Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութիւն – 42

$
0
0


ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

…Գողերի հետքը իր տունն է տանում,
Համեցէ՛ք, տիւան ուզիր սրանից։
Յ. Թումանեան
«Գողն ի՞նչ կ՛ուզէ՝ մութ գիշեր»
Հայկական Առած

Սուրիան քանդելու «վսեմ առաքելութեան» մաս կը կազմէ նաեւ թանգարանային հնութիւններու կողոպուտը։ Եւ ոչ միայն կողոպուտ. մարդկութեան արմատները կտրելու եւ միայն այսօրուան իրենց «օրէնքներուն» հպատակեցնելու ճիգ։
Կը յիշէ՞ք՝ 642ին, ուղեղի ինչպիսի փայլատակումով վարուեցան Աղեքսանդրիոյ հնագոյն գրադարանի մնացորդներուն հետ, այն գրադարանի, որմէ լոյս առած էին նաեւ Մաշտոցի աշակերտները… Մոլեռանդ հաւատացեալը որոշեց՝ եթէ այդ գիրքերը Ղուրանի ըսածին համաձայն են, ուրեմն աւելորդ են, եթէ հակառակ են, ուրեմն առաւել եւս վնաս են, ուրեմն՝ այրե՛լ… Սուրիա, որ մարդու հնագոյն քաղաքակրթութեան օրրաններէն է ու բացօթեայ թանգարան է ինքնին, կորսնցնելիք շա՜տ բան ունի, իսկ մութին մէջ գործողները՝ գտնելիք։
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին պաշարուած Լենինկրատի (Փեթերսպուրկ) սովահար բնակիչները ի՜նչ ջանքեր կը թափէին պաշտպանելու համար իրենց բացօթեայ ու թանգարանային արժէքները, ու այդ ճիգին մէջ որքան մեծ էր այն օրերուն աշխարհի մեծ թանգարաններէն մէկուն՝ Էրմիթաժի տնօրէն Օրբելիի, հայազգի մեծ գիտնականին դերը։
Սուրիոյ մէջ այսօր պատկերը նոյնը չէ, չի ալ կրնար ըլլալ, սակայն կատարուողը ցա՛ւ է, կրկնակի ցաւ, երբ սուրիացին իր երկրին գանձերը կողոպտողին գողակից է։ Ըսուած է՝ «Երբ գողը տունէն է, եզը երդիկէն կը հանեն», իսկ առածները խտացուած փորձառութիւններու արդիւնք են…
Իրաք նոյնը կատարուեցաւ, գողօնը կարծես թէ մարսուեցաւ, իսկ աշխարհը լռեց։
Ո՞վ էր որ պիտի բազմաձայնէր ու ահազանգէր.
Մեր վերի դրացի՞ն, որ պետութիւն հիմնած է միայն ու միայն գողութեան վրայ, հիմա ալ մեծագոյն գողակիցն է։
Անո՞նք, որոնց կը պատկանի աշխարհի ազդեցիկ լրատուութիւնը… Կը կարծէ՞ք որ իրենց ձեռքերը չեն մութին մէջ գործողը…
Անո՞նք, որոնց թանգարանները կը պայթին աշխարհի բոլոր հնագոյն մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներու դարաւոր արժէքներու գողօններէն։
Բայց ներեցէ՜ք, անոնք «քաղաքակի՜րթ» ձեւով գողցուած ու սեփականուած են, այնպէս, որ այլոց հանելուկ առաջարկող խեղճ Սֆինքսը (Ապու ըլ-Հօլ) արդէն աւելի քան հարիւրամեակ ի՛նք հանելուկի առջեւ է՝ մնա՞յ Եգիպտոս (մանաւանդ՝ այս խառնակ օրերո՜ւն, անապատի՜ մէջ), թէ՞ ելլէ, երթայ Անգլիա, վերջապէս իր տարագիր մօրուքին միանալու ու Բրիթանական թանգարանին մէջ փառաւոր շարունակելու իր հազարամեայ երթը…
Նոյն թանգարանին մէկ անկիւնը մոռցուած մեր գլխատուած Անահիտ դիցուհին, տակաւին Փոքր Մհերի պէս քարայրէն ելեԸ եւ Հայոց աշխարհը փրկելու երազի մէջ է…
Միթէ՞ նոյն բախտին արժանացաւ նաեւ Պալմիրայի Զենոպիա թագուհին…
Եթէ բոլոր այդ հարուստ թանգարաններէն գողօնները (ո՛չ օրինաւոր գնուած- նուիրուածները) տէրերուն վերադարձուին՝ ո՞ւր կ՛ըլլան մեծագոյն թանգարանները…
***
Երբ երկար միջոցէ մը ետք ծանօթ թաղամաս մը կ՛այցելես, անպայման նորութիւններ կը տեսնես։ Մի երեւակայէք բարեկարգումներ, ծաղկանոցներ, գեղեցիկ նոր շէնքեր տեսնել. գեղեցիկը վտարուած է մեր քաղաքէն։ Հայերէնի մէջ բառեր կան, որոնք ինծի անփոխարինելի ծառայութիւն կը մատուցեն։ Այս օրերը ամէնէն ճիշդ բնորոշող բառերէն է «գորշ»ը։ Գորշութիւն համատարած՝ դէմքերու, հագուստներու, շրջակայքի, նոյնիսկ շուն ու կատուներու, ծառերու, միայն երկինքն է, որ երբեմն կը ճեղքէ գորշութիւնը ու կապոյտ երազ կը ցանէ քաղաքին վրայ։
«Նայեալ»ը կից է ապրած թաղամասիս, սակայն այդ քանի մը հարիւր մեթրը վտանգի կը տանէր, «անոնց» սահմաններուն մօտ ըլլալու հանգամանքով։ Լսելով որ առայժմ դիպուկահար չկայ՝ կ՛որոշենք երթալ։ Եթէ կը յիշէք՝ հոն, «Մաարրի» դպրոցին առջեւ՝ ճամբաներու հատումի կէտին փոքրիկ պուրակ մը կար։ Ան դեռ հոն է, սակայն… վերածուած է գերեզմաննոցի, ուր ազատ տեղ չէ մնացեր արդէն։ Դպրոցականները հոն պահմտոցի պիտի խաղան… եթէ դպրոցը վերաբացուի… Իսկ ո՞ւր պիտի ըլլայ ննջեցեալներու յաջորդ, «ժամանակաւոր» հանգրուանը։ Ամէն ինչի նման՝ այս օրերուս հոգ է նաեւ մեռնիլը ու մարդիկ դառը կատակ ալ կ՛ընեն. «Հիմա մեռնելու ալ ատեն չէ, թաղելու տեղ չկայ…»։
***
Ինչպէ՞ս կը վարուիք, եթէ գտնուիք նման կացութեան առջեւ։ Եօթանասունհինգէն ութսունի միջեւ տատանող կին մը, որ ամբողջ կեանք մը ապրեր է լիութեան մէջ, կարծելով թէ դրամը ծառերուն վրայ կը բուսնի ու իր վիճակը իր բացարձակ արժանիքը նկատելով, հիմա յուսահա՜տ է…
– Ես այս օրի՞ն պիտի հասնէի՜, ես զրկանքի վարժուած չե՜մ, ու կու լայ բառացիօրէն։
Ու ես կը յիշեմ Մուրացանի «Տիկին Փիլարեանի Վիշտը»։ Կիսանօթի վարժուհիներ հարուստներու դռերն ինկած՝ գաղթականներու համար հանգանակութիւն կը հաւաքեն, մինչդեռ միլիոնատէր տիկին Փիլարեանը, իր «ընտանեկան ծանր խնդիրով» վշտացած ու անտրամադիր (ամուսինը կ՛արգիլէ կառքի ձիերուն պոչերը ըստ նորոյթի կտրել), միայն 10 ոսկի կը նուիրաբերէ… «ձեր գաղթականներին»։
– Տիկին, կը դիմեմ մեր օրերու Փիլարեանին, – փա՛ռք Աստուծոյ, տունիդ մէջ ես, զաւակներդ՝ քովդ, ապրուստ ալ կայ…
– Ի՜նչ կ՛ըսես, – կը շարունակէ լալագին, – ես մածունով քիւֆթէն առանց առատ միսի կ՛ընէի՞, համ կ՛ունենա՞յ…
– Եկո՛ւր քեզի Նոր Գիւղ տանիմ ու տե՛ս, թէ հայ տիկիններ ինչե՜ր կը յօրինեն ընտանիքը կերակրելու համար. առանց սառնարանի, չորցած հացը կը թրջեն ու որպէս միս կը շաղեն…
– Ես վարժուած չե՜մ, ես առատութեան վարժուած եմ, ե՜ս…
Ու կու լայ։
Դուք ի՞նչ կ՛ընէիք նման պարագայի։ Ես, ներեցէ՛ք եթէ ըսեմ, գանեցայ. արգահատանքս դէմքիս վրայ գրուած էր, երբ ելայ, ըսելով՝
– Պիտի վարժուի՛ս, տիկի՜ն, պիտի վարժուի՜ս, պատերա՜զմ է, մարդիկ կը մորթուին…
***
Պատկեր.
Ճիտէյտիէի մուտքը. քանի մը քայլ միայն կրնաս խորանալ, որմէ ետք վտանգի գօտին է՝ մահուան գօտին։ Կերպասեղէնի յայտնի խանութին ցուցափեղկերու ապակիները հաւանաբար փշրուած են, քանի որ նախկին ցուցափեղկը այսօր վերածուած է նպարավաճառի փոքրիկ խանութի. գործավարը ե՛ւ կտոր կը ծախէ, ե՛ւ իր մանր շահը կ՛ապահովէ. այս օրերուն շահի զանազան աղբիւրներ յօրինուեցան։ Կերպաս չափելիք սեղանը նախամուտքին դրած, վրան շարած է փայլուն թուղթերու մէջ փաթթուած տեսակ-տեսակ անուշեղէններ, շոքոլաներ։ Վերը ու վարը՝ շարուած տուփեր։ Երկու կին կտորի կը նային։ Տղան անոնց հետ զբաղած է։ Ու յանկարծ վրայ կը հասնի թայֆունը… չես գիտեր ո՞ր նեղ թաղէն մեծ արագութեամբ կը խուժէ 5-8 տարեկան մանուկներու հրոսակախումբ մը, մեծ մասը՝ աղջիկներ՝ անլուայ ու գզգզուած մազերով։ Կը յարձակին անուշեղէններու վրայ, ոտքով կը զարնեն, կը թափթփեն տուփերը, կը խառնշտեն, կը տարտղնեն ամէն ինչ, պատկերաւոր հայհոյանքներով համեմելով իրենց գործունէութիւնը։ Խանութպանը ի զուր կը փորձէ յետ մղել յարձակումը։ Անոնք թեթեւակի կը քաշուին ու կրկին կը յարձակին։ Քանի մը այրեր իրենց խանութներուն առջեւ կեցած (ներս մտնելու պատրաստ դիրքով) լուռ կը դիտեն։ Կամաւոր զինուորներ կը յայտնուին ու մանուկները կը շրջապատեն զանոնք. խանութպանը կը փրկուի։
Առայժմ այս է Ամերիկայի մեզի շնորհելիք ազատութեան հետեւանքը։
***
Անեկդոտը. Իրհապի նահատակ մը դրախտին մէջ յանկարծ սուրիացի զինուոր մը կը տեսնէ ու կը զարմանայ.
– Դուն հոս ի՞նչ կ՛ընես, հոս մեզի խոստացուած է միայն։
– Չէ՜, աղբա՛ր, բոլոր նահատակները հոս կու գան, ես ալ նահատակ եմ։
– Է՞, ապա դժոխքը որո՞նց համար է։
– Սուրիացի ժողովուրդի՜ն…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles