Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ոչ Հայ Կարկառուն Հայագէտներ Հայ Մատենագրութիւնը Եւ Փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտի (1908-1991)

$
0
0

(Հոկտեմբեր Ամսուան Տօնուող Թարգմանչաց Տօնին Առթիւ)

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Երբ հայ մատենագրութիւնը հետզհետէ կը նուաղի, նոյն ընթացքով  կը տկարանայ այդ մատենագրութիւնը՝ ընթերցողի թիւի պակասէն: Երբ հայ մատենագրութիւն կ՛ըսեմ, երբեք ըսել չեմ ուզեր հայ հին գրականութիւնը: Անիկա կը ներառէ նաեւ միջնադարու եւ ներկայ հայ գրականութիւնները:
Ընթերցող չունենալուն համար, անիկա շատ քիչ ծանօթ է հայութեան: Եթէ հայը չի կարդար իր ազգին մատենագրութիւնը, բարեբախտաբար, կան օտարներ, որոնք կը կարդան եւ ըստ արժանւոյն կը գնահատեն զայն:
Հազուագիւտ այս անհատներէն մէկն է յայտնի գիտնական, հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտի, որուն նպաստը հայ գրականութեան ծանօթացման անփոխարինելի է ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար մեզի՝ հայերուս համար: Այդպէս է քանի մը պատճառներով: Մէկ՝ որովհետեւ գիտնականը հայ չէ, հետեւաբար կողմնակալութեան հարց չի կրնար ծագիլ: Երկու, բառին բուն
իմաստով՝ մտաւորականը կը խօսի փաստերով եւ մէջբերումներով: Անկախ այս բոլորէն, հայը միշտ աւելի հակում ունի չհաւատալու հայ մտաւորականին՝ ինչ ինչ պատճառներով: Ուրեմն, Ֆէյտիի արտյայտութիւնները աւելի ծանր կը կշռեն, քան հայունը, որովհետեւ գիտական առումով գիտնական է ան. այսինքն, ոչ ոք կրնար կասկածիլ իր տեսութիւններուն առողջութեան մասին:
Պրիւքսէլի Հայ ուսանողներու միութեան նախաձեռնութեամբ, ֆրանսացի հայագէտը դասախօսութիւն մը տուած է Պրիւքսէլի մէջ 1953, Դեկտեմբեր 20ին: Դասախօսութեան բնագիրը լոյս տեսած է Պէյրութի Հայ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան ձեռնարկ՝ «Ակոս» ամսաթերթին մէջ, հետեւեալ խորագիրով. «Լուսարձակ–Հայկական մատենագրութեան արժէքը»: Վերոյիշեալ պարբերաթերթը անոր կենսագրական գիծերուն վրայ կ՛աւելցնէ հետեւեալը,  փրոֆ. Ֆէյտիի հայագիտութեան զուգահեռ յատկանշական ուրիշ գիծ մը՝ իր հայասիրութիւնը: Փա՞ստ, ահա՛ իր դասախօսութեան «Յառաջաբան»ը.
«Յարգելի հանդիսականներ,
Հայ գրականութեան արժէքին մասին խօսիլը դիւրին ձեռնարկ մը չէ, սակայն երբեմն պէտք է այսպիսի նիւթերու շուրջ խոկալ: Կրկին դժուարութեան կը հանդիպիմ: Նախ, հայասիրութիւնս ձեզի ծանօթ է աւելի քան քսանհինգ տարուան իր յարատեւութեամբ, եւ գիտէք, որ երկու տեսակ արժէք կրնայ ունենալ առարկայ մը. արտաքին արժէք մը, զոր մենք կ՛ընծայենք անոր եւ որ կը ներկայանայ մեզի զանազան երեւոյթներով, որոնցմէ ամէնէն վտանգաւորը զգացական արժէքն է, եւ ներքին արժէք մը, զոր առարկան ինքն իր մէջ կը պարունակէ: Պէտք է ուրեմն զգուշանամ իմ համակրանքէս, որպէսզի նպաստաւոր, բայց անարդար դատողութիւն մը չընեմ: Երկրորդ պատճառը այն է, որ ներքին արժէքը բացարձակ չէ, այլ՝ յարաբերական եւ հայկական մատենագրութեան սոյն ներքին արժէքը կրնայ հասկցուիլ միայն այս մատենագրութիւնը բաղդատելով միւս ազգերուն մատենագրութեանց հետ, ինչ որ կարծեմ մինչեւ հիմա փորձուած չէ: Ուստի, այս ուսումնասիրութեան մէջ ոչ առաջնորդ կրնամ գտնել, ոչ ալ նախորդ մը, որուն վկայութեան վրայ կարենամ հեծցնել իմ կարծիքս»:
Այս օրերուն, մանաւանդ, երբ այլեւս «շուկայ» չունի հայերէնը, հայերուս համար շատ մխիթարական է այսպիսի արժէքաւոր համակիր մը ունենալ: Սոյն խօսքը մանաւանդ կարեւոր է լսելի դարձնել անոնց, որոնց համար «հայերէնը այլեւս անկարեւոր լեզու մըն է», եւ զայն կը ներկայացնեն իբրեւ «մահամերձ լեզու»: Անոնք ասիկա ըսողներու փաղանգին կը պատկանին եւ կ՛ուրախանան, որովհետեւ ի վերջոյ կ՛արդարանան իրենց կասկածները այս հարցին մէջ: Չըսելու համար, որ այս տեսութեամբ իրենց ծուլութիւնը կը փաստեն եւ իրենց անսահման արհամարհանքը՝ հայ մշակոյթին հանդէպ: Արժէք մը, առանց որուն մեր գոյութիւնն իսկ վտանգուած է: Ասիկա անոնց համար, որոնք հայ մշակոյթը մեր գոյութեան երաշխիքը կը դաւանին:
Թերեւս կրնամ արդարացնել բոլոր անոնք (այսինքն մեզ կանխող սերունդը), որոնք կարգ մը հաւանական պատճառներով չեն կրցած մեր հին եւ նոր մշակոյթին ծանօթանալ, ինչ որ ներելի է կը կարծեմ՝ Ցեղասպանութիւն, թափառական կեանք, միջոցներու չգոյութիւն, եւ այլն, եւ այլն: Ինչ որ ներելի չէ՝ այն երեւոյթն է, որ հիմա, երբ յարաբերաբար տանելի կեանք մը ունինք, չենք իսկ մտածեր սոյն վիճակը դարմանելու մասին: Նախ՝ մեր ծնողներու անհոգութիւնը կամ մտասեւեռումը հայերէնը կարեւոր չնկատելու, որովհետեւ միայն հայերէնով չես կրնար ապրուստ ճարել կամ  ընտանիք պահել, յատկապէս այս օրերուն, եւ յատուկ զոհողութիւն պէտք է դրամի հաշուոյն հայեցի դաստիարակութիւն ստանալու: Թէեւ շատեր, որոնք ակամայ չեն կրցած այդ դաստիարակութիւնը ստանալ, ընդհանրապէս անոնք են, որոնք հայերէնը կը պահեն եւ կը պաշտպանեն միւս հայերուն արհամարհալից կեցուածքին դիմաց: Ասոնք անոնք են, որոնք կուշտ ու կուռ կ՛ուտեն, բայց չեն ստանար ո՛չ իսկ մէկ սնունդ իբրեւ հայեր: Ասոնք օր մը պիտի անդրադառնան իրենց սխալին, բայց կարծեմ ուշացած պիտի ըլլան, երբ «շոգեկառքը մեկնած է արդէն»:
Այժմ, պահ մը լսենք Ֆէյտիի խօսքերը եւ հպարտ զգանք, գէթ ժամանակաւորապէս. «Հայկական գրաւոր մատենագրութիւնը մօտաւորապէս հազար հինգ հարիւր տարեկան է: Հազար հինգ հարիւր տարուան ժամանակաշրջան մը կարելի է համարել մադկութեան տարիքին բաղդատմամբ: Սակայն մէկ ձեռքի մատներուն վրայ կրնան համրուիլ այն մատենագրութիւնները, որոնք թէ՛ աւելի պատկառելի հնութիւն մը կը ներկայացնեն եւ թէ միանգամայն կը շարունակեն ծաղկիլ, ըլլայ իրենց նախնական երեւոյթով, ինչպէս յունականը, ըլլայ կերպարանափոխ, ինչպէս զանազան ճիւղերու ծնունդ տուած լատինականը»: Տակաւին. «Հայկական մատենագրութեան ներքին արժէքը ճշգրտօրէն գնահատելու համար, պէտք է որ անոր իւրաքանչիւր շրջանին արտադրութիւնները բաղդատենք ժամանակակից օտար գրականութեանց արտադրութեանց հետ»:
Ֆէյտի չի մոռնար նաեւ բաղդատութիւն մը ընել հայ եւ ոչ հայ գրականական արտադրութիւններու հետ. «Վահագնի ծնունդը երգող նշանաւոր «երկնէր երկիր եւ երկինք»ը, բացառիկ երեւոյթ մը ըլլալու է տիեզերական գրականութեան մէջ եւ ատոր նմանը չեմ ճանչնար»:
Տակաւին. «Քրիստոնէական եւ գրաւոր մատենագրութեան անցնելէ առաջ՝ յիշատակեմ այստեղ բանաստեղծական ժողովրդական երկ մը, որ անգիր մնացած էր գրեթէ մինչեւ մեր օրերը՝ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը»:
«Քրիստոնէութիւնը նոր եւ կենդանի աղբիւր դարձած էր բանաստեղծութեան:  … Քերթողութիւնը կը բաղկանայ նաեւ աղօթքներէ: Անմիջապէս մեր միտքին կը ներկայանան երկու հայ անուններ. Ս. Գրիգոր Նարեկացի՝ արտակարգ անձնաւորութիւն մը ունի: …Շնորհալի, տարբեր անձնաւորութիւն մը ունենալով հանդերձ, Նարեկացիի հետ միասին կրօնապաշտ հայ բանաստեղծութեան զոյգ կատարներէն մէկը կը հանդիսանայ: Շնորհալի արդէն ճանչցուած է եւրոպացի բանասէրներէն: Բարեբախտաբար, Նարեկացին ալ իր արժանի տեղը գրաւելու վրայ է միջազգային կրօնապաշտ մատենագրութեան մէջ»:
Քիչ մը աւելի հպարտանալու համար. «Կրկնեմ միայն, ինչ որ ուրիշ առթիւ ըսի՝ Րաֆֆի մը կրնայ Վիքթոր Հիւկոյին մօտ նստիլ գրական պանթէոնին մէջ»:
Շնորհակալութիւն, փրոֆ. Ֆէյտի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles