ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Պատանիի մը պատմածը.
Այդ օրը լրացուցիչ պահ ունէինք։ Երբ վերջացուցինք, օրիորդին հետ միասին ելանք։ Շատ խիստ ուսուցչուհի էր, աւելի կը վախնայինք, քան թէ կը սիրէինք զինք։ Քանի մը քայլ ըրած էինք, երբ ահաւոր պայթիւն ու թաղին մէջ, գրեթէ մեր դիմացը շէնք մը իջաւ։ Փլուզումը վայրկեաններ տեւեց, ու մենք սառած կը դիտէինք, երբ զինեալներ սկսան վազելու ու կրակելու։ Թաղը արագ պարպուեցաւ։ Օրիորդը պոռաց, որ բոլորս պատսպարուինք մօտակայ անցքին մէջ։ Պատին սեղմուած, շնչակտուր կը սպասէինք, փախչելու տեղ չունէինք։
Երբ շէնքին փոշին իջաւ, յանկարծ, առաջին յարկի անվնաս մնացած դռնէն կին մը ելաւ՝ ուրուականի պէս սահելով։ Փոշեպատ էր. դեդեւելով կը քալէր. գիրկը մանուկ մը կար. քանի մը քայլ ընելէ ետք ինկաւ ծունկերուն, ապա դանդաղ հակեցաւ գետինին։ Մանուկը դեռ գիրկին մէջ էր։ Շուրջը փամփուշտներ կը սուլէին. մանուկը մօր գիրկէն ելաւ, կեցաւ փողոցին մէջտեղը։ Չէր լար. չորս դին կը նայէր, մէկ թաթիկով մօր մարմինին յենած։ Մենք սոսկումի մէջ էինք։ Յանկարծ մեր ուսուցչուհին պոռաց՝ «Չշարժի՛ք, չելլէ՛ք» ու դուրս թռաւ թաքստոցէն։ Չհասցուցինք արգիլել։ Հասաւ, մանուկը գրկեց ու արագ դէպի մեզի կու գար, երբ հնձուած հասկի պէս տապալեցաւ ան ալ։ Գնդակը կռնակէն եկաւ. ան իր մարմինով փրկած եղաւ մանկիկը։
Կրակոցները դադրեցան։ Մենք լուռ ու անշարժ էինք, քանի մը աղջիկ միայն խեղդուած ձայնով կը հեկեկային։ Ապա լռութիւն մը իջաւ, որուն նմանը չէի լսած. միայն իյնալէն ցաւած մանուկին լացը կար։ Փողոցին մէջտեղը, իր երկու մերկ տոտիկներուն վրայ օրօրուելով կը քալէր ու կու լար. յայտնի էր որ նոր կը սորվէր քալել։
Թաղը ամայի էր. միայն նոր քալել սորվող մանուկ մը ու երկու մայրերու դիակները կային…
***
Ամերիկեան բանակի կամ ներքին գաղտնի ծառայութիւններու աշխատակիցներ, թոշակի անցած ու այլեւս իրենց խիղճին ձայնը լսելով՝ հին գզրոցներ կը բանան, աշխարհի մէջ իրենց տարած գործունէութեան մասին բացայայտումներ կ՛ընեն։ Յիշեցին, թէ աշխարհի մէջ շատ քիչ են վայրեր, ուր դեմոկարատիայի անունով յեղաշրջումներ հրահրելով՝ իրենց յարմար մարդիկ չեն դրած իշխանութեան վրայ։ Վերջին մեր տեսածները՝ Ուքրանիա, Վրաստան, Վենեզուելլա, Իրաք, Լիպիա, Եգիպտոս, եւ այլն, ու՝ Սուրիա, ուր դեռ իրենց քրտինքը ու մեր արիւնը կը թափեն… Իսկ միամիտ ժողովուրդներ, յանկարծակի քունէն արթնցած՝ կ՛երջանկանան ու կը հպարտանան, թէ իրենք յեղափոխութիւն կ՛ընեն ու բռնակալներ կը տապալեն… յանուն մեծագոյն կրունկին տակ իյնալու…
Ամերիկացիներու խօսքերէն յիշողաբար քաղուածքս.
«Երբ մենք մեր շահերը կը պաշտպանենք որեւէ երկիրի մէջ, բոլոր միջոցները ընդունելի են…»,
«Մենք գերտէրութիւն ենք եւ կ՛ընենք աշխարհի մէջ այն, ինչ մեր շահին համար է»,
«Մեր մեծագոյն խոչընդոտը Սովետ Միութիւնն էր, զոր վեց-եօթը տարուան աշխատանքով քանդեցինք»,
«Կը զգուշացնեմ ռուսերը. միամիտ մի՜ ըլլաք, ձեր երկիրը քայքայելու աշխատանքները լայն ճակատով կը շարունակուին…»։
Հաւանաբար ռուսերը այդչափ ալ միամիտ չեն, բայց ըստ երեւոյթին շատ կարճատես են այն երկիրներու ղեկավարները, որոնք այսօր, պատառ մը փրցնելու սիրոյն այդ «գերտէրութեան» պոչէն բռնած կը քալեն, առանց անդրադառնալու, թէ ի վերջոյ պիտի կորսնցեն մեծը, ստրկացումին կարգը պիտի գայ նաեւ իրենց, քանի դեռ այդ պետութեան ռազմավարութիւնը չէ փոխուած։
Վերջերս ֆրանսական աքաղաղին մէջ ալ կարծես իր նախնեաց ասպետական ոգին արթնցաւ ու յիշեց, թէ Սուրիոյ մէջ անմեղ մարդիկ կը կոտորուին, մարդկային տարրական պայմաններ չկան, հազարաւոր մանուկներ դպրոց երթալէ զրկուած են… Մա՛րդ Աստուծոյ, հիմա՞ արթնցար, երբ զգացիր թէ տիրոջդ խոփը քարին եկաւ։
***
Վերջերս Հայաստանի հեռատեսիլ շատ քիչ կը բանամ։ Առաջ ալ կը դարձնէի ու առատ դիպաշարերու մէջ կամ մաֆիայի հայ արքաներու գարշելի դէմքեր, կամ կոկլիկ-սիրուն հարաւ ամերիկեան դէմքեր՝ կամ ազգովին քեֆ-ուրախութիւն, տաշիկ տուշիկ կար, (կայ), կարծես աշխարհի ամենաերջանիկ ազգը ըլլայինք՝ անհոգ, ապահով… Տէ՛, քանի որ հայերը ծանր ազգ են ու դեռ ուղեղ ունին, անոր լուացումը աւելի մեծ ճիգերու պէտք ունի, ու մեր արիւնակիցներն ու բարեկամները այդ ուղղութեամբ ձեռք ձեռքի կը գործեն, առանց ջանք խնայելու։
Իսկ եթէ կար լուրջ ծրագիր մը՝ ապա յաճախ հոգիս տակնուվրայ ընող՝ մեր գիւղերու ամայացումը ու հերոդոտոսեան ժամանակներու վիճակը, մնացողներու հալած, մաշած, խեղճ տեսքը, աղանդաւորներու, միասեռականներու եւ այլ աղէտներու մասին, որոնցմէ սիրտս ցաւիլ կը սկսէր։ Շրջան մը որոշեցի այլեւս չդառնալ այդ կողմ։
Այսօր արագ կ՛անցնէի մեր կայաններուն վրայէն, երբ հայր Կոմիտասին վշտացած դէմքը տեսայ։ Ան սրդողած կը խօսէր, թէ Ուքրանայէն Հայաստան մտած է նոր աղանդ, որ իրականութեան մէջ կը քարոզէ սեռային սանձարձակութիւն՝ խառնակութիւններ արիւնակիցներու միջեւ, մանկապղծութիւն ու նման «ազատութիւններ»։ Գիտենք, որ մարդս հոգիով ու միտքով զարգացնելը երկար ու ջանքատար ճամբայ է, մինչդեռ անասնացումի ուղին՝ շատ կարճ ու դիւրին։ Ու սեւ ուժերը կը գործեն, ու ծախուած հոգիները անոնց գործակատարներն են։ Հարցը հոն է որ, ըստ իր ըսածին՝ պաշտօնական մակարդակով ո՛չ մէկ արգելք, հակառակ աշխատանք կամ սահմանափակում կայ…
Տէ՛, եթէ կ՛ուզէք անպայման եւրոպացի ըլլալ, ուրեմն վայլեցէ՛ք անոր նաեւ աղբը ու քաղաքավար ձեւով ժպտեցէք. «Շնորհակալ ենք, որ կը լուսաւորէք զմեզ…»։
Իսկ մենք բոլորս վատաբա՛ր, շահադիտաբա՛ր, վախկոտաբա՛ր լռենք ու թող տանք, որ այսպէս՝ բոլոր մակարդակներու վրայ բզիկ-բզիկ քայքայեն մեր դարերով երազած երկիրը…
***
Կարծես թէ սուրիական երկինքին թուխպերը կը սկսին նօսրանալու, կարծես թէ հորիզոնին վրայ լոյսի նշոյլներ կ՛առկայծեն ու մարդոց հոգիներուն մէջ՝ յոյսի։ Կարծես թէ մեր հիմնական թշնամիները սկսած են ոչ միայն մեղմ, այլեւս նոյնիսկ գովեստով արտայայտուելու մեր նախագահին հասցէին, զոր դեռ երէկ կը մեղադրէին բոլոր մահացու մեղքերու մէջ։
Ժողովուրդին մէջ ալ խօսակցութիւնները հակասական են. ոչ ոք կ՛ուզէ սխալած ըլլալ. լաւատեսներ կ՛աւետեն (տակաւին ցածրաձայն, խորհրդաւոր կերպով) մօտակայ աւարտը մեր խաւարի տարիներուն, զգուշաւորներ տակաւին երկար ու անորոշ խարխափումի շրջան կը գուշակեն, նոյնիսկ եթէ դադրին ուղղակի մարտերը։ Իրաքի, Եգիպտոսի եւ Լիպիոյ վիճակը այլ բան յուսալ թոյլ չի տար։
Եթէ իրա՛ւ ալ աւարտի այս մղձաւանջը, հաւանաբար պիտի չկարենանք հաւատալ, այնքան անգամ, որ յուսացինք ու նոյն կոտրած տաշտակին առջեւ նստանք։ Չենք ուզեր նախապէս ուրախանալ, կ՛արգիլենք մեր հոգիներուն ընկալել այդ, քանի որ այդ մէկը մեր ջիղերուն լարումը կը թուլցնէ, ինչ որ անհրաժեշտ է տակաւին տոկալու համար անորոշ գալիքին։
Ո՜վ կրնայ հաւատալ, թէ քաղաքականապէս սնանկացող ու տնտեսապէս ճգնաժամ ապրող Ամերիկան ու Եւրոպան յեղակարծօրէն պիտի տոգորուին մարդասիրական վսեմ գաղափարներով ու հրաժարին «երրորդ աշխարհ»ի հարստութիւնները ծծելու իրենց քաղաքականութենէն։ Իսկ Ռուսիան, որ մեր հովանաւորութիւնը ստանձնած է, մեզի հարազա՞տ, թէ խորթ հայր պիտի ըլլայ…
Ամէն պարագայի մեզի այլ բան չի մնար ընել, քան յուսալ, ինշալլա՛հ…