ՐԱՖՖԻ ԷԼԻՈԹ
Իր Mshak.org կայքագրին (blog) վրայ, Հոկտեմբեր 5ին, Րաֆֆի Էլիոթ լոյս ընծայած է «Փոստանջեան ինչպիսի՞ հարցումներ պէտք է յղէր…» խորագրեալ անգլերէն յօդուած մը: Հոն Էլիոթ կը թուէ այն հարցումները, զորս Զարուհի Փոստանջեան պէտք է յղէր Հայաստանի նախագահին, շատ աւելի դիպուկ խորքով, այն ալ 30 երկվայրկեանի մէջ, առանց տեղի տալու Սերժ Սարգսեան-Զարուհի Փոստանջեան անտեղի բանավէճի:
Հարցումը, որ բանավէճի առիթ տուած էր յետեւեալն է. «Պարոն նախագահ, վերջերս Եւրոպայի մէջ խաղատուն գացա՞ծ էք եւ կորսնցուցա՞ծ էք 70 միլիոն եուրօ, եւ թէ ո՞վ վճարած է այդ կորսուած գումարը, իսկ եթէ խաղատան մէջ ձեր կորսնցուցած գումարը այդքան չէ եղած, ուրեմն որքա՞ն եղած է»: Շատեր ճիշդ գտան հարցումը, որ նպատակ ունէր նախագահը հեգնանքի առարկայ դարձնել: Սակայն Փոստանջեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին բացատրած է, որ ուզած է կարելի եղածին չափ շատ հարցումներ յղել 30 երկվայրկեանի մէջ: Իսկ երբ հարց տրուած է քազինոյի մէջ բախտախաղով կորուստին մասին, ընդունած է, որ հիմնուած է տարածուած շշուկներու վրայ:
Ապա յօդուածագիրը կը թուէ այն հարցումները, զորս Փոստանջեան պէտք է յղէր.
ա.- Պարոն նախագահ, ձեր ելոյթին մէջ նշեցիք, թէ ձեր նախագահութեան տարիներուն, քաղաքացիական ընկերութիւնը աշխուժացաւ, քաղաքացիները աւելի իրազեկ դարձան իրենց իրաւունքներուն մասին: Բայց, վերջին ամսուան ընթացքին քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպան ինը խաղաղ գործիչներ բիրտ յարձակումներու ենթարկուեցան կառավարութեան առնչուող փողոցայիններու կողմէ: Բայց ոստիկանական ոչ մէկ լուրջ հետաքննութիւն կատարուեցաւ: Կրնայի՞ք արդեօք մեզի բացատրութիւն մը տալ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան վիճակին մասին Հայաստանի մէջ:
բ.- Պարոն նախագահ, ձեր ելոյթին մէջ ըսիք, որ Մաքսային միութեան միանալու որոշումը Մոսկուայի ճնշումին տակ չէ, այլ Հայաստանի գերիշխան կամքով կայացուած է: Դուք նաեւ հպարտօրէն յայտարարեցիք, թէ այդպէսով արտայայտած էք հայ ժողովուրդին կամքը: Հիմա, կրնա՞ք բացատրել, թէ ինչպէս ինքնագլուխ գործած էք (հակառակ սահմանադրական պարտադրանքներուն), առանց Հայաստանի խորհրդարանին կամ ժողովուրդին կարծիքը առնելու:
գ.- Պարոն նախագահ, յայտարարեցիք, որ Հայաստան աւելի քան չորս տարիէ ի վեր Եւրոպական միութեան հետ կը գործակցի Արեւելեան գործընկերութեան շրջածիրէն ներս, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը կարեւոր արդիականացումներ իրագործեց՝ եւրոպական չափանիշերով, որոնց թէեւ ձեզմէ ոչ ոք կը հաւատայ: Եթէ ձեր ըսածին պէս է, կրնա՞ք արդեօք եւրոպացի պատասխանատուներուն եւ հայ ժողովուրդին բացատրել, թէ ինչո՛ւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը, թափանցիկ արդիականացումը եւ տնտեսութեան ազատականացումը կատարեալ ձախողութիւններով պսակուած են Հայաստանի մէջ:
դ.- Պարոն նախագահ, տնտեսական բոլոր ցուցանիշերը այնպէս ենթադրել կու տան, թէ երկիրին ֆինանսական վիճակը, աւատապետութեան վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը, որ այսօր լճացած վիճակ կը պարզէ, Հայաստանը պիտի առաջնորդեն նոր յետադիմութեան: Այս պայմաններուն մէջ, կրնա՞ք բացատրել, թէ ինչպէ՞ս զոհեցիք չորսամեայ բանակցութիւնները, որոնք մեզի թոյլ պիտի տային միանալ ազատ փոխանակումի ամէնէն մեծ շուկային եւ մաս կազմել թիւ 1 տնտեսութեան, ձեր ընտրութիւնը կատարելով ի նպաստ յետադէմ Մաքսային միութեան:
է.- Պարոն նախագահ, հակառակ անոր, որ եւրոպացի ձեր գործակիցներուն կողմէ բազմաթիւ անգամներ ազդարարուեցաք այն մասին, թէ Մոսկուայի հետ Մաքսային միութիւնը եւ Եւրոպայի հետ գործընկերութեան ազատ շուկան համատեղելի չեն, դուք յամառեցաք դէպի Մոսկուա ձեր ուղղութեան մէջ: Մինչդեռ, դուք դեռ կը պնդէք, որ այս երկուքին ալ միանալ կարելի է: Կրնայի՞ք արդեօք եւրոպացի երեսփոխաններուն բացատրել, թէ ի՛նչ ձեւով կ՛երեւակայէք այդ գործակցութիւնը, երբ այդ կողմերէն իւրաքանչիւրը կը մերժէ միւսը:
(Այն ենթադրութեամբ, որ երեսփոխանուհին կ՛ուզէ անպայման գայթակղեցուցիչ հարցում մըն ալ յղել).
զ.- Պարոն նախագահ, Սեպտեմբեր 21ին յայտարարեցիք, որ Հայաստանի անկախութիւնը անգնահատելի արժէք մըն է, բայց ատկէ միայն երկու շաբաթ առաջ, դուք լրացուցիք ձեր նախորդին՝ Ռ. Քոչարեանի օրով սկսուած՝ Հայաստանի անկախութիւնը ռուսերուն վաճառելու գործարքներու շարքը: Ձեր կուսակցութիւնը կը դաւանի «Ցեղակրօն» գաղափարախօսութեան. ձեր կարծիքով ի՞նչ կ՛ըլլար Հայկական անկախութեան ազատամարտիկ Գարեգին Նժդեհի հակազդեցութիւնը (որ նոյնքան պայքարած է ռուսական գրաւումներուն դէմ, որքան՝ օսմանեաններուն) տեսնելով ձեր գործարքները:
Վերջաւորութեան, յօդուածագիրը կը նշէ, որ Զ. Փոստանջեան այս բոլոր հարցումները կրնար յղել նուազ քան 30 երկվայրկեանի ժամանակամիջոցի մը մէջ, եւ որոնք կրնային Ս. Սարգսեանը նեղ կացութեան մատնելու ցանկացուած նպատակին ալ հասցնել: Առաւել՝ անոնք պիտի ծառայէին համայն աշխարհին ցոյց տալու, թէ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը՝ երկիրը աւելի լաւ ղեկավարելու անհրաժեշտ որակին տէր է: Նաեւ նման դիպուկ հարցումներով, Զարուհի Փոստանջեան յաջողած պիտի ըլլար ցոյց տալ եւրոպացի գործընկերներուն, թէ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն մէջ բոլորը համաձայն չեն նախագահին հետ եւ թէ հարկ է գործակցիլ ընդդիմութեան հետ:
Mshak.org