ամէն գնով, փրկելու համար զայն ծայրայեղականներէն, ՏԱԷՇականներէն կամ օտարներէն:
Ամիսէ մը աւելի մղուող այս պատերազմը նոյն այս վարկածին կը համընկնի:
Ներկայիս քիւրտերը ծանր ու արդիական զէնքերով զինուած են եւ վճռականօրէն որոշած են ունենալ իրենց ազատ եւ անկախ այս հողատարածքը:
Միւս կողմէ, դիւանագէտները կը պարզեն, թէ Թուրքիան մեծ դեր ունի այս բոլորին մէջ: Նախ յստակ է, թէ իրեն համար ցանկալի չէ տեսնել քրտական նոր ու անկախ հող մը, տարածք մը ճիշդ իր քիթին տակ եւ ապա միւս կողմէ, դարձեալ իրեն համար, ցանկալի չէ տեսնել ծայրայեղական իսլամներու կեդրոն մը նոյն վայրէն ներս:
Քիւրտերը տարիներէ ի վեր զինուորական մեծ, արիւնալի, վտանգաւոր ու ծախսալից գործողութիւններ կը նախձեռնեն թրքական բանակին դէմ Անատոլուի արեւելեան շրջանէն ներս: Այնպէս, կ՛երեւի, թէ այլեւս իրենց մէջ արմատացած է նոր եւ անկախ Քիւրտիստանի մը ներկայութիւնը:
Բայց ամէն ինչ չափազանց բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի:
Դիւանագէտներու համաձայն՝ Մերձաւոր Արեւելքի միւս բեւեռը՝ Թուրքիան, այլեւս քրտական շարժումի մը եւ անոր պետութիւն մը կազմելու իրականութեան առջեւ չի կրնար շրջանէն ներս իր մեծ ղեկավարի դերը շարունակել:
Պարզ է, որ Թուրքիան այլեւս չի կրնար ստանձնել իր «հին» դերը, որովհետեւ աշխարհի մեծ պետութիւնները թոյլ չեն տար, որ միաւորուին թրքալեզու պետութիւնները:
Պէտք է նաեւ աւելցնել, թէ քիւրտերու համար Թուրքիոյ նոր նախագահը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ նոր սուլթան մը, որ կը փորձէ վերականգնել նախկին Օսմանեան պետութիւնը: Իրենց համար Էրտողանը կ՛ապրի անցեալի իր յիշողութիւններուն վրայ հիմնուած՝ կայսերական ախորժակներով:
Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ, եթէ յիշենք, որ այս քաղաքի ճակատագիրը իր մեծ դերը կրնայ ունենալ շրջանի քաղաքական անցուդարձերուն վրայ: Նման անցուդարձի հանդիպած էինք Համաշխարհային Բ. պատերազմին, երբ ռուսական Լենինկրատի դռներուն Հիթլերի բանակը ջախջախուած էր եւ ապա անկէ ետք՝ ինք եւ իր իշխանութիւնը ոչնչացած էին:
Յիշենք նաեւ, որ Թուրքիոյ նոր նախագահը իր ընտրապայքարի շրջանին, օգտագործած էր քրտական հարցը, ի շահ իրեն: Ու հիմա լարախաղացի մը նման երկու թելերու վրայ կեցած կը փորձէ շրջանի «քաղաքականութիւն խաղալ»:
Քիւրտերը կը պնդեն, թէ նոր սուլթան Էրտողանի համար քրտական Արաբունար մը աւելի վտանգաւոր է, քան՝ ՏԱԷՇականը:
Բայց ինչ որ ալ ըլլան այս խաղերը, կարծիքներն ու զրոյցները, բոլորը կը բացայայտեն թրքական ախորժակները: Մէկ կողմէ ան կ՛ուզէ միանալ Եւրոմիութեան եւ նման «խաղերով» համոզել Եւորպան, իսկ միւս կողմէ ալ ամէն ձեւով կը փորձէ ճզմել քիւրտերը:
Յստակ է, թէ Արաբունարի համար մղուած այս ծանր կռիւը կարգ մը մեծ պետութիւնները դիմակազերծ ըրած է: Ասոնց շարքին է նաեւ Միացեալ Նահանգները: Ներկայիս աշխարհը ծանօթ է ՏԱԷՇին եւ քրտական շարժումներուն:
Աշխարհը ծանօթ է նաեւ թէ ո՞վ է դաշնակիցը այս երկու հակադիր ճակատներուն վրայ կռուող ուժերուն:
Քրտական Քոպանիի մը ներկայութիւնը կրնայ բարի օրինակ դառնալ Թուրքիոյ տարածքին քրտաշատ շրջաններուն: Ահա թրքական մտահոգութեան գլխաւոր աղբիւրը:
Արաբունարի անկումը ՏԱԷՇականներու կողմէ շրջանէն ներս աշխարհագրական նոր քարտէս մը գծելու առիթ կրնայ ստեղծել:
Բայց մեզի հասած լուրերէն շատ յստակ է, թէ ներկայիս թուրք-քիւրտ հակամարտութիւնը զգալի է:
Նաեւ Միջին Արեւելքի հորիզոնին վրայ տեսանելի է այն իրողութիւնը, որ 30-40 միլիոն թիւ ունեցող քիւրտերը հաստատապէս օր մը չէ օր մը կը հիմնեն իրենց նոր ու անկախ երկիրը՝ Քիւրտիստանը:
Եղելութիւն մը, որ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը ապրող քիւրտերուն մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն կը պատճառէ:

bedig43@aol.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles