ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ
Հարցում.- Վերջերս ամբողջ Լոս Անճելըսը եւ Ամերիկան իրար անցան, երբ Los Angeles Clippers պասքեթպոլի խումբի տէր Տանըլտ Սթըրլինկը իր ընկերուհին կը մեղադրէր սեւ խաղացողներու հետ նկարուելուն եւ զանոնք ընկերային ցանցերու վրայ ցուցադրելուն համար, որոնց հեռաձայնային սոյն խօսակցութիւնը բացայայտուեցաւ: Ի՞նչ է կարծիքդ այս հարցով:
Սուզան, Սան Տիմաս
Պատասխան.- Այո՛, Լոս Անճելըսի քաղաքապետէն մինչեւ նախագահ Օպամա եւ հասարակական ամէն կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ շատ խիստ քննադատեցին Տանըլտ Սթըրլինկի այս խտրական-ցեղապաշտական յայտարարութիւնը. սակայն ոչ մէկ անհատ քննադատեց այն անբարոյական իրավիճակը, թէ 80 տարեկան եւ ամուսնացած այս խեղկատակը ի՛նչ գործ ունի իրմէ յիսուն տարի երիտասարդ մանկամարդուհիի մը հետ: Անբարոյական այս կեցուածքը, ըստ երեւոյթին՝ ընդունելի է, իսկ սեւերու հանդէպ խտրական խօսք մը՝ բացարձակապէս ո՛չ: Ամերիկան տակաւին որքա՞ն այս անբարոյականութեան տիղմին մէջ պիտի մխրճուի, իսկապէ՛ս մտահոգիչ է:
Հարցում.- Վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, հայերուն որպէս նոր մօտեցման փորձ, խօսեցաւ արդար յիշողութեան մասին՝ մէջբերելով օրինակը Օսմանեան կայսրութեան շրջանի «եռացող կաթսայ»ի, որմէ բոլորն ալ կ՛օգտուէին: Ճիշդ ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ պարոն նախարարը:
Զոհրապ, Կրանատա Հիլզ
Պատասխան.- «Եռացող կաթսան», ըստ պրն. Տաւութօղլուի՝ Օսմանեան կայսրութիւնն էր, որուն պարունակութեան համեղ միսերէն թուրքերը, հայերը եւ բոլոր փոքրամասնութիւնները կ՛օգտուէին: Իսկ «արդար յիշողութիւն»ը, ըստ իրեն՝ 1915ին թէ՛ թուրքեր, թէ՛ հայեր սպաննուեցան պատերազմին պատճառով, բայց ցեղասպանութիւն երբե՛ք չէր անիկա, իսկ մենք՝ հայերս, այլեւս պէտք է մոռնանք Ցեղասպանութեան եզրը, եւ դրական մօտեցում ցոյց տալով եւ Ղարաբաղի ազատագրուած տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելով՝ կրնանք նախկինին պէս այս նոր եռացող կաթսայէն օգտուիլ: Նախ պրն. Տաւութօղլուն շատ լաւ պէտք է գիտնայ, թէ իր յիշած կաթսան կ՛եռար, որովհետեւ զայն եռացնելու մղիչ ուժը հայերն էին, իսկ միսի համեղ եւ մեծ կտորներէն օգտուողը՝ թուրքերը, մեզի թողնելով միայն փշուրները: Իսկ երբ կաթսային միսերը սպառելու վրայ էին, մեզ նետեցին կաթսային մէջ՝ ոչնչացնելով մեզ ու նոյն ատեն տիրանալով մեր ունեցուածքին: Իսկ եթէ անսանք պրն. Տաւութօղլուի «արդար յիշողութեան» յորդորներուն, ապա այս անգամ մեր յօժար կամքով մենք մեզ նետած պիտի ըլլանք կաթսային մէջ, որպէս համեղ կեր թուրքին եւ ազերիին:
Հարցում.- Քանի մը շաբաթ առաջ, Թուրքիոյ վարչապետ եւ նոր ընտրուած նախագահ Էրտողանը ցնցիչ յայտարարութիւն մը ըրաւ՝ ըսելով. «Շատեր ինծի համար կ՛ըսեն, թէ վրացի եմ եւ տակաւին աւելի գէշը՝ կ՛ըսեն նաեւ, թէ հայ եմ»: Երկրի մը ղեկավարի կը վայելէ՞ այսպիսի խօսքեր, եւ հայերը ինչպէ՞ս պէտք է պատասխանեն անոր:
Անի, Ֆրէզնօ
Պատասխան.- Վարչապետ կամ նոր ընտրուած նախագահ Էրտողանին լաւագոյն ձեւով պատասխանեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ ըսելով. «Եթէ իսկապէս հաստատուի պարոն Էրտողանի հայ ըլլալը, ապա այդ իսկապէս մեծ նախատինք է հայերուս նկատմամբ»:
Հարցում.- Օգոստոսի կէսերուն, երբ ատրպէյճանական բանակը ծանր եւ ամօթալի հարուած ստացաւ հայկական երկու սահմաններուն վրայ հսկող մեր հերոս բանակի զինուորներէն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ սկսաւ Twitter-ի վրայ իր ցնորաբանական պատգամներու արշաւին: Ի՞նչ է, ինքզինք Քիմ Քարտաշեա՞ն կը կարծէ:
Ժան, Քոփընհակըն
Պատասխան.- Ըստ երեւոյթին՝ այո՛: Բայց մինչ Քիմ Քարտաշեանի հայու դիւթիչ աչքերուն եւ իգական ժպիտին երկրագունդի չորս կողմը միլիոններ կը ցանկան, անդին, Ալիեւի դէմքը տեսնողը գիշերը գէշ երազ կ՛ունենայ: Ըստ իմ գաղտնի տեղեկութիւններուս՝ Հայկական սահմանին վրայ ստացած նուաստացուցիչ ապտակէն ետք, երբ Ռուսիոյ նախագահ Փութինը նախագահներ Սարգսեանը եւ Ալիեւը Սոչի հրաւիրեց՝ եռակողմանի եւ երկուստեք տեսակցութիւններու համար, Փութին Ալիեւին հետ տեսակցելու ժամանակ այսպէս ըսած է. «Ալիե՛ւ, հայ ճանչցուած երգիչ Ռուբէն Մաթեւոսեանը երգ մը ունի, որուն բառերը ժամանակին ինծի հայ բարեկամ մը թարգմանած է եւ որուն երկու տողերը շատ հաւնած եմ: Երբ Արեւմուտքը եւ ՆԱԹՕն սկսան մեր սահմաններուն մօտենալու իրենց ոտնձգութիւններով, ես այդ երգին երկու տող պատգամը իրենց ղրկեցի։ Իսկ հիմա, հայերուն հանդէպ քու կեցուածքիդ համար ալ կու տամ նոյն երգին պատգամը, որ այսպէս կը թարգմանուի. «Արեգակին պէտք է հեռուից նայել, կ՛այրէ եթէ շատ մօտենաս»: Այսքա՛ն է ըսելիքս եւ յուսամ բաւական խոհեմութիւն ունիս ըսածս ըմբռնելու»: Պրն. Ալիեւ թէ՛ հայկական ապտակէն շշմած եւ թէ Փութինի թարգմանած երգին պատգամէն սարսափած՝ ըստ երեւոյթին՝ առայժմ ինքնազսպումի մէջ է։