Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութիւն – 39

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Կիներու թերթի՞ լուր է, թէ հաւաստի՝ կ՛ըսեն, թէ Սաուտիէի իշխաններէն մին խնդրանքով դիմած է մեր նախագահին, որ չցուցադրուի »Աւազներու Արքան« ֆիլմը։ Ըստ տեղեկութիւններու, ֆիլմը այդ արքայական տոհմի (ի՜նչ ըրած, ստիպուած եմ ազնուական բառեր շռայլել անարժաններուն համար), այդ մութ աշխարհի խայտառակութիւնները կը բանայ։ Ֆիլմը, որ իրաւունք ստացած է ծնելու, ուրեմն պիտի ապրի, մանաւանդ որ ժողովուրդի գունագեղ երեւակայութեամբ անիկա առաւել հարստացեր ու փոխվրէժի հսկայական ներուժ ունի իր մէջ. պէ՞տք է այս տառապող ժողովուրդը զրկել այդ բացառիկ առիթին դառն հաճոյքէն… Բայց կայ աւելի կարեւոր հարցում՝ ուրկէ՞ այդ մարդոց ամօթի զգացում. այս պէտք է պրպտել, քանի որ նոյնինքն ժողովրդական առածը շատ դիպուկ կը խօսի անամօթ երեսի ու նախատինքի թուքը իբրեւ անձրեւ ընկալողներու մասին։
***
Չար մշակողին,
Չար սերմանց նորին
Չորացո՛ զպտուղ։
Ն. Շնորհալի
Հայերէնին մէջ, հասկնալի պատճառներով, բազում են վայրագութիւն նշող բառեր, ու սակայն անոնցմէ ոչ մէկը կը գոհացնէ, երբ կը փորձես գրել վերջին՝ (վերջի՞ն…) Դամասկոսի մերձաւոր Ատրա քաղաքին մէջ կատարուածի մասին։ Այնտեղէն հրաշքով ազատած ու մահապուրծ փախածը կը կարծէ՞ք որ երբեւէ պիտի մոռնայ իր ճամբուն վրայ աջ ու ձախ նետուած մարդկային կտրտուած մարմինի մասերու պատկերները։
Եւ ամբողջ անհեթեթութիւնը այս անկատար աշխարհին՝ եւրոպացիներ ոչ միայն իրենք կը պատրաստուին Ծննդեան տօներուն, այլ կը հոգան նաեւ իրենց բոլոր վայրի թռչուններն ու կենդանիները, որ ձմեռը անցընեն կուշտ ու խաղաղ…
Սուրիացի իմ սեւաչեայ ու պայծառամիտ մանուկնե՛ր, աշխարհ եկած այս երկերեսանի, այս ապիրատ, այս ճղճիմ մարդոց աշխարհին մէջ ու արեւու չժպտացած՝ յօշոտուած. ինչպէ՜ս ողբամ ձեր սոսկումն ու տառապանքը, երբ այլեւս արցունքս չորցած՝ լաց իսկ չունիմ ձեզի համար։
***
Ո՞վ է հերոսը. շատ անգամ խօսուած ու գրուած է, դուն ալ կեանքիդ մէջ պատահարի կամ աղէտի մը առիթով կը կենաս նոյն հարցումին առջեւ՝ ո՞վ է հերոսը։
Այն պահուն, վճռական, օրհասական պահուն, երբ ոմանք տագնապի մատնուած՝ կը կորսնցնեն բանականութիւն ու գործելու կամք, ոմանք իրենց փրկութիւնը կը խորհին (բնազդօրէն կամ գիտակցուած), ոմանք անճարակ են բան մը ընելու, ոմանք, հեռուն կեցած՝ խրատ կու տան ու կը քննադատեն գործողները, յանկարծ կը յայտնուի ան (անոնք) ու կը նետուի վտանգին։ Ան կը մոռնայ իր անձը, իր երիտասարդի երազներն ու սէրը, կ՛երթայ պահուն թելադրանքին ու իր ազնիւ մղումին ընդառաջ. կը հերոսանայ։ Անոնք մեր քովն են, յաճախ աննկատելի ու սակայն ընտրեալներ՝ զինուած ոգիով ու ոգեղէնով, ահն ու մահը յաղթած մարդիկ։
Այս անգամ ալ մահը մօտէն, շատ մօտէն անցաւ մեր քովէն։ Ահաւոր պայթիւնէն ցնցուած մարդիկ կը վազէին աջ ու ձախ. ցաւողներ, լացողներ, պոռացողներ, պատշգամներէն կախուած դիտողներ, …ժպտողներ ալ։ Ու մինչ նեղ թաղերէն մուտք փնտռող հրշէջներ կ՛ուշանային, անոնք հասան՝ խումբ մը հայ տղաք ու մինչեւ հրշէջներու հասնիլը դիմադրեցին կրակին, թոյլ չտուին տարածուիլ, ինչ որ ահաւոր հետեւանքներ կը խոստանար։ Անոնք չունէին մասնագիտական պատրաստուածութիւն, ոչ ալ՝ անհրաժեշտ սարքեր, ունէին միայն հայու խելամտութիւն ու մանաւանդ՝ ինքնամոռաց քաջութիւն, որմով հնարաւորինս փրկեցին ՀՄԸՄի կայք ու գոյքը ու մանաւանդ, թաղը՝ պայթիւնէ։  Ո՞վ է հերոսը. մեր օրերու հերոսները մեր տղաքն են՝ առիւծածին մայրերու զաւակներ։
***
Իրա՛ւ տարօրինակ ենք։ Արդէն երրորդ տարին է, որ կ՛ապրինք այս մղձաւանջին մէջ ու սակայն… նաեւ կը մոռնանք զայն. կը մոռնանք ու կը տրտնջանք կենցաղային անյարմարութիւններու համար, որոնք կենսական են բնական կեանքի պայմաններու մէջ։ Կը մոռնանք, սակայն, որ պատերազմի ատեն այլ են չափանիշները, որ եղած լաւի՛ն համար պիտի զարմանանք ու գոհանանք նուազագոյնի՛ն համար ալ։ Պէտք է զարմանանք, որ այս երկիրը, իր վրայ ընդունած համայն աշխարհի չարիքն ու տականքը մարդկութեան, տակաւին ունակ է զմեզ կերակրելու, ստեպ լոյս ու ջուր ալ ապահովելու։
Կը տրտնջանք՝ ձանձրացնելու աստիճան։ Անոնք, որ չտոկացին ու կարելիութիւն ունէին՝ հեռացան։ Մնացողներս մեր տոկալու ջանքը պէտք չէ նսեմացնենք ամէնօրեայ նվնվոցներով, երբ գիտենք՝ պա՛- տե՛- րա՛զմ է։ Կ՛անդրադառնանք միայն, երբ կու գայ ահաւորը՝ մեծ աղէտի, մեծ եղեռնագործութեանց նոր լուրերը պահ մը կը ցնցեն, ապա կը մոռնանք, ու կրկի՛ն, ու նո՛յնը…
…Եթէ արաբերէնի դժուարութիւն չունենայի, անպայման պիտի մտերմանայի այս իսլամ աղջկան հետ։ Արդէն երկրորդ անգամ ահաւոր հարուած կ՛ընդունի։ Առաջինէն ետք հազիւ ինքզինք գտած էր, երբ վրայ հասաւ նորը։ Այժմ այդ կատակախօս, մշտաժպիտ աղջիկը բառացիօրէն թօշնած է, հայեացքը անհունին է, դէմքը՝ անարիւն, դեղնած, ձեռքերը՝ սառցային պաղութեամբ։ Երբ շուրջիններս կը սկսինք մեր սովորական չկայ-ներու շարքը՝ քահրապա չկայ, ջուր չկայ, պաղ է, տաքցնելիք չկայ, ան կը նայի լուռ, բայց այնքա՜ն խօսուն հայեացքով, ուր ես կը կարդամ չհասկցուածի ցաւ ու նաեւ՝ նախատինք. »Երանի՜ այդ ըլլար ամէնէն ծանրը«։
Հոն, ուր հաւերու պէս կը մորթոտուին մարդիկ, պարկեշտ չէ անվերջ դեգերիլ կենցաղային  կարիքներու շուրջ։
***
Նոր Տարի, Ծնունդ մեր Փրկիչին… Փրկիչին, զոր խաչեց ու կը խաչէ մարդկութիւնը։ Այս երկիրին մէջ, ուր մահուան գերանդիէն արիւն կը կաթի ամէն քայլափոխի, ի՜նչ տօնական տրամադրութեան մասին է խօսքը։ Սակայն եւ՝ մարդը ծարաւի է ուրախութեան։ Քրիստոնեայ համայնքի մը երիտասարդներ նորութիւն բերին այս տարի. Կաղանդ պապուկի տարազներով՝ մեծ խումբերով շրջեցան մեր փողոցներու մէջ, երգեցին ու նուէր բաժնեցին. ուզեցին ժպտիլը յիշեցնել շուարած դիտող անցորդներուն։
Անոնց ճամբու վրայ էր նաեւ այդ ընտանիքը։ Ընդ-տանիք, այսինքն՝ տանիքի ներքոյ. բայց ո՞ւր է հոն տանիք։ Քանի դեռ տեղումներ չկային՝ դէմի պարտէզին մէջ ճպուռի պէս կ՛ապրէին, հիմա… Հսկայ շէնք մը իր սիւն-ոտքերը յենած մայթեզրին՝ հովանի մը գոյացուցեր է, ուր ապաստանած է անտանիք ընտանիքը։ Հեռուէն միայն մայթին թափած լաթեր կը տեսնես, ապա կը պարզուի, թէ անոնք քով քովի շարուած անկողիններ են։ Ու քանի որ նման տեղեր ունին արգելափակոցները հսկող զինուորներ, կը կարծես անոնք են, մինչդեռ տեսարանը կը բզկտէ հոգիդ։ Կին մը, որ կնոջ չի նմանիր, »անկողինները կը շտկէ«, տղամարդը… թիթեղի մէջ կրակ վառել կը փորձէ. վստահաբար առտուան նեսքաֆէ խմելու համար չէ… աղտոտ ու գոյնը կորսնցուցած խանձարուրի մէջ նորածին մը փաթթուած՝ արկղի մը վրայ դրուած է, երկու մանուկներ անկողինէն դուրս հանած են սեւ ու անլուայ գլուխները ու կը սպասեն… ի՜նչ… աղտոտ ու անձեւ հագուստներու մէջ պլլուած, խռիւ ու աղտոտ մազերով աղջնակ մըն ալ անձեւ ամանէ մը ջուր կը լեցնէ թիթեղի մէջ, հաւանաբար կրակին դնելու…
Ու բոլորը, իբրեւ քարացած պատկեր, պահ մը կը դիտեն փայլուն, կարմիր տարազներով տողանցող Կաղանդ պապուկներու զուարթութիւն խաղցող խումբը։ Ի՜նչ կը հասկնան, ի՜նչ կը խորհին, ի՜նչ կը զգան…
Իսկ դուն քանի՞ ոտքի պէտք ունիս, փախուստ տալու համար…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles