Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Բարեսիրական Պարտուողականութիւնը Եւ Իրաքի Մէջ Կատարուող Ոճիրները

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Շնորհիւ արդիականութեան՝ հանդիսատեսներն ենք արաբական աշխարհը հարուածող ծայրայեղականութիւններուն եւ անզօրութեան գիտակցութեամբ կը հետեւինք: Նախատեսուած «կրօնական պատերազմ»ը սկսա՞ծ է արդէն, երբ ուրացման մերժումի համար ժողովուրդներ կ՛արտաքսուին իրենց բազմադարեան աշխարհէն կամ որպէս յանցագործ… կը գնդակահարուին:
Այսօր թատերաբեմը Իրաքն է: Հարիւր տարի առաջ այդ թատերաբեմը Արեւմտահայաստանն էր: Վա՞ղը… Հարկ է մտածել անմիջականէ անդին նաեւ վաղուան մասին:
Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մարդկութիւնը խրած է ոճրային ծայրայեղութեան մէջ եւ ըստ այնմ պէտք է վերաբերիլ:
Հասա՞ծ ենք քաղաքակրթական ժամանակաշրջանի աւարտը:
Սկի՞զբն է նորի մը:
Աշխարհընկալման ըմբռնումներ բախման մէջ են. մենատիրութիւններ (անհատական, միակուսակցական, միակրօնական) նկատի չունին մարդը, անոր ազատութիւնը, արժանաւորութիւնը:
Ինչո՞ւ միամիտ ըլլալ եւ վերլուծումներով գինովնալ: Ծանրակշիռ կացութեան համար փնտռել «գեղագիտական-մարդասիրական» զարդարանքներ, բաւարարման մանրուքներ, որոնք ոչ մէկ ձեւով ապագայակերտ պիտի ըլլան մարդկութեան համար:
Յատկանշական են պարտուողական եւ նահանջական ինքնաշնորհուած իրաւունքով մարգարէներու առաջարկները, օրինակ, երբ չես գիտեր, թէ ո՛ր մարդկային կամ աստուածային ներշնչումով վարդապետականօրէն հեռատեսիլով եւ լրատուամիջոցներով կ՛ըսուի, որ ծայրայեղականներու առջեւ դաշտը բաց պէտք է ձգել, եւ իրենց հողերուն վրայ հալածանքի ենթակայ բազմադարեան եւ կրօնամշակութային արմատներ ունեցող հաւաքականութիւններուն ապաստան տալ այլ երկինքներու տակ: Հալածուածնե՞րը կը պաշտպանուին, թէ անբնակ հողամասերուն կ՛ուզեն կենդանութիւն տալ:
Այս նահանջականութիւնը կը նշանակէ բարենիշ տալ ծայրայեղականութեան, մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողութեան, անոնց անմիջական հետեւանք՝ անմարդկային արարքներու: Մարդկութեան առջեւ ծառացած հարցին լուծում տալու համար արմատախիլ մարդոց նոր երդիք տալ շպար է, որ այսօր կը հանդարտեցնէ խիղճերը, բայց ոչ մէկ ձեւով կրնայ կանխել շարունակուելու կոչուած չարիքը, որ չ՛ուզեր սահմանափակուիլ, իր ներքին տրամաբանութեամբ՝ սահման չունի: Բոլոր անոնք, որոնք մարդասիրական շուտիկութիւններով անմիջական լուծումներ կ՛առաջարկեն, հաւկուրութիւններէ տառապողներ են:
Այս պարտուողականութեան եւ շուտիկութեան պատկերազարդ դրսեւորումը մարդասիրական շղարշով ներկայացող այն առաջարկն է, որ իրենց բնաշխարհէն բռնութեամբ հեռացման ենթակայ Իրաքի զանգուածները կ՛ուզէ փոխադրել ճարտարարուեստականացման հետեւանք դէպի մեծ քաղաքներ գաղթի պատճառով Արեւմուտքի ամայացած գիւղերը, ուր անոնք ենթակայ պիտի ըլլան իր անունը չըսող ցեղասպանութեան, որ մշակութասպանութիւնն է: Համաշխարհային նշանակութիւն եւ շատերուն համար աննախատեսելի վաղորդայններ ազդարարող կացութեան նման խեղճացած պառաւ բարեսէրի կարկտան լուծում՝ քաջալերանք կ՛ըլլայ մոլեռանդութեան եւ ծայրայեղութիւններու:
Ինչպէս մօտաւոր անցեալին, այսօր ալ միամիտներ կը խորհին, որ նոր աշխարհամարտ մը անկարելի է: Հարց է, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ աշխարհամարտը: Երբ գերարդիական զէնքերով օժտուած մարդիկ կը ճակատին նոյն երկրին մէջ, դրացի երկրին դէմ, թշուառութեան եւ կրօնական պատճառներով, երբ բանակներ կը ղրկուին Ափրիկէ եւ Միջին Արեւելք, երբ Եւրոմիութեան սահմանին վրայ մահասփիւռ կռիւներ տեղի կ՛ունենան, համագումար, բաղդատած նախորդ դարու երկու աշխարհամարտերուն, քանակի եւ աւերի բաղդատած, տեսակարար ի՞նչ տարբերութիւն կը տեսնենք:
Երբ նախատեսութիւններ կան, որ մեր մոլորակը կը ծերանայ, անոր զուգահեռ նախանիւթերը կը պակսին, որ անցեալի տնտեսական պատճառներով պատերազմներուն վրայ կը գումարուի քաղաքակրթական ծանրակշիռ տագնապը, որ կրօնական է, հարցերը կարելի չէ մատներու արանքէն դիտել: Թշուառութեան եւ տգիտութեան ենթահողին վրայ կը զարգանան անհանդուրժողութիւնը, ծայրայեղութիւնները եւ ազատութիւններու կորուստը:
Հալածական զանգուածներու ապահով երկինքներու տակ փոխադրութիւնը ծայրայեղութեան, անհանդուրժողութեան, մոլեռանդութեան եւ ազատութիւններու դէմ գործուող չարիքներուն դարմանը չէ, հակաթոյնը (antidote) չէ: Որբախնամի տրամադրութեամբ նախաձեռնութիւնները անվաղորդայն են: Քաղաքակրթական պատերազմ շղթայազերծուած է, կրօնական դիմակով, որուն դէմ կիսամիջոցները անբաւար են թումբ կանգնելու, չքացնելու:
Իրաքի բազմադարեան արմատներ ունեցող ժողովուրդները ասդին կամ անդին փոխադրելու փոխարէն՝ հարկ է խօսիլ ներկայի եւ վաղուան չարիքի մասին: Լաւ է սնունդ եւ դեղ հասցնել դժբախտացած զանգուածներուն: Բայց աւելի լաւը այն է, որ առանց կիսամիջոցներով բաւարարուելու՝ անոնք վերադառնան իրենց աշխարհը, պաշտպանուին իրենց հողին վրայ, իրենց բազմադարեան բնավայրին մէջ:
Արմատախիլ եւ հալածական զանգուածներուն համար մարդկայնական-մարդասիրական թափահարումները իսկական լուծում չեն:
Ընդհակառա՛կն, անոնք բարենիշ են, որ կը տրուի ոճիրին, չարին, մոլեռանդին, անհանդուրժողին, որպէսզի, օրինակ, բաց մնան նաւթի ծորակները:
Պարզ է. պառաւական բարեսիրութիւն է Իրաքի հալածականներու հեռու աշխարհներու մէջ երդիք տալ: Այսօրուան եւ վաղուան ճիշդ ըմբռնուած մարդասիրութիւնը ոճիրը, չարը, մոլեռանդը, անհանդուրժողը վերջնական կերպով չէզոքացնել է:
Եթէ այսօր այս չկատարուի, համաճարակը կը շարունակուի, կը տարածուի եւ կը հասնի նոյնիքն ապահով համարուած աշխարհներու դուռը, ուր կան շատախօս բարեսէրները:
Եթէ աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածներ ուզեն շագանակները կրակէն հանել իրենց մատները առանց այրելու, կը դառնան նոյնքան վնասակար, որքան՝ նոյն այդ ծայրայեղականները:
Առանց ճապկումներու՝ իրատեսութիւն պէտք է:
Իսկական բարի կամքով մարդոց իրատեսութիւն՝ առանց բաւարարուելու մէկ անկիւնէ միւսը կրակ մարելու համար վազող հրշէջի անօգուտ դերով:
Մարդիկ, որոնք, ինչպէս կ՛ըսեն, իրենց քիթին ծայրէն անդին կը տեսնեն: Եւ այդ ողորմելիներուն լուսարձակ եւ խօսափող չենք հրամցներ:
Ո՞վ եւ որո՞նք ինչո՛ւ վառեցին հակակշիռէ դուրս եկած այս հրդեհները, եթէ յանցագործի աթոռին նստեցնենք զանոնք, վաղը այսօրէն լաւ կ՛ըլլայ, եւ թերեւս կը խափանուին գալիք չարիքներուն արմատները:

17 Օգոստոս 2014,
Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles