Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Ժընեւ-2» Հալէպահայութիւն Եւ Մենք

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այսօր պահանջք զգացի գրելու: Նպատակը սիրտիս մօտ է, որովհետեւ քանի մը օրեր ետք՝ Յունուար 22ին, Ժընեւի մէջ հաւանաբար գումարուի Սուրիոյ տագնապին շուրջ հակամարտ կողմերու միջեւ միջազգային խորհրդաժողով մը՝ «Ժընեւ 2» անուան տակ:
Քաղաքական վերլուծումներ կատարող մը չեմ: Նոյնիսկ չեմ գիտեր որքանով բան մը պիտի կարենայ փոխել դիւանագէտներու այս հաւաքը:
Նաեւ չեմ գիտեր, եթէ երբեք բան մը կրնայ փոխուիլ: Որքանո՞վ անկեղծ են կողմերը: Որքանո՞վ իրենց խոստումին տէրը պիտի ըլլան: Որքանով վստահութիւն պիտի ներշնչեն թէ՛ իրարու եւ թէ աշխարհին:
Միայն այն գիտեմ, որ շուրջ երեք տարիներէ ի վեր ներքին պատերազմի մէջ մխրճուած սուրիացի ժողովուրդին կողքին աշխարհի աչքերն ալ յառած են այս ուղղութեամբ:
Դէպի «Ժընեւ 2»: Յոյս մը: Երկար ու անծանօթ փակուղիէ մը դուրս գալու լոյսի նշոյլի մը յայտնութիւնը:
Անկասկած, որ վերջապէս փորձ մըն է, որ պիտի կատարուի պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող ղեկավարներուն կողմէ, անոնց, որոնք յանուն ամբոխավարութեան՝ անմեղ քաղաքացիներու արեան պատճառ դարձած են:
Միայն հաւատք կ՛ուզենք սնուցանել դիւանագիտական այս ռազմավարութեան, որ կը կարծեմ մեր գլուխէն աւելի վեր է:
Մեծ պետութիւններու հովանիին եւ օրհնութեան տակ գումարուող ժողովին մասնակից հակամարտող կողմերը, եթէ նոյնիսկ քաղաքական որոշ լուծման մը յանգին, անդին կը մնայ սուրիացի ժողովուրդի ներկայ իրավիճակը:
Բացարձակ իրականութիւն է, որ այսօր Սուրիոյ բնակչութեան քառորդը իր կեանքի ապահովութեան համար դրացի երկիրներէն ներս ապաստան գտած է:
Աւերակուած են բազմաթիւ քաղաքներ, գիւղեր եւ աւաններ: Սպաննուած, առեւանգուած ու անյայտացած են հազարաւոր քաղաքացիներ:
Ռումբերու, հրթիռներու եւ փամփուշտներու աղմուկէն այլեւս լսելի չէ ոչ մէկ աղաչանք:
Չորցած են մարդոց ականջները եւ կուրցած՝ աչքերը, ու հարցերը մնացած են փողոցներու փլատակներուն տակ:
Բոլորիս համար երկարեցաւ կռիւը, դարձաւ պատերազմ, դարձաւ անմարդկային եւ եղբայրասպան:
Ուշացաւ յոյսը: Լաւին սպասումը դարձաւ կարօտ:
Աշխարհը ականատես է, թէ որչափ խոր է այդ երկրի ժողովուրդին դժբախտութիւնը: Հոն բոլոր չափանիշները խախտած են եւ սկզբունքները արժէքազրկուած:
Կրօնքի անուան տակ աներեւակայելի ոճիրներ գործուած են եւ տակաւին կը գործուին, որովհետեւ մարդիկ կրօնքը դարձուցած են թէ միջոց եւ թէ նպատակ:
Հոն սարսափն ու մահը ոչ սահման ունին եւ ոչ ալ ժամանակ:
Կը կարծեմ, որ գրեթէ ամբողջ աշխարհը նման տագնապներով կը գալարուի։ Մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին՝ սուրիահայութեան, հալէպահայութեան դիմագրաւածը առանձնապէս կը ցաւցնէ մեր սիրտը:
Մեր ժողովուրդը, սակայն, օժտուած է կրկին ապրելու կամքով լեցուած սիրտով ու հոգիով:
Իրականութիւն է, որ մենք վշտահար ժողովուրդ եղած ենք: Պատմութեան հարուածները միշտ եւ անխնայ եղած են խաղաղասէր եւ ստեղծագործ հայութեան գլխուն:
Սակայն այս օրերուն պէտք է հաշտուիլ այս նոր իրականութեան հետ:
Չեմ փորձեր գրիչս լալկան վազքի մը մէջ նետել: Կը զգամ ու կ՛ապրիմ տագնապին ահռելիութիւնն ու մեծութիւնը:
Չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ներքին ձայն մը կը սկսի յուշելու զիս ու առաջնորդել մտածումներս:
Կը հաւատամ, որ կեանքը իբրեւ հաւատք եւ հաւաքական ապրում, մեզի համար միշտ ազգային եղած է:
Հաստատապէս զգացական պոռթկումի մը արդիւնք են այս տողերը, որովհետեւ Հալէպի հողին կարօտը տակաւին կ՛այրէ հոգիս:
Կը զգամ, որ այս առթիւ իմ արտայայտած իւրաքանչիւր մտածում դարձած է պոռթկում:
Որովհետեւ…
Հոն, յատկապէս մեր ծննդավայր Հալէպէն ներս, գրեթէ ամէն օր հիւանդ է արեւը: Պատմական այդ քաղաքը հազարաձայն հեւքով քաղաքի մը վերածուած է: Հոն անհրապոյր օրեր զիրար կը յաջորդեն:
Հալէպը իր այս իրավիճակով պատմութեան անցած է, սակայն տակաւին անցեալ չէ դարձած:
Հոն մեր ժողովուրդը իր աչքերը երազին եւ յոյսին մէջ բացած է լեռներու մէջ եւ կամ վրան թափառող ամպերու նման:
Իսկ մենք հոս, անոնցմէ հեռու եւ անդին. մենք հոս ի՞նչ կ՛ընենք: Դուք ձեզի հարց տուէք: Ո՞ր օրուան կը սպասենք:
Կը խօսինք: Յաճախ լոզունգներով կ՛արտայայտուինք: Երբեմն կը յիշենք, քիչ ետք նստելու եւ սպասելու, որ մէկը բան մը նախաձեռնէ: Վ՞երջը:
Նոր տարին եկած է ու կը շարունակէ իր երթը: Արդէն անոր առաջին ամիսը կիսուած է: Արդեօք ո՞ւր հասած է մեր գիտակցութեան հասունութիւնը:
Այլեւս իրականութեան փնտռ-տուքի կարիքը չկայ:
Միւս կողմէ մի մոռնաք, որ հակառակ այս հոգեկան եւ ֆիզիքական տխրութեան, հակառակ մեր մայր գաղութէն ներս յամեցող ծանր դրութեան, հակառակ ամէնօրեայ վախի, սարսափի ու մահուան սպառնալիքներուն, ողջունելի ազգային եւ հոգեւոր գործ ու աշխատանք կը տարուի:
Հալէպահայութիւնը իր ամբողջութեամբ, իր այդ պարզունակ վիճակով, իր այդ թաքնուած ու զսպուած խոր թախիծով ու սուգով, իր սրտին մէջ պահ դրած տագնապներով, տակաւին կը շարունակէ իր ազգային գործընթացը, գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար:
Որովհետեւ մենք յամառ ժողովուրդ ենք, չենք ուզեր մեռնիլ:
Հաւատացէ՛ք, հալէպահայը լեցուն է կրկին ապրելու կամքով:
Ու մեր ոգին, ի տես այս պերճախօս վկայութիւններուն, կը ջերմանայ:
Իսկ եթէ ոգին արդէն բաւարար է, որ մեզ յաւերժօրէն կանգուն պահէ, մեր կարգին մենք ալ պէտք է գործի լծուինք: Շարունակենք մեր առաքելութիւն-աջակցութիւնը իբրեւ սրբազան եւ ազգային պարտականութիւն:
Այս ստեղծուած մթնոլորտին մէջ փոխանցենք սէրը, գուրգուրանքը, յարգանքը, նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը հանդէպ նման ազգային արժէքներու պահպանման:
Հազար անգամ կրկնած ենք ու ահազանգած, որ հոն տակաւին շնչող հայ գաղութը պէտք է ամուր պահել:
Իսկ մենք: Հսկայ հայ գաղութ ենք հոս: Կը պարծենանք:
Կը բաւէ յոյս ծախենք: Հետեւողական աշխատանքի կարօտը ունինք: Գալիքի ուղիները լուսաւորող շող:
Ու այս օրերուն՝ «Ժընեւ-2»:
Յոյսով ենք, որ այս մէկը նոր ու բարի ճանապարհներ տանող խորհրդաժողով մը դառնայ բոլորիս համար:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles