ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Քոյր գաղութներու նուիրաբերած դրամական նպաստի բաշխումը Հալէպի մէջ։ Ո՛չ, պիտի չնկարագրեմ հայկական թոհուբոհը, քանզի ո՛չ ներկայացայ ու ո՛չ ալ ստացայ։ Միայն ժողովուրդին մէջ օրերով ծամուող, տարաձայնուող խօսքերուն կ՛արձագանգեմ։
Ժողովուրդ մը ամբոխի վերածել կամ ղեկավարելի զանգուածի՝ մեր հմտութենէն ու նպատակէն կախուած է։ Արդ, ցաւով կը հարցնեմ՝ հազարամեակներու ազգ, հարիւրամեայ կազմակերպուած Սփիւռք՝ մենք կարող չե՞նք հարցը այնպէս կարգաւորել, որ չըլլան դժգոհողներ, զրկուածներ ու իւղոտողներ, տնանկի բաժինը առնողներ, չըլլան կասկածներ, գայթակղութիւն, չըլլան փոխադարձ անարգանքներ ու նաեւ ամբաստանութիւններ, վերջապէս՝ ժողովուրդը պաշտպանուածութեան զգացում եւ իր ազգութեամբ հպարտանալու բան մը ունենայ։
Իրա՞ւ աւելի յստակ ու թափանցիկ միջոցներ չկան։ Իսկ մեր նպատակը այդ չէ՞։
***
Մեր դպրոցներու դասաւանդութիւնը այս օրերուն։ Պէտք է հոս ապրիլ՝ այս առօրեան զգալու համար։ Չկան օթօքարներ. ոմանք ինքնուրոյն, ուրիշներ ծնողքի հետ իրենց միջոցներով պիտի հասնին դպրոց ու վերադառնան, երբ «պենզին» գտնելը ու կարենալ վճարելը քիչերու կարողութեան սահմանին մէջ է, երբ գոց են գրեթէ բոլոր մեծ փողոցները ու տակաւին՝ նրբանցքները, երբ վտանգը օդի մէջ կախուած է ամէն վայրկեան, երբ պայթիւններն ու առեւանգումները յաճախադէպ են… Դպրոցներու շէնքերու ջեռուցումն ու լուսաւորումը հսկայական ծախսերու կը կարօտին, իսկ պատասխանատուութեան չափերը անչափելի են։
Անոնք, որոնք ասպարէզի մէջ են, գլխահակ ու համոզուած իրենց գործը կը կատարեն, իրա՛ւ հերոսական ճիգեր կը գործադրեն ամէնքը՝ տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ ու մանաւանդ՝ աշակերտներ։ Մատղաշ հոգիներ, փափուկ մեծցած (նաեւ՝ շփացուած) մեր զաւակները, ամէնօրեայ վտանգի տակ հոգեպէս ցնցուած՝ դաս կը սորվին, քննութեան կը մասնակցին, մեծ մասը՝ պաղ ու մութ տուներու մէջ, մոմի լոյսի տակ, ու դեռ՝ լաւ ու շատ լաւ նիշերու ակնկալիքով…։
Չորս դպրոց մէկ շէնքի մէջ… Պէտք է անոնց կարգով մտած ու ելած ժամերուն ներկայ ըլլալ, չափելու համար այս ժողովուրդի տագնապն ու զոհողութիւնը։ Մեր մաքուր, ընդարձակ ու գեղեցիկ շէնքերը գաղթաւանի դպրոցներ չեն, սակայն ես զուգորդութեամբ կը յիշեմ ծանօթ լուսանկարը՝ գաղթական հայորդիները քով քովի կծկտած որմնախորշ «դասարանի» դարակներու մէջ՝ դասագիրքերը ձեռքերը…
Ծեծուած ճշմարտութիւն՝ կորսուածը կ՛արժեւորուի։
***
Հեռատեսիլի կայաններէն մէկուն զրուցավարը, քաղաքական զրոյցի ընթացքին, «Ի՞նչ դէմք ունէր լիպիական պատերազմը»- քիչ մը հռետորական, քիչ մը ռոմանթիք հարցումը տուաւ։
Պատասխանը եղաւ՝ «Ան դէմք չունէր»։ Հասկցայ ի՛նչ կ՛ակնարկէր, բայց շատ մարդասիրական էր պատասխանը։ Ան ոխ չունէր պատերազմ հրահրողներուն դէմ, քանի որ իրեն չէր դպած արհաւիրքը, այնպէս, ինչպէս սուրիական պատերազմն ալ չի դպնար հեռաւոր ու կոկիկ քաղաքներու մէջ ապրող բարեկիրթ ու մարդասէր մարդկութեան։ Բայց ես, որ իրենց չափ մարդասէր ըլլալու բախտը չունիմ ու տեսած եմ արեւելեան այս երկրին խաղաղ առաւօտներն ու երեկոները, այսօր, համատարած աւերակումին ի տես, չեմ կրնար ոխ չունենալ, թէեւ՝ ըլլամ անզօր…
Մարդկութեան հաւու կուտ նետողները իրենց ճիւաղային «դեմոկրատ» շարժումին անուններ յօրինելու վարպետ են։ Այս անգամ ալ դէմք ու անուն տուած են՝ «Արաբական գարուն»… Անուն, որ լկտի ծաղրանք է այս ժողովուրդին ու նաեւ արհամարհանք՝ նետուած մարդկութեան երեսին։
Իրականութեան մէջ իրենք, մարդկային տականքները իբրեւ սուր գործածելով՝ գարունն է, որ սպաննեցին այս երկիրներուն մէջ ու գարունը՝ ո՛չ բնութեան մէջ (զոր, փա՛ռք Աստուծոյ, տակաւին անկարող են սպաննել), այլ մարդկային հոգիներու մէջ, մանուկներու աչքերու մէջ։
Իսկ ես շա՜տ կ՛ուզէի «Արաբական գարնան» կարմի՜ր, կարմի՜ր վարդերը նետել զանոնք ցանողներու զառամած ու քարացած դէմքերուն։
Եթէ ինծի ուղղուէր հարցումը՝ ի՞նչ դէմք ունի սուրիական պատերազմը, ի՞նչ կը պատասխանէի։ Հաւանաբար քանի մը պատասխան կրնայի ունենալ, քանի որ ան բազմադիմի է, բայց մէկը գերակշիռ է։ Ես, որ հայրենիք կորսնցուցած պապերու շառաւիղ եմ, գիտեմ, թէ՝ սկիզբն ոճիրի է՛ թուրքն։ Ուրեմն, պիտի պատասխանէի՝ ճիւաղ-ենիչերիի դէմք։ Քանի որ ենիչերիներն ու անոնց սերունդներն է, որ մինչեւ օրս կրնան պատռել յղի կնոջ որովայնը ու հոնկէ հանուած մանկան մարմնով գնդակ խաղալ։
Եթէ սոսկացիք՝ ներեցէ՛ք, բայց կոյր ու խուլ ըլլալն ալ զարդ չէ մարդուն։
Ազգային ծիները կը գործեն ու Կասպիականէն մինչեւ Մարմարա սերունդները իրենց տոհմիկ գայլային բնազդին միշտ հարազատ են…
***
Հալէպի փողոցներուն մէջ մուրացկաններ քիչ կը հանդիպէին ու մեծ մասամբ՝ անդամալոյծներ։ Ինչ-ինչ, բայց այս ժողովուրդը գոնէ դրամ շահելու կերպերը գիտէ։ Անգործութիւնն ու տնանկութիւնը հազարաւորներ նետեցին փողոց։ Այսօր կտոր մը հացի խնդրանքով մեզի ձեռք պարզողները քիչ չեն։ Ընդհանրապէս կիներ են՝ մանուկներն իբրեւ զէնք օգտագործող. այս ազգը յատուկ տկարութիւն ունի մանուկներու հանդէպ։
Պիտի ուզէի տալ՝ Քրիստոսի պատուէրին համաձայն, բայց չունիմ այդ մեծութիւնը։ Կու տամ ոչ դրական, ոչ ալ ժխտական տրամադրուած. ու քանի որ առանց էութենէս բան մը փոխանցելու կու տամ՝ ուրեմն բան մը չեմ տար. գռեհիկ իրականութիւն…
Կու տամ մեղաւորութեան զգացումով ու փախուստ տալու պէս կը հեռանամ։
Այս անգամ տարբեր էր։
Յունուարեան պաղ առաւօտ, ձիւնային քամի կը զարնէ երեսիդ։ Ձիւնը հազուագիւտ հաճոյք է մեր քաղաքին մէջ, իսկ այդ առաւօտ ծածկեր էր գետինը, ծանրացեր ծառերու վրայ ու մանաւանդ՝ ճերմակով ծածկեր էր աղբակոյտերը…
Հաճելի էր մաքրութեան ու ձիւնի բարի՜ խաղաղութեան մէջ, ապահով հագուած, քալել գետափէն։ Ան ալ, աղբանոցի վերածուած՝ շատոնց մոռցած էր իր գետահուն ըլլալը. բայց հիմա ջրառատ կը հոսէր։ Ձիւնը ինչ որ լուսաւոր, երազային տրամադրութիւն դրոշմած էր մարդոց դէմքերուն. կամ ե՞ս այդպէս կ՛ուզէի տեսնել՝ օդէն ուրախութեան շող մը գտնելու համար։
Կամրջակին վրայ, գետնին կկզած երիտասարդ ու զարմանալիօրէն կոկիկ կին մը տեսայ։ Կոկիկ ու մաքուր մուրացկա՛ն. խոստովանեցէ՛ք, որ տարօրինակ է։ Բաց էր միայն դէմքը, սակայն աչքերը ամբողջ գեղեցկութիւն էին։ Ծունկերուն վրայ ճեփ-ճերմակ բարուր կար։ Օդին պաղութեան համեմատ՝ մանուկը շատ ալ տաք չէր փաթթուած։ Կինը երկարեց ձեռքը ու մրմնջեց ինչ որ բան։ Թղթադրամ մը դրի ափին մէջ ու արագ հեռացայ։ Ինչո՞ւ կամրջակէն ձախ ծռելէս ետք կեցայ ու ետիս նայեցայ՝ անբացատրելի էր։ Տղամարդ մը եւս դրամ կու տար։ Ապա կինը ելաւ ոտքի, մանկան բարուրը դրաւ կամրջակի ձիւնածածկ բազրիքին, որ բնաւ լայն չէր, ու դրամները հագուստի ծալքերուն մէջ տեղաւորելու վրայ էր, երբ բարուրը ինկաւ ոտքերուն տակ։ Ես խուլ ճիչով մը բերանս գոցեցի (կրնար յորդած գետը իյնալ…), մինչ ան չնայեցաւ նոյնիսկ. դրամը հանգիստ տեղաւորելէ ետք, շուրջը նայելով՝ շտկռտեց ինքզինք, ծռեցաւ, մէկ ձեռքով առաւ բարուրը, աջ ու ձախ դարձնելով՝ թօթուեց ձիւնը ու կրկին կկզելով, զայն ծունկերուն տեղաւորեց, ձեռքը՝ յաջորդ անցորդին։
Իսկ ես փղձկեցայ. արցունքներս հոսեցան։ Ինչո՞ւ. խաբուա՞ծ ըլլալուս համար….
Գետը պատասխան չունէր. պղտո՜ր կը հոսէր։