Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՆՇՄԱՐ- «Ախմախ Մեծ Հայրեր…»

$
0
0

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ծնած եմ Հալէպ, Սուրիա, պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական առաջին տարիներս անցուցած եմ Պէյրութ, Լիբանան եւ ահա մօտ 35 տարիէ ի վեր կը բնակիմ Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա։
Հայրս ծնած է Այնթապ, Կիլիկիա եւ մէկ տարեկանին, ընտանիքին հետ տեղահանուած եւ ապաստանած է Հալէպ, Սուրիա, ուր ապրած է իր կեանքին առաջին 50 տարիները, եւ իբրեւ վերապրող առաջին սերունդի անդամ՝ իր մորթին վրայ զգացած ու ապրած է տեղահանութեան բոլոր «բարիքները», հայու նկարագիրին համապատասխան կամքով՝ կերտած իր ընտանիքն ու ապագան։
Մեծ հայրս նոյնպէս ծնած է Այնթապ, բազմանդամ ընտանիքի զաւակ, ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած է իր ծննդավայրին մէջ, Ա. աշխարհամարտին զինուոր տարուած է օսմանեան բանակին, եւ ինչպէս իր սերնդակիցներուն մեծամասնութիւնը՝ «վայելած» է անոր բոլոր տաժանքները։ Հետագային, Այնթապի երկրորդ տեղահանութեան հետեւանքով, վերջնականապէս կայք հաստատած է Հալէպ, տուն շինած է, գործ հաստատած եւ ընտանիքը ընդարձակած է։
Մեծ հօրս, եւ ինչու չէ, բոլոր մեր Մեծ հայրերուն տեղահանութեան գլխաւոր պատճառը՝ իրենց ազգային պատկանելիութիւնն էր, որուն մէջ տեղ ունէր նաեւ քրիստոնէական կրօնքի պատկանելիութիւնը։ Չէ՞ որ մենք միաժամանակ հայ ենք ու քրիստոնեայ, քրիստոնէութիւնը հայացուցած ենք ու զայն դարձուցած՝ մեր ազգային պատկանելիութեան մէկ հիմնական տարրը։
Հայը ձուլելու եւ թրքացնելու օսմանեան պետութեան 500 տարուան քաղաքականութիւնը Կիլիկիոյ մէջ որոշ չափով յաջողած էր, որովհետեւ այդ շրջաններու հայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը պարտադրաբար կորսնցուցած էր իր մայրենի լեզուով արտայայտուելու կարողութիւնը։ Հայերէն խօսողին բառացիօրէն լեզուն կը կտրէին… Հայերէն չէին խօսեր, սակայն հաւատարիմ էին հայութեան, կապուած էին հողին ու հայրենի օճախին։ Ուստի, զանոնք թուրք բնակաչութենէն զատորոշելու գլխաւոր ազդակը կրօնքն էր՝ Հայ առաքելական եկեղեցին։
19րդ դարու հայկական զարթօնքին իբրեւ հակադարձութիւն, սուլթան Համիտ եւ ապա երիտթուրքերը փորձեցին արագ լուծում տալ Հայկական Հարցին, մէկ կողմէ քաջալերելով կրօնափոխութիւնը, իսկ միւս կողմէ, չենթարկուողները «պարգեւատրեցին» բռնի տեղահանութեամբ եւ ջարդով։ (Այսօր, նշեալ առաջին փաղանգին մասին կը խօսուի իբրեւ իսլամացած հայեր, որոնք վերջին տարիներուն իրենց ինքնութիւնը վերայայտնեցին Թուրքիոյ մէջ եւ ոչ արհամարհելի թիւ մը կը կազմեն։)
Այսօր, ես կը նկատուիմ Սփիւռքի երկրորդ սերունդ, Ցեղասպանութենէն եւ ջարդերէն մօտ հարիւր տարի ետք, եթէ ակնարկ մը նետենք մեր իրականութեան վրայ, ինծի նման, Սփիւռքի երկրորդ սերունդին մեծամասնութիւնը հարկադրաբար կամ կամաւոր տեղափոխուած եւ կայք հաստատած է մայր հայրենիքէն տեղահանուածները պատսպարող առաջին կայաններէն հազարաւոր մղոններ հեռու, գրեթէ երկրագունդի հակառակ կողմը ( Ամերիկայի ցամաքամաս, Եւրոպա կամ Աւստրալիա)։
Նոր գաղութներու մէջ ենթակայ ըլլալով տեղական զանազան հոսանքներու, այսօր մեր իրականութեան մէջ ո՛չ միայն մուտք գործած են զանազան նոր կրօնքներ եւ աղանդներ (Միացեալ Նահանգներու պարագային՝ մորմոններ, եհովայի վկաներ, վերածնուած քրիստոնեաներ, պուտտայականներ եւ այլն), որոնք Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին լայնօրէն թափանցած են նաեւ մեր հայրենիքէն ներս, այլ նաեւ, Սփիւռքի երրորդ սերունդը կը գտնուի իր մայրենի լեզուով արտայայտուելու եւ զայն գործածելու լուրջ դժուարութեան առջեւ. այս ախտը դարմանելու վերջին 30-40 տարիներու փորձերը պէտք եղած արդիւնքն ու տարողութիւնը չունեցան։
Կրօնական ու մշակութային այլասերումի այս հոսանքին դիմաց, դառնութեամբ հարց կու տամ ես ինծի. կ՛արժէ՞ր, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուողներն ու վերապրողները յանձն առնէին ֆիզիքական, նիւթական ու բարոյական այդ բոլոր զոհողութիւնները…
Կը մտածեմ. «Ախմախ Մեծ հայրեր, ամբողջ սերունդ մը, ա՛զգ մը ջարդուեցաւ, տեղահան եղաւ, հող ու հայրենիք կորսնցուց, զրկանքներ ապրեցաւ՝ վասն ինչի՞… Որպէսզի հասնէինք այս օրուա՞ն… վասն անձնական վայելքի եւ ապագայի՝ մոռնանք ամէն ի՞նչ եւ ամէն սկզբո՞ւնք… Եթէ  քիչ մը հեռատես ըլլայիք, կանխատեսէիք այսօրուան օրը, վստահաբար պիտի նախընտրէիք ձեր տեղը մնալ, կրօնափոխ ու դաւանափոխ ըլլալ։ Այդ պարագային, մենք պիտի գտնուէինք մեր պապենական հողերուն վրայ, տնտեսապէս պիտի ըլլայինք շատ աւելի բարգաւաճ եւ բարեկեցիկ, որովհետեւ մէկ սերունդէն միւսը պիտի փոխանցուէր եւ շարունակուէր տնտեսական որոշ պահեստ մը։
«Այսօր, մեր գլխաւոր տարբերութիւնը պիտի ըլլար այն, որ Թուրքիա մնացող մեր կարգ մը հայրենակիցներուն նման, իսլամացած պիտի ըլլայինք։ Ի վերջոյ, եթէ մեր ազգային-կրօնական պատկանելիութիւնը այսքա՜ն երկրորդական դարձած է, ի՞նչ տարբերութիւն, եթէ եհովայական ըլլանք, մորմոնական կամ… իսլամ։
«Տակաւին, իսլամ հայը իրաւունք պիտի ունենար առնելու 4 կին եւ այսօրուան մեր 10 միլիոնին փոխարէն, պիտի ըլլայինք 50 միլիոն…»։
… Այս մտածումներով տարուած, երբեմն կը մոռնամ ալ, որ թուրքը մեզ ջարդած է ու մեր հայրենիքը խլած՝ մեր ԱԶԳԱՅԻ՛Ն պատկանելիութեան եւ ոչ միայն քրիստոնեայ ըլլալնուս պատճառով։ Չէ՞ որ քիւրտերը իսլամ են եւ տասնամեակներէ ի վեր կը ջարդուին մեզի նման… Չէ՞ որ այսօրուան Սուրիան ու Իրաքը մեծ մասամբ իսլամ ժողովուրդներ ունին եւ սակայն զերծ չեն թրքական ջարդարար ոտնձգութիւններէ…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles