Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հալէպի Հայ Պապիկներն Ու Տատիկները


ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ամէն անգամ որ Սագօն տեսնեմ կը հարցնեմ.
– Դեռ հո՞ս ես:
– Հոս եմ, ինչպէս երթամ, անկողին գամուած հայրս ինչպէ՞ս թողնեմ երթամ, ողջ-ողջ թաղե՞մ խեղճը…
Սագօն չի կրնար հայրը թողել եւ երթալ, բայց շատեր թողած են իրենց հայրը, կամ հայրն ու մայրը, եւ հեռացած: Ինչպէ՞ս տանէին այս ծերունիները, ո՞ւր տանէին, երբ իրենց վիճակը դեռ անորոշ էր:
Քահանայի մը կը հարցնեմ.
– Ունի՞ք ծերունիներ, որոնց կ՛օգնէք:
– Անշուշտ, տասնչորս ծերունիներ ունինք. առաջ տասնվեց էին: Ասոնք աղքատներ չեն, տնանկներ չեն, բայց իրենց հոգ տանող հարազատի պէտք ունին, տաք ապուրի պէտք ունին: Շաբաթը անգամ մը տաք ճաշ կու տանք իրենց:
– Ասոնք զաւակ չունի՞ն:
– Մեծ մասը ունի, բայց հոս չեն: Ճամբորդած են:
Ծերունիները մնացած են իրենց պաշտած քաղաքին մէջ, յիշելով իրենց լաւ օրերը, հին ժամանակները եւ հին փողոցները, որոնք այնքան նեղ էին, որ չէիր կրնար երկու թեւերդ բաց անոնց երկայնքով քալել:
Ծերունիները կը մնան հոս, պահակութիւն կ՛ընեն իրենց զաւակներուն տուներուն, եւ կը կարօտնան իրենց հեռացած թոռնիկներուն: Մինչեւ ե՞րբ կրնան պահակ կենալ, իսկ եթէ իրենց բան մը պատահի… չէ՞ որ անոնք օրէ օր աւելի ու աւելի ալեհեր կը դառնան… Ինչո՞ւ զիրենք հոս թողեցիք, անոնք կրնա՞ն հոգալ իրենց կարիքները, թէ անոնք կարիքներ չունին…
«Կարեւորը իրենք լաւ ըլլան», կ՛ըսէ ծերունի մայրը:
Իսկ ծերունի հայրը գլուխը կը շարժէ… կ՛իջնէ վարի նպարավաճառին մօտ, կը խնդրէ որ գայ եւ ելեկտրածին շարժիչը միացնէ, որ գայ եւ ջուր մղիչ սարքը միացնէ, հիմա՛ գայ, անմիջապէ՛ս, պէտք է ջուր ամբարել, քանի դեռ պետական ջուրը չէ կտրուած, իսկ տունը մէկ կաթիլ ջուր չէ մնացած…
Նպարավաճառը կ՛երթայ, կը կատարէ անոր հրամանի ձեւով տրուած խնդրանքները, քանի մը խնդրանք ալ անոր կինը ունի… իսկ եթէ համարձակի ըսել՝ «Քիչ ետք կու գամ, հիմա գործ ունիմ», վա՛յ իրեն, ծերունիները կը նեղանան, եւ նոյն օրը կամ ամենաուշը՝ յաջորդ օրը viber-ը ազդանշան կու տայ… Ալեհերներուն հեռաւոր զաւակն է կամ հարսը. «Լաւ որ մեծ բան մը չեն խնդրած քեզմէ…»։
Ահա ութսուն տարեկան ծերունի մը, փողոցը սայթաքած եւ ինկած է, բարեբախտաբար տան մօտ է, եւ դրացիները զինք շալկելով տուն կը տանին: Ազդոսկրը կոտրուած է, գործողութեան պէտք է ենթարկուի:
– Ի՞նչ կայ փողոց իջնելու, տունը թող նստէր,- կ՛ըսեն հարազատները viber-ով անճար մօր.- Ի՛նչ որ է, դուն քեզի լաւ նայիր, ուշադրութիւն ըրէ, քեզի ալ բան մը չպատահի… Գործողութեան համար գնա այսինչ տեղը դիմէ՛, այնինչին ալ դիմէ… Մենք ալ մեզմէ կը կտրենք, մեր կրցածին չափ կը ղրկենք:
Խեղճ կինը լաւ չի լսեր, չի հասկնար թէ այսինչը եւ այնինչը ի՞նչ են կամ ովքե՞ր են…
Բարեբախտաբար դրացիները կամայ թէ ակամայ օգտակար կը դառնան, բայց ամէն պարագայի կը մրթմրթան. «Այս ինչ տեսակ զաւակ է…»։
Զաւակները ճամբորդած են. մէկ մասը ժամանակաւոր, մէկ մասը վերջնական, բայց ոչ մէկը վերադարձած է: Իսկ գացողներուն հոս մնացած ծերունի հայրերն ու մայրերը աչքերնին ճամբան կը սպասեն.
– Տղաս մէկ ամսուան համար Պէյրութ գնաց, ճամբաները գոցուեցան, շատ կը նեղուի որ առանձին մնացած եմ: Ճամբաները բացուելուն պէս պիտի գայ,- մէկ տարի առաջ ըսած էր ինծի բարեկամ ծերունի մը:
Այս մարդը ժամանակին քաղաքին մէջ յայտնի էր իր մասնագիտութեամբ, նաեւ հասարակական գործունէութեամբ, նոյնպէս նաեւ՝ իր զաւակը:
Անցեալ շաբաթ այցելեցի զինք.
– Տղաս մէկ… ճամբաները բացուելուն պէս…- կրկնեց յանկերգ դարձած նախադասութիւնը:
Այս մարդը չէ՞ր գիտէր, թէ չէ՞ր ուզէր գիտնալ, որ արդէն ճամբաները բաց են:
Հոս մնացած հայրերն ու մայրերը, օրէ օր աւելի ու աւելի կը ծերանան,կարօ՞տը թէ տագնապալի օրերը զիրենք շուտ կը տապալեն, անոնց ականջները կը ծանրանան, տեսողութիւնը կը տկարանայ, ոտքերնին այլեւս դժուարութեամբ կը շալկեն մարմինները, յիշողութիւննին կը սկսին կորսնցնել, սքլերո՜զ. եթէ քանի մը ամիս առաջ կրնային տունէն դուրս ելլել, հիմա իրենց բնակարաններուն մէջ գրեթէ փակուած կը մնան, կը դառնան կուկուսիներ, երբեմն ժամ-պատարագի կ՛երթան, պաշար ստանալու կ՛երթան, կը փնթփնթան, կը դժգոհին բոլորէն, բացի իրենց հեռացած զաւակներէն: Դարակէն կը հանեն ընտանեկան նկարներու ալպոմները եւ կը նային իրենց թոռնիկներուն նկարներուն, մեծ թոռնիկը իրենց գիրկին մէջ մեծցած է, իսկ պզտիկը, ա՜խ պզտիկը, որքա՜ն չարաճիճի էր, որքան վախցուցած է զիրենք, իր յաճախակի իյնալներով… Իսկ աղջի՞կը, աղջիկը ուրիշ էր, միւսներէն աւելի «ճան-ճիկէր» էր, շատ կապուած էր իրենց:
Երբ գացին, առաջին շրջանին թոռնիկները ամէն օր կը խօսէին իրենց հետ, անոնց ձայնը յաճախ լացակումած կ՛ըլլար, կը զգացուէր անոնց անհուն կարօտը հանդէպ իրենց քաղաքը, պապիկն ու մամիկը, յետոյ, երբ զաւակները կը խօսէին իրենց հետ, թոռնիկները կա՛մ տունը չէին ըլլար, կա՛մ քնացած կ՛ըլլային. այդպէս կ՛ըսուէր իրենց եւ իրենք ալ այդպէս կ՛ուզէին հաւատալ, թէեւ ներքուստ կը զգային, որ կամաց-կամաց իրենք իրենց թոռնիկներուն համար օտարներ կը դառնան…
Որքա՞ն է թիւը այս ծերունիներուն… Մէ՞կ, տա՞ս, թերեւս հարիւրէ աւելի…
Անցեալ օր Սագոյին հանդիպեցայ: Հայրը մահացած էր, փառաւոր թաղում մը ըրած էր եւ հիմա հանգիստ խիղճով կ՛երթար:
Ո՞վ իրեն բան մը կրնար ըսել:
Ո՞վ որու կրնայ բան մը ըսել, ըսէ ալ, ի՞նչ կը փոխուի:
Մանրո՞ւք է: Ամէն ինչ մանրուքներէ կը սկսի, մանրուքներով կը վերջանայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles