Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՍԼԱՔ- Կեցցէ՛ Խօսքի Ազատութիւնը

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացնող Թուրքիան յայտնապէս իր ոճրային չափանիշները կը պարտադրէ Եւրոպային, փոխանակ մարդկային ընկալեալ չափանիշներ որդեգրելու՝ քաղաքակրթեալներու շարքին միանալու համար։
Ապացո՞յց կ՛ուզէք. Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց ատեանը արդար գտեր է Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքի բողոքը, ընդդէմ Զուիցերիոյ արդարադատ մարմիններուն, որոնք զինք մեղադրած էին Ցեղասպանութիւնը ուրանալու յանցանքով։
Ուրեմն, լսեցէ՜ք, քաղաքակիրթ մարդիկ. եթէ ցեղասպան ես, եւ եթէ յամառիս ոճիրդ ուրանալու մէջ, յանցաւոր չես, այլ քեզ մեղադրո՛ղն է յանցաւորը, որ խօսքի ազատութեան իրաւունքդ կաշկանդած կ՛ըլլայ։ Իսկ արեւմտեան աշխարհին մէջ ի՞նչ կայ աւելի նուիրական, քան խօսքի ազատութիւնը։
Հաւանաբար այս չափանիշներուն հետեւելով է որ լռութիւն կը պահուի Միջին Արեւելքի մէջ կամ այլուր տեղի ունեցող ոճրային ահաբեկչութեանց նկատմամբ…
Կեցցէ՛ խօսքի ազատութիւնը։ Անկցին մարդկային իրաւունքներն ու արդարութիւնը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles