Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
17էն 20 Հոկտեմբերին, Համազգայինը կազմակերպած էր թատերական փառատօն, եւ յիշատակելի օրեր արձանագրուեցան մեր գաղութի մշակութային կեանքի պատմութեան մէջ։
3 Նոյեմբերին, այլ փառատօն մը տեղի ունեցաւ Լա Քրեսենթայի շրջանին մէջ, Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի շրջափակին մէջ. մշակութային փառատօն, հայ մշակոյթի նուիրուած միօրեայ հանդէս՝ տօնական ու հպարտառիթ մթնոլորտի մէջ։ Եթէ Համազգայինի փառատօնը աննախընթաց էր, այս վարժարանը նոր քայլ մը կ՛առնէր իր իր հաստատած տարիներու աւանդութեան ճամբուն մէջ, սակայն ճիգ ընելով գերազանցել նախկինները, գերազանցել… ինքզինք։
Աշակերտներ, ծնողներ՝ հայրեր ու մայրեր, մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր, տնօրէն-ուսուցիչներ եւ հարիւրաւոր բարեկամներ ժամադրուած էին նոյն յարկին տակ, աշնանային այդ օրը գարնան վերածելու եւ ապրելու հայ մշակոյթի կենսաւորող մթնոլորտին մէջ, վերստին ապրելու մեր մշակոյթի տարբեր արտայայտութիւններուն բարիքները։
Վարժարանի բակին մէջ թէ սրահին՝ բեմը գրաւած էին աշակերտները, որոնք՝
Երգեցին հայերէն,
Պարեցին հայերէն,
Նուագեցին հայերէն,
Ցուցադրեցին հայկական տարազներ,
Թատերական փոքր փառատօն մը սարքեցին նոյնպէ՛ս հայերէնով։
Գաղտնիք չէ, որ այս բոլորին ետին կանգնած էին վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, մասնաւորաբար արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի բաժանմունքներու ուսուցիչներն ու օգնականները, իրենց կողքին ունենալով ծնողները։ Տակաւին, հայկական էին ճաշերն ու քաղցրաւենիները, հայկական էին ցուցադրուած ու վաճառքի դրուած զարդեղէնները…
Մէկ խօսքով, վարժարանը այդ օր, առաւօտեան ժամը 10էն ու մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, հայերէն ու հայկականութիւն կը բուրէր,
Ինչպէս՝ ամէն օր…
Իրենց երգերով ու արտասանութիւններով, պարերով ու տրամախօսութիւններով, նուագով ու գեղարուեստական այլ արտայայտութիւններով, աշակերտները գործնապէս ցոյց տուին, թէ էութեամբ համակուած են հայութեամբ, պահակներն են հայութեան, գիտեն ու կ՛ապրին, որ հայութեան ապագան իրենց մէջ է, իրենք մարմնաւորումն են հայուն այսօրուան ու վաղուան։
Անոնք վկայեցին, որ մասնակից են մեր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, իբրեւ հայ ապրիլն ու ստեղծագործելը կը նկատեն նոյնինքն մեր Դատին ճամբան բաց պահելու նախապայմանը, հիմնական ուղեցոյցը։ Տակաւին, անոնց հայաբոյր արտայայտութիւնները առանց բառերու արտայայտուած պատգամ էին, թէ ծնողներն ու երէց սերունդի անդամներն ալ պարտաւոր են հաղորդակցելու հայերէնով,
Որովհետեւ՝
Հայ Մշակոյթի օր ու ամիս, հայ մշակոյթի տիրութիւն անկատար ու պակասաւոր պիտի ըլլան առանց մեր լեզուին, առանց Հայերէնին։
Իսկ այս վարժարանը միայն մէկ անդամն է հայկական վարժարաններու «բանակ»ին։
Նման պատկերի դիմաց, միայն կարելի է ձայնակցիլ Գուսան Շահէնին ու անոր հետ երգել.
«Ես այն հայի դուռը կ՛երթամ
Ով խօսում է հայերէն.
Նըրա շեմի հողը դառնամ
Ով հիմք ունի հայերէն.
………………
Նըրա ձեռքի սազը դառնամ
Ով երգում է հայերէն.
Նըրա ձեռքի գիրքը դառնամ
Ով կարդում է հայերէն…»