Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Հրեշտակաց Քաղաք»ը Հայ Զզբօսաշրջիկի Աչքով

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

«Հրեշտակաց քաղաք»ը, բուն անունով Լոս Անճելըս, հաւանօրէն աշխարհի ամէնէն բազմազգն է: Նաեւ՝ ամէնէն մագնիսականը. կլիմա, Հոլիվուտ՝ դերասան-դերասանուհիները, Լաս Վեկաս, Լէյք Թահօ… երազի շուկայ: Ազգը այս պարագային կը բնորոշուի նաեւ համրանքով, լեզուներով, մորթի գոյնով, աչքի եւ դէմքի գծագրութեամբ, տարազներով, խոհանոցով: Խոհանոց, որ ոչ միայն տարբերութիւններով կ՛ընկալուի, այլ անդադար եւ առատ ճաշակելու հրաւէրով: Քաղաքը ունի երկու հասարակ յայտարարներ՝ ինքնաշարժը եւ բջիջային հեռախօսը, որոնք պատուաստուած են մարդոց մարմինին, կարծէք սովորական դարձած դաջուածք ըլլան, «թաթու», եւ զիրենք դարձուցած են մասնիկը բաբախող հսկայ մարմինի մը, աներեւակայելի ծաւալով, որ սահման չունի: Ամերիկացիներ, եթէ մոռնանք, որ իսկական ամերիկացիները բնիկներն են, զորս կը կոչեն հնդիկներ…
«Թաթու»ն ալ նոր շապիկ է, անհատականութեան նոր գեղեցկութիւն…
Եթէ այս կամ այն թաղամասին մէջ արթննաք, կրնաք դուք ձեզ զգալ Թոքիօ, Շանկհայ, Եմէն, Լիբանան, Պուրճ-Համուտ, Իրան, Նափոլի, Մեքսիքօ, Երեւանի այս կամ այն թաղը, ըստ տան աշխարհագրական դիրքին: Կրնաք շարունակել: Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնը հոս ըլլար, դեսպանները եւ պատուիրակները իրենց հարազատներու հարազատ շրջանակ կ՛ունենային, ժողովներէն ետք երթալիք տեղ կ՛ունենային, չէին ձանձրանար: Կը զարմանամ, որ հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած, ժամերով օդանաւ կը նստինք Հայաստան երթալու համար: Թաղերու մէջ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կան, նպարավաճառատուներ՝ հայերէն ցուցանակով եւ սովետական ուղղագրութեամբ, փուռեր՝ Հայաստանի հացով, պատրաստ կերակուրներով, թխուածքներով: Արդէն անունն ալ կայ՝ «Լիթթըլ Արմինիա»:
Հայերս արտակարգ ուշիմութեամբ օժտուած ենք, գործնապաշտ ենք: Ամերիկերէնը չսորված՝ հայերէնը մոռնալու ընթացք որդեգրած ենք, մեծ ու պզտիկ, բախտաւոր պարագային ամերիկերէնը կը համեմենք հայերէն բառերով, հայաստանեան բարբառային հայերէն, միջինարեւելեան արաբախառն հայերէն: Հայաստանեան եւ արաբական խոհանոցները ամէնուրեք են, յաճախ միաժամանակ, նոյնիսկ մեծ վաճառատուներու կամ մեծաքանակի շուկաներուն մէջ: Հեռատեսիլի կայաններ կան, որոնք հայերէն բառերով «էսփերանթօ» են՝ առնել-ծախելու համար: Թատերական յայտագիրներ ալ կան, ինչպէս կ՛ըսուի՝ «սերիալ»ներ, անոնց հայկական համարուած ոչինչ ըսող տեսակը:
Ներկայ եղայ համալսարանական մակարդակով դասախօսութեան մը: Խիստ հետաքրքրական նիւթ մը յայտարարուած էր. «Ինչո՞ւ հայերէն սորվիլ»: Հայերէնէ հրաժարող մեծերը եւ պզտիկները վերջապէս պիտի հասկնային, համալսարանի դասախօս, ոչ հայ հայագէտի մը անգլերէնով տրուած բացատրութիւններով, որ հայերէն պէտք է սորվիլ: Հայուն խրատը դժուար լսող կ՛ըլլայ: Կը խորհէի, որ սրահը պիտի յորդէր երիտասարդներով: Կային քանի մը երիտասարդներ, ըսին թէ ուսանողներ էին, միւսներուն միջին տարիքը… եօթանասունի շուրջ էր: Սպիտակահերներ: Անոնք ալ եկած էին սորվելու եւ թերեւս ալ սորվեցնելու համար:
Յարգելի դասախօսին կարծիքը կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով. հայերէն պէտք է սորվիլ հայ հին գրականութիւնը ուսումնասիրելու համար: Այդքա՛ն: Սորվիլ այնպէս, ինչպէս կը հմտանան եգիպտական արձանագրութիւնները կարդալու համար: Այսինքն հայերէնը կենդանի լեզու չէ, որպէս կենդանի լեզու ան պէտք չէ, հայու ինքնութեան համար ան կարեւոր չէ: Ծափահարողներ ալ եղան: Ինչպէս կեռասը կարկանդակին վրայ, ֆրանսական ա-սոյթ, կազմակերպողներէն մէկն ալ դասախօութենէն ետք, զրոյցին ընթացքին յայտնեց գործնապաշտական տիրական այլ կարծիք մըն ալ. «Հայերէնը ռոմանթիկ լեզու է, բիզնեսի լեզու չէ»: Տոլարի աշխարհին մէջ յառաջդիմութեան հետ քայլ պէտք է պահել, ռոմանթիզմին տեղ չկայ…
Ապրիլ ամիսն էր: «Ցեղասպանութեան» ոգեկոչման հանդիսութիւններու յայտարարութիւնները հայկական թերթերու էջերուն վրայ էին, սրահներու մէջ, յուշարձաններու մօտ, քայլարշաւներ: Այդ բոլորին կշիռ տալու համար կը խօսուէր պետական անձնաւորութիւններու ներկայութեան մասին, Ներկայացուցչական տան անդամներ, քաղաքապետներ կամ խորհուրդներու անդամներ, ինչպէս նախորդ տարիներուն, քիչ մը ամէն տեղ, պէտք է մխիթարուիլ եւ ուրախանալ: Պիտի խօսէին հայ իրաւաբաններ ալ: Տարբեր սրահներու մէջ տեղի պիտի ունենային դասախօսութիւններ եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն: Միաժամանակ կային յայտարարութիւններ բազմաթիւ ճաշկերոյթներու մասին, որոնց համար սրահները դիւրաւ կը լեցուին: Ինչպէս անցեալ տարի, անցեալ տարիներուն, առանց շատ մեծ յոյսերու, հայերը կը սպասէին, որ երկրի նախագահը վերջապէս շնորհ ընէր եւ գործածէր «ցեղասպանութիւն» բառը, որ լեզուական աճպարարութեամբ մը փոխարինուած էր «եղեռն»ով, չըսելու համար անգլերէն այնքան հոլովուած «ճենոսայտ»ը: Եւ եղաւ կրկնութիւն: Յոյսը պէտք է վառ պահել հարիւրամեակին համար:
Եթէ խանգարող միամիտ մը հարցնէ, թէ «ճենոսայտ» ըսուելէ ետք, ի՞նչ պիտի փոխուի, բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը (որ սոսկ Արեւելեան Անատոլու չէ հայուն համար կամ պատմական Հայաստան) վերստին պիտի դառնա՞յ հայուն հայրենիքը, ի՞նչ պիտի ըլլայ պատասխանը: Եթէ «ցեղասպանութիւն» եզրին հետ գէթ մենք գործածէինք «հայրենահանում»ը, քիչ մը աւելի իրատես կ՛ըլլայինք, քիչ մը աւելի իրաւութեամբ քաղաքականացած, քիչ մը աւելի հայրենասէր (համայնքասէրի եւ համագիւղացիի կամ համաքաղաքացիի սէրերու փոխարէն):
Սրահի մը մէջ, Ապրիլ 24ի նախօրեակին, խօսուեցաւ Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ վարչապետին ոմանց յոյսեր ներշնչող ձեւական արտայայտութիւններուն մասին, ոգեկոչուեցան նաեւ ընտանեկան յիշողութիւններ: Անխուսափելի են երգը եւ երաժշտութիւնը: Քիչ մը ամէն տեղ Քեսապի դէմ գործուած նախայարձակումը օրակարգ էր: Ընդհանրապէս անգլերէն խօսեցան: Սրահին մէջ գտնուողներու ստուար մեծամասնութիւնը, ըստ ստացած տպաւորութեանս, հայերէն կը հասկնար: Թէ ինչո՞ւ մենք մեզ տեւաբար պարտաւոր կը զգանք խօսիլ օտար լեզուներով, օր մը պէտք է պատասխանել: Երիտասարդ մը հայերէն խօսեցաւ եւ իսկական իմաստ տուաւ հանդիսութեան, իր քաղաքական եւ հայկական ազգային բովանդակութիւն ունեցող ճառով:
Ապրիլ 24ի օրը, գացինք Մոնթեպելլօ քաղաքի Ապրիլեան յուշարձանին շուրջ ոգեկոչելու «ցեղասպանութիւն»ը: Հանդիսավարը «բարի եկաք»ի խօսքէն ետք յայտնեց, որ հանդիսութիւնը պիտի ընթանար անգլերէնով, քանի որ օտար հիւրեր կային: Բեմին առջեւ աթոռներ շարուած էին, անոնց վրայ ժամէ մը աւելի անուններ փակցուեցան: Յետոյ պիտի հասկնայի, որ յիսունէ աւելի միութիւններ կը մասնակցէին, անոնց անուններն ալ մէկ առ մէկ յիշուեցան… ինչ որ ձանձրալի թուում մըն էր: Օտար հիւրերը անգլերէն խօսեցան, քաղաքապետը եւ Ներկայացուցչական տան անդամը, լաւ խօսեցան, հայերն ալ անգլերէն խօսեցան: Վերջապէս կին մը հայերէն խօսեցաւ, ժառանգորդը աւազի վրայ հայերէն սորվեցնող մայրերուն եւ եղաւ միակը, որ բարոյախօսական-դիւանագիտական ճառերուն հակադրեց քաղաքական խօսքը: Ներկաներուն երկարատեւ ծափողջոյնները պատգամ մը եղա՞ն օրը միայն անգլերէնով նշելու իմաստութեան դէմ… Ի հարկէ Քեսապի հարցի այժմէականութիւնը հոս ալ նշուեցաւ: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան յարգարժան հիւպատոսը հայ կնոջ ճառին հակաճառեց, ըսելով որ պահանջատիրութիւնը բարիդրացիական չէ, եւ հարկ է դիւանագիտութեամբ ընթանալ… Չըսաւ՝ ո՞ւր հասանք եւ ո՞ւր հասնելու համար այդ դիւանագիտական ճապկումներով:
Պոլսահայերու միութեան գեղատեսիլ եւ զմայլելի սրահը բազմաձայն դասախօսութիւններու բեմ եղաւ: Նոյն երեկոյ՝ երեք դասախօսութիւններ: Պոլսոյ ներկայ կացութեան մասին խօսեցաւ Լոս Անճելըս ժամանած բանիմաց վարդապետ մը: Այդ երեկոյ կարելի էր բաւարարուիլ վարդապետին յստակ եւ օգտակար զեկուցումով՝ պոլսահայութեան մասին: Երկրորդ դասախօսութիւնը «ցեղասպանութեան» մասին էր, որ իր կարգին, եթէ միակը ըլլար, պիտի բաւէր այդ երեկոյ: Երրորդը Քեսապի մասին էր, խիստ հետաքրքրական իր կարգին, քանի որ յարգելի դասախօսը տեղափոխուած էր իրազեկ ըլլալու եւ լսելու համար: Բայց ան ալ եթէ միակը ըլլար, պիտի բաւէր: Տարրական ողջմտութիւնը կը յուշէ այն ճշմարտութիւնը, որ ունկնդիրին ընկալելու կարողութիւնը սահման ունի: Հոս ալ մէկ առ մէկ միութիւնները չյիշեցին, բայց յիշեցին միութեան հին եւ նոր ականաւոր անդամները՝ անունով, մականունով, հանգամանքով:
Գրականութեան, գիրքի, հայերէնի, հայեցի կրթութեան մասին եւս հանդիպումներ կային: Նոյն մարդիկը կը տեղափոխուէին, վերջին մոհիկանները: Ի՞նչ բանի կը ծառայէ «ռոմանթիկ» լեզուն, որ «բիզնես»ի լեզու չէ: Կարգախօսային քաղաքականութիւնը տեղ չի ձգեր մշակոյթի, ոչ միայն «Հրեշտակաց քաղաք»ին մէջ: Նաեւ ճաշկերոյթները կամ դէպի հեռու եւ մօտ զբօսավայր խաղատուները կազմակերպուած շր-ջապտոյտները:
Պէտք է լրջօրէն մտածել համայն հայութիւնը անդամագրելու մասին՝ «բիզնեսային» ընկերութեան մը մէջ, որպէսզի միասին մնանք, ունենանք մեր «Ոսկի Հորթը»: Թերեւս այդ ձեւով անհետացումներու եւ գինովութիւններու առաջքը կ՛առնենք:
Ի դէպ, Երեւան այցելողները կրնան տեսնել «ԴՐԱՄ» քանդակը, Կեդրոնական դրամատան շէնքին առջեւ: Քանդակի պատկերը՝ հրաւէր ռոմանթիկ չըլլալու եւ «բիզնես»ով զբաղելու… Չեմ գիտեր, թէ այդ արձանին առջեւ հանդիսութիւններ ալ տեղի կ՛ունենա՞ն, մոմ վառողներ կ՛ըլլա՞ն… «Հրեշտակաց քաղաք»էն հո՞ն ուխտի պիտի երթան: Նոր ուխտավայր…

9 Մայիս 2014,
Նուազի լը Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles