Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հին Օրերու Կարօտով…

$
0
0

(Ուսուցչիս՝ Հայկազ  Թրթռեանին)

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Մարմրող արեւը իր ճառագայթէ փէշը հաւաքելով կը պատրաստուի մտնելու ծիրանի գոյն հագած հորիզոնին գիրկը: Համատարած խաղաղութիւն մը կը պարուրէ շրջապատը: Պահը այնպիսին է, որ մարդ ինքնաբերաբար իր վրայէն կը թօթափէ առօրեայ մտմտուքները եւ կ՛ամփոփուի ինքզինքին մէջ, կը  յանձնուի ներկային:
Ծովափին տարածուած ընդարձակ սրճարան-ծաղարանին մէջ միակն եմ, որ ընկերակից չունի, առանձին եմ: Իրիկնամուտի պարտադրող հանդարտութիւնը աւելի զգալի կը դառնայ կարծէք, դէպի ծովափ՝ յարձակումի ու նահանջի անհանդարտ շարժումով զիրար հրմշտկող ալիքներու կշռութաւոր աղմուկէն:
Չեմ կրնար բացատրել, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, առանձնութիւնս յետադարձ ճամբորդութիւն մը կը կատարէ եւ զիս կը յանձնէ մանկութեան տարիներուս յուշերուն, Պէյրութի Հայաշէն թաղամասի նախակրթարանի աշակերտական երանելի օրերուն, խաղի ու դասի ընկերներուս, ուսուցիչներուս, կուսակցական գործակիցներուս: Անոնցմէ ոմանք չկան հիմա, միւսներէն ոչ ոք իմ մօտս է, բայց բոլորն ալ անբաժան են ինձմէ: Մշուշոտ դէմքեր ու դէպքեր շատ հեռուներէն, այլեւ՝ ապրող ներկայութիւններ յիշողութեանս մէջ:
Անոնց այս այցելութեան քաղցրութիւնը ինչի՞ կը պարտիմ արդեօք: Ուսերուս ծանրացող տարիներու բեռի՞ն, որ կը սիրէ յաճախ ետ դարձով մը թեթեւնալու խաբկանքը ունենալ, թէ՝ դիմացս տարածուող հրաշք ծով-հորիզոնի բանաստեղծական գրաւչութեան: Եւ կամ՝ այն հանդիպումի՞ն արդեօք, զոր վերջերս ունեցայ նախակրթարանի անմոռանալի ուսուցիչիս հետ, Լոս Անճելըսի մէջ:
Տարիքս, ինչպէս եւ ծով-հորիզոնին գրաւչութիւնը նորութիւն չեն: Բայց կ՛երեւի, թէ անոնք միասնաբար կ՛ամբողջացնեն պահը, որ վերադառնամ այդ հանդիպումին, որուն ընթացքին վերակենդանացած էր յարգալիր աշակերտը, որ ես էի, սերնդակիցներս էին, վստահաբար նաեւ նախորդներս ու յաջորդներս էին հանդէպ իրենց ուսուցիչին, որ սովորական դասատուէ մը շատ աւելին էր: Դասապահին թէ զբօսանքներուն, նաեւ յետմիջօրէի դպրոցի արձակումէն ետք մինչեւ երեկոյեան ժամերը մեզի հետ էր ան, պասքէթի խաղով, դաս սերտելու, գիրք ընթեռնելու կամ արտասանական մրցումի թէ թատերախաղի մը պատրաստութեան աշխատանքով:
Կը յիշեմ՝ իրեն աշակերտած եւ երիտասարդ տարիքը դեռ չթեւակոխած Հայաշէնի տղոցմով Վարդանանց տարեդարձին համար կը պատրաստէր թատերական մը, զոր ինք հեղինակած էր եւ որ յաջողութեամբ ներկայացուեցաւ հանրութեան՝ «Ազատամարտ» ակումբին սրահը: Ինծի վիճակուած էր Յազկերտի դերը:
Վերջին փորձերուն վրայ կը հսկէր դերասանի ու դերուսոյցի յատկութիւններով համբաւեալ Արամ Միրաքեան, որ բաւական ճիգ թափեց, որպէսզի կարենամ ատելավառ մոլուցքով վերաբերիլ մեր հոգիին մէջ անջնջելի դրոշմով հերոսացած Վարդանի դէմ: Թատերախաղին հեղինակը, մեր ուսուցիչը, յայտնօրէն բարեացակամ  էր Վասակին նկատմամբ եւ զայն կը ներկայացնէր իբրեւ քաղաքական ուղղութեան մը ներկայացուցիչը եւ ոչ թէ դաւաճանի տիպար մը…
Աւելի ուշ, երիտասարդ տարիքիս, երբ սկսած էի հանրային գործերով ալ զբաղելու, կարելի եղած էր վիճաբանական ասուլիս մը սարքել «Թորգոմեան»ի սրահին մէջ՝ այդ ժամանակի այժմէական դարձած ծանօթ թեմայով. «Վասակը դաւաճա՞ն էր թէ ո»չ:
Շատ սիրելի երկու ուսուցիչներս, Հայկազ Թրթռեան եւ լուսահոգի «Ամէնուն ուսուցիչը»՝ Գէորգ Գանտահարեան, պիտի պաշտպանէին իրենց հակընդդէմ թէզերը:
Պատմական ու մատենագրական աղբիւրներէ քաղուած փաստերով Հայկազ Թրթռեան անառարկելի կը դարձնէր իր թէզը այն մասին, որ Վասակ հայրենասիրական իր նախընթաց գործունէութեամբ ու վարքով եւ պաշտօնին բերումով ծանրախոհ քաղաքագէտ մըն էր: Կը գիտակցէր երկու կայսրութեանց միջեւ աքցանուած իր հայրենիքին դիմագրաւած անել կացութեան եւ անհեռանկար արկածախնդրութիւն կը նկատէր ապստամբութիւնը… Վասակը կը ներկայացուէր իբրեւ քաղաքական հոսանք մը գլխաւորող ղեկավար, որով եւ պատմական անարդարութիւն կը նկատէր անոր  դաւաճանի պիտակ տալը:
Կը կարծուէր, որ զինաթափ է արդէն Հայաշէնին համար «անծանօթ» ընդդիմախօսը:
Բայց «Ամէնուն ուսուցիչը», հոգեբան-դաստիարակ, կռահելով սրահին տրամադրութիւնը, առաջին իսկ նախադասութեամբ եւ իր անմոռանալի ժպիտով պիտի կարենար բռնել ունկնդիրներուն բազկերակը, մօտաւորապէս ըսելով. «Փաստերու տարափով արձակուած ընդդիմախօսիս թնդանօթներուն դէմ զինաթափ եմ ես, բայց զինաթափ կրնա՞յ ըլլալ հայ ժողովուրդը, որ դարերէ ի վեր կը հաւատայ Վասակի դաւաճանութեան…»: Եւ իր ամբողջ խօսքը կը խարսխէր ժողովուրդի իմաստութեան, անոր զգայարանքին անսխալականութեան եւ տուած դատավճիռին վրայ, «… ի՞նչ կ՛արժեն մատենագրական արձանագրութիւններն ու սեփական այս ու այն դատումները ժողովուրդի իմաստութեան ու դատավճիռին դիմաց…» եւ այլն:
Այսպէս, առաջինը՝ մէջբերած փաստերուն եւ արտայայտած դատումներուն ուժով կ՛իշխէր ներկաներու տրամաբանութեան վրայ, իսկ երկրորդը ոգեկան իր խօսքերով ու… ժպիտով կը գրաւէր ունկնդիրին յուզաշխարհը: Որով, ներկաներուս վկայութեամբն իսկ ասուլիսը կ՛աւարտէր երկուքին յաղթանակով…
Դպրոցը «պարոն» էր Հայկազ Թրթռեան, բայց ակումբին մէջ՝ մեր վարիչ «ընկեր»ը:  Զոյգ պաշտօնները աւելի կը սերտացնէին աշակերտ-ուսուցիչ կապերը՝ խորացնելով միաժամանակ փոխադարձ ճանաչողութիւնը: Այդ ճանաչողութեան ընդմէջէն ան հետզհետէ կը ներկայանար մեզի իբրեւ գաղափարի կողմնացոյց, նոյն ատեն  ծառայող մը՝ իր գաղափարին:
Ամէնօրեայ իր ներկայութիւնը, աշակերտներուն հետ մտերիմ ըլլալու իր վարքին պարզութիւնը եւ խօսքին  ջերմութիւնը անզգալաբար կը ներգործէին պատանի մեր հոգիներուն եւ մեր մէջ կ՛աճէր իրեն նմանելու, իրեն պէս ըլլալու ձգտումը:
Այդ անորոշ ձգտումը յետագային ձեւ ու կերպարանք պիտի առնէր տարբեր դրսեւորումներով, երբ «Թորգոմեան»ի սերունդէն, եւ յատկապէս իր շունչին տակ սնած-աճած աշակերտներէն շատեր, իրենց ուսուցիչին եւ միւս դասատուներուն օրինակով, պիտի յատկանշուէին ծառայութեան ոգիով, ազգին ու ազգայինին իրենց կապուածութեամբ: Սփիւռքեան զանազան վայրերու մէջ աչքի պիտի զարնէին անոնք  իրենց գործօն ու բարերար մասնակցութեամբը՝ հանդիսադրուած հաւաքական ճիգերուն: Տեղ մը նոր հայ գաղութ կազմելու ու կազմակերպելու գործին նուիրուելով, ուրիշ տեղ գաղութային կեանքը աշխուժացնելու հետամուտ ըլլալով… Անոնցմէ ոմանք Հայ Դատի քաղաքական աշխատանքներու, ուրիշներ՝ մշակութային ու կրթական ճակատի վրայ տարբեր դիրքերէ ու հանգամանքներու մէջ մեծ ու փոքր դերեր ստանձնած՝ պիտի ջանային նպաստել հայ կեանքի վերելքին: Պիտի գտնուէին նաեւ այնպիսիներ, որոնք ազգին համար ժանանակ ու քրտինք չսակարկելնուն  զուգահեռ եւ ազատ ասպարէզներու մէջ յաջողած ըլլալով՝ դրամական շօշափելի, յաճախ նաեւ մեծագումար նուիրատուութիւններով պիտի օժանդակէին ազգաշէն  ծրագիրներու իրականացման…
Պարզութիւնը անձնաւորած անոր կենսաձեւին ու յետագայ տարիներու գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն դիմաց՝ առաւել եւս պիտի ամրապնդուէր իր մասին մեր ունեցած համոզումը, թէ ան պօէմական անշահախնդրութեամբ ու… խառնուածքով նուիրեալ մըն է, անհետաքրքրիր ու անտարբեր՝ «բարձր» պաշտօններու նկատմամբ, երեւելիութիւնը վանող, համեստօրէն գործող եւ յանդուգն նախաձեռնութիւնները քաջալերող:
1960ականի կէսերուն էր: «Հիներուն» անշահ վէճերուն ու աթոռի կռիւներուն վերջ տալու եւ նոր տեսիլքով գործելու յաւակնոտութեամբ երիտասարդ կուսակցականներս կը յաջողէինք Հայաշէնի «Ռոստոմ» կոմիտէութեան ղեկավարութիւնը ստանձնել՝ լուսանցքի հրելով թաղային հեղինակութիւնները, անոնցմէ ոմանք՝ Լիբանանի կազմակերպութեան մէջ ծանօթ անուններ: Այն օրերուն անսովոր երեւոյթ. երեք տարուան կուսակցական ըլլալու կանոնագրային պայմանը  հազիւ ամբողջացուցած 21-22 տարեկան երիտասարդի մը կը յանձնուէր կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօնը, լիբանանահայերու որակումով՝ «հերթապահութիւնը», որ հակառակ բառային իր խոնարհ իմաստին, մտայնութեանց մէջ կ՛ընկալուէր որպէս հեղինակաւոր դիրք, քան թէ պարտականութիւն: Մեր այդ քայլին դիմաց ընդհանուր  հակազդեցութիւնը չէր ուշանար՝ արհամարհական տարազումով. «Չօճուխներու կոմիտէ»: «Մե՜ղք, որ լիբանանահայ ամէնէն հին ու կազմակերպուած շրջանը չոճուխներու ձեռքը անցաւ», եւ այլն: Հայկազ Թրթռեան միակն էր քաջալերողը «Երանի՜ ձեր առած յանդուգն այս քայլը վարակիչ ըլլայ բոլոր շրջաններուն համար…»:
Լոս Անճելըսի մէջ մեր հանդիպումէն ամիս մը առաջ հոն էի, փակ դռներուն առջեւ Հայաշէնի փակուած վարժարանին, որ կը կրէր մեր ցեղին հին կոչումը՝ «Թորգոմեան», եւ ուր ամբողջ օրը խաղի հաճոյքներու մէջ թէ ուսումի ճամբով կը սնանէինք Թորգոմայ ցեղին առաքինութիւններով:
Անբացատրելի տխրութիւն մը յուշիս կը բերէր հին օրերը, երբ կեանք կար ու շունչ՝ լուռ ու կուղպ այդ յարկին տակ: Երանելի՜ օրեր, երբ վարժարանն ու անոր կպած եկեղեցին միասնաբար կը կազմէին հայաբնակ Հայաշէնին սիրտը, հայաշէնցիները իրարու միացնող հանգոյցը: Ամէն առտու եւ միջօրէի ճաշէն ետք, վարժարանին զանգին ձայնը կը հասնէր թաղին հեռաւոր ծայրամասերը եւ մեզ դպրոց կը կանչէր: Իսկ եկեղեցւոյ կոչնակին տխուր եռանհնչիւնը՝ տա՜նկ-տա՜նկ-տա՜նկ, պատահէր որ հայաշէնցիի մը մահը գուժէր, թաղեցիները բոլոր կը դառնային սգաւոր ու յուղարկաւորներ: Նոյնպէս, բոլոր թաղեցիները հարսնեւորներ կ՛ըլլային, երբ պսակ կար: Ազգային ու յեղափոխական երգերով եւ ատրճանակի կրակոցներու տարափին տակ նախ փեսան, ապա հարսը անջատ թափօրներով կ՛առաջնորդուէին եկեղեցի…
Անցեալի եռուզեռին տեղ ամայի հաստատութիւնն էր դիմացս, բոլորովին այլափոխուած դիմագիծով Հայաշէնին մէջ:
Աչքիս կը պատկերուէին աւարտական դասարանի ուսուցիչներս: Ողբացեալ տնօրէնը՝ Խորէն Մղտեսեան, որ երկարամեայ իր վաստակով եւ կազմակերպչական յատկութիւններով երաշխիքն էր վարժարանի գոյութեան այնքան, որ իր անունը նոյնացած էր վարժարանի անունին հետ: Թուաբանութեան ուսուցչուհին՝ տիկին Պայծառ Գույումճեան, որուն ծովագոյն աչքերը իրենց խստութեան մէջն իսկ հոգի կու տային չոր ու անհոգի թիւերուն: Պրն. Ռէմոն Պժանին, որ հակառակ պետութեան կողմէ տրամադրուած արաբ ուսուցիչ ըլլալուն, ինքզինք կը նկատէր եւ մեր կողմէ ընդունուած էր իբրեւ հարազատ մէկ անդամը «Թորգոմեան»ի ընտանիքին: Անոր հետ խմբովին գացած ըլլալնիս կը յիշէի Նորմանտիի ծովափ-փլաժը: Մէկէ աւելի տասնեակ տարիներ կը մնար ան «Թորգոմեան»ի ուսուցիչ: Այնքան կախարդական էր մթնոլորտը հին Հայաշէնին…
Կը մտաբերէի Հայկազ Թրթռեանի հայերէնի եւ ազգ. պատմութեան դասապահերը, ուր ան «մեծասքան»չին շքեղութիւնը կը բանար մեր առջեւ, մեր հերոսներուն խոյանքներով կը հպարտանար ու հպարտութիւն կը ներշնչէր մեզի, մեր պատանի հոգիները շաղկապելով ազգին եւ հայրենիքի գաղափարին:
Հայ գրականութեան փառքին կ՛ընտելանայինք հայերէնի պահերէն եւ բանաստեղծութեան նախաճաշակը կ՛առնէինք՝ շաբաթական դրութեամբ իր կիրարկած ոտանաւորի դասաժամերէն: Շաբաթ օրը յարմարագոյնն էր ոտանաւոր մը անգիր սորվելու համար, քանի որ միայն չորս դասաժամեր ունէինք՝ յետմիջօրէին վարժարանը արձակ ըլլալուն: Հերթաբար անգիր կ՛արտասանէինք բանաստեղծական կտոր մը այնպէս, ինչպէս բեմի վրայ եթէ ըլլայինք, ապա կը վերլուծէինք: Այդ օրերէն մինչեւ հիմա միտքիս մէջ դրոշմուած կը մնան Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Պետրոս Դուրեանի, Վահան Տէրեանի, Միսաք Մեծարենցի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Վահան Թէքէեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ շատ ուրիշներու հատընտիրներէն տողեր ու պարբերութիւններ…
Դասակիցներս ո՞ւր են, ի՞նչ եղան՝ չեմ գիտէր: Միայն Ռուբէնը հոն է, Հայաշէնի մէջ, եկեղեցին գործօն պահելու ճիգերու տրամադրուած…
Եւ հիմա հոս, ծովափեայ այս ընդարձակ սրճարանի առանձնութեանս մէջ ես ինծի կ՛արտասանեմ առաջին տունը վարժարանի ոգերգին, զոր այնքան խանդավառութեամբ կ՛երգէինք.
Որպէս փարոս մը լուսարձակ՝
Կը յիշենք քեզ միշտ համարձակ.
Ով դուն սիրուն մեր վարժարան
Թորգոմ ազգին անուան արժան:
Մտովի կը վերադառնամ ամիս ու կէս առաջ Լոս Անճելըսի իմ հանդիպումին՝ Հայկազ Թրթռեանին հետ: Երկա՜ր տարիներ զիրար չէինք տեսած: Կարօտալի ողջագուրումէ վերջ, դէմ դիմաց նստած կը զրուցենք հինէն-նորէն: Երկուքս ալ կեանքի կորագիծին վերելքի բաժինը ամբողջացուցած՝ վայրէջքի գիծին երկրորդ կէսին կը գտնուինք: Այդ կէտին վրայ՝ մարդիկ կը հաւասարին իրարու՝ անկախ տարիքի տարբերութենէն ու հանգամանքներէն: Բայց հանդիպման այդ պահուն եւ մտերմիկ զրոյցի մէջն իսկ տարօրինակօրէն ինծի կը թուէր, թէ մենք  նոյնն ենք, ինչ որ էինք, ես՝ աշակերտը, ինք՝ ուսուցիչս…
Յարգանքի զգացումը, կ՛ըսեմ ինքզինքիս, սահման ու սահմանում չունի եւ վստահաբար այդ զգացումն է, որ արարուած մարդ էակը կը զատորոշէ անասնական   աշխարհէն:
- Խնդրեմ պարոն, կը հաճի՞ք սուրճին հաշիւը փակել: Ժամանակս աւարտած ըլլալուն զիս պիտի փոխարինէ գործընկերս:
Սրճարանին սպասեակն է՝ հաշուեցոյցը երկու մատներուն մէջ:

Աթենք


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles