ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Այս օրերու մեր մխիթարանքներէն է հաւաքական զրոյցը՝ մոռցուած բարիք մը։ Ինչպէս մեր նախապապերը կը բոլորէին թոնիրին շուրջ ու ծայր կ՛առնէր միամիտ ու հաճելի զրոյցը, նոյն բերկրանքը կ՛ապրինք, ամէն երեկոյ, երբ չունինք լոյս (իսկ ե՞րբ ունինք…)։
Եւ այսպէս, մեր հերթական ներընտանեկան (մէկ շէնք, ուրեմն՝ մէկ ընտանիք- ահա բարիք մը եւս) հաւաքներէն մէկուն որոշեցինք, որ այլեւս կենցաղային «չկայ»ներու մասին չխօսինք։
- Ի՞նչ կը մնայ անդին, – առարկեց մէկը։ Բոլորս դառնօրէն խնդացինք, մինչ ամէնէն երիտասարդը խօսեցաւ կամ պոռթկաց.
- Դուք Հայաստանէ՛ն խօսեցէք, ինչո՞ւ հայերս այսչափ քաղաքակիրթ ենք, ինչո՞ւ կը տանինք այս լուծը ու նուաստացումը, ինչո՞ւ չենք ելլեր ցոյցերու, չենք ապստամբիր ու ազատիր այս ներքին ստրկութենէն. այսչափ դիմանալ կ՛ըլլա՞յ…
- Դուն քաղաքակիրթ կ՛ըսես, բայց քաղաքակիրթ ժողովուրդ մը ստրուկ ու նուաստացած չի մնար, – պատասխանեց ուրիշ մը, – Հայը ներկայ քաղաքակրթութենէն անդին երեւոյթ է, ան հասունցած է ու պատանեկան արկածախնդրութեան գլուխ չունի։ Ան գիտէ, թէ Մեծ Մհերին իշխանութիւնը չէ իր երկրին մէջ ու Փոքր Մհերն ալ կը մնայ փակուած քարայրին մէջ՝ կապկպուած Արտաւազդի շղթաներով։
- Ան գիտէ, որ այժմ իր «անկախ» հայրենիքին մէջ իշխողը Մեծ Մհերի «բիճ» Մսրայ Մելիքն է, դաշնակցած բթամիտ ու ոխակալ Ցռան Վերգոյին հետ։ Ան Դաւիթի խենթ խոյացումը չունի, քանի որ Ձէնով Օհանի իմաստուն փորձառութեամբ համոզուեր է, թէ «Պատը կը մնայ պատ, կը պակսի մի լաւ ճակատ», – նոյն ոճով շարունակեց երրորդ մը։
Ապա խօսքը շարունակեց սկսողը.
- Ոստի կ՛առնէ միշտ պատրաստ ճամպրուկը ու Մհերը յաւերժաբար լքած իր քարայրին մէջ՝ կը հեռանայ հայրենիք որոնելու։ Չէ՞ որ Լոզանի վեհաժողովին թուրք պատգամաւորը բարեկամաբա՜ր առաջարկեց՝ «Հայերը թող մոռնան վերադարձը, թող երթան ուրիշ տեղ իրենց համար հայրենիք փնտռեն…»։ Մենք ալ ուշիմ ու հաւատարիմ ազգ՝ կը հետեւինք անոր թելադրանքին ու կը փնտռենք. Երկրագունդը մե՜ծ…
***
«Իմ տունս- իմ ամրոցս»
Դուրսէն զմեզ հարցնողներուն յաճախ կը պատասխանենք՝ «Վարժուեցա՛նք»։ Ի՞նչ բացատրես, երբ «Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ» ու մարդ իր մորթին վրայ միայն ամբողջութեամբ կը զգայ ուրիշին ցաւը։
Վարժուեցա՜նք…
Երբ տունիդ ցնցումին հետ հիմերէդ կը սարսիս ամէն հուժկու պայթիւնի, իսկ ծանօթներէդ իւրաքանչիւրը կը պնդէ, թէ իրենց թաղն էր պայթիւնը,
Երբ հրթիռը կ՛իյնայ դրացի կամ շէնքիդ վրայ (Աստուած հեռու ընէ), կը մնաս անառաստաղ,
Երբ գիշերային սարսափը գունազարդելով՝ շրջակայ թաղերուն մէջ անվերջ կ՛երգեն գնդացիրներն ու կ՛որոտան թանկերը, ու մութ սենեակին մէջ խարխափելով, պատեպատ զարնուելով, կը դեգերիս, քանի որ տանջալի անքնութիւնը անհնարին կը դարձնէ մոռացումին ալ կարելիութիւնը,
Երբ կը լսես օրական նոր ու սահմռկեցնող լուրեր ու գիշերային մղձաւանջիդ մէջ պայթիւնէն օդ թռած ու կտոր կտոր վար իջած մարդուն գրպանէն թափած դրամը հաւաքողները կը խորհիս. խնդա՞ս, թէ՞ լաս… Մութին մէջ առանձին՝ կը խնդաս ջղագրգիռ, քանի որ արդէն լացած ես բոլոր լացերդ…
Երբ խաւարը կը խենթացնէ տկար ջիղեր ունեցողները, երբ գիշերուան մութին մէջ միայնակ մնացող դրացիիդ լալագին երգը կամ պոռչտուքը կը լսես ու կը կասկածիս քու ալ մտային առողջութեանդ,
Երբ գրեթէ պարպուած է բազմամարդ քաղաքդ ու կարեւոր մաս մըն ալ աւերակներու ուրուականներ են՝ բուերու ընկերակից, երբ մահը բոլոր անկիւններէն «կը ժպտի» քեզի ու գիտես, որ անոր դաւին անակնկալ զոհ էք իւրաքանչիւրդ…
Երբ կից թաղէն բորենիներու վայնասունը կը լսես՝ գիշերային սարսափը բազմապատկող՝ «Ալլա՜հ աքպա՜ր» ու կը սահմռկիս, թէ այս մարդակերները կրնան իրենց առջեւի պատնէշները խորտակել ու գալ… կոտորելու՝ Աստուծոյ անունով…
Ալ ի՞նչ անուն ունին այս ամէնով հանդերձ մեր ապրիլը, գործելը, եթէ ոչ՝ վարժուեցա՜նք…
Սակայն՝ զարմացնելով հակառակը կարծողները, դեռ չենք մոռցած, որ մարդ ենք ու գիտենք, թէ գոյ է այս երկրին վրայ այլ կեանք մը՝ վերապահուած մարդուն. պէտք է ըլլայ գոյ…
***
Յաջորդ երեկոյին մեր «ծերակոյտ»ի ժողովը կը քննարկէր նոր հրեշագործութիւններ, երբ ես, որ ամէնէն տկար ջիղերը ունիմ, չտոկացի ու ըսի.
- Անոնք, որոնք զմեզ միադէմ, անբան կենդանիներ դարձնելու ճիգերու մէջ են ու իրենց ստամոքսի սիրոյն մարդկութեան ստորին բնազդները կը խթանեն, անոնցմէ Աստուծոյ պիտի գանգատիմ, պիտի ըսեմ՝ զմեզ քու պատկերիդ համաձայն ստեղծեցիր, ինչո՞ւ չես արգիլեր որ…
- Ահա միամիտ խօսք, ընդհատեց իմաստուն դրացիս, – Աստուած մեզի չ՛ըսեր անասուն դարձէք… Ան խելք տուած է ընտրելու։
- Բայց հոս արդէն երրորդ տարին կը մտնենք, որ աշխարհի մէջ եղած ամէնէն գարշելի պատերազմը կ՛ըլլայ, – ըսի։
- Ինչո՞ւ, Պէյրութ ասկէ պակա՞ս էր, – կարծես վիրաւորուեցաւ նախկին պէյրութցի դրացուհիս։
- Սխա՛լ է բաղդատելը, Պէյրութ այսքան ծանր չէր, – ընդհատեց մեր ամէնագէտը – Պէյրութ ալ կային ջուրի, ելեքտրականութեան ու այլ կենցաղային տագնապներ, կամ «ղաննաս» կարգ մը տեղեր, բայց երբ թաղի մը մէջ կռիւ էր, մնացեալները վտանգ չունէին, իրենց գործին էին…
Ես, որ տեղակ չեմ Պէյրութի դէպքերէն, լռեցի, մինչդեռ անոնք շարունակեցին վիճիլ, մինչեւ որ պարտուեցաւ պէյրութցին ու մեր պատերազմը եղաւ ամէնէ՛ն դաժանն ու գարշելին։ Ահա՛ հպարտանալիք, ահա՛ աշխարհի հետ չափուելիք, մրցելիք։
Աստուած զձեզ փրկէ՛ նման մրցումէ…
***
Նոր լսածս անեկտոթը.
Խեղճ, պարզուկ սուրիացի մը թաքսի կ՛առնէ ու կ՛ըսէ.
- Քշէ՛ զինուորական ոստիկանութիւն։
- Խե՞ր է, ի՞նչ գործ ունիս հոն, կը հարցնէ զարմացած վարիչը։
- Կ՛երթամ յանձնուելու։
- Զինեա՞լ ես, – մէկ ոտքը դուրս դնել փորձելով կ՛ըսէ ահաբեկուած վարիչը։
- Չէ՛, բայց այս քանի օրը այնքան SMS-ներ ստացայ, որ յանձնուիմ, ես ալ կ՛երթամ յանձնուելու…