Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հաւասարութեան Համար Պայքարի Մասին, Կամ՝ Մանտելան Եւ Յետ Խորհրդային Իրադարձութիւնները

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս տարի Արժանթինը կը նշէ զինուորական բռնատիրութեան ա-ւարտի եւ ժողովրդավար կարգերու հաստատման երեսունամեակը: 10 Դեկտեմբեր 1983ին էր, որ երկիրը 1930էն ի վեր պետական հարուածներու կշռոյթով ղեկավարած զինուորականները, որոնց վերջին, 1976-1983, իշխանութեան բռնազաւթումը եղած էր պատմականօրէն ամէնէն արիւնոտը՝ երեսուն հազար «անհետացածներ»ու եւ Մալուինեան պատերազմի պարտութեան ծանր կտակով, վերջնականապէս հրաժարեցան «ազգային վերակազմակերպում»ի իրենց արկածախնդրութիւններէն, եւ ժողովրդային քուէով ընտրուած Ռաուլ Ալֆոնսինը իր պաշտօնի ստանձման սահմանադրական երդումը տուաւ: «Վերջնական»՝ ոչ թէ որովհետեւ այդ ժամանակ ժողովրդավարութիւնը հաստատագրումի երաշխիքը կու տար: Ընդհակառա՛կը. եթէ արժանթինեան քաղաքական շրջանակներուն եւ շարքային քաղաքացիներուն մօտ կար մէկ եւ միակ մտավախութիւն՝ այն ալ ժողովրդավարութեան դիւրաբեկութիւնն էր: Ի մասնաւորի, որովհետեւ զինուորականները հեռացած էին իշխանութենէն, բայց իրենց ետին թողած պետական քայքայուած հաստատութիւններ եւ, մանաւանդ, «ազատ շուկայական տնտեսութեան» քաղաքականութեան փորձառական կիրարկումի հետեւանքով քարուքանդ եղած տնտեսութիւն մը: Բայց անցնող երեսուն տարիներուն, արժանթինեան ժողովրդավարութիւնը դիմադրեց ընկերային պայթումներու եւ տնտեսական փլուզումներու ամէն տեսակի փորձութիւններու եւ երեսնամեակի առիթով կատարուած ամէն հարցախոյզ կու գայ յստակօրէն ցոյց տալու, որ ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ քաղաքացիական հասարակութիւններուն համար եթէ կայ համընդհանուր համախոհութիւն մը, ապա եւ այդ մէկը ժողովրդավար կարգերու յանձնառութիւնն է՝ անկախ գաղափարախօսական բոլոր տարբերութիւններէ: Աւելի՛ն, թէկուզ եւ լատինամերիկեան ոլորտին մէջ Արժանթինէն առաջ Փերուն (1980) եւ Պոլիւիան (1982) արդէն ձերբազատուած էին զինուորական իշխանութիւններէն, անկասկած որ արժանթինեան գործընթացն էր, որ արագացուց տարածաշրջանի միւս երկիրներուն անցումը, անոնցմէ վերջինը հանդիսանալով Չիլին (1989): Տակաւի՛ն, Արժանթինը կը յատկանշուի որպէս այն երկիրը, որ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը սերտօրէն առնչակից դարձուց ցեղասպանութեան մասշտապով մարդկային իրաւանց մասսայական ոճիրներ գործած զինուորականները դատի կանչելու եւ անոնց ներում չշնորհելու յանձնառութեան, որ հաստատ կը մնայ մինչեւ օրերս:
Իր երդումէն անմիջապէս ետք, Ալֆոնսինի առաջին որոշումներու շարքին եղաւ Չարչարանքի դէմ միջազգային համաձայնութիւնը վաւերացնել, ապա՝ ստորագրեց Ափարթհէյտի դէմ միջազգային համաձայնագիրը եւ Հարաւային Ափրիկէի հետ խզեց յարաբերութիւնները: Միայն խտրականութիւնը սահմանադրական կարգերու վերածած վարչակարգի անկումէն եւ Նելսոն Մանտելայի ազատ արձակումէն ետք է, որ Արժանթինը իր կապերը հաստատեց Հարաւային Ափրիկէի հետ: Ալֆոնսինի այդ քայլը անշուշտ խորապէս մտածուած քայլ էր, որ կը նպատակադրէր զինուորական բռնատիրութիւններու դիմագիծով միջազգային բեմին վրայ ճանչցուած երկիրի մը տալ նոր ինքնութիւն՝ միջազգային իրաւունքի յանձնառու եւ ամէն ձեւի խտրականութեան դէմ պայքարի ու պայքարողներու հետ նոյնացող ինքնութիւն: Զուգադիպութիւն չէր, անշուշտ, որ արժանթինեան զինուորական բռնատիրութիւնը լաւագոյն յարաբերութիւնները ունէր Հարաւային Ափրիկէի Ափարթհէյտի վարչակարգին հետ…
Արժանթինի, եւ ընդհանրապէս Հարաւային Ամերիկայի ժողովրդավարութեան անցումի տասնամեակին (1980ական տասնամեակը), Նելսոն Մանտելա արգելափակուած էր արդէն 1962ին ամերիկեան գաղտնի գործակալութեան մեղսակցութեամբ իր ձերբակալումէն ի վեր: Արգելափակուած պիտի մնար մինչեւ 1990, բայց իր բանտարկութեան 27 տարիները ոչ միայն իր աննկուն կամքը պիտի չկոտրէին, այլ զինք պիտի վերածէին ամէն ժամանակներու ամէնէն հռչակաւոր ազատամարտիկին, յարատեւող պայքարի ներշնչման աղբիւրի:
Ինիսունհինգ տարեկան Նելսոն Մանտելա իր աչքերը յաւիտեան փակեց 5 Դեկտեմբեր 2013ին:
Իր կեանքը եղաւ դէպի ազատութիւն երկար քայլարշաւ մը, ինչպէս 1995ի իր ինքնակենսագրութեան խորագիրը դիպուկ կերպով պիտի բնութագրէր: Բայց ոչ միայն ազատութեան: Նելսոն Մանտելայի պայքարը իր էութեամբ հաւասարութեան համար պայքար էր: Հաւասարութիւն մարդոց միջեւ ամէն իմաստով, եւ ոչ միայն ցեղային խտրականութեան ժխտած հաւասարութեան համար: Այսպէս, նոյնիսկ եթէ Ափարթհէյտի վարչակարգն էր, որուն դէմ կը պայքարէր ան, իր հիմնած եւ գլխաւորած Ափրիկեան Ազգային քոնկրեսի քաղաքական ծրագիրը նաեւ ընկերային հաւասարութեան ծրագիր էր, որ քով-քովի կը բերէր ե՛ւ սեւամորթ, ե՛ւ սպիտակամորթ մարտիկները, որոնք զէնք վերցուցած էին եւրոպական գաղութատիրութեան վերջին եւ ամէնէն զազրելի վարչակարգին դէմ եւ կը ձգտէին անոր վերացումով ազատ, արդար եւ հաւասար կարգեր հաստատել ե՛ւ սեւամորթին, ե՛ւ սպիտակամորթին համար: Հաւասարութեան համար այս պայքարը թերեւս աւելի տեսանելի կերպով երեւան ելաւ, երբ բանտէն իր ազատ արձակումէն ետք Նելսոն Մանտելա ոչ մէկ ոխ պահեց իր նախկին թշնամիներուն նկատմամբ, ընդհակառակը, չվարանեցաւ համագործակցիլ Հարաւային Ափրիկէի Ափարթհէյտի վերջին նախագահ Ֆրետերիք տը Քլերին հետ՝ ապահովելու համար վարչակարգին վերացումն ու ժողովրդավարութեան հաստատումը: Այսպէս է, որ Հարաւային Ափրիկէի ժողովրդավարական անցումին մէջ պէտք է տեսնել Մանտելայի զոյգ պայքարները՝ ազատութեան եւ հաւասարութեան համար: Թէ այդ հաւասարութիւնը, ի մասնաւորի հարստութեան վերաբաշխումի իմաստով, շատ հեռու է այսօր Հարաւային Ափրիկէի, Ափրիկէի եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ՝ անկասկած: Բայց աւելի քան երբեք, ժողովրդավարութեան համար պայքարը իրարու առնչակից դարձուցած է ե՛ւ ազատութիւնը, ե՛ւ հաւասարութիւնը, եւ ա՛յս է Նելսոն Մանտելայի մեծ կտակը:
Նելսոն Մանտելայի կերպարը, որ այնքան ներշնչող եղած է բոլոր պայքարողներուն համար ներկայ չէր նախքին համայնավար եւ խորհրդային երկիրներու անցումի տարիներուն, երբ Հարաւային Ափրիկէն ալ իր ժողովրդավարացման գործընթացը կ՛ապրէր: Անոր պատճառը այնքան ալ խորհրդային կայսերական լուծէն ազատուելու մղիչ ուժ հանդիսացող ազգայնութիւնը չէր, որքան այդ ազգայնութեան առընթեր, եւ յետագային զայն պոռնկացուցած նէօլիպերալ (նոր ազատական-Խմբ.) գաղափարախօսութեան ներթափանցումը: Փլանաւորուած տնտեսական քաղաքականութեան լճացումէն զզուած եւ ազատ շուկայականութեան ծովանոյշերու մեղեդիներով հիփնոսացած ամբողջ հասարակութիւններ մէկ օրէն միւսը, ինչպէս Մարքս պիտի ըսէր, խորհրդային օրերու ամէն տոկուն կառոյց վերածեցին ֆինանսական հոսքի, որ գնաց կորսուելու օֆշորեան «դրախտներ»ուն մէջ: Հայաստանի յետ խորհրդային անցումը խօսուն օրինակ է այս իմաստով. այսօր կասկած չկայ, որ անկախութեան համար զոհ գացած հերոսներուն պայծառ արեւը ծածկող սեւ ամպերը այդ օրերուն կուտակուելու սկսան՝ սեփականաշնորհում կոչուած ալան-թալանին հետամուտ աւազակներու, անոնց գործունէութեան իրաւական հիմքեր ապահովող ՀՀՇական վարչակարգի եւ ազատ շուկայականութեան խնկարկման պաշտօնը զբաղեցնող յետագային ամրագրուած օլիկարգային համակարգի օրգանական մտաւորականներու ակ-տիւացումով: Նելսոն Մանտելաներ ու հաւասարութեան յանձնառութիւն չկար այդ օրերուն:
Չկայ եւ այսօր՝ հակասութիւններով լեցուն յետ խորհրդային իրադարձութիւններուն մէջ: Եւրոպական Միութի՞ւն, թէ Ռուսիա՝ պարտադրուած այլընտրանքը խոր ճեղք մը առաջացուցած է Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ մէկ կողմէ քաղաքական իշխանակարգին եւ միւս կողմէ հասարակութեան մէջ: Եթէ մէկ կողմէ հասկնալի է Սերժ Սարգսեանի թէ Վիքթոր Եուշենկոյի կամայ թէ ակամայ որոշումը նախընտրութիւն տալու ռուսական այլընտրանքին, նոյնքան ալ յստակ է որ ե՛ւ հայրենի ժողովուրդը, ե՛ւ ուքրանացի շարքային քաղաքացին շատ աւելի իմաստուն կերպով, գրեթէ բնազդաբար տեսան Մոսկուայի քաղաքականութեան մէջ հին կայսերականութեան ամբարտաւանութեան նոր արտայայտութիւնը: Փութինի այցելութեան դէմ ցոյցերը Երեւանի մէջ, թէ Քիեւի մէջ, Լենինի՝ ոչ որպէս պոլշեւիկի, այլ որպէս ռուսական կայսրութեան ներկայացուցիչի, արձանին քանդումը բարացուցական են ազատութեան սկզբունքի բովանդակութենէն զրկուած ձեւական ժողովրդավարութեան մը ամրագրման՝ փութինեան Ռուսիոյ հարազատ պատկերով: Նման հեռանկարի ցաւին բալասանը կը թուի թէ՛ հայրենի եւ թէ ալ ուքրանացի քաղաքացիին համար եւրոպական այլընտրանքը:
Ժողովուրդին ազատութեան բնազդին առողջութիւնը ողջունելի է անշուշտ: Բայց Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական այլընտրանքի պարտադրանքին դէմ բողոքի ցոյցերուն ներքին հակասութիւնը երեւան կ՛ելլէ եւրոպական հեռանկարի ոչ իրական փայլքով, կամ, առնուազն, Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցելու ազատութեան մութ երեսը: Արդարեւ, ժուժկալականութեան ժամանակաշրջանը իրաւականացնող Եւրոպական Միութիւնը եթէ արդարացիօրէն քաշողական է նախկին խորհրդային հասարակութիւններուն համար իր արժէքային համակարգով, ինչ որ նէօխորհրդային տարածաշրջանային համակարգ մը մերժող զանգուածներն ու անոնց առաջնորդ քաղաքական թէ հասարակական ուժերը կը թուին թէ չեն տեսներ՝ այդ արժէքային համակարգէն հարստութեան արդար եւ հաւասար բաշխումի ամէն նախանձախնդրութեան բացակայութիւնն է: Ազատ առեւտուրի առաջնորդող քաղաքական միջոցառումները, որոնք Եւրոպայի հետ Ասոցիացման ծրագիրը կը նախատեսէր առնուազն անմիջականօրէն հարստութեան աւելի անարդար բաշխում պիտի բերէին, որովհետեւ ոչ իսկ ուքրանական արտադրութիւնը պիտի կարենար եւրոպական արտդարութեան հետ մրցակցիլ:
Ոչ Հայաստանի եւ ոչ ալ Ուքրանիոյ ժողովրդավարութիւնները այնքան ազատ համակարգեր էին, որ կարենային դիմադրել Մոսկուայի ճնշումներուն: Գործադիր իշխանութիւններու առած միակողմանի որոշումները՝ միանալու Մաքսային Միութեան առանց խորհրդարանական քննարկումներու, եւ նուազ՝ ժողովրդային հանրաքուէի, սառցակոյտին տեսանելի գագաթն է միայն: Անոր պահուած եւ խորին բաժինը՝ երկու երկիրներուն մէջ տիրապետող օլիկարգային խաւին ֆինանսական կախուածութիւնն է ռուսական մեծ գափիթալէն:
Այդ մէկը կարծես այնքան ալ չի մտահոգեր հաւասարութեան մասին «իսկի (բնաւ-Խմբ.) էլ» գաղափար ունենալ չուզող ողջ հայրենի իշխանութիւններուն: Ազատ շուկայական հեքիաթներու գիրքը լեցուն է ստեղծագործ միտքերով արդարացնելու համար ե՛ւ անգործներու աննշան յատկացումները պետական պիւտճէէն դուրս բերելու, ե՛ւ պետական պաշտօնեաներուն՝ նախագահէն մինչեւ նախարարներ, ե՛ւ պատգամաւորներու աշխատավարձերը երկու հարիւր տոկոսով աւելցնելու, ե՛ւ թոշակային համակարգը ֆինանսական քազինոյի սեղանին գրաւի դնելու:
Հայաստանի քաղաքացիները կրնան հաւասարութեան երազէն զրկուած ըլլալ: Բայց ազատ են արտագաղթելու… Ռուսաստան, էլ ո՞ւր:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles